Բաժիններ՝

Մեղքը զոր ամէն մարդ կը գործէ

Այն, ինչ որ մեր նախահայրն ու նախամայրը ըրին, բոլոր դարերուն բոլոր մարդիկը ըրին, եւ այսօր ալ կը շարունակեն նոյնը ընել։ Ի՞նչ էր այդ բանը։ Ե՛ւ Ադամ ե՛ւ Եւա երկուքն ալ իրենց մեղանչումին պատճառը ուրիշը նկատեցին։ Ադամ իր մեղանչումին պատճառը Եւան նկատեց (Ծն 3.12), իսկ Եւա զինք խաբելու գործողութիւնը օձին վերագրեց ըսելով. «Օձը զիս խաբեց եւ ես կերայ» (Ծն 3.13)։

Մարդ արարածին համար միշտ ուրի՛շն է յանցաւորը, միշտ ուրի՛շն է պատճառը, միշտ ուրի՛շն է մեղադրելին եւ այպանելին։ Մարդիկ չեն վարանիր իրենք զիրենք արդարացնելու համար արդար մարդիկը իբրեւ անարդար հրապարակելու։ Եւ սակայն, ինչպէս մուրին հետ խաղցողը չի կրնար  ճերմկիլ,  այնպէս  ալ  ուրիշը  մեղադրելով  ո՛չ  ոք  կրնայ անմեղութիւն ձեռք ձգել։ Ո՞վ ուրիշը անուանարկելով կրնայ լաւ անուն շահիլ։  Ո՞վ  իր  նմանը  յանցապարտ  յայտարարելով  Աստուծոյ  առջեւ անպարտ կրնայ մնալ։

Մարդիկ իրենց գլորումին եւ դժբախտութեան պատճառը իրենց անձերէն դուրս կը փնտռեն։ Ծառի մը տապալումին պատճառը երբեք ծառէն դուրս պէտք չէ փնտռել։

Ծառը կրնայ տապալիլ միայն ա՛յն ատեն, երբ իր ներսիդին որդ ունի։ Երբ որդը ծառէն դուրս հանուի՝ ծառը իր առողջութիւնը կը վերագտնէ։ Քննե՛նք մեր անձերը։ Մենք ալ չունի՞նք մեր ներսիդին որդեր որոնցմէ պէտք է ձերբազատինք, որպէսզի անոնք մեզ չտապալեն։

Կարդացեք նաև

Հարկաւ նիւթական որդի մասին չէ խօսքը։ Նախանձի ու ատելութեան որդը, անհանդուրժողութեան ու աններողամտութեան որդը շատ աւելի գէշ է քան իրական որդը։ Իրական որդը քիչ մը դեղով կարելի է ծառէն դուրս բերել, բայց նախանձի ու ատելութեան որդէն ձերբազատիլը՝ անկեղծ ապաշխարութեան առատ արցունք կը պահանջէ։

Զիրար այպանելն ու յանցաւոր հանելը նուազ ահարկու մեղք մըն է համեմատաբար այն մե՛ծ մեղքին, որ է՝ զԱստուած յանցաւոր հանելը։ Եթէ երբեք Աստուած յանցաւոր կը նկատէ մարդիկը երբ անոնք զիրար կը մեղադրեն փոխանակ խոնարհաբար իրենց մեղքերը խոստովանելու, ո՞րքան աւելի յանցաւոր պիտի սեպէ անոնք՝ որոնք զինք մեղաւոր եւ յանցապարտ կը նկատեն։ Այդպիսիներուն Աստուած կըսէ. «Դուն քեզ արդարացնելու համար զիս յանցաւո՞ր պիտի հանես» (Յոբ 40.8)։

Խորքին մէջ Ադամին կատարած մեղադրանքը աւելի Աստուծո՛յ կուղղուի քան Եւային։ Ադամ չըսեր. «Կինը զիս խաբեց» ինչպէս կինը պիտի ըսէր օձին համար, այլ կըսէ. «Այն կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա՛ն ինծի տուաւ ծառէն ու ես կերայ» (Ծն 3.12)։ Կարծէք Ադամ ըսել կուզէր. «Ո՛վ Տէ՛ր, եթէ Եւան ինծի չտայիր՝ ես այս մեղքը պիտի չգործէի։ Ուրեմն, դո՛ւն ես մեղք գործելուս պատճառը»։

Քանի ուրիշը չմեղադրելու մասին է որ կը խօսինք, զգո՛յշ ըլլանք ուրեմն չմեղադրելու Ադամն ու Եւան։ Մենք իրենցմէ լաւ չենք։ Անոնք չէին գիտեր թէ ի՛նչ է մեղքը։ Գալով մեզի, մեզմէ ո՞վ չի գիտեր թէ ի՛նչ է մեղքը։ Անոնք չունէին օրինակ մը որուն կարենային հետեւիլ որպէսզի հեռո՛ւ մնային մեղքէն։ Իսկ մենք ո՛չ միայն օրինակ մը կամ երկու օրինակներ ունինք, այլեւ՝ հազարաւոր օրինակներ, որոնք կու գան Աստուածաշունչ մատեանէն եւ մարդկային ցեղի փորձառութենէն, եւ որոնք ամէն  իմաստով  կօժանդակեն  մեզի  ճանչնալու  մեղքը  եւ զգուշանալու անկէ։

Ադամին կողմէ զԱստուած պախարակելու գործողութիւնը տակաւին կը շարունակուի, բայց այս անգամ ներկայ դարուս ադամներով։ Քանի՜ քանի՜  մարդիկ երբ իրենք զիրենք դէմ յանդիման գտնեն ծանր փորձութեան մը, հարցականի տակ կառնեն Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Քանինե՜ր իրենց ապրած թշուառութեան պատճառաւ կը մերժեն հաւատալ Աստուծոյ բարի ու բարերար ըլլալուն։ Քանինե՜ր չկրնալով իրենց փափաքներուն եւ երազներուն իրականացման հասնիլ սկսած են կասկածով նայիլ Աստուծոյ եւ անոր խոստումներուն։

Դժուարին պահու մը ընթացքին «Ո՞ւր է Աստուած» բացականչելը՝ զԱստուած մեղադրել է։ Աղէտի մը ներկայութեան «Ինչո՞ւ Աստուած բան մը չըներ» ըսելը՝ ինքնին աղէտ մըն է։ Մէկը կրնայ արկածի մը ընթացքին իր մէկ ոտքը կորսնցնել եւ ըսել. «Ո՞ւր էր Աստուած։ Ինչո՞ւ չազատեց»։

Այդպէս ըսողին, իմ կարգիս կըսեմ. «Բարեկա՛մ, Աստուած քեզի հետ էր երբ արկածի հանդիպեցար, այլապէս՝ դուն կրնայիր երկու ոտքերդ կորսնցնել»։ Ըսել ուզածս այն չէ, որ տեղի ունեցող բոլոր պատահարները մենք կրնանք հասկնալ։ Աստուծոյ գործելակերպն ու մտածելակերպը յաճախ մեր միտքի հասողութենէն վեր կը մնան (Ես 55.8-9)։ Դժուար է մեզի համար ըմբռնել Անըմբռնելիին գործելակերպը։ Թէպէտ ամէն բանի պատճառն ու պատասխանը չենք կրնար գիտնալ, եւ սակայն, միւս կողմէն գիտենք որ ոչինչ կը պատահի առանց պատճառի (Եզ 14.23)։

Սիրելի՛ հաւատացեալ, եկուր որոշենք ձերբազատիլ զԱստուած կամ մեր նմանը մեղադրելու ախտէն։ Յիշենք Յիսուսի խօսքը. «Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ եղած շիւղը կը տեսնես եւ չես անդրադառնար թէ աչքիդ մէջ գերան կայ» (Մտ 7.3)։ Քրիստոս իր այս խօսքով, մեզ կը հրաւիրէ որ մեր դատաւորի հայեացքը սեւեռենք մեր անձերուն վրայ փոխանակ ուրիշներուն վրայ։

Մատնացոյց չընենք մարդոց ախտերը երբ մեր մատները իրենք տեսակ-տեսակ ախտերով բռնուած են։ Պզտիկ սխալներու համար մեծ խոշորացոյցներ պէտք չէ օգտագործել եւ ո՛չ ալ մեծ սխալներու համար՝ պզտիկ խոշորացոյցներ։ Դժբախտութիւն է որ մարդիկ այլոց գործած պզտիկ սխալները կը վերագրեն նախանձի եւ ատելութեան, իսկ իրենց գործած մեծ սխալները՝ տգիտութեան կամ անուշադրութեան։ Երանի՜ թէ բոլոր քրիստոնեաներս օրինակ առնենք Քրիստոսէ եւ սորվինք մեզ խաչողներուն մեղքը վերագրելու տգիտութեան ինչպէս ըրաւ Քրիստոս, երբ ըսաւ. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կընեն» (Ղկ 23.34)։

Ահաւոր բան է դատապարտել ուրիշի մը թեթեւ տկարութիւնը, երբ անդին մեղքը զօրեղապէս կը գործէ մեր սիրտերուն մէջ։ Սխալը ուրիշին սխալը տեսնելուն մէջ չի կայանար, այլ ուրիշին սխալը տեսնելուն կողքին, մե՛ր ալ սխալը չտեսնելուն մէջ կը կայանայ։ Սարգիս Շնորհալի Վարդապետ կըսէ. «Ուրիշներու փոքրիկ փուշը կը ջանամ քաշել, իսկ իմիններս, լի անտառախիտ մոլախոտով, ուր մինչեւ իսկ վայրի գազաններ բոյն կրնան դնել, կանտեսեմ»։  Պէտք չէ անտեսենք մեր սխալները եւ ուրիշներու սխալներուն «տեսութեան երթանք»։

Եթէ երբեք սխալ ու մեղք է մեր անձերուն նկատմամբ խի՛ստ եւ անգութ ըլլալը, ո՛րքան աւելի սխալ է ուրիշներուն հանդէպ խիստ ըլլալը։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

surbzoravor.am

Տեսանյութեր

Լրահոս