
Քրիստոսի մեզի ձգած խաղաղութիւնը

«Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. Իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է։ Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք» (Յհ 14.27)։
Այսօր երբ կը դիտենք աշխարհը, կը տեսնենք որ ատիկա դարձած է մտահոգիչ։ Ամէն կողմ պատերազմ եւ ամէն երկրի մէջ իրարանցում կայ։
Գրեթէ ամէն մարդու մօտ կը գտնենք մտահոգութեան, դժգոհութեան եւ զրպարտութեան ալիքներ։ Անորոշութիւնը որոշապէս հանդէս կու գայ ամէն տեղ։ Մարդիկ ո՛չ միայն դարձած են անհանդուրժող եւ աններողամիտ, այլ նոյնիսկ չեն ուզեր հանդուրժողութեան եւ ներողամտութեան մասին խօսք լսել։ Մեղքը իր թակարդին մէջ առած է Աստուծմէ հեռու գտնուող ամէն մարդ։ Քրիստոսի եկեղեցին աշխարհի մէջ ըլլալով, անմասն չէ այս փորձութիւններուն։ Անբարշտութիւնն ու թերահաւատութիւնը կալեկոծեն եկեղեցւոյ կեանքը նաեւ։
Եկեղեցին կարիքը ունի Քրիստոսապարգեւ խաղաղութեան որպէսզի կարենայ հեռո՛ւ վանել իրմէ մեղքին խռովութիւնը։ Քրիստոսապարգեւ խաղաղութեա՛մբ միայն եկեղեցին կրնայ յաղթող եւ նուաճող ըլլալ։ Քրիստոսապարգեւ խաղաղութեա՛մբ միայն եկեղեցին կրնայ կենդանի եւ կենդանարար, ապրող եւ ապրեցնող իրականութիւն դառնալ աշխարհի մէջ։ Քրիստոսապարգեւ խաղաղութեամբ է որ եկեղեցին կը դառնայ Աստուծոյ թագաւորութեան նախագաւիթը երկրի վրայ։
Մէկը կրնայ հարց տալ. «Եկեղեցին կրնա՞յ իր խաղաղութիւնը պահել երբ կեանքի բազմաբնոյթ փոթորիկներով շրջապատուած է»։ Այս հարցումին պատասխանը կը գտնենք Մատթէոսի Աւետարանին 8-րդ գլխուն մէջ։ Հոն կը կարդանք. «Զօրաւոր փոթորիկ մը ելաւ լիճին վրայ, այնքան՝ որ ալիքները գրեթէ նաւակը կը ծածկէին։ Բայց Յիսուս կը քնանար» (Մտ 8.24)։ Փոթորիկներու գիրկին մէջ ըլլալ եւ քնանալ։ Ի՜նչ հրաշալի երեւոյթ։ Ինչպէս Քրիստոս փոթորիկին գիրկին մէջ ըլլալով կրցաւ ամենայն խաղաղութեամբ քնանալ, այնպէս ալ Քրիստոսի եկեղեցին կրնայ անդորրութեամբ դիմակալել կեանքի փոթորիկները երբ Քրիստոսի խաղաղութիւնը կը կրէ իր մէջ։
Նազովրեցիներուն Առաջնորդը իր առաջնորդութեան մականը մէկդի պիտի դնէր շուտով։ Ժամանակը հասած էր որ տասներկու առաքեալներուն Նաւապետը նաւուն ղեկը յանձնէր կեանքի մրրիկներուն։
Այնքան ատեն երբ առաքեալները Քրիստոսի նիւթական ներկայութիւնը ունէին իրենց հետ, անոնք իրենք զիրենք վստահութեան, ապահովութեան եւ զօրութեան զգացումներով տոգորուած կը զգային։ Եւ ինչո՞ւ իրենք զիրենք ապահով չզգային երբ իրենց կողքին ունէին ապահովութիւն ներշնչող աշխարհի Փրկիչը։ Ամէն անգամ երբ լիճերն ու ծովերը փոթորկէին, անոնք կը դառնային խաղաղութեան Իշխանին եւ կըսէին. «Տէ՛ր, փրկէ՛ մեզ, որովհետեւ կը կորսուինք»։ Ամէն անգամ երբ նիւթական հացի կարօտ ըլլային, կը դառնային կեանքի Հացին ու կըսէին. «Տէ՛ր, հաց չունինք»։ Ամէն անգամ երբ ուզէին հիւանդ մը բժշկել եւ չկրնային, մարդկութեան բժիշկին դիմելով հարց կու տային. «Տէ՛ր, մենք ինչո՞ւ չկրցանք բժշկել զայն»։ Ի վերջոյ, ամէն անգամ երբ իրենց հաւատքի կեանքին մէջ առաւել եւս խորանալու կարիքը զգային, իրենց հայեացքը կուղղէին իրենց հաւատքի հիմնադիրին եւ կըսէին. «Տէ՛ր, աւելցո՛ւր մեր հաւատքը»։
Հիմա որ Իշխանը խաղաղութեան, Հացը կեանքի, Բժիշկը մարդկութեան, Հիմնադիրը հաւատքի՝ Քրիստոս, իր հրաժեշտի խօսքը կարտասանէ, իր առաքեալներն ու հետեւորդները իրենք զիրենք լքուած եւ անօգնական կը զգան։ Անապահովութեան հեղձուցիչ ցանցը իր սեւ թեւերուն տակ կառնէ զիրենք։ Հալածանքներու եւ նեղութեանց մղձաւանջը կը տանջէ զիրենք։ Եւ անոնք պահ մը կը զգան որ շրջապատուած են երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներով, վտանգալից երեւոյթներով, անորոշ կացութեամբ եւ դժուարին պայմաններով։
Նման անել կացութեան դիմաց, Քրիստոսի բոլոր հետեւորդները, բայց մանաւանդ իր տասներկու առաքեալները կարիքը ունէին Քրիստոսապարգեւ խաղաղութեան։ Այսպիսի խաղաղութիւն մը միայն կրնար զիրենք կանգո՛ւն պահել խորտակիչ փորձութեանց դիմաց, ամո՛ւր պահել տկարացնող մեղքին առջեւ։ Քրիստոս իր հետեւորդներուն չտուաւ աշխարհային խաղաղութիւն մը, րոպէական խաղաղութիւն մը, այլ տուաւ ի՛ր խաղաղութիւնը, իր անձին խաղաղութիւնը, իր սեփական խաղաղութիւնը։ Ահա թէ ինչո՛ւ ան ըսաւ. «Իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի»։ Քրիստոս իր զաւակներուն կը շնորհէ այն խաղաղութիւնը որ իր հոգիին մէջ կը թագաւորէ, այն խաղաղութիւնը որ իր սիրտին մէջ կապրի, այն խաղաղութիւնը որ իր ամբողջ էութիւնը կը համակէ։ Այս խաղաղութիւնը Քրիստոսի զօրութիւնն էր եւ Քրիստոսի եկեղեցիին զօրութիւնը պէտք է դառնայ։ Այս խաղաղութիւնն էր որ զՔրիստոս յաղթող եւ անյաղթահարելի դարձուց եւ այս խաղաղութեա՛մբ է միայն որ Քրիստոսի եկեղեցին կրնայ յաղթական կեանք մը ապրիլ։
Քրիստոս յստակ տարբերութիւն կը դնէ իր տուած խաղաղութեան եւ աշխարհի տուած խաղաղութեան միջեւ։ Ան կ ըսէ. «Իմ խաղաղութիւնս… այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է»։ Այո՛, Քրիստոսի պարգեւած խաղաղութիւնը տարբե՛ր է աշխարհի տուած խաղաղութենէն։
Աշխարհ խաղաղութի՛ւն է, խաղաղութի՛ւն է կըսէ երբ խռովութիւններ եւ խռովարարներ կը վխտան մեր կեանքերուն մէջ։ Արդարութի՛ւն է, արդարութի՛ւն է կը բացականչէ երբ անարդարութեան բոսոր ամպն է որ կանձրեւէ ուժգին։ Յո՛յս կայ, յո՛յս կայ կը գոչէ, բայց յուսահատութենէն եւ յուսախաբութենէն զատ ուրիշ բան հնձել չի տար մեզի։
Աշխարհ կու տայ իր լաւագոյնը, իր լաւագոյնով լաւագոյնս վատթարացնելու մեր կեանքը։ Աշխարհ կու տայ իր գեղեցկագոյնը իր գեղեցկագոյնով տգեղացնելու գեղեցկութիւնը մեր կեանքին։ Աշխարհ կու տայ խնդուք որուն աւարտը լացի ովկիանոսն է։ Կը պարգեւէ հաճոյք որուն պտուղը կսկիծն է։ Քրիստոսի խաղաղութիւնը, սակայն, «աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է»։ Քրիստոսապարգեւ խաղաղութիւնը օր ըստ օրէ աճո՛ղ խաղաղութիւն է։ Անոր տուած ուրախութիւնը օրէ օր աւելի՛ կը կրկնապատկուի։ Անոր շնորհած ոյժը աւելի՛ կը մեծնայ։ Անոր ներշնչած հաւատքը աւելի՛ կաճի, եւ այսպէս, Քրիստոս իր տուածներով մեզ կառաջնորդէ զօրութենէ զօրութիւն, յաղթանակէ յաղթանակ, նուաճումէ նուաճում, փառքէ փառք, եւ երկինքէ երկինք։
Քրիստոսի տուած խաղաղութիւնը «աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է», որովհետեւ աշխարհ “խաղաղութիւն” ըսելով, կը հասկնայ պատերազմներու դադարում եւ պետութեանց հաշտեցում։ Պատերազմներու դադարումով ժամանակաւոր խաղաղութիւն կարելի է ձեռք ձգել, բայց այդ խաղաղութիւնը անձնական չըլլար, այսինքն, ուղղակիօրէն մեր անձերուն վերաբերող խաղաղութիւն մը չըլլար։ Պատերազմներու աւարտումով իրագործուած խաղաղութիւն մը չի՛ դադրեցներ մեր հոգիին խռովքը, մեր սիրտին տագնապը, մեր միտքին ալեկոծումը։ Քրիստոս չի՛ խոստանար խաղաղութիւն հաստատել երկրի վրայ, աշխարհի մէջ, բայց կը խոստանայ խաղաղութիւն հաստատել մեր սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։
Այն խաղաղութիւնը որուն մասին կը խօսի Քրիստոս այստեղ, արդիւնքն է Աստուծոյ հետ մեր հաշտութեան։ Աստուծոյ հետ չհաշտուած մարդուն համար չկա՛յ խաղաղութիւն։
«Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան» կըսէ Աստուած (Ես 57.21)։ Այո՛, մեղքը խռովութեամբ կը լեցնէ մեր հոգիները։ Ինչպէս երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութիւն կըլլայ երբ անոնք դադրին իրարու դէմ պատերազմելէ եւ հաշտուին իրարու հետ, այնպէս ալ Աստուծոյ եւ մեր միջեւ խաղաղութիւն կըլլայ երբ դադրինք Աստուծոյ դէմ պատերազմելէ եւ հաշտուինք իր հետ իր Որդիին արիւնին միջոցաւ։
Ոմանք կը խորհին որ մարդ արարածը գերերկրային սիրտ պէտք է ունենայ որպէսզի կարենայ ապրիլ խաղաղ կեանք մը։ Այսպէս մտածողներ պէտք է յիշեն որ Աստուածաշունչ մատեանը չի՛ խօսիր գերերկրային սիրտ ունենալու մասին, այլ նո՛ր սիրտ եւ նո՛ր հոգի ունենալու մասին։ Եզեկիէլի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Ձեզի նոր սիրտ պիտի տամ ու ձեր ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ։ Ձեր մարմիններէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ եւ ձեզի մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ։ Իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ եւ դուք իմ օրէնքներս եւ պատուիրաններս պիտի գործադրէք» (Եզ 36.26-27)։ Աստուած կը խոստանայ իր Սուրբ Հոգիով օծուն հոգի՛ տալ մեզի, իր սիրով լեցուն սի՛րտ շնորհել մեզի։ Սիրտ մը եւ հոգի մը, որոնք Աստուծմով լիցքաւորուիլ, կշտանալ եւ արբենալ կը փափաքին։ Սիրտ մը եւ հոգի մը, որոնց համար հաճոյք է երկինքին նայիլը, երկնայինը բաղձալը, Աստուծոյ մասին խորհիլը, Աստուծոյ մէջ հանգչիլն ու զԱստուած իրենց մէջ հանգչեցնելը։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից