Թուրքիոյ Հաւանական Գործողութիւնները 24 Ապրիլէն Ետք

Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարէն բարձրացած Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ձայնին արձագանքները դեռ երկար պիտի լսուին Թուրքիոյ մէջ: Միամտութիւն է կարծել, որ Անգարա ձեռնածալ պիտի մնայ այս փոթորիկին դիմաց: Թուրքիոյ վարչապետի Հայ խորհրդականին պաշտօնէն հեռացումը նաեւ այս ընդհանուր գործողութիւններուն սկզբնակէտ է: Հիմա ինչ. պիտի փորձէք համոզել, որ Էթիյէն Մահչուպեան, որուն մասին սփիւռքի մէջ ալ շատ անհիմն վերագրումներ եղան իր պաշտօնէն տարիքի բերումով դադրեցա՞ւ: Կամ թէ վարչապետ Տաւութօղլու չէ՞ր նկատած, որ իր հայազգի խորհրդականը Ապրիլ 2015-ին արդէն թոշակի պէտք է անցնի:

Թուրքիոյ մէջ կատարուելիք գործողութիւններուն առընթեր ես լաւատես չեմ: Նախ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը կայ, ուր իշխանութիւնները յաւելեալ քուէներ ստանալու համար պիտի շարժեն ազգայնական զգացումները ու նաեւ կայ այն վարկածը, որ թրքական իշխանական վերնախաւին մօտ այս դիւանագիտական ապտակին դիմաց անհնար է լուռ մնալ ու խաղաղօրէն շրջել պատմակերտ այդ էջը:

Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար երեք հիմնական թիրախներ կան: Պոլսահայութիւնը, Հալէպը եւ Հայաստանէն աշխատանքի համար Թուրքիա ապրող ՀՀ քաղաքացիները:

Պոլսահայութեան բանբերները ցարդ լուռ են: Որովհետեւ տեղի ունեցածը (Վատիկան կողմէ արձակուած ճիչը) իրենց ալ սրտով է: Հոն, եթէ նոյնիսկ քաղաքական քոնթէքստ կայ, ամպիոնը քաղաքական հարթակ մը չէ: Այլ կրօնական, համամարդկային բեմէ մը արձակուած յոյսի խօսք: Հռոմի Պապը իր քարոզը տուած պահուն նաեւ խնդրի լուծման մասին խօսած է: Ան պատարագէն 3 օր առաջ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն հետ հադիպման ժամանակ կոչ ուղղած էր խնդրին հետ առնչութիւն ունեցող երկու երկիրներուն Ցեղասպանութեան հարցը ողջմիտ եւ խելամիտ կերպով լուծելու, խաղաղութեան հաւատալու եւ պատգամած էր առկայ վէրքերը մաքրել ու սպիացնել: Այդ խօսքը յատկապէս Թուրքիոյ ուղղուած էր եւ մնաց անարձագանք: Ու սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ 12 Ապրիլին մատուցուած պատարագին ընթացքին Պապը կը պայթեցնէր իր «ռումբը»: Թէկուզեւ Թուրքիոյ համար բաւական անսպասելի, բայց հայութեան խնդրին մօտէն հետեւող շրջանակներուն համար սպասելի էր անոր խօսքը:

Կարդացեք նաև

Saqo (1)

Ուրեմն այս ընդհանուր իրավիճակին դիմաց եւ նախատեսուած ընտրութիւններուն առընթեր թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը յայտնուած է կարեւոր քուէերէ կորսնցելու խնդրին դիմաց: Ու այդ խնդրէն դուրս գալու համար ան կարիք ունի գործողութիւններու:

Եթէ Պոլսոյ հայերուն դէմ դժուար է գործնական քայլերու երթալ, աւելի հեշտ կը մնան միւս երկու տարբերակները: Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ ընդդիմութեան ցոյց տուած երեւելի նեցուկը նորութիւն մը չէ: Իսկ Ասատեան րէժիմին դէմ եղող Արաբական միջավայրին համար ծանր բեռ դարձած Հալէպի խնդիրը վերջանականապէս լուծելը դարձած է գերխնդիր: Անշուշտ Թուրքիա առանձինն չի կրնար այդ քայլին երթալ, ան կարիք ունի մանաւանդ Սէուտական Արաբիոյ նեցուկին: Ժամանակը նեղ է Սիւննի Արաբներուն համար, նկատի առնելով նաեւ Իրան-ԱՄՆ կորիզային հաւանական համաձայնութեան կնքումի ժամկէտին մօտեցումը: Իհարկէ այս ընդհանուր դրութեան մէջ արաբական որոշումին գոյացումը կապուած է Եէմէնեան զարգացումներուն հետ, ուր արաբ դաշնակից ուժեր ծանր դիմադրութեան կը հանդիպին Շիիթ Հաուսնիներուն կողմէ, բայց դադնաղ քայլերով ու ռուսական լռութեան ներքեւ եւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ զինուած առաջ կ’երթան: Կը մնայ հարց տալ, թէ արդեօ՞ք Ատէնէն Թահէզէն եւ Սանհայէն ետք թուրք- սէուտի արաբիա- սուրիական ընդդիմութիւն եռեակը պիտի վճռէ Հալէպը «վերցնելու» քայլը: Այս հանգամանքը կարեւոր է, ուր հայութեան համար մեծ վտանգներով լեցուն հանգրուան մը կրնայ բացուիլ: Նկատի առնելով նաեւ, որ Հալէպի խնդրին առընթեր սփիւռքի եւ հայրենի իշխանութիւնները Հալէպէն ստացուած տեղեկութիւններուն եւ ծանր կորուստներուն առջեւ դարձած են սոսկ բօթերը սգացող մարմիններ: Ոչ ոք Հալէպի մասին լուրջ առաջարկ ունի: Նոյնիսկ Հալէպի առաջնորդարանի բանբերը կը հաստատէ ու կը պատգամէ, որ պիտի ապրինք այս դժոխքին մէջ: Ներթրքական առումով Հալէպի դէմ ըլլալիք որեւէ գործողութիւն կարեւոր շահի միաւորներ չի տար իշխանութիւններուն, այլ կրնայ նոյնիսկ բողոքի ալիք բարձրացնել: Այդպիսի քայլով մը վատը այն է, որ Թուրքիան հայութեան եւ միջազգային հանրային կարծիքին՝ Վատիկանին եւ Եւրոպական մեծ ընտանքին մէջտեղ կը նետէ իր հին-նոր վարկածը, ըսելով, որ ուժը միայն կը ծնի իրաւունք: Այլ խօսքով Թուրքիա պիտի ըսէ. «Ես ուժեղ եմ եւ ինծի համար ոչ մէկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն միջազգային հանրութեան կողմէ հնչեցուած ճանաչման կոչերը եւ ցեղասպանութեան մասին ամէն օր իմ գլխուս մուրճի հարուած դարձած խօսքերը»:

Երրորդ վարկածն ալ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայաստանացիներուն հեռացնելու վարկածն է, որ կրնայ նոյնիսկ օրակարգի վրայ դրուած ըլլայ խստացնելով անոնց կեցութեան հետ կապուած փաստաթուղթերու պայմանները կամ Թուրքիա մուտք գործելու եւ աշխատելու արտօնութիւնները:

Saqo (2)

Զարմանալի չէ նաեւ, որ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը իբրեւ թէ ապահովական նկատառումներով Թաքսիմի հրապարակին վրայ 24 Ապրիլին տեղի ունենալիք բոլոր յարգանքի միջոցառումները եւ հաւաքները արգիլէ ու նաեւ յայտարարէ, իբրեւ թէ Պոլսոյ այսինչ թաղին մէջ ականուած ինքնաշարժ մը գտնուեցաւ եւ անոր ետին կը կանգնին հայ խափանարարներ: Այս բոլորը իհարկէ ենթադրութիւններ են, բայց հէքիաթի ժանրին չեն պատկանիր: Տակաւին սպասելի է նոր ոճի ճնշումներ ալ գործի դրուին, որոնք կրնան համատարած ըլլալ ու բանեցուիլ Պոլսոյ հայկական շրջանակներուն վրայ: Իմ կարծիքով Թուրքիոյ համար ամէնէն հեշտ օղակը հայաստանցի քաղաքացիներու օղակն է եւ այդ ընելով Էրտողան ազգայնական թեւերուն օրհնանքը ու քուէներու պսակը կրնայ դնել իր գլխուն:

Հայկական գետնի վրայ ցեղասպանութեան միջոցառումները եւ բողոքի ալիքները իրենց լրումին պիտի հասնին 25 Ապրիլին ու Պէյրութի, Լոս Անճըլս, Փարիզի եւ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք միջոցառումներէն ետք Հայութիւնը պիտի ապրի համատարած վաքյումի մը հանգրուանը: 100-րդ տարելիցին ընդհանուր մթնոլորտին մէջ Ռուսիոյ նախագահին Երեւան գալու իմաստներէն անդին կարեւորագոյն ձեռքբերումը Հռոմի Պապին պատգամն է, որ նոր ուժանականութիւն հաղորդեց ցեղասպանութեան խնդրին: Բայց այս բոլորը կրնան մարիլ, եթէ հայութիւնը իր բոլոր թեւերով շարունակէ մնալ իր անլրջութեան մէջ:

Սիսի աւերակները պահանջելէ կամ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին հնչելիք պահնաջատիրական պատգամներէն կամ Թուրքիոյ հէրը անիծելու կոչերը պատկանին գործնական չեն, այլ կը կատարուին ամբովախարական մօտեցումներով: Հիմնական բացական լուրջ ծրագիրներու բացակայութիւնն է: Ու մանաւանդ Թուրքիոյ հետ ցանկացած խնդրի առումով B-ի չգոյութիւնը: Շատ հաւանական է, որ մեր ղեկավարութիւնը կը խորհի, որ թրքական որեւէ ծանր արձագանքի դիմաց Ռուսիա պիտի հակազդէ մոռնալով սակայն, որ Մոսկուայի համար այսօր ինչքան կարեւոր ու անհրաժեշտ է Անգարան սիրաշահիլ:

Մենք նաեւ անզօր ենք պոլսահայերու օգնութեան ձեռք մը երկարել ու այս առումով մեր ԱԳՆ-ի ուշացած յայտարարութիւնները ոչ մէկ բան կրնան փոխել Թուրքիոյ մէջ սկիզբ առնելիք ցանկացած տեսակի ճնշումներուն դիմաց:

Այս մթմնոլորտին մէջ է, որ կը թեւակոխենք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի` գրեթէ տօնական դարձած մթնոլորտը, մոռնալով, որ թուրքին հետ խօսելու կամ կամ երրորդ ուժի մը միջոցով խօսք հասկցընելու մեր փորձերը իզուր են:

Պահանջատիրութեան համար քալող հազարաւոր հայերու երթը յարգանքի արժանի է: Բայց հետզհետէ աւելի թանձրացող թրքական կեցուածքներուն դիմաց մենք անզօր կրնանք մնալ, եթէ լուրջ ծրագրային մօտեցումներ չունինք:

Մտահոգիչ է, որ յառաջիկայ օրերուն թրքական հակազդեցութիւնները կրնան երեւելի դառնալ Հալէպի , Պոլսոյ եւ նոյնիսկ Արցախեան սահմանին վրայ:

Այս մասին է, որ պէտք է մտածենք:

Սագօ Արեան

Տեսանյութեր

Լրահոս