
«Հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի»

Հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի» (Մտ․ 25.36)։ Որո՞նք են հիւանդները։ Զանոնք կարելի է բաժնել հինգ խումբի.
1. Հիւանդները բոլոր անոնք են՝ որոնք հեռու են եկեղեցիէն, աղօթքէն, Աստուծոյ խօսքէն, Քրիստոսի մարմինէն եւ արիւնէն, Սուրբ Հոգիին ներգործութենէն եւ ամէն բանէ որ զիրենք կրնայ մօտեցնել Աստուծոյ։ Եկեղեցիին (վերածնած հաւատացեալներուն եւ հոգեւոր հովիւներուն) պարտականութիւնն է այցելել իրենց տուներուն մէջ նստած եւ հաւատացեալներէն ու հոգեւոր հովիւներէն մոռցուած, անտեսուած ու չայցելուած անհատներուն եւ զիրենք առաջնորդել եկեղեցի եւ եկեղեցւոյ ընդմէջէն՝ Աստուծոյ։
2. Հիւանդները անոնք են՝ որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգին տրտմած, ուրիշներուն կողմէ իրենց կրած նեղութիւններուն եւ նախատինքին պատճառով։ Դաւիթ մարգարէն կ՚ըսէ. «Նախատինքը սիրտս կոտրեց ու հիւանդացայ. գթացող մը փնտռեցի բայց չկար, եւ մխիթարութիւն տուողներ որոնեցի բայց չգտայ» (Սղ․ 69.20)։
Ուրիշը նախատել եւ անարգել, կը նշանակէ կոտրել անոր սիրտը։ Քննադատող եւ դատապարտող լեզուն կործանիչ ու քանդիչ է։ Քրիստոնեաներուս կոչումն է քաջալերող եւ մխիթարող լեզու ունենալ, գթացող եւ կարեկցող սիրտ ունենալ։ Հիւանդին հոգ տանիլը, կոտրած սիրտ եւ տրտմած հոգի ունեցողները վերականգնելն ու վերաշխուժացնելն է։
1. Հիւանդ մարդը յուսահատ մարդն է։ Քիչ չէ թիւը այն մարդոց որոնք կը փորձեն պայքարիլ մեղքի դէմ, եւ սակայն, Չարին կողմէ իրենց ստացած նետահարումներուն իբրեւ հետեւանք՝ յուսահատ գետին կ՚իյնան եւ ալ չեն ուզեր ոտքի կանգնիլ ու պայքարիլ։ Հիւանդին հոգ տանիլ, կը նշանակէ նեցուկ կանգնիլ եւ պատերազմակից դառնալ բոլոր անոնց՝ որոնք մեղքին դէմ իրենց մղած պայքարին մէջ հետզհետէ սկսած են ընկրկիլ եւ նահանջել։ Մեր առաքելութիւնն է Քրիստոսով զօրացնել տկարները եւ սորվեցնել անոնց որ պէտք չէ ճկիլ փորձութեանց դիմաց։ Փորձիչը տեղի կու տայ երբ ընդդիմադիրներու հանդիպի։
2. Հիւանդ մարդը սխալ հոգեւոր սնունդ ստացող մարդն է։ Ինչպէս սխալ դեղ ստացող մարդը հիւանդ ու անհանգիստ կ՚ըլլայ Ֆիզիքապէս, այնպէս ալ թիւր եւ մոլորեցուցիչ հոգեւոր ուսուցումներու ուշադրութիւն դարձնող մարդը՝ հոգեւորապէս հիւանդ կ՚աճի։ Մեզմէ պահանջուածը այն է, որ ճշմարտութենէն մոլորածները առաջնորդենք Քրիստոսի առողջ եւ առողջացուցիչ ուսուցումներու սուրբ կաթին։
3. Կասկած չկայ որ հիւանդ մարդը նաեւ Ֆիզիքապէս հիւանդ մարդն է։ Վերեւ յիշուած չորս կէտերուն նման այս կէտը նաեւ նո՛յնքան արժէք եւ կարեւորութիւն կը ներայացանէ Աստուծոյ համար։
Ֆիզիքապէս հիւանդները Քրիստոսի խնամքին արժանացան (Մտ․ 4.24)։ Քրիստոս թելադրեց մեզի նոյնը ընել (Մտ․ 10.8, Մր․ 16.18, Յկ․ 5.14)։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից