
Ո՛ւր որ է ձեր հարստութիւնը, հո՛ն է ձեր սիրտը

«Ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.21)։ Եթէ երբեք մեզի համար հարստութիւնը Աստուածն ու աստուածայինն է, երկինքն ու երկնայինն է, այդ պարագային մեր սիրտերը այդ բոլորին մասին խորհրդածող, այդ բոլորը ցանկացող, այդ բոլորով սնանող եւ յագեցող սիրտեր պիտի ըլլայ։ Ուր որ է մարդուն գանձը, հո՛ն կըլլան նաեւ անոր մտածումներն ու զգացումները։ Մարդը իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ այն բաներուն վրայ որ կը սիրէ եւ որոնց կապուած է իր ամբողջ սիրտով։
Եթէ կը սիրենք աշխարհի բաները փոխանակ Աստուծոյ ԲԱՆԸ սիրելու, մեր սիրտերը կեդրոնացած պիտի ըլլան գնայունին վրայ. Իսկ եթէ կը սիրենք զՔրիստոս, կը սիրենք անոր ծառայել, անոր գործին նուիրուիլ, անոր կամքը կատարել, այդ պարագային, մեր սիրտերուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ երկինքին եւ անոր յաւիտենական արժէքներուն վրայ։ Ըսել ուզածս այն չէ, որ մենք պէտք է անտեսենք եւ բնա՛ւ ուշադրութիւն չդարձնենք մեր երկրաւոր կեանքերուն։ Երկրաւոր կեանքը Աստուծոյ պարգեւն է։ Աստուած չուրախանար եթէ անտեսենք մեր երկրաւոր կեանքերը։ Աստուած կուզէ որ մտածենք մեր երկրաւոր կեանքին մասին եւ կազմակերպենք զանիկա։ Երկրաւոր կեանքին մասին մտածելը ո՛չ սխալ է եւ ո՛չ ալ մեղք. բայց կը դառնայ սխալ եւ մեղք, երբ կը մերժենք տալ կայսրին ինչ որ կայսրին կը պատկանի եւ տալ Աստուծոյ ինչ որ Աստուծոյ կը պատկանի (Մտ 22.21)։
Ի՞նչն է այն «բանը» որ Աստուծոյ կը պատկանի եւ պէտք է Աստուծոյ տալ։ Աստուծոյ պատկանող «բաները» մեր անձերն են։ Ինքզինք Աստուծոյ չյանձնող մարդը, Աստուծոյ բաժինն է որ Աստուծոյ ձեռքերէն խլած կըլլայ։ Բոլոր անոնք որոնք ապաշխարութեամբ Աստուծոյ կը յանձնուին, փրկութեան գանձը ձեռք ձգած կըլլան։ Փրկութեան գանձը երկրի վրայ է որ ձեռք կը ձգենք, եւ ապա զանիկա երկինք «կը ղրկենք», այսինքն՝ մեր փրկութեան պահպանումը Աստուծոյ կը վստահինք։ Ոչինչ կրնայ պատահիլ երկրէն երկինք «ղրկուած» որեւէ բանի։ Ո՛չ մէկ գող կրնայ կտրել արքայութեան հզօր դուռը եւ մեզ կողոպտել Արքային գիրկէն։ Ո՛չ չար ոգիներ եւ ո՛չ ալ չար ոգիներուն իշխանը՝ Սատանան, կրնան մեզ չարախօսել մեր Բարեխօսին ներկայութեան։ Մահը չի՛ կրնար մուտք գործել երկինք ուր կեանքի աղբիւրը՝ Քրիստոս կապրի։ Ժանգը չի՛ կրնար ոտնձգութիւն ընել երկինքի սահմաններէն ներս, ուր կը գտնուի իրական Ոսկին՝ Աստուած։
Յոբի գիրքը կըսէ. «Ամենակարողը քու ոսկիդ է եւ քու թանկագին արծաթդ» (Յոբ 22.25)։ Եթէ մեր երկրաւոր կեանքի ընթացքին ընդունած ենք զԱստուած իբրեւ մեր ոսկին եւ թանկագին արծաթը (Յոբ 22.25), բնականօրէն մեր սիրտերը անոր կապուած եւ անոր սիրով ու խաղաղութեամբ լեցուած պիտի ըլլան երկրի վրայ եղած մեր ատեն թէ երկինքի մէջ։ Երանի՛ անոնց, որոնք զԱստուած կը նկատեն իրենց հարստութիւնը եւ այդ հարստութեան մէջ կը գտնեն իրենց ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը։ Երանի՛ անոնց, որոնք կընդունին որ «աներեւակայելի գանձ մըն է Քրիստոս» (Եփ 3.8)։ Այո՛, Քրիստոս պարզապէս գանձաբաշխ մը չէ, այլ բաշխուած գանձն իսկ։ Աստուած լոկ հարստացնող մը չէ, այլ հարստութիւնն իսկ։ Ուրեմն, ճշմարիտ հարստութեան ցանկացողը, Աստուծոյ է որ ցանկացած կըլլայ։
«Ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կըլլայ նաեւ ձեր սիրտը»։ Սիրելի՛ ընթերցող, ո՞ւր է քու հարստութիւնդ։ Ի՞նչ բանը քեզի համար կը ներկայանայ իբրեւ գերագոյն արժէք։ Ի՞նչ կը փափաքիս ամէն բանէ աւելի։ Կը փափաքի՞ս ճանչնալ զՔրիստոս։ Ի՞նչ է կեանքիդ մեծագոյն նպատակը։ Ի՞նչ բան քու մտածումներուդ առանցքային բաժինը կը գրաւէ։ Ի՞նչ բան առօրեայ քու մտահոգութիւններուդ գլխաւորագոյնը կը կազմէ։ Այս հարցումներուն պատասխանը գտնելդ, պիտի օգնէ քեզի գիտնալու թէ ի՛նչ է քեզի համար հարստութիւնը եւ թէ ո՛ւր կը գտնուի սիրտդ։ Ի՛նչ բանի որ կը ցանկաս, սիրտդ այդ բանին քով կըլլայ։ Եթէ քու ցանկութիւնդ Աստուծոյ հետ ապրիլ եւ ըլլալ է, այդ պարագային սիրտդ անոր մօտ պիտի ըլլայ։
Աստուծոյ յանձնուող սիրտ մը, իր հարստութիւն դիզած կըլլայ երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ո՛չ ալ գողերը կրնան պատը քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ (Մտ 6.20)։ Ո՞ւր է կամ ի՞նչ է այն երկինքը ուր մեր հարստութիւնը պէտք է դիզենք։ Երկինքը խիստ բարձրերը գտնուող անծայրածիր պարապութիւն մը ներկայացնող վիճակ մը չէ, ո՛չ ալ տեղ մըն է, ուր ննջող հաւատացեալները կերթան եւ կը սպասեն։ Երկինքը Աստուծոյ ներկայութեան խորհրդանիշն է։ Ո՛ւր որ է Աստուած, հո՛ն է երկինքը։ Ո՛ւր որ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը փնտռուի եւ կը վայլեցուի հո՛ն է երկինքը։ Ո՛ւր որ Աստուած կը պաշտուի եւ կը սիրուի հո՛ն է երկինքը։ Հետեւաբար, «երկինքի մէջ հարստութիւն դիզել», կը նշանակէ զանիկա դիզել Աստուծոյ քով, անոր գրկին մէջ, անոր տրամադրութեան ներքեւ։ «Երկինքի մէջ հարստութիւն դիզել», կը նշանակէ զՔրիստոս շահիլ իբրեւ պաշտպանը մեր յաւիտենականութեան։ ԶԱստուած պաշտող մարդը հարստութի՛ւն է որ դիզած կըլլայ երկինքի մէջ։ Իր նմանը սիրող մարդը, սիրոյ գա՛նձ է որ ունեցած կըլլայ երկինքի մէջ։ Երկինքի մէջ հարուստ եւ հարստութիւն ունեցող պիտի նկատուին բոլոր անոնք՝ որոնք իրենց երկրաւոր կեանքի ընթացքին, զԱստուած ընդունած են իբրեւ իրենց երկնաւոր Հայրը, եւ իրենց նմանը՝ իբրեւ իրենց եղբայրն ու քոյրը։ Եթէ երկինքը մեր գանձատունն է, հոն միայն երկնային եւ յաւիտենական արժէք ունեցող բաներ կրնան դիզուիլ։ Երկինքի գանձատան մէջ նիւթական ոսկիին ու արծաթին համար տեղ չկայ։ Իրական գանձերը աստուածապարգեւ սէրն ու հաւատքն են։ Մեր կողմէ ցուցաբերուած հաւատքն ու սէրը իբրեւ մեծ հարստութիւն կը դիզուին երկինքի գանձատան մէջ։
Երբ աղքատ մարդու մը ողորմութիւն կու տանք, վիրաւոր սիրտ մը կը սփոփենք, խոցոտուած հոգի մը կամոքենք, երկինքի գանձատան մէջ հարստութիւն դիզած կըլլանք (Մտ 19.21)։ Երբ կը յաջողինք կորսուած հոգի մը Քրիստոսի առաջնորդել, ճշմարտութենէն հեռացած մը ճշմարտութեան բերել, անյոյս մը յոյսով գօտեպնդել, ասոնք մեզի համար երկինքի մէջ իբրեւ հարստութիւն պիտի սեպուին։ Երբ մեր ստացուածքներուն յափշտակուիլը ուրախութեամբ կընդունինք, երբ կանիրաւուինք եւ կը լռենք, կը նախատուինք եւ կը համբերենք, կատուինք եւ կը սիրենք, ասո՛նք ալ հարստութիւններ են, որոնք մեր հաշւոյն կաւելնան երկինքի մէջ։ Այնպիսի հարստութիւններ, «որոնք մնայուն են» (Եբր 10.34)։
Աստուծոյ յանձնուող մարդը մնայուն հարստութիւն կունենայ երկինքի մէջ։ Ան որ Աստուծոյ կը յանձնուի, իրեն համար իրական գանձը կը դառնայ երկնայինն ու յաւիտենականը։ Եթէ մեզի համար իրական գանձը երկնայինն է, այդ պարագային երկնային սիրտեր կունենանք. սիրտեր, որոնք լեցուն կըլլան Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, աստուածահաճոյ կեանք մը ապրելու վառ փափաքով, երկնային ձգտումներով, եւ Աստուծոյ կամքը կատարելու պատրաստակամութեան կրակով։
Սիրելի՛ ընթերցող հայորդի, քանի որ մեր Տէրը կը հաստատէ, որ մեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կըլլայ նաեւ մեր սիրտը, ես կուզեմ հարց տալ քեզի, ո՞ւր է հարստութիւնդ, ի՞նչ բանի մէջ կը տեսնես քու հարստութիւնդ։ Աստուծո՞յ մէջ, թէ Աստուծոյ պարգեւը եղող երկրաւոր կեանքիդ պայմաններուն մէջ։ Աստուծմէ եկող փառքի՞ն մէջ, թէ մարդոց կողմէ քեզի համար հիւսուած գեղեցիկ խօսքերուն եւ պայթեցուած ծափահարութիւններուն մէջ։ Բարձրեալ Աստուծոյ հետ ունեցած յարաբերութեա՞նդ մէջ, թէ բարձրադիրք մարդոց հետ ունեցած կապիդ մէջ։ Իմաստութեանդ եւ գիտութեա՞նդ մէջ, թէ Քրիստոսի մէջ, որուն «մէջ ծածկուած կը գտնուի Աստուծոյ իմաստութեան ու գիտութեան ամբողջ գանձարանը» (Կղ 2.3)։
Ըսէ՛ ինծի, ո՛վ մարդ, ի՞նչ բանի մէջ կը տեսնես քու հարստութիւնդ. առողջութեա՞նդ մէջ, Ֆիզիքական զօրութեա՞նդ մէջ, ունեցուածքի՞դ մէջ, ճառախօսութեանդ կարողութեա՞ն մէջ, մարդոց կողմէ քեզի հանդէպ ցուցաբերուած սիրոյն եւ յարգանքի՞ն մէջ, քեզմով ուրախացող եւ քեզ ուրախացնող մարդո՞ց մէջ, կամքդ կատարող եւ փափաքներդ իրականացնող անհատներո՞ւն մէջ։ Քեզի համար հարստութիւնը մարդոց հետաքրքրութեան եւ պաշտամունքին առարկան դառնա՞լն է, մարդոց կողմէ փնտռուի՞լն է, մեծարուի՞լն է, գնահատուի՞լն է, բարձրացուի՞լն է, փառաւորուի՞լն է։
Այս բոլորը, երկրի վրայ դիզուելիք հարստութիւններ են. հարստութիւններ, որ «ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան» զանոնք (Մտ 6.19)։ Զուր տեղ չէ որ Քրիստոս կը գործածէ «ցեց», «ժանգ» եւ «գող» բացատրութիւնները։ Ցեցը կը փճացնէ հիւսկեղէն եւ հագուստեղէն աշխարհը։ Ժանգը կը փճացնէ երկաթեղէն եւ պղնձեղէն աշխարհը։ Իսկ եթէ գողին առիթը ընծայուի, ան կը փճացնէ ամէն բան, ներառեալ նոյնինքն մարդ արարծը։ Մարդուն երկրաւոր կեանքին բոլոր երեսները, անոր հաւաքած ամէն ինչը, եւ նոյնիսկ իր սեփական կեանքը, այս երեքէն մէկով կամ միւսով կրնայ ամբողջապէս փճանալ։ Հետեւաբար, Քրիստոսի այստեղ մեզի սորվեցուցածը այն է, որ չդիզենք մեր հարստութիւնը երկրի վրայ ուր ո՛չ մէկ բան ապահով է եւ մնայուն։
Սիրելի՛ ընթերցող, անմտութիւն է հարստութիւն դիզել այնպիսի տեղ մը ուրկէ շուտով պիտի հեռանանք։ Անմտութիւն է դիզել այնպիսի հարստութիւն մը, որ մեր դատապարտութեան պատճառ պիտի դառնայ։ Քեզ կը հրաւիրեմ, որ կեանքդ, իբրեւ ամենաթանակգին գանձ, յանձնես Քրիստոսի, որպէսզի օր մը, զանիկա քեզի վերադարձնէ աւելի՛ գեղեցկացած, աւելի՛ կատարեալ եւ աւելի՛ սրբուած։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից