
Գիտնականն ու քրիստոնեան

Ոմանք այս դարը կը կոչեն «կրօնի դար» իսկ ուրիշներ՝ «գիտութեան դար»։ Երկու որակումներն ալ ճիշդ են։ Ընդվզեցուցիչը սակայն այն է, որ կարգ մը «գիտուն» մարդիկ, իրենց գիտուն ըլլալը փաստելու համար կ՚անգիտանան Ամենագէտին ներկայութիւնը։
Պէ՞տք է անտեսել Անհասանելիին, Ամենահասին, Արագահասին եւ Մշտահասին գոյութիւնը՝ մեր երազներուն հասնելու համար։
Կարելի՞ բան է որ մենք զմեզ արդարացնելու համար՝ արդարութեան Աստուածն ու արդարացնող Աստուածը յանցաւոր հանենք։
Կարելի՞ բան է մեր սխալները պարտկելու համար՝ անսխալականն Աստուած սխալած յայտարարենք։
Կարելի՞ բան է մեր անպարտ ըլլալը փաստելու համար՝ Աստուծոյ պարտապան ըլլալը հռչակել։
Կարելի՞ բան է հրէշաբար կատարած մեր գործերը հրաշալիք սեպել, իսկ Աստուծոյ հրաշալուր հրաշագործութիւնները՝ նանրապատիր։
Գիտութիւնը սիրող մարդիկ խօսելով գիտութեան մասին, կ՚ըսեն. «Գիտութիւն եւ գիտնականներ հրաշք է որ կը գործեն։ Անոնք հեզասահ ընթացք մը կու տան մեր կեանքին»։ Նո՛յն այս մարդիկը որոնք կը յայտարարեն որ գիտութիւնը հրաշք է որ կը գործէ, երբ կը լսեն Սուրբ Գիրքի հրաշքներուն մասին, կ՚ըսեն. «Անոնք առասպելներ են»։ Ո՞ր ողջմիտ մարդը չ՚ընդվզիր այս երեւոյթին դիմաց։
Եթէ երբեք հրաշագործ անունը կու տանք մեր հաւասարներուն, հապա ինչո՞ւ հրաշագործ անունը չտանք անհաւասարին՝ Աստուծոյ։ Եթէ երբեք կը պարծենանք ինքնիր անձին տէրը ըլլալ չկրցող մարդու մը կատարած աշխատանքով, հապա ինչո՞ւ չպարծենանք աշխարհի Տէրն ու տիրականը եղող ամենակալ Աստուծմով եւ մեր կեանքերուն մէջ անոր կատարած մեծամեծ գործերով։
Եթէ երբեք կարելի է հրաշք կոչել այն ինչ որ ողորմելի մարդիկ Աստուծոյ ողորմութեամբ կը կատարեն, հապա ինչո՞ւ հրաշք չկոչել այն ինչ որ ողորմածն Աստուած իր հրաշափառ զօրութեամբ կը կատարէ։
Հեղինակ մը ըսած է. «Պարգեւները ոչինչ կ՚արժեն առանց Պարգեւատուին»։ Մարդիկ որոնք իրենց տրուած պարգեւներով, իմաստութեամբ եւ բանականութեամբ մեծամեծ իրագործումներ կը կատարեն, պէտք չէ ուրանան զԱստուած, որ այդ բոլորին ետին կանգնողն ու այդ բոլորը յաջողութեամբ պսակողն է։
Քրիստոնեայ մարդուն վերաբերմունքը հիմնովին տարբեր պէտք է ըլլայ նման գիտնականներէ։ Գիտնական մարդը երբ իր կատարած մեծ գործերով կը հպարտանայ՝ իր անձն է որ փառաբանած կ՚ըլլայ, մինչ անդին, քրիստոնեայ մարդը իր կատարած գործերուն մէջ Աստուծոյ գործակցութիւնն ու միջամտութիւնն է որ կը տեսնէ, եւ փառքը միայն փառքի թագաւորին՝ Քրիստոսի կը յատկացնէ։
Եթէ գիտութեան հետամուտ եղող մարդը իր կարողութիւնները ի գործ կը դնէ հասկնալու համար հիմնադրութիւնը այս աշխարհին, ապա, քրիստոնեայ մարդը կոչուած է իր հաւատքը օգտագործելու, հասկնալու համար ո՛չ թէ հիմնադրութիւնը այս աշխարհին, այլ՝ Հիմնադիրը, Ապրեցնողը, Հայթայթիչը, Տէրն ու Տիրականը այս աշխարհին։
Եթէ գիտնականին հետաքրքրութեան առարկան այս տեսանելի աշխարհն է, ապա քրիստոնեայ մարդուն հետաքրքրութեան առարկան պէտք է ըլլայ անտեսանելի աշխարհը. այն աշխարհը՝ որուն յոյսով ապրիլ եւ որուն մասին խոկալ կը սորվեցնէ մեզի Աստուածաշունչը (Կղ․ 3.2)։ Եթէ գիտնականներ կը ջանան դէպի մոլորակները տանող ճամբայ գտնել, ապա քրիստոնեայ մարդը կ՚աշխատի ցոյց տալ մեզի այն Ճամբան՝ որ մեզ կ՚առաջնորդէ մոլորակներուն Ստեղծիչին եւ Պահապանին։
Եթէ մոլորակներուն մեծութիւնը մեզ կը զարմացնեն, որքա՞ն աւելի մեզ պէտք է զարմացնէ Աստուած, որուն ձեռքերուն մէջ մոլորակները ա՛յն են՝ ինչ որ է կաթիլ մը ջուրը ամբողջ ովկիանոսին մէջ։
Եթէ երբեք անխորատես գիտնականներ խորխորատներուն խորերը կը խորասուզուին խորապէս ճանչնալու համար անոնց խրթնութիւններն ու խնդիրները, անդին քրիստոնեայ մարդը՝ խոնարհ եւ խոհեմ, Աստուծոյ խորախորհուրդ սիրտին մէջ է որ խորամուխ ըլլալ կը խորհի՝ խելամուտ դառնալու անոր անխաբ, անխախտ եւ անխարդախ սիրոյն։
Եթէ գիտնականը կը փորձէ գիտնալ թէ մարդն ու աշխարհ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ գոյացան, անդին, քրիստոնեայ մարդը պէտք է փորձէ գիտնալ ո՛չ թէ մարդն ու աշխարհ ինչպէ՞ս ստեղծուեցան, այլ ինչո՞ւ ստեղծուեցան եւ ինչո՞ւ Քրիստոս աշխարհ գալով իր արիւնը թափեց։ «Ինչպէս»-ին պատասխանը կը կայանայ Աստուծոյ ամենակարողութեան մէջ, իսկ «ինչու»-ին պատասխանը՝ անոր սիրոյն մէջ։
Վերեւ ըսուածներէն պէտք չէ եզրակացնել, որ քրիստոնէութիւն եւ գիտութիւն զիրար հակասող իրականութիւններ են։ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեան կ՚ըսէ. «Քրիստոնէութիւն եւ գիտութիւն տարբեր են իրարմէ, բայց անոնք հակադրութիւններ չեն։ Աւետարանի ազատ ոգին ամենեւին դէմ չէ գիտութեան. ընդհակառակը, Աւետարանի քարոզած բարոյական կատարելութեան համար նպաստաւոր միջոցներ են գիտութիւնն ու արուեստը։ Իսկական գիտութիւնը հետամուտ է միմիայն ճշմարտութեան, իսկ ճշմարտութիւնը ազատութիւն (Յհ․ 8.32) եւ զօրութիւն կու տայ մարդուն։ Ճշմարտութիւնը ըմբռնելու երկու ճանապարհ ունինք, կրօնք եւ գիտութիւն. երկուքն ալ… միջոցներ են, որոնք կ՚օգնեն մեզի հասկնալու Աստուծոյ տնօրինութիւններն ու վերջնական նպատակները»։
Այն գիտութիւնը որ չ՚օգներ մեզի հասկնալու «Աստուծոյ տնօրինութիւններն ու վերջնական նպատակները», կե՛ղծ գիտութիւն է։ Ճշմարիտ գիտութիւնը մեզ ճշմարտութեան է որ պէտք է առաջնորդէ, իսկ ճշմարտութիւնը Քրիստոս ի՛նքն է (Յհ․ 14.6)։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից