Խորհրդածութիւն Փիլիմոնի նամակին մասին
Նախ յիշենք նամակին ամփոփ բովանդակութիւնը։ Փիլիմոն ունէր Ոնեսիմոս անունով ստրուկ մը որ փախած էր իրմէ եւ հանդիպած Պօղոս առաքեալի Հռոմի բանտին մէջ եւ անոր ձեռքով ալ դարձի եկած։ Անոր դարձի գալէն ետք, առաքեալը զինք ղրկեց իր տիրոջ՝ Փիլիմոնին մօտ խնդրելով անկէ որ ներէ ու ընդունի զինք իբրեւ եղբայր։ Շատ են այն հոգեւոր դասերը զորս կը քաղենք Փիլիմոնի նամակէն։ Յիշենք ոմանք.-
1. Փիլիմոն Քրիստոսը ընդունած էր Պօղոսի ձեռքով (19)։ Ան լաւ անուն ունեցող քրիստոնեայ մը եղած է, եւ իբր այդպիսին, ան պէտք է ներէր իր ստրուկին՝ Ոնեսիմոսին, որ փախած էր իր քովէն, եւ Քրիստոսի սիրովը զինք ընդունէր, որպէսզի օրինակ դառնար ուրիշներուն, եւ ցոյց տար բոլորին թէ ինչպէս Քրիստոսի սէրն ու հաւատքը իր մէջ ընդունող մարդուն կենցաղակերպը, մանաւանդ իր վերաբերմունքը տկարին ու խեղճին նկատմամբ հիմնովին կը փոխուին։ Մենք չենք կրնար մարդիկը փոխել, բայց կրնանք փոխել մեր վերաբերմունքը անոնց նկատմամբ։
2. «Հնազանդութեանդ վստահելով է որ գրեցի քեզի, որովհետեւ գիտեմ թէ ըսածս աւելիով պիտի ընես» (21)։ Սա բառերը ցոյց կու տան թէ առաքեալին ակնկալութիւնները դրական ու յուսալից էին։ Ճշմարիտ քրիստոնեայ մարդը միշտ դրական մտածողութիւններ եւ ակնկալութիւններ պէտք է սնուցանէ իր ներսիդին։ Մնայուն կերպով յոռին ակնկալելը՝ կը մաշեցնէ մեզ։
3. Առաքեալը վստահ էր թէ Փիլիմոն պատրաստ էր բարին գործելու եւ ներելու Ոնեսիմոսին։ Այս կը պարզէ թէ բարի մարդիկ բարին գործելու միշտ պատրաստ պէտք է ըլլան։
4. Պօղոս երկու անգամ կը յիշէ Փիլիմոնին ցուցաբերած սէրը «Տէր Յիսուսի եւ Աստուծոյ բոլոր ընտրեալներուն հանդէպ» (5, 7), ապա իր դիմաց կը պարզէ Ոնեսիմոսի հարցը, կարծէք այդ ձեւով կոչ ուղղելով իրեն՝ շարունակելու իր սիրոյ առաքելութիւնը եւ ներելու իր ծառային։ Սա կոչ մըն է նաեւ մեզի չխօսելու միայն սիրոյ մասին, այլ՝ սիրելու։
5. Պօղոս կը յիշէ թէ ինք որպէս առաքեալ իրաւասութիւնը ունի ո՛չ թէ աղաչելու, այլ հրամայելու Փիլիմոնին որեւէ հարցի գծով, բայց սէրէ մղուած ան կը նախընտրէ աղաչել քան հրամայել (8, 9)։ Առաքեալը իր ունեցած իշխանութենէն մղուած չէ որ կը գրէ Փիլիմոնին, այլ՝ սէրէ մղուած։ Ասիկա կոչ մըն է եկեղեցական դասուն բայց մանաւանդ հոգեւոր հովիւներուն, չհպարտանալու իրենց տրուած իշխանութեամբ եւ չօգտագործելու զանիկա իրենց սեփական շահուն համար, այլ Պօղոսի օրինակով, քաղցրութեամբ վարուելու հօտին հետ եւ սիրով լուծելու անոնց կեանքին մէջ ծագած հարցերը։
6. Պօղոս առաքեալ չ՚ուրանար Փիլիմոնի իշխանութիւնը Ոնեսիմոսի անձին վրայ, բայց միւս կողմէն կը յիշեցնէ Փիլիմոնին թէ ինք եւս նոյնքան իշխանութիւն ունի ո՛չ միայն Ոնեսիմոսի վրայ իբրեւ անոր հոգեւոր հայրը (10), այլ ի՛ր վրայ (19)։ Փիլիմոն տէրն էր Ոնեսիմոսի Ֆիզիքական գոյութեան, իսկ Պօղոս տէրն էր անոր հոգեւոր գոյութեան։ Ահա թէ ինչո՛ւ ան ինքզինք պատասխանատու կը զգար լուծում բերելու Ոնեսիմոսի հարցին։ Հաւատացեալ մարդը հոսկէ թող սորվի այն՝ որ եթէ երբեք մէկու մը դարձի գալուն պատճառ ըլլայ՝ պէտք է հոգատարութիւն ցուցաբերէ անոր նկատմամբ եւ հետապնդէ անոր հոգեւոր աճումը։
7. Այս նամակին մէջ առաքեալը հինգ անգամ կը յիշէ թէ ինք բանտի մէջ է (1, 9, 13, 22, 23)։ Աստուծոյ ծառան կրնայ բանտարկուիլ, բայց Աստուծոյ խօսքն ու Հոգին չեն կրնար բանտարկուիլ անոր մէջ։ Իսկական բանտարկեալը հոգիով բանտարկուած մարդն է եւ ո՛չ թէ Ֆիզիքապէս բանտարկուած մարդը։ Ֆիզիքապէս բանտարկուած առաքեալը հոգեւոր ազատութեան առաջնորդեց Փիլիմոնը։ Մեղքի բանտարկեալ եղող մարդը չի կրնար հոգեւոր ազատութեան առաջնորդել իր նմանը։
8. Ոնեսիմոսի համար առաքեալը կ՚ըսէ. «Անցեալին անիկա անօգուտ էր քեզի, մինչ հիմա օգտակար է՝ թէ՛ քեզի եւ թէ՛ ինծի» (11)։ Հոսկէ կը սորվինք այն՝ թէ դարձի չեկած մարդիկ օգտակար չեն կրնար ըլլալ ո՛չ մարդկութեան «եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ»։
9. Առաքեալը կը պատուիրէ Փիլիմոնին մոռնալ այն սխալներն ու անիրաւութիւնները զորս Ոնեսիմոս գործած էր նախքան իր դարձը։ Սա ցոյց կու տայ որ Աստուած ի՛նքն ալ ամբողջութեամբ կը մոռնայ մեր գործած մեղքերը երբ ամբողջ սիրտով դարձի կու գանք իրեն (Ես 38.17, Եր 31.14, Եբր 10.17-18, Ես 44.22, եւ այլն)։
10. «Եթէ ոեւէ ձեւով քեզ անիրաւած է կամ ոեւէ բան պարտական է քեզի, իմ հաշւոյս անցուր» (18)։ Առաքեալը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իր գրպանէն վճարելու, միայն թէ վերջ դրուէր եղբայրներու միջեւ ծագած այս գժտութեան։ Իսկ մենք, որքանո՞վ պատրաստ ենք դնելու մեր գրպանէն, մեր հոգիէն, մեր սիրտէն ու ժամանակէն, լուծում բերելու համար ուրիշներու միջեւ ծագած խնդիրներուն ու դժուարութիւններուն։
11. Ոնեսիմոս «ժամանակաւոր կերպով բաժնուեցաւ» Փիլիմոնէն, յաւիտենապէս անոր հետ ըլլալու համար։ Անոր բաժանումին մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ նախախնամութիւնը։ Կարծէք Աստուած ուզեց որ ան բաժնուէր Փիլիմոնէն, երթար Պօղոսի մօտ ու դարձի գար անոր ձեռքով, եւ ապա վերադառնար Փիլիմոնի մօտ եւ դառնար անոր ո՛չ թէ գործակատարը, այլ գործակիցը։ Այո՛, հաւատացեալներ փրկութեան աւետարանը տարածելու համար՝ պէտք է գործակից դառնան իրարու։
12. Ըստ երեւոյթին եւ դժբախտաբար, Փիլիմոն քրիստոնեայ ըլլալէ ետք, շարունակեց ստրուկի աչքով նայիլ Ոնեսիմոսին, եւ ասիկա պատճառ մը եղաւ որ չկարենար վկայել իրեն Յիսուսի մասին։ Հաւանաբար Փիլիմոն կը խորհէր որ եթէ օգնէր Ոնեսիմոսին դարձի գալու՝ կրնար զայն կորսնցնել իբրեւ ծառայ։ Փիլիմոն կ՚ուզէր որ Ոնեսիմոս իր հրահանգները գործադրող ստրուկ մը մնար։ Այսօր ալ որքան մարդիկ կան որոնք մղուած իրենց սեփական շահերէն՝ չեն ուզեր որ խօսուի Փրկիչին ու փրկութեան մասին։
13. Հակառակ որ Պօղոս կարիքը ունէր Ոնեսիմոսի, բայց չուզեց զայն իր մօտ պահել, որպէսզի Փիլիմոնի կատարելիք բարիքը իր կողմէ պարտադրուած չըլլայ (13-14)։ Հոսկէ կը քաղենք այն՝ թէ մարդոց ազատ կամքով կատարուած բարիքները միայն ընդունելի են Աստուծոյ մօտ։
14. Առաքեալը ո՛չ միայն Ոնեսիմոսը կը կոչէ իր սրտին մէկ մասը (12), այլեւ ինքզինք կը նոյնացնէ իր անձին հետ (17)։ Յիշենք նաեւ որ ան «եղբայր» կոչումը կու տայ Փիլիմոնին որ իր հոգեւոր որդին էր (20)։ Սա կը պարզէ որ զՔրիստոս ընդունող մարդիկ իրարու կը դառնան եղբայր եւ քոյր (16), եւ կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն (Գղ 3.28)։
15. Ոնեսիմոսի փախուստը Փիլիմոնէն եւ վերստին անոր դառնալը, պատկերն է այն մարդոց որոնք կը փախչին Աստուծոյ շնորհքին հետապնդումներէն, Աստուծոյ եկեղեցիէն, Աստուծոյ մարդոցմէն, իրենց աստուածապաշտ ընտանիքներէն, բայց ի վերջոյ ետ կը դառնան անոնց՝ Աստուծոյ շնորհքով։ Աստուած կը հետապնդէ մեզ երբ հեռանանք իրմէ։
16. «Եթէ զիս բարեկամ կը նկատես՝ ընդունէ՛ զայն…» (17)։ Փիլիմոն Պօղոսի բարեկամութեան համար ներեց եւ ընդունեց Ոնեսիմոսը։ Իսկ մենք մեր բարեկամին՝ Քրիստոսի համար, կը ներե՞նք ու կ՚ընդունի՞նք մեզի դէմ յանցանք գործողները։
17. Ծերացած ու յոգնաջան վկան Քրիստոսի՝ Պօղոս, հիմա որ բանտին մէջ կը գտնուէր Քրիստոսի սիրոյն, որքա՜ն կարիքը ունէր լսելու հաւատացեալ եղբայրներու համերաշխութեան ու սիրոյն մասին որպէսզի մխիթարուէր ու հանգստանար։ Այս պատճառով ալ ան գրեց Փիլիմոնին ըսելով. «Այո՛, եղբայրս, Տիրոջ սիրոյն այս բարիքը ըրէ՛ ինծի։ Հանգստացո՛ւր սիրտս, Քրիստոսի սիրոյն» (20)։ Հոգեւոր դասը որ հոսկէ կը սորվինք այն է՝ որ հաւատացեալներ իրարու սիրտը ուրախացնող եւ հանգստացնող արարքներ պէտք է կատարեն։
18. Առաքեալը իր ուրախութիւնն ու հանգիստը կը գտնէր հաւատացեալ եղբայրներուն իրարու նկատմամբ ցուցաբերած սիրոյն մէջ։ Այս իրողութիւնը ապտա՛կ մը թող ըլլայ բոլոր անոնց՝ որոնք չեն ուրախանար երբ լսեն եղբայրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող սիրոյն, համերաշխութեան ու խաղաղութեան մասին։
19. Պօղոս ուզեց որ Փիլիմոն անպայման ներէր Ոնեսիմոսը, որպէսզի Ոնեսիմոս գիտնար որ քրիստոնէութիւնը ներողամտութեան եւ սիրոյ կրօնք ու կեանք էր։ Ոնեսիմոս մեծապէս պիտի գայթակղէր իր հաւատքին մէջ եթէ ներումի չարժանանար իր տիրոջ կողմէ։ Ասիկա մարտակոչ մըն է հաւատացեալներուն, սիրելու եւ ներելու իրարու եւ աշխարհի մարդոց։ Աշխարհի մարդիկ եթէ չվայելեն Աստուծոյ մարդոց սէրն ու ներողամտութիւնը՝ անոնք երբեք չեն դառնար Աստուծոյ։
20. Ոնեսիմոս դառնալէ ետք Աստուծոյ՝ դարձաւ նաեւ իր տիրոջ։ Աստուծոյ մօտենալը՝ մեզ մեր նմաններուն ալ կը մօտեցնէ։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

