Համասփյուռքյան հայկական կոնգրեսի ստեղծման պահը հասունացել է. սփյուռքահայ գործիչ

Մոնրեալի հայ համայնքի ռամկավար մալուլում հրապարակախոս Հայկ Նագգաշյանը այսօր հոդվածով է հանդես եկել՝ Հայոց ցեղասպանության 100-ամյակին ընդառաջ Հայաստանի ու աշխարհասփյուռ հայության ուժերի համախմբման հրամայականը ներկայացնելով: Հոդվածում հրապարակախոսը մասնավորապես գրում է.

«Ոեւէ սփիւռքահայու համար իր ենթարկուած ցեղասպանութիւնը անմոռանալի, տանջող իրականութիւն է: Այդ ահաւոր տանջանքին ենթարկուած դժբախտ սերունդը անհետանալու վրայ է, սակայն անոնց յաջորդող սերունդները սփիւռքը կը կազմեն՝ իրենքզիրենք նկատելով Վանեցի, Սասունցի, Էրզրումցի, Սեբաստացի, Մարաշցի, Այնթապցի, Հաճնցի, Ատանացի, կամ Սսեցի ծնողներու զաւակներ: Անկախաբար ողբերգական պատմութեան իրականութենէն, սփիւռքահայութեան գոյութիւնը անհերքելի ապացոյցն է թրքական հրեշային ծրագրին՝ ջարդելով, սքսորելով եւ տարագրութեան տաժանակիր պայմաններու տակ ցեղասպանութեան ենթարկելու համար այժմ Արեւելեան Թուրքիա կոչուած նահանգներուն մէջ հազարաւոր տարիներ ապրած շուրջ երեք միլիոն հայութիւնը:

Իրականութիւնը այսքան պարզ ու թափանցիկ ըլլալով մէկտեղ, գոյութիւն ունին մեծ ոճիրը ուրացողներ եւ զանազան պատճառաբանութիւններով ու մեկնաբանութիւններով աղաւաղողներ եւ ուրացողներ, մասնաւորաբար՝ համաշխարհային պատերազմի արիւնոտ մթնոլորտը վկայակոչելով: Ուրացողները անշուշտ թուրքերն են, թէեւ իբր նմոյշ բացառութիւններ ալ կան, որոնք թրքական օրէնքով ենթակայ են պատիժի եւ հանրային կարծիքէն անարգուելու:

Մեծ եղեռնի մօտալուտ հարիւրամեակին առթիւ մտահոգ է թուրք կառավարութիւնը, որ այժմէն իսկ ծրագրուած կերպով իրականութեան խեղաթիւրումի աշխատանքին լծուած է, օգտագործելով վերոյիշեալ պատերազմական վիճակը եւ ապաւինելով չքմեղանքի մը՝ լալու չափ յուզուած շեշտով ըսելու համար. «աչքը կուրնայ այդ եւրոպացիներուն որ մեզ իրարու դէմ լարեցին»:

Գործի լծուած է թուրք արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ անձամբ նախարարով եւ դեսպաններով, որոնք կը ջանան սիրաշահիլ հանրայայտ հայ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ: Այս ծուղակը ինկող առաջիններէն եղաւ Շարլ Ազնաւուր, որուն՝ ցեղասպանութեան զոհերուն ձօնուած երգը.- «Իլ Սոն Թոմպէ»-կը հակասէր իր ներկայ ընթացքին այն աստիճան, որ ցեղասպանութիւն բառը կը նեղէ եղեր զինք: Ազնաւուրին օրինակով թրքական թակարդը ինկան մեծ ու պզտիկ փառասէրներ, որոնցմէ վերջինը՝ Գերմանիայէն: Գործածուած խայծը փառասիրութիւնն է, որ գործածողին համար փարա չ’արժեր, բայց ստացողը կը շլանայ, կը գինովնայ:

Սոյն գրութիւնը հիմնուած է Հայաստանի հեղինակաւոր թերթերէն՝ «Ազգ»ի Յունիս 19-ի համարին մէջ հրատարակուած Յակոբ Չագրեանի յօդուածին տեղեկութիւններուն վրայ, որոնց վստահելիութեան վրայ չենք կրնար կասկածիլ, մանաւանդ մօտէն ճանչցած ըլլալով թերթին տերն ու խմբագրապետ Յակոբ Աւետիքեանը: Ուրեմն, ըստ «Ազգ»ին, գերմանաբնակ գիտնական Միհրան Դաբաղը, որ կը ղեկավարէ Պոխումի համալսարանին Սփիւռքի եւ ցեղասպանութեան հիմնարկը, վերջերս Հայաստան այցելութեան առիթով «Ազգ»ին հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ մտահոգութիւն առթող արտայայտութիւններ ունեցած է հանգամանաւոր հայերու մասին: Միհրան Դաբաղ Այսպէս, Գերմանիոյ թուրք դեսպանը իր շքախումբով այցելած է Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գարեգին Եպս. Բեկչեանին, արժանանալով ջերմ ընդունելութեան: Ասիկա պարզապէս քաղաքավարական այցելութիւն մը չէր, այլ մէկ օղակն էր ծրագրուած այցելութիւններու, որոնք համակարգուած կերպով տեղի կ’ունենան սիրաշահելու համար սփիւռքահայութիւնը՝ զուգահեռաբար Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութեան: Ուշագրաւ են թուրք արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլուի խօսքերը՝ թէ Սփիւռքի հայ համայնքները իրե՛նց համայնքներն են, քանի որ, անոնք Թուրքիայէն գաղթած են, կամ անոնց զաւակներն են: Այս այցելութենէն այնքան շլացած է Գարեգին Եպիսկոպոս, որ դեսպանին թոյլատրած է տեսագրել եւ իր տպաւորութիւնները գրել արձանագրութեան տոմարին մէջ, ջերմ համբոյրով մըն ալ ճամբու դնելով զայն:

Արեւմուտքի, յատկապէս Ամերիկայի կողմէ քաջալերուած այս այցելութիւններուն յետին նպատակը բեկում յառաջացնելն է ցեղասպանութեան մասին հայոց պնդումներուն մէջ, որոնք աւելի բուռն կրնան ըլլալ Թուրքիոյ գործած մեծ ոճիրին մօտալուտ 100ամեակին առթիւ:

Գարեգին Եպիսկոպոսի սայթաքումը առիթ մը պէտք է ըլլայ ոչ միայն իրեն եւ նմաններուն որ մտածեն, թէ ինչի՞ կը ձգտին այս այցելութիւնները եւ ըստ այնմ վարուին ու պատասխանեն, այլ մանաւանդ, հայ եկեղեցւոյ իշխանութիւնները պէտք է մղեն Գարեգին Եպս. Բեկչեան յատուկ ցուցմունքներ տալու իրենց ստորադասներուն:

Կրօնականի կողքին, աշխարհական կազմակերպութիւնները՝ մասնաւորաբար կուսակցութիւնները եւս պէտք է մտածեն համակարգուած կեցուածք մը մշակելու եւ որդեգրելու: Տարիներէ ի վեր պարբերաբար եւ զանազաններու, բայց գլխաւորաբար լիբանանաբնակ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի կողմէ առաջարկուած համասփիւռքեան հայկական քոնկրէսի կազմութեան ժամանակը հասած է՝ միացեալ կերպով դիմակալելու համար թրքական ժխտումի եւ ուրացումի քաղաքականութիւնը եւ միաձայն կերպով արտայայտելու համար հայութեան պահանջքները:

Հայկական մամուլը պարտի այժմէականացնել եւ հետապնդել հիմնահարցը, որուն առնչուած շատ առիթներ պիտի ներկայանան մինչեւ հարիւրամեակ եւ միայն համահայկական քոնկրէսն է որ իրաւասու պէտք է ըլլայ խօսելու համայն հայութեան անունով»:

Տեսանյութեր

Լրահոս