
Սուրբ Պատարագի արմատները Հին Կտակարանի մէջ (Քաւութեան զոհերը եւ Քրիստոս)

Ղեւտացւոց գիրքին 16-րդ գլուխը մեզի կը ներկայացնէ Եբրայեցիներուն տօներէն «Քաւութեան Օր» տօնը։ Այս գլուխը մեզի կը խօսի մէկ զուարակի (մատղաշ ցուլ) եւ երկու նոխազներու (արու այծ) մասին։
Զուարակը պէտք էր զենուէր Քահանայապետին ձեռքով՝ Քահանայապետին եւ բոլոր քահանաներուն մեղքերուն քաւութեան համար (11-րդ համար)։ Իսկ երկու նոխազներուն վրայ Քահանայապետը վիճակ պիտի ձգէր՝ ճշդելու համար թէ ո՛ր մէկ անոնցմէ Աստուծոյ պիտի ընծայուէր իբրեւ մեղքի պատարագ, եւ ո՛ր մէկը անապատ պիտի տարուէր՝ իբրեւ «Քաւութեան նոխազ» (8-10-րդ համարներ)։ Աստուծոյ վիճակուած նոխազը պիտի մորթուէր ժողովուրդին մեղքերուն քաւութեան համար եւ անոր արիւնը պիտի սրսկուէր «Քաւութեան» առջեւ, իսկ միւս նոխազին գլխուն Քահանայապետը իր ձեռքերը պիտի դնէր եւ խնդրէր Աստուծմէ որ ներէր իր ժողովուրդին մեղքերը, եւ ապա ան որոշուած մարդու մը ձեռքով անապատ պիտի տարուէր։
Նոխազին գլխուն ձեռքերը դնելը՝ ժողովուրդին մեղքերը անոր փոխանցել էր։ Իսկ նոխազը անապատ տանիլը՝ ժողովուրդին գործած մեղքերը անոնցմէ հեռացնել էր։ Խորքին մէջ, ինչպէս կը տեսնէք, թէ՛ մորթուած նոխազը եւ թէ՛ դէպի անապատ տարուած նոխազը, երկուքն ալ խորհրդանշականօրէն ժողովուրդին մեղքերը սրբելու կը ծառայէին։ Քրիստոս ի՛նք եղաւ այն ճշմարիտ զոհը որուն վրայ Աստուած մեր մեղքերը դրաւ իր ձեռքերով եւ Քրիստոսով զանոնք հեռացուց մեզմէ։
Եբրայեցիներուն նամակին ծանօթ ոեւէ անձ, գիտէ որ Պօղոս առաքեալ «Քաւութեան տօնը», ինչպէս նաեւ այդ տօնին ընթացքին մատուցուող քաւութեան զոհերն ու (անապատ տարուող) «Քաւութեան նոխազը», կը նկատէ գալիքին (Քրիստոսի զոհագործումին) շուքը։ Ան կ՚ըսէ. «Մովսիսական Օրէնքը պարզապէս գալիք նոր կարգերուն շուքը, այսինքն՝ մօտաւոր նմանութիւնը միայն կը ներկայացնէ եւ ո՛չ թէ անոր հարազատ պատկերը։ Այդ պատճառով ալ՝ նոյն զոհերը տարուէ տարի շարունակ կը մատուցուին, որովհետեւ չեն կրնար կատարելութեան հասցնել այդ զոհերով Աստուծոյ մօտիկ եկողները» (Եբր․ 10.1)։
Քրիստոսի պարագային տարուէ տարի զոհագործուելու հարց չկայ, ահա թէ ինչո՛ւ առաքեալը կ՚ըսէ. «Քրիստոս երկնային Սրբարան չմտաւ բազմաթիւ անգամներ ինքզինքը ընծայելու համար. այլապէս՝ պէտք էր աշխարհին սկիզբէն ի վեր բազմաթիւ անգամներ չարչարուէր։ Մինչդեռ այժմ, ահաւասիկ, երբ ժամանակները իրենց կատարումին կը մօտենան, Քրիստոս յայտնուեցաւ՝ միանգամընդմիշտ ինքզինքը իբրեւ զոհ ընծայելով, մեղքը բնաջինջ ընելու համար» (Եբր․ 9.25-26)։
Քրիստոս պէտք չունի բազմաթիւ անգամներ պատարագուելու որպէսզի մեր մեղքերը սրբէ։ Ան «միակ պատարագով մը՝ յաւիտենապէս կատարեալ դարձուց մեղքերէ սրբուած մարդիկը» (Եբր․ 10.14)։ Ճի՛շդ է որ ամէն անգամ երբ Սուրբ Պատարագ կը մատուցանենք՝ Քրիստոս կը պատարագուի, բայց ատիկա, մեր եկեղեցւոյ հայրերուն իսկ բնութագրումով, «անարիւն պատարագ» է։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոսի զոհագործումը կը բնորոշէ իբրեւ «անկրկնելի» զոհագործում (Եբր․ 10.10, 12)։ Քրիստոսի պատարագումով կը դադրին կենդանական ամէն տեսակի զոհագործութիւններ։ Պօղոս առաքեալ նո՛յն բանը կ՚ըսէ. «Աստուած բոլոր նախկին զոհերը կը վերցնէ եւ անոնց տեղ Քրիստոսի զոհը կը հաստատէ» (Եբր․ 10.9, 14)։
Նախկին բոլոր զոհերը պէտք էր որ վերցուէին, որովհետեւ չէին կրնար սրբել պաշտամունքը մատուցանողին մեղքերը (Եբր․ 10.2)։ Արդարեւ, «ցուլերու եւ նոխազներու արիւնը բնաւ չի՛ կրնար մեղքերը ջնջել» (Եբր․ 10.4)։ Միայն Աստուծոյ Որդիին արիւնը կրնայ Աստուծոյ նմանութեամբ ստեղծուած մարդոց մեղքերը սրբել։ Քրիստոս ի՛նք եղաւ այն ճշմարիտ Գառնուկը, որ «յաւիտենական Հոգիին միջոցաւ ինքզինք որպէս անարատ զոհ Աստուծոյ մատուցանեց», որպէսզի իր արիւնով մաքրէ մեր խղճմտանքը մեռելական գործերէ, եւ մենք կարենանք կենդանի Աստուածը պաշտել (Եբր․ 9.6-15)։
Եթէ երբեք «Օրէնքին համաձայն՝ գրեթէ ամէն ինչ արիւնով կը սրբուի. մեղքերու թողութիւնն ալ առանց արեան հեղումի չ՚ըլլար» (Եբր․ 9.22), այդ պարագային, ինչո՞ւ կենդանիներուն արիւնը չէր կրնար սրբել մեր մեղքերը։ Ինչո՞ւ անպայման Աստուած պէտք էր իր արիւնը թափէր խաչին վրայ։ Մեղքը կրնայ սրբել միայն ա՛ն՝ որուն դէմ գործուած է ատիկա։ Մենք կենդանիներուն դէմ չէ որ մեղք գործած ենք կամ կը գործենք, այլ՝ Աստուծոյ, համաձայն Դաւիթի խօսքին. «Քեզի՛, մի՛այն քեզի դէմ մեղանչեցի» (Սղ․ 51.4)։
Յաճախ հարց կը տրուի. «Աստուած չէ՞ր կրնար տարբեր միջոցով մը սրբել մեր մեղքերը եւ մեզ փրկել։ Իր Որդին անպայման պէ՞տք էր զոհուէր»։ Շատ կարեւոր է հետեւեալը մեր միտքին մէջ ունենալ։ Աստուած յաւիտենական է։ Յաւիտենական Աստուծոյ դէմ գործուած մեղքը՝ յաւիտենական մեղք կը նկատուի։ Յաւիտենական մեղք մը ջնջելու համար յաւիտենական զոհի մը կարիքը կար, որ կարող ըլլար յաւիտենական քաւութիւն պարգեւել։ Այդ զոհը Քրիստոսէ զատ ո՛չ ոք կրնար ըլլալ։
Մեղքի ապականութենէն ձերբազատելու համար անապական զոհի մը կարիքը կար։ Կենդանիները անապական զոհեր չեն, եւ հետեւաբար, անոնք չեն կրնար մեզ առաջնորդել անապականութեան։ Քրիստո՛ս է մէկ եւ միակ անապական եւ անապականացնող զոհը, սուրբ եւ սրբող զոհը։ Սուրբ Հաղորդութեամբ մեր մարմինին մեղանչականութիւնն է որ սրբուի Քրիստոսի մարմինին անմեղութեամբ։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից