
«Երբ կաղօթես՝ մտի՛ր սենեակդ»

Քրիստոս «Մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու երկնաւոր Հօրդ» (Մտ 6.6) խօսքով, մեզ կը հրաւիրէ անկեղծ եւ խոր յարաբերութեան մէջ մտնելու Աստուծոյ հետ։ Իսկ անկեղծ եւ խոր յարաբերութիւնը՝ սիրտի յարաբերութիւնն է։ Այլ բացատրութեամբ մը, Յիսուս կոչ կուղղէ իւրաքանչիւրիս մեր աղօթքները բղխեցնելու մեր սիրտի խորերէն։ Սիրտէ բղխած աղօթքը կը սրբէ մեզ։ Եզնիկ Կողբացի կըսէ. «Այն աղօթքը որ սիրտէն կը բղխի՝ պատարագի փրկութիւն կը գործէ»։ Սրտաբուղխ աղօթքը կենդանի պատարագ մըն է։
Աղօթքը մեր սիրտերուն յարաբերիլն է Աստուծոյ սիրտին հետ։ Որեւէ յարաբերութիւն որ անկեղծ սիրտի անկեղծ սիրով չէ յատկանշուած՝ անվաւեր է։ Աստուած մեզ խորապէս սիրող Աստուած մը ըլլալով կը սպասէ որ մեր աղօթքի պահերը խորունկ սիրոյ արտայայտութիւն ըլլան։
Աստուած անհուն սէր է։ Աղօթել Աստուծոյ կը նշանակէ բացուիլ անոր անհուն սիրոյն։ Իսկ Աստուծոյ անհուն սիրոյն բացուիլ ուզողը՝ անհունօրէն պէտք է բացուի։
Աղօթքի պահը Տէր Յիսուսի սիրով արբենալու եւ Տէր Յիսուսը մեր սիրով արբեցնելու պահն է։ Եթէ երբեք կը ձանձրանանք աղօթքի պահուն, այդ կը նշանակէ որ հեռու ենք Քրիստոսի սէրէն։ Ուրեմն նախ պէտք է աղօթել, որ Աստուած մեզի աղօթել, աղօթքը սիրել եւ աղօթքի ընթացքին իր ներկայութիւնը զգալ եւ ապրիլ սորվեցնէ։ Եթէ կը սիրենք զՔրիստոս, անպայման որ աղօթքի պահը սիրոյ պահ պիտի ըլլայ։ Ո՞վ է այն մարդը որ իր սիրած մարդոց հետ անհամ եւ անբոյր պահեր կանցընէ։
Ինչպէս մեր սիրած մարդոց հետ մեր անցուցած պահերը սիրոյ պահեր կըլլան, այնպէս ալ Քրիստոսի հետ մեր անցուցած պահերը անխուսափելիօրէն սիրոյ պահեր պիտի ըլլան, եթէ իսկապէս կը սիրենք զՔրիստոս։ Ո՛չ ոք իր սիրած բարեկամին հետ անհամ պահեր կանցընէ։ Եթէ երբեք Քրիստոս մեր բարեկամն է (Յհ 15.14), մեր աղօթքի պահերը իր բարերարութեամբ պարուրուելու եւ իր բարութեամբ ողողուելու գեղեցկագոյն պահեր պիտի ըլլան։
Ինչպէս մեր կեանքի ընթացքին մեր ունեցած քաղցր եւ անոյշ պահերը կը սիրենք որ երկար տեւեն, այնպէս ալ եթէ երբեք մեր աղօթքի պահերը քաղցր եւ անոյշ են մեզի համար, պիտի փափաքինք զանոնք ա՛լ աւելի երկարել եւ ո՛չ թէ զանոնք շուտ մը վերջացնելու մասին մտածել։
«Մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը…»։ Քրիստոսի ըսել ուզածը այն չէ, որ մենք աղօթելու համար պէտք է մեր նիւթական սենեակները քաշուինք եւ դռները փակենք ու կղպենք։ Եթէ Քրիստոսի ըսել ուզածը այս ըլլար, ան ինքզինքին հակասած պիտի ըլլար, որովհետեւ ինք շատ յաճախ կղպուած դռներով սենեակներու մէջ չաղօթեց, այլ՝ ամայի վայրերու մէջ (Մր 1.35) եւ երբեմն ալ լեռներու վրայ (Մր 6.46)։
Հետեւաբար, աղօթքի սենեակը կրնայ որեւէ տեղ ըլլալ։ Կարելի է առանձնանալ ծառի մը ճիւղերուն շուքին տակ, պարտէզի մը մէկ լուռ անկիւնը, կամ գետակի մը ափին։ Կրնանք Աստուծոյ հետ առանձնանալ եւ աղօթել նոյնիսկ երբ շրջապատուած ենք մարդոցմով, երբ ինքնաշարժի մէջ ենք, երբ մեր պարտականութիւնները կը կատարենք։
«Մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը եւ ծածուկ կերպով աղօթէ…»։
Հիմնական ճշմարտութիւնը զոր Քրիստոս կուզէ որ մենք ըմբռնենք այն է, որ աղօթքի նպատակը Աստուծոյ հետ տեսնուիլը պէտք է ըլլայ եւ ո՛չ թէ մարդոց կողմէ տեսնուիլը։ Սենեակի մէջ թէ սենեակէ դուրս աղօթենք ոչինչով կօգտուինք եթէ երբեք մեր նպատակը մարդոց կողմէ փառաւորուիլն է։ Աստուած կը ծածկուի բոլոր անոնցմէ որոնք ծածուկ կերպով աղօթել չեն գիտեր։ Տեսնուիլ եւ տեսանելի ըլլալ ուզողները երբեք ալ Անտեսանելիին աղօթել չեն կրնար։ Անտեսանելիին աղօթողը անտեսանելիօրէն պէտք է աղօթէ։ Աստուած ինքզինք ներկայութիւն չի՛ դարձներ աղօթողին կեանքին մէջ եթէ երբեք աղօթողը ի՛նք, կը ջանայ ինքզինք իբրեւ աղօթող ներկայութիւն ճանչցնել։
«Մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը…»։ Աղօթքի կանգնողը պէտք է գոցէ իր սիրտին, հոգիին ու միտքին դռները աշխարհի ձայնին դիմաց որպէսզի կարենայ զանոնք բանալ Աստուծոյ ձայնին դիմաց։ «Գոցէ՛ դուռը» բացատրութիւնը ո՛չ միայն պահուան մը համար աշխարհի տաղտուկէն կտրուելու կոչ մըն է, այլեւ՝ հրաւէր մը միանգամընդմիշտփուլ բերելու բոլոր այն կամուրջները որոնք մեզ աշխարհին հետ յարաբերութեան մէջ կը դնեն։
«Մտի՛ր սենեակդ…»։ Սենեակը մտնել կը նշանակէ իջնել խորը մեր սիրտերուն եւ հո՛ն փնտռել զԱստուած։ ԶԱստուած պէտք չէ փնտռել մեր սիրտերէն դուրս։ Աստուած ո՛չ երկինքի մէջ եւ ո՛չ ալ ձեռագործ տաճարներու եւ եկեղեցիներու մէջ բնակող Աստուած է (Գրծ 7.48)։
Աստուծոյ համար իրական տաճարը մե՛նք ենք, մեր սիրտերն են (Ա.Կր 3.16-17)։ Մե՛նք ենք Քրիստոսի տունը (Եբր 3.6)։ Քրիստոս տանտէրն է մեր սիրտերուն։ Տանտէրը տան մէջ պէտք է փնտռել։
«Մտի՛ր սենեակդ…»։ Սա խօսքը համազօր է ըսելու. «առանձնացիր Աստուծոյ հետ»։ Քրիստոս կը սպասէ որ մեր աղօթքի պահերը, Աստուծոյ հետ եւ Աստուծոյ մէջ առանձնանալու պահեր ըլլան։ Խիստ անհրաժեշտ է որ ամէն օր մենութեան պահ մը անցընենք Աստուծոյ հետ։ Երանի՜ անոնց որոնք կեանքի այս բազմազբաղուածութեան մէջ մենութեան պահեր կը ստեղծեն անժամանակ Աստուծոյ հետ ժամանակ անցընելու համար։
Որքա՜ն տաքուկ են կատարեալ առանձնութեան մէջ Աստուծոյ հետ անցուած պահերը։ Որքա՜ն խաղաղեցնող են խաղաղութեան իշխանին՝ Քրիստոսի հետ ապրուած աղօթքի ժամերը։ Որքա՜ն հոգեւորապէս աճեցնող եւ բիւրեղացնող են Աստուծոյ հետ անցուած ջերմեռանդ աղօթքի վայրկեանները։ Կատարեալին հետ ամէն օր մենիկ պահ մը ունենալը մեզ կատարելութեան կառաջնորդէ։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից