Ոնեսիմոսի փախուստը Փիլիմոնէն եւ վերստին անոր դառնալը, պատկերն է այն մարդոց որոնք կը փախչին Աստուծոյ շնորհքին հետապնդումներէն, Աստուծոյ եկեղեցիէն, Աստուծոյ մարդոցմէն, իրենց աստուածապաշտ ընտանիքներէն, բայց ի վերջոյ ետ կը դառնան անոնց՝ Աստուծոյ շնորհքով։ Աստուած կը հետապնդէ մեզ երբ հեռանանք իրմէ։