Բաժիններ՝

Աստուած պարզ մարդիկ կը փնտռէ

Ղուկաս Աւետարանիչ կ՚արձանագրէ թէ «Յիսուս Սուրբ Հոգիին պարգեւած ուրախութեամբ» աղօթեց եւ ըսաւ. «Հա՜յր, երկինքի եւ երկրի Տէր, շնորհակալ եմ քեզի, որ այս բաները պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն եւ յայտնեցիր պարզ ու համեստ մարդոց։ Այո, Հա՛յր, դուն այսպէս ուզեցիր» (Ղկ 10.21)։

Որո՞նք էին այս իմաստուն ու գիտուն մարդիկը եւ որո՞նք էին պարզ ու համեստ մարդիկը։ Իմաստուն ու գիտուն մարդիկը Օրէնքի Ուսուցիչներն ու Փարիսեցիներն էին, իսկ պարզ ու համեստ մարդիկը՝ ընդհանրապէս Յիսուսի բոլոր հետեւորդներն էին, բայց մասնաւորաբար իր եօթանասուներկու աշակերտներն էին, որոնք իր կողմէ ղրկուած էին զանազան քաղաքներ ու շրջաններ՝ բժշկելու հիւանդները եւ աւետելու Աստուծոյ թագաւորութեան մօտեցած ըլլալը (Ղկ 10.9)։

Իսկ թէ ի՞նչ բան էր որ մեր երկնաւոր Հայրը պահեց իմաստուններէն եւ գիտուններէն եւ յայտնեց «պարզ ու համեստ մարդոց», պատասխանը կը գտնենք նախորդ բաժնին մէջ, ուր կը կարդանք, թէ ինչպէս եօթանասուներկու աշակերտները որոնք Յիսուսի կողմէ առաքելութեան ղրկուած էին, վերադարձան եւ պատմեցին Յիսուսի իրենց առաքելութեան յաջողութեան մասին, մանաւանդ մեծ ուրախութեամբ պատմեցին թէ ինչպէս չար ոգիները կը հնազանդէին իրենց երբ Յիսուսի անունով կը հրամայէին անոնց դուրս գալ մարդոցմէ։

Յիսուս լսելով անոնց պատմածին մասին՝ անոնց ըսաւ. «Տեսայ Սատանան՝ կայծակի նման երկինքէն վար ինկած։ Ահա ձեզի իշխանութիւն տուի կոխկռտելու օձերն ու կարիճները, ինչպէս նաեւ յաղթահարելու թշնամիին զօրութիւնը, եւ որեւէ բան պիտի չվնասէ ձեզի։

Կարդացեք նաև

Սակայն մի՛ ուրախանաք որ չար ոգիները կը հնազանդին ձեզի, այլ ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքի մէջ գրուած են» (Ղկ 10.18-20)։ Ահաւասիկ ճիշդ այսպիսի բաներն էին որ մեր երկնաւոր Հայրը չյայտնեց ու չուզեց յայտնել իրենք զիրենք իմաստուն ու գիտուն կարծող Օրէնքի Ուսուցիչներուն եւ Փարիսեցիներուն։

Օրէնքի Ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները կը կարծէին որ իրենց իրաւասութեան սահմաններէն ներս կ՚իյնար երթալ այս ու այդ քաղաքը ու Աստուծոյ գալիք թագաւորութեան մասին քարոզել։ Բայց Յիսուս զիրենք չէր որ ղրկեց նման առաքելութեան, այլ՝ «պարզ ու համեստ» մարդիկ ղրկեց։ Անոնք կը խորհէին թէ միայն իրե՛նք կրնային Աստուծոյ անունով չար ոգիները դուրս հանել մարդոցմէ, բայց ահաւասիկ Քրիստոս, այդ իշխանութիւնը կը յանձնէ «պարզ ու համեստ մարդոց» եւ ո՛չ թէ իրենց։ Անոնք Աստուծոյ անունով ու Աստուծոյ մասին խօսիլը՝ իրենց իրաւունքն ու իրենց պարտականութիւնը կը նկատէին եւ չէին ուզեր որ ուրիշ մէկը իրենց ձեռքէն խլէր իրենց այդ իրաւունքն ու պարտականութիւնը։

Բայց տարբեր էր մեր երկնաւոր Հօր կամքն ու մօտեցումը։ Տարբեր էր անոր փնտռած մարդիկը։ Ան գիտուն եւ իմաստուն մարդիկ չէր որ կը փնտռէր, այլ՝ պարզ մարդիկ։ Ան «իրաւունք ու իրաւասութիւն» հոլովող մարդիկ չէր որ կ՚որոնէր, այլ՝ հեզ ու համեստ մարդիկ։

Աստուծոյ իմաստութիւնը հանդէս չի գար ինքզինք իմաստուն կարծող մարդու մը միջոցաւ։ Աստուծոյ Հոգին պարզութեան Հոգին է, ուստի ան կը գործէ միայն անո՛նց միջոցաւ՝ որոնք պարզ, համեստ ու խաղաղ են։ Յիսուս կը փնտռէր մարդիկ որոնք իրե՛ն ու Աստուծոյ վստահէին եւ ո՛չ թէ իրենց անձերուն վստահէին։

Մեր երկնաւոր Հայրը իր իմաստութիւնը չյայտնեց ու չի յայտներ իրենք զիրենք իմաստուն կարծող Օրէնքի Ուսուցիչներուն եւ Փարիսեցիներուն, այլ անոնց՝ որոնք սիրայօժար կերպով ու խոնարհաբար Յիսուսի ոտքերուն քով նստիլ ու անկէ սորվիլ կը փափաքէին ու կը փափաքին։ Աստուած իրենք զիրենք Աստուծոյ թագաւորութեան հարազատ զաւակները կարծող Օրէնքի Ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները չէր որ ղրկեց Աստուծոյ թագաւորութեան մօտալուտ ըլլալը ծանուցելու, այլ ղրկեց այնպիսի մարդիկ՝ որոնք կը տոչորէին Աստուծոյ թագաւորութեան կարօտով եւ իրենք զիրենք անարժան կը նկատէին ատոր ժառանգութեան։

Օրէնքի Ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները Աստուծոյ թագաւորութեան անարժան կը նկատէին ոեւէ մէկը որ լաւապէս չէր ճանչնար Մովսիսական Օրէնքը եւ զայն չէր գործադրեր։ Յիսուս նախընտրեց Օրէնքը չճանչցող բայց իրեն հնազանդիլ կամեցող ձկնորսը, քան Օրէնքը գիտցող սակայն անհնազանդ Փարիսեցին։

Ղուկաս կ՚ըսէ որ Յիսուս ուրախութեամբ աղօթեց։ Այո՛, Յիսուս աւելի կ՚ուրախանայ հնազանդ անգէտ մարդոցմով, քան անհնազանդ գիտուն մարդոցմով։ Ան ուրախացաւ եօթանասուներկու աշակերտներուն համար։

Ուրախացաւ Թշնամիին վրայ անոնց տարած յաղթանակին համար։ Ուրախացաւ Աստուծոյ թագաւորութեան տարածման ի խնդիր անոնց տարած աշխատանքին համար։ Յիսուս այսօր ալ կ՚ուրախանայ. կ՚ուրախանայ բոլոր անոնցմով՝ որոնք իր անունով Չարին գլուխը կը ճզմեն, որոնք Աստուծոյ թագաւորութեան տարածման համար ո՛չ մէկ ճիգ կը խնայեն։

Սիրելի՛ բարեկամ, եթէ դուն ինքզինքդ Փարիսեցիներուն եւ Օրէնքի Ուսուցիչներուն նման Աստուծոյ թագաւորութեան անդամ կը նկատես պարզապէս որովհետեւ ուսեալ ու գիտուն ես, լա՛ւ գիտցիր, որ եթէ չես ճանչնար Յիսուսը իբրեւ Փրկիչդ ու Տէրդ, անուս ու տգէտ ես, աշխարհի ամենէն անուս եւ ամենէն տգէտ մարդը։ C.H. Spergeon կը վկայէ որ «Ամենէն ազնուացնող գիտութիւնը Քրիստոսը եւ անոր խաչելութիւնը ճանչնալն է։ Ճանչնալ Աստուծոյ սէրն ու արդարութիւնը…»։

Դուն ունի՞ս այս «ամենէն ազնուացնող գիտութիւնը» որ Քրիստոսը ճանչնալն է։ Այս գիտութիւնը միակ գիտութիւնն է որ պիտի գոյատեւէ առ յաւէտ։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

surbzoravor.am

Տեսանյութեր

Լրահոս