Բաժիններ՝

Առաջին մեղքին հետեւանքները

«Պարտէզին մէջ քու ձայնդ լսեցի ու վախցայ, որովհետեւ մերկ էի ու պահուեցայ» (Ծն 3.10)։ Այս համարը ցոյց կու տայ, որ մեղքի իբրեւ հետեւանք երեք բաներ յառաջացան Ադամի եւ անոր ընդմէջէն մարդկային ցեղի կեանքին մէջ.- վախ, մերկութիւն եւ պահուըտուք։

1-  Վախ։ Այնքան ատեն երբ Ադամ եւ Եւա մեղք չէին գործած, վախ ըսուածը գոյութիւն չունէր անոնց կեանքին մէջ։ Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ բանէ վախնային երբ Աստուած իրենց հետ էր զօրաւոր ախոյեանի մը պէս (Եր 20.11)։ Ինչո՞ւ վախնային երբ Աստուած իրենց կողքին էր լերան մը նման (Սղ 125.2)։ Ինչո՞ւ երկնչէին երբ ունէին Աստուծոյ նման աննինջ պահապան մը (Սղ 121.4), անպարտելի թիկնապահ մը (Ես 52.12)։

Եթէ Աստուած այս բոլորն է, ուրեմն Ադամ եւ Եւա իրաւունք ունէին վախնալու երբ մեղք գործեցին։ Զզուելի է մեղքը որ պատճառ կը դառնայ որ մարդը վախնայ իր թիկնապահէն՝ Աստուծմէ։ «Կուզե՞ս իշխանութենէն չվախնալ։ Բարի՛ք գործէ…» (Հռ 13.3)։

Ադամ եւ Եւա բարին չէր որ գործեցին երբ պատուիրանազանց եղան, ահա թէ ինչո՛ւ վախցան Վերին Իշխանութենէն։ Խաղաղութեան Իշխանը՝ Քրիստոս (Ես 9.6), չուզեր խռովարարներ տեսնել իր իշխանութեան սահմաններէն ներս։ Մեղք գործելը՝ խռովութիւն յառաջացնել է։ Ահա թէ ինչո՛ւ Ադամ եւ Եւա երբ մեղք գործեցին՝ հեռացուեցան Աստուծոյ «իշխանութեան սահմաններէն» ուր միայն խաղաղասէրներ կրնան ապրիլ։

Կարդացեք նաև

Աստուծոյ ներկայութեան մէջ միայն ապահովութիւն կայ։ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ապրող մարդը զուրկ է ամէն տեսակի վախէ։ Վախը մեր կեանքերուն մէջ հանդէս կու գայ երբ Աստուծոյ Հոգին լքէ մեզ, իսկ քաջութիւնը հանդէս կու գայ երբ դառնանք Աստուծոյ եւ վերստին ստանանք Սուրբ Հոգին։ Վախկո՛տ է մարդը առանց Սուրբ Հոգիին պարգեւած քաջութեան։ Տկա՛ր է մարդը առանց Սուրբ Հոգիին շնորհած զօրութեան։ Աստուածաշունչին մէջ Սուրբ Հոգին կը ներկայանայ որպէս քաջութիւն եւ զօրութիւն պարգեւող Անձ։ Պօղոս առաքեալ կըսէ.- «Աստուած իր Հոգին մեզի տուաւ՝ որպէսզի մեր վախկոտութիւնը յաղթահարենք  եւ  զօրանանք…»  (Բ.Տմ  1.7)։

Քրիստոս նաեւ իր աշակերտներուն ըսաւ.- «Երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք…» (Գրծ 1.8)։ Այո՛, զօրութեամբ, համարձակութեամբ, կորովով եւ եռանդով կը լեցուինք երբ Սուրբ Հոգին իջնէ մեր վրայ։ Սուրբ Հոգին ի՛նքն է որ Աստուծոյ ներկայութեան կանգնելու համարձակութիւն կը պարգեւէ մարդ արարածին։ Սուրբ Հոգին ի՛նքն է որ Աստուծոյ խօսքը հրապարակելու քաջութիւն կը ներշնչէ։ Առանց Սուրբ Հոգիին ո՛չ կրնանք Աստուծոյ առջեւ կանգնիլ եւ ո՛չ ալ մարդոց առջեւ։

2-  Մերկութիւն։ «Վախցայ, վասն զի մերկ էի…» (Ծն 3.10)։ Սա խօսքը ցոյց կու տայ, որ մեղաւոր մարդը մե՛րկ մարդ է։ Մեղքը մեզ հոգեւորապէս մերկ կը կանգնեցնէ մեր հոգիներու Տեսուչին ու Տիրոջ առջեւ։ Դարձի չեկած եւ զՔրիստոս իր սիրտին մէջ չունեցող մարդը մե՛րկ մարդ է։ Խօսքը հոգեւոր մերկութեան մասին է։ Ինչպէս ֆիզիքապէս մերկ եղող մարդը ենթակայ է բնութեան հարուածին եւ մարդոց ձաղկումին, այնպէս ալ հոգեւորապէս մերկ եղող մարդը, ենթակայ է Սատանային եւ անոր պիղծ ոգիներուն ծաղրանքին եւ հեգնանքին առարկան դառնալու։

Այո՛, Սատանան կը ծաղրէ հոգեւորապէս մերկ եղող մարդը։

Մեղքը մերկացուց Ադամն ու Եւան իրենց արդարութեան եւ սրբութեան պատմուճանէն։ Անոնք մերկացան աստուածճանաչողութեան իրենց պարգեւէն, Աստուծոյ գիտութենէն, փառքէն, զօրութենէն, եւ մանաւանդ, Աստուծոյ Հոգիէն։ Աստուած անտարբեր չմնաց մեր նախահօր եւ նախամօր այս մերկութեան դիմաց։ Ան աշխարհ ղրկեց իր Որդին որ Ադամական մեր մերկութիւնը ծածկելու համար՝ մերկացաւ խաչին վրայ։ Ո՛չ ոք կրցած է եւ ո՛չ ոք պիտի կրնայ աներկիւղ կանգնիլ Աստուծոյ ներկայութեան եթէ երբեք ինքնիր մերկութիւնը չծածկէ Քրիստոսի արդարութեամբ։

Այս իրողութեան գիտակցելով է որ Պօղոս առաքեալ կոչ կուղղէ մեզի մեր վրայ հագնելու Տէր Յիսուս Քրիստոսը (Հին Թրգ. Հռ 13.14)։ Քրիստոս ի՛նք նաեւ կըսէ. «Ճերմակ հագուստներ առ՝ հագնելու համար, որպէսզի մերկութեանդ ամօթը ծածկես» (Յյ 3.18)։ Մեղքը ամօթահար վիճակի կենթարկէ մեզ։ Յաւիտենական ամօթը պիտի պատէ այն անձը որ Աստուծոյ դատաստանին կը բերուի առանց իր վրայ առած ըլլալու Գառնուկին արեամբ ճերմկցուած հագուստը։

Ի վերջոյ, մերկ մարդը անպաշտպան մարդն է։ Երբ Ադամ եւ Եւա մեղանչեցին Աստուծոյ դէմ, Աստուծոյ Սուրբ Հոգին հեռացաւ իրենցմէ եւ իրենք դադրեցան Աստուծոյ պաշտպանարար ներկայութիւնը վայելելէ։

Ադամ եւ Եւա իրենց մեղանչումէն առաջ ո՛չ միայն Աստուծոյ պաշտպանութիւնը կը վայելէին, այլեւ անոր առաջնորդութիւնը, ընկերակցութիւնը, բարեկամութիւնը, մտերմութիւնն ու գործակցութիւնը։ Այս բոլորը չէին կրնար շարունակուիլ երբ մեղքը իբրեւ պատնէշ հանդէս եկաւ Աստուծոյ եւ նախամարդուն միջեւ։ Մէ՛կը պէտք էր որ մեղքի այդ պատնէշը փուլ բերէր։ Այդ մէկը եղաւ Քրիստոս ի՛նք։ Մեղքով իրարմէ հեռացած ու խորթացած Աստուած եւ մարդ, Քրիստոսով վերստին իրարու մօտեցան եւ մտերմացան։

3-  Պահուըտուք։ Ադամ եւ Եւա երբ մեղանչեցին Աստուծոյ դէմ «պարտէզին ծառերուն մէջ պահուեցան» (Ծն 3.8)։  Հոսկէ կը սկսի Աստուծմէ մարդուն փախչելու պատմութիւնը։ Մեղքը Աստուծոյ ցանկալի ներկայութիւնը դարձուց անցանկալի։

Մեղքը խորթութիւն մը յառաջ բերաւ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ։ Մեղքը կործանեց այն սիրալիր յարաբերութիւնը որ կար Արարիչին եւ արարուածին միջեւ։ Մեղքը խլեց նախամարդուն սիրտէն Աստուծոյ ներկայութեան կանգնելու համարձակութիւնն ու փափաքը։ Մեղքով անարգուածը՝ փառքով Փառաւորուածին ներկայութեան չի կրնար կենալ։ Միակ Վէմին (Ես 44.8) դէմ մեղանչողը՝ վէմին մէջ մտնել պիտի ուզէր (Ես 2.10)։

Ասիկա մարդուն առաջին պահուըտիլն էր Աստուծմէ։  Մեղքը Աստուծոյ եւ մարդուն յարաբերութիւնը վերածեց դատաւորի եւ դատապարտեալի յարաբերութեան։ Ո՞ր յանցապարտը պիտի չուզէր պահուըտիլ դատաւորին երեսէն։ Ո՞ր զինուորը պիտի յանդգնէր կանգնիլ թագաւորի մը ներկայութեան եթէ երբեք ոտնակոխ ըրած էր անոր հաստատած օրէնքները։ Ահաւասիկ ա՛յս էր պատճառը թէ ինչո՛ւ Ադամ չուզեց եւ չկրցաւ Աստուծոյ առջեւ կանգնիլ։

Ադամէն սկսեալ, մարդ արարածը սկսաւ Արարիչէն փախչիլ փոխանակ դէպի Արարիչը փախչելու։ Մարդիկ Աստուծմով ազատելու փոխարէն՝ Աստուծմէ ազատելու մասին սկսան խորհիլ։ Եթէ պահ մը մարդիկ  անդրադառնան  թէ  Աստուած  որքա՜ն  կը  սիրէ  զիրենք,  թէ Աստուած իրենց մեղքերով չէ որ հետաքրքրուած է, այլ իրենցմով, եւ թէ Աստուած սրտագինս կը փափաքի ձիւնի պէս ճերմկցնել զիրենք (Ես 1.18), վստահաբար, ալ պիտի չփախչին Աստուծմէ, այլ պիտի դառնան իրենց Հովիւին՝ իրենց հոգիներու Տեսուչին՝ Քրիստոսի (Ա.Պտ 2.25)։

Սիրելի՛ ընթերցող, տեսանք առաջին մեղքին երեք հետեւանքները՝ վախ, հոգեւոր մերկութիւն եւ պահուըտուք։ Եթէ կուզես ձերբազատիլ վախի զգացումէդ՝ յանձնուէ Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին, որովհետեւ միայն ի՛նք կրնայ քեզ զօրութեամբ լեցնել։ Եթէ կը փափաքիս ազատագրուիլ հոգեւոր մերկութենէդ՝ ձեռքդ երկարէ պարարտ հորթին՝ Քրիստոսի արիւնով սրբուած լաւագոյն պատմուճանին, որ կրնայ քեզ մերկութենէդ մերկացնել։

Եթէ կը ցանկաս չպահուըտիլ եւ չփախչիլ Աստուծոյ ներկայութենէն՝ մի՛ փորձեր «ծառերուն տերեւներուն» ետին պահուըտիլ, այսինքն՝ ինքնարդարացումի մի՛ դիմեր, ինչպէս Ադամ եւ Եւա ըրին, այլ պատասխանէ Աստուծոյ «Ո՞ւր ես Ադամ» (Ծն 3.9) հարցումին՝ խոստովանելով մեղքերդ Աստուծոյ։

«Ո՞ւր ես Ադամ» հարցումին մասին, կարդա՛ յաջորդ գլուխին մէջ։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

surbzoravor.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս