Բաժիններ՝

44֊օրյայի վիրավորներին Հունաստանից ուղարկված 4 տոննա բեռը 1 տարի է, ինչ «Զվարթնոցում» է

ՀՅԴ Հունաստանի կառույցի սոցցանցի պաշտոնական էջում հրապարակվել է Հայաստանի կառավարությանն ուղղված բողոքի նամակ, որն ամբողջությամբ ներկայացնում ենք ստորև.

«Խոր հիաս­թա­փու­թիւն ու ան­հանգս­տու­թիւն յա­ռա­ջաց­նող լու­րի մը մա­սին տե­ղե­կու­թիւն հա­սաւ ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի եր­կու միա­ւոր­նե­րուն՝ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի եւ ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Զո­ւարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նին մի­ջո­ցաւ, ուր կը յայտ­նո­ւէր, թէ օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նի պա­հես­տա­նո­ցի բաժ­նին մէջ կը շա­րու­նա­կեն մնալ՝ ­Յու­նաս­տա­նէն մէկ տա­րի ա­ռաջ, 12 ­Դեկ­տեմ­բեր 2020-ին, եւ 9 ­Յու­նո­ւար 2021-ին, 15 բալ­լեթ­ներ, ո­րոնք հաս­ցէագ­րո­ւած էին Հ.Հ. Ար­տա­կարգ Ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ­Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին կա­տա­րո­ւած մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան ար­շաւ մը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի դէմ սան­ձա­զեր­ծո­ւած 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ու ա­նոր ա­ւար­տէն ետք, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն օգ­նե­լու եւ յատ­կա­պէս հայ զի­նո­ւոր­նե­րուն կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու ի­մաս­տով։ Ան­նա­խա­դէպ ծա­ւալ­նե­րու հա­սած՝ հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուր­դէն գո­յա­ցած մար­դա­սի­րա­կան այս օգ­նու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ու ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չին կող­մէ, ո­րոնք ի­րենց շուրջ հա­մախմբե­ցին գա­ղու­թի բո­լոր ազ­գա­յին­նե­րը, յու­նա­կան մեծ ըն­կե­րու­թիւն­ներ, մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ան­հատ­ներ եւ յու­նա­կան պե­տու­թիւ­նը, որ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ԻՏԱՍ բա­ժան­մուն­քի նե­ցու­կով եւ ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան տրա­մադ­րած եր­կու օ­դա­նաւ­նե­րով, Ե­րե­ւան հաս­ցուց օգ­նու­թեան մեծ մա­սը։

Հս­կա­յա­կան քա­նա­կու­թե­նէն այն մա­սը որ հա­գուս­տե­ղէն, ծած­կոց­ներ, խա­ղա­լիք­ներ, զա­նա­զան պի­տոյք­ներ, վեր­մակ­ներ կը նե­րառ­նէր ուղ­ղո­ւած էր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան, որ օ­րին ներ­կա­յա­ցաւ օ­դա­կա­յան եւ յա­ւե­լեալ գու­մար­ներ վճա­րե­լով ստանձ­նեց ու վեր­ցուց օգ­նու­թեան ծրրար­նե­րը, ա­նոնք շու­տով հասց­նե­լով ու բաժ­նե­լով կա­րի­քա­ւոր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն։

Իսկ այդ մա­սը որ բժշկա­կան սար­քեր եւ դե­ղօ­րայ­քի մեծ ու թան­կար­ժէք քա­նա­կու­թիւն կը նե­րառ­նէր, հաս­ցէագ­րո­ւած էր ­Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­կարգ Ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան, այն­պէս ինչ­պէս օ­րին թե­լադ­րո­ւած էր ­Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թե­նէն։

­Զո­ւարթ­նոց օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նէն հա­ղոր­դո­ւած լու­րին հա­մա­ձայն, օ­դա­նա­ւա­կա­յան մնա­ցած է Հ.Հ. Ար­տա­կարգ Ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան հաս­ցէագ­րո­ւած բա­ժի­նը, որ այն­քան կա­րե­ւոր էր վի­րա­ւոր մեր զի­նո­ւոր­նե­րու խնամ­քին հա­մար։ ­Հա­կա­ռակ ­Զո­ւարթ­նոց օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նի շա­րու­նա­կա­կան ճնշում­նե­րուն դէ­պի նա­խա­րա­րու­թիւն, որ­պէս­զի գան եւ ստանձ­նեն օգ­նու­թեան բա­ժի­նը յայտ­նի է, թէ ո­չինչ կա­տա­րո­ւած է, այլ օգ­նու­թիւ­նը շա­րու­նա­կած է մնալ օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նի պա­հես­տա­նո­ցը։

Այդ բա­ժի­նը կը կազ­մէ 9 բալ­լեթ, որ Ե­րե­ւան հա­սած էր 12 ­Դեկ­տեմ­բեր 2020-ին եւ 6 բալ­լեթ, որ Ե­րե­ւան հա­սած էր 9 ­Յու­նո­ւար 2021-ին, բո­լո­րը հաս­ցէագ­րո­ւած Հ.Հ. Ար­տա­կարգ Ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան։ Ն­շենք, նաեւ, թէ երբ ­Յու­նաս­տա­նէն եր­կու օ­դա­նաւ­նե­րը Ե­րե­ւան ժա­մա­նած էին, այս ապ­րանք­նե­րուն հա­մար ման­րա­մասն ցու­ցակ­ներ յանձ­նո­ւած էին նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնք ստո­րագ­րած, ստու­գած եւ ստանձ­նած էին օգ­նու­թեան լրիւ բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։

­Ծայր աս­տի­ճան վրդո­վեց­նող այս ե­րե­ւոյ­թին մա­սին, Հ.Օ.Մ.-ի ­Յու­նաս­տա­նի միա­ւոր­նե­րը նա­մակ մը պատ­րաս­տած ու յղած են Հ.Հ. Ար­տա­կարգ Ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րար պրն. Անդ­րա­նիկ ­Փի­լո­յեա­նին եւ Հ.Հ. Ար­տա­քին ­Գոր­ծոց նա­խա­րար պրն. Ա­րա­րատ ­Միր­զո­յեա­նին, ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նի մի­ջո­ցաւ։

­Խոր հիաս­թա­փու­թիւն ու զայ­րոյթ յա­ռա­ջաց­նող այս ի­րո­ղու­թեան լոյ­սին տակ, կը պա­հան­ջո­ւի յստա­կաց­նել յա­պա­ղու­մի ու ան­տար­բե­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ժա­մուն չկա­տա­րե­լով, վի­րա­ւոր մեր զի­նո­ւոր­նե­րէն զրկե­ցին անհ­րա­ժեշտ դե­ղօ­րայքն ու ի­րենց դար­մա­նու­մին կամ վե­րա­կանգ­նու­մին հա­մար ի­րե­րը։

­Հարկ է ան­մի­ջա­պէս յանձ­նել ապ­րան­քը, որ այն­քան մեծ հո­գա­տա­րու­թեամբ հա­ւա­քագ­րո­ւե­ցաւ ու ա­ռա­քո­ւե­ցաւ, իր նպա­տա­կին՝ հայ հե­րոս զի­նո­ւոր­նե­րու կա­րիք­նե­րուն ծա­ռա­յե­լու հա­մար։
____________________________________________

Բո­ղո­քի նա­մակ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան

Ուղ­ղո­ւած՝ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ՀՀ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր ­Դես­պան, պրն. ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նին

­Յանձ­նե­լի՝

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ար­տա­կարգ Ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րար պրն. Անդ­րա­նիկ ­Փի­լո­յեա­նին

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ար­տա­քին ­Գոր­ծոց նա­խա­րար պրն. Ա­րա­րատ ­Միր­զո­յեա­նին

­Մե­ծա­յա՜րգ պրն. ­Դես­պան ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան,

­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի եր­կու միա­ւոր­նե­րը՝ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը ու ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չը, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի դէմ սան­ձա­զեր­ծո­ւած 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ու ա­նոր ա­ւար­տէն ետք, նա­խա­ձեռ­նե­ցին մար­դա­սի­րա­կան մե­ծա­ծա­ւալ օգ­նու­թեան հա­ւա­քագր­ման աշ­խա­տան­քի, միակ նպա­տակ ու­նե­նա­լով՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու եւ ի մաս­նա­ւո­րի զի­նո­ւոր­նե­րու ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րիք­նե­րու բա­ւա­րա­րու­մը:

Ա­ւե­լի քան չորս ա­միս­ներ տե­ւած, տեն­դա­գին աշ­խա­տան­քով հա­ւա­քո­ւած ու ծրա­րո­ւած մե­ծա­քա­նակ դե­ղո­րայք, բժշկա­կան սար­քա­ւո­րում­ներ եւ մար­դա­սի­րա­կան անհ­րա­ժեշտ պի­տոյք­ներ ներ­փա­կող այս օգ­նու­թիւ­նը, ո­րուն հա­մար նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան, անձ­նա­կան թէ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծօն­ներ, եւ ո­րու քա­նա­կը կը գե­րա­զան­ցէր 40 tn.-ը, ու­ղար­կո­ւե­ցան ­Հայ­րե­նիք, ե­րեք տար­բեր մա­սե­րով, ա­ռա­ջի­նը՝ 12 ­Դեկ­տեմ­բեր 2020-ին եւ երկ­րոր­դը՝ 9 ­Յու­նո­ւար 2021-ին օ­դա­յին ճամ­բով ­Յու­նաս­տա­նի Արտ­գործ եւ ­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու տրա­մադ­րած զի­նո­ւո­րա­կան օ­դա­նա­ւե­րով , իսկ եր­րորդ մա­սը՝ 8 ­Փետ­րո­ւար 2021-ին, ցա­մա­քա­յին ճամ­բով:

Այս օգ­նու­թեան մէկ բա­ժի­նը փո­խան­ցո­ւե­ցաւ Հ.Օ.Մ.-ի ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի միա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք ան­մի­ջա­կան կեր­պով կազ­մա­կեր­պե­ցին ա­նոնց բաշ­խու­մը կա­րի­քա­ւոր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, իսկ բժշկա­կան սար­քե­րու եւ դե­ղո­րայ­քի բա­ժի­նը ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Հ.Հ. Ար­տա­կարգ Ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան, որ­պէս­զի պե­տա­կան մար­մին­նե­րը հա­մադ­րո­ւած կեր­պով զա­նոնք տրա­մադ­րեն -ի­րենց հա­յե­ցո­ղու­թեամբ եւ ըստ կա­րե­ւո­րու­թեան, նկա­տի ու­նե­նա­լով թէ եր­կի­րը դեռ կը գտնո­ւէր պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի մէջ:

­Պէտք է նշել թէ Հ.Օ.Մ.-ի մեր միա­ւոր­նե­րը, ի­րենց վե­րա­բե­րող մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան հա­մար պար­տա­ւո­րո­ւե­ցան մու­ծել մեծ գու­մար­ներ, որ­պէս­զի ապ­րանք­նե­րը շու­տով փո­խան­ցո­ւին ի­րենց, մօ­տե­ցում որ մե­զի հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի էր նկա­տի ու­նե­նա­լով օգ­նու­թեան մար­դա­սի­րա­կան բնոյ­թը: Օ­րին՝ մեր ու­ղար­կած թիւ 103/18-21 նա­մա­կով (9 ­Փետ­րո­ւար 2021.ին), մեր այս դժգո­հու­թիւ­նը փո­խան­ցե­ցինք Հ.Հ. փոխ վար­չա­պետ՝ պրն. ­Տիգ­րան Ա­վի­նեա­նին, որ ցարդ մնա­ցած է ան­պա­տաս­խան:

­Հինգ­շաբ­թի, 27 ­Յու­նո­ւար 2022-ին, մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան Ե­րե­ւան ժա­մա­նու­մէն մէկ տա­րի ետք, ի հե­ճուկս մեր ու­նե­ցած թիւր տպա­ւո­րու­թեան, որ ա­մէն ինչ կար­գին հա­սած ու տրա­մադ­րո­ւած է կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն, Զո­ւարթ­նոց օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նի պա­հես­տա­նո­ցի բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տո­ւի կող­մէ հե­ռա­խօ­սա­յին եւ գրա­ւոր կեր­պով, խոր զար­ման­քով ի­մա­ցանք, թէ 12 ­Դեկ­տեմ­բեր 2020ի-ն Ե­րե­ւան հա­սած օգ­նու­թեան 9 բալ­լեթ (2654 kgr) եւ 9 ­Յու­նո­ւար 2021-ին հա­սած օգ­նու­թեան 6 բալ­լեթ (1543 kgr), մինչ այ­սօր կը գտնո­ւին օ­դա­կա­յա­նի պա­հես­տա­նոց­ներ, ու չեն ստանձ­նո­ւած Ա.Ի. ­Նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ, հա­կա­ռակ կա­տա­րո­ւած բազ­մա­թիւ փոր­ձե­րուն: ­Պէտք է նշել կրկին, թէ նա­խա­րա­րու­թեան ու­ղար­կո­ւած ապ­րանք­նե­րու պա­րու­նա­կու­թիւ­նը՝ դե­ղո­րայք, ան­թա­ցու­պեր, բժշկա­կան տար­բեր սար­քեր, սայ­լակ­ներ եւ այլն, ծայր աս­տի­ճան կա­րե­ւոր ու անհ­րա­ժեշտ են, մեր վի­րա­ւոր զի­նո­ւոր­նե­րու նախ­նա­կան կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու հա­մար:

­Պար­զո­ւած այս ա­մօ­թա­լի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը մեզ յա­ւե­լեալ կը վրդո­վեց­նէ, ե­թէ նկա­տի առ­նենք հե­տե­ւեալ կա­րե­ւոր ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւս, թէ՝

Ա.-այս օգ­նու­թեան հա­մար յոյն եւ հայ ան­հատ­ներ եւ ըն­կե­րու­թիւն­ներ փու­թա­ցին ա­րա­գօ­րէն ար­ձա­գան­գե­լու մեր դի­մում­նե­րուն, տրա­մադ­րե­լով մեծ ար­ժոյ­թի ի­րեր ու դե­ղո­րայք,

Բ.-օգ­նու­թեան հա­ւա­քագ­րու­մը ըն­թա­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին հա­մա­վա­րա­կի սաստ­կաց­ման օ­րե­րուն, երբ առ­կայ էր պե­տու­թեան կող­մէ սահ­մա­նո­ւած շրջա­գա­յու­թեան խիստ ար­գի­լում:

Այս աշ­խա­տան­քին լծո­ւած մեր միու­թիւն­նե­րու կա­մա­ւոր­նե­րը, ­Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին, ջանք չի խնա­յե­ցին (նոյ­նիսկ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր վրայ վերց­նե­լով 300 եւ­րօ տու­գան­քի պա­րա­գան),որ­պէս­զի ժամ ա­ռաջ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւ­նը հաս­նի հայ­րե­նիք,

Գ.-մեր բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով ­Յու­նա­կան պե­տու­թեան հետ, կա­րո­ղա­ցանք ա­պա­հո­վել զի­նո­ւո­րա­կան օ­դա­նա­ւեր, որ ժամ ա­ռաջ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւ­նը հաս­նի ­Հա­յաս­տան: Այս­տեղ պէտք է նշել, եւ կ’ակն­կա­լէինք, որ Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը գի­տակ­ցի այն մեծ պար­տա­ւո­րու­թեան, ո­րու տակ կը գտնո­ւինք յու­նա­կան պե­տու­թեան առ­ջեւ, ո­րոնք ար­ձա­գան­գե­լով մեր դի­մու­մին, ա­ռանց յա­պա­ղու­մի, եր­կու ա­ռիթ­նե­րով, անվ­ճար տրա­մադ­րե­ցին զի­նո­ւո­րա­կան օ­դա­նա­ւեր: ­Չենք ու­զեր նոյ­նիսկ մտա­ծել, թէ ինչ­պի­սի տպա­ւո­րու­թիւն կրնայ ստեղ­ծո­ւիլ յոյն կա­ռա­վա­րա­կան եւ պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մօտ, ե­թէ ի­րենց ի­մա­ցու­թեան հաս­նի՝ ան­տար­բեր այս կե­ցո­ւած­քի ա­մօ­թա­լի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը:

Իսկ ա­մէ­նա­կա­րե­ւոր կէ­տը ու հար­ցա­կա­նը մե­զի հա­մար այն է, թէ ո­րո՞նք են յան­ցա­ւոր այդ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք չի փու­թա­ցին օգ­նու­թիւ­նը ստանձ­նե­լու եւ բաժ­նե­լու կա­րի­քա­ւոր եւ վի­րա­ւոր հե­րոս զին­ծա­ռա­յող­նե­րուն, այլ թաք­նո­ւե­լով դի­ւա­նա­կա­լա­կան տար­բեր ձե­ւա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ե­տին՝ ամ­բողջ մէկ տա­րի, այդ պա­հե­ցին ­Զո­ւարթ­նոց օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նի պա­հես­տա­րան­նե­րուն մէջ:

Այս նա­մա­կով, մեր միու­թեանց ան­դամ­նե­րու, մեր նո­ւի­րա­տու­նե­րու եւ մար­դա­սի­րա­կան աշ­խա­տան­քի յա­ջո­ղու­թեան նպա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած ու մաս­նակ­ցած բո­լոր կա­մա­ւոր­նե­րու ա­նու­նով, մեր զայ­րոյթն ու բո­ղո­քը կու գանք ներ­կա­յաց­նե­լու ­Ձեր մի­ջո­ցաւ ու միջ­նոր­դու­թեամբ՝ Հ.Հ. վար­չա­պե­տին, Ա.Ի. եւ Ա.Գ. նա­խա­րար­նե­րուն, ու մեր շեշ­տա­կի պա­հանջ­քը՝ որ­պէս­զի, ա­ռանց ու­շա­ցու­մի, նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ ստանձ­նո­ւին ի­րե­րը եւ յանձ­նո­ւին 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի վի­րա­ւոր ու կա­րի­քա­ւոր մեր զի­նո­ւոր­նե­րուն:

­Մենք կը վե­րա­պա­հենք մեր ի­րա­ւուն­քը, այս հար­ցին շուրջ տե­ղեակ պա­հե­լու մեր գա­ղու­թի հայ­րե­նա­կից­նե­րը ու հայ­րե­նի հա­սա­րա­կու­թիւ­նը:

­Յար­գան­քով`

­Յու­նաս­տա­նի Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն

­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան

­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն»:

Խոր հիաս­թա­փու­թիւն ու ան­հանգս­տու­թիւն յա­ռա­ջաց­նող լու­րի մը մա­սին տե­ղե­կու­թիւն հա­սաւ ­Հայ Օգ­նու­թեան…

Posted by Յունաստանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն – ARF Greece on Wednesday, February 16, 2022

 

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս