Բաժիններ՝

Խաչին հրաշալի իրագործումները

Խաչո՛վ էր որ մարդակարօտն Աստուած եւ աստուածակարօտ մարդը իրարու հանդիպեցան եւ կը հանդիպին։ Խաչի՛ն վրայ գամուած Քրիստոսի անձին մէջ էր, որ իրար փնտռող Աստուած եւ մարդ գտան իրար։ Խա՛չը, երկինքն ու երկիրը իրարու մօտեցուց։ Խա՛չը, հրեղէններն ու հողեղէնները բարեկամացուց։

Խա՛չը, մեղքի խաւարին մէջ ապրող մարդիկը լոյսով ողողեց եւ զանոնք լոյսի վկաներն ու ջահակիրները դարձուց։ Խա՛չը անչափ համարձակութիւն տուաւ մեղքի իբրեւ հետեւանք իրենց համարձակութիւնը կորսնցուցած մարդոց, եւ կաշկանդեց Սատանան որ ամենայն համարձակութեամբ կը գործէր։

Խա՛չը եղա՛ւ այն սիւնը որուն կռթնեցաւ եւ կը կռթնի իյնալու վրայ եղող մարդը։ Խա՛չը եղա՛ւ այն վէմը որուն վրայ շինուողը անսասան կը մնայ առ յաւէտ։ Եղա՛ւ այն հիմը որուն վրայ կառուցուեցաւ տիեզերական փրկութեան եւ եղբայրութեան շէնքը։ Եղա՛ւ այն սուրը որով պատռուեցաւ Աստուած եւ մարդ իրարմէ բաժնող տաճարին վարագոյրը։ Եղա՛ւ շնորհքի այն աթոռը որուն գահակալը եղաւ Քրիստոս եւ որուն մօտեցողը թողութիւն ստացած տուն մեկնեցաւ։

Խա՛չը եղա՛ւ մեզ կատարելութեան եւ Կատարեալին առաջնորդող տապանը։ «Ամէն բան կատարուեցաւ» (Յհ․ 19.30)։ Քրիստոս այս խօսքը խաչին վրայ արտասանեց, ցոյց տալու համար որ ամէն բանի կատարումը եւ կատարելութեան ձեռք բերումը իրագործելի է մի՛այն խաչով։ Այո՛, ամէն բան խաչո՛վ էր որ կատարուեցաւ։ Խաչո՛վ էր որ մարդկութեան պարտքը վճարուեցաւ։

Կարդացեք նաև

Խաչո՛վ էր որ Հին Կտակարանի քահանայութիւնը իր աւարտին հասաւ, եւ Նոր Կտակարանի քահանայութիւնը սկզբնաւորուեցաւ։ Խաչո՛վ էր որ Աստուծոյ տիեզերական փրկագործութեան ծրագիրը իրագործուեցաւ։ Խաչո՛վ էր որ Օրէնքն ու մարգարէութիւնները իրենց լրումը գտան։ Խաչո՛վ էր որ Աստուծոյ շնորհքին դուռը լայնօրէն բացուեցաւ Օրէնքին ստրկութենէն ձերբազատիլ ուզող մարդկային ցեղին առջեւ։

Ու դեռ, խաչո՛վ էր որ այս աշխարհի իշխանը՝ Սատանան, հեռացուեցաւ իր իշխանութենէն եւ զօրութենէն։ Խաչո՛վ էր որ կատարուեցաւ Հին Կտակարանի մէջ յիշուող Աստուծոյ տաճարին, Շաբաթ օրուան, քահանայութեան, եւ կենդանական բոլոր զոհերուն վերաբերող օրէնքները, որոնք շուքն էին գալիք իրականութեանց, «իսկ իրականութիւնը Քրիստոսի մէջ է» (Կղ․ 2.17 Հմմտ․ Եբր․ 10.1)։

Խա՛չը եղա՛ւ Յակոբ նահապետին յայտնուած այն «սանդուխը որ երկրի վրայ հաստատուած էր եւ որուն գլուխը երկինք կը հասնէր» (Ծն․ 28.12)։ Այդ սանդուխին մէկ ծայրը երկրի վրայ հաստատուած էր, ցոյց տալու համար որ Աստուած ներկա՛յ էր իր ժողովուրդի կեանքին մէջ, կը տիրապետէր հոն, եւ կ՚առաջնորդէր զանոնք, իսկ միւս ծայրը կը հասնէր մինչեւ բարձունքը երկինքներուն, լեցնելու համար զանոնք խնդրանքներովը տառապակոծ մարդկութեան։

Հրեշտակները այդ խաչասանդուխէն կ՚ելլէին եւ կ՚իջնէին, Աստուծոյ օգնութիւնն ու օրհնութիւնը բերելու համար մարդոց։ Ինչպէս հրեշտակները կ՚ելեւէջէին այդ սանդուխին վրայէն Աստուած եւ մարդ փոխ յարաբերութեան մէջ դնելու համար, այնպէս ալ Քրիստոս, խաչի՛ն ճամբով կ՚ելեւեջէ մեր կեանքերուն մէջ, մեզ սերտ ու սիրոյ յարաբերութեան մէջ պահելու իր Հօրը հետ։

Խաչո՛վ ուրեմն, հաստատուեցաւ նոր եւ սիրալիր յարաբերութիւն մը Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ։ Խա՛չը եղա՛ւ արարիչն ու արարածները իրար զօդող ոսկեզօծ օղակը։ Եղա՛ւ ճանապարհ մը, ուրկէ Աստուած եկաւ մարդուն եւ ուրկէ մարդը գնաց Աստուծոյ։ Եղա՛ւ կամուրջ մը, որուն բարձունքին վրայ Ստեղծիչը հանդիպեցաւ ստեղծուածին եւ անոր ճակատին դրոշմեց նոր ստեղծագործութեան կնիքը։

Խա՛չը եղա՛ւ Մովսէսի այն գաւազանը, որով Աստուծոյ ծարաւը ունեցող մարդիկ, զարկի՛ն, անխո՛նջ կերպով զարկի՛ն, յարատեւութեամբ զարկի՛ն, զարկի՛ն մինչեւ փշրեցի՛ն մեղքերով քարացած իրենց սիրտերը, անկէ բղխեցնելու համար արցո՛ւնք ապաշխարութեան, դա՛ռն արցունք՝ դա՛ռն զղջումի իբրեւ արտայայտութիւն, անով յագեցնելու համար ծարաւը Աստուծոյ եւ շիջեցնելու համար կրակը մեղքին։

Խա՛չը եղա՛ւ Ահարոնի այն քալող գաւազանը, որուն դիմաց ո՛չ միայն փարաւոնի իմաստուններուն եւ կախարդներուն վիշապները կուլ տրուեցան (Ել․ 7.10-12), այլ նաեւ ու մանաւանդ, անոր դիմաց կուլ տրուեցաւ այն «մեծ վիշապը, այն առաջին օձը, որ բանսարկու եւ Սատանայ կը կոչուի եւ որ ամբողջ աշխարհը մոլորեցուց» (Յյտ․ 12.9)։

Խա՛չը եղա՛ւ կենսատու այն ծառը, որ զԱստուած տեսնել ուզող մարդիկ, Աստուծոյ ընկերակցութիւնը ձեռք ձգել փափաքող մարդիկ, առին եւ իրենց կեանքի անդաստաններուն մէջ տնկեցին։ Այդ խաչածառը ա՛յնքան մեծցաւ որ հսկայ ծառի մը վերածուեցաւ. ծառի մը, որուն շուքին ներքեւ բնակութիւն հաստատելու եկան ամէ՛ն գոյնէ, ամէ՛ն ազգէ, ամէ՛ն ցեղէ հաւատացեալներ. ծառի մը, որուն վրայ զԱստուած տեսնել ուզող Զակքէոսներ բարձրացան պատմութեան ընթացքին, աւելի մօտէն եւ աւելի յստակ տեսնելու համար աստուածորդին։

Խա՛չը եղա՛ւ կրակէ այն սիւնը, որ անապատագնաց Իսրայէլի որդիներուն ցոյց տուաւ խոստացեալ Քանանու երկրին ճամբան։ Ինչպէս անապատներուն մէջէն գացող Իսրայէլի որդիները ցերեկը ամպին կը հետեւէին եւ գիշերը կրակէ սիւնին որպէսզի հասնէին խոստացեալ երկիրը, այնպէս ալ քրիստոնեայ մարդը, պարտի խաչով առաջնորդուիլ կեանքի այս անապատին մէջ, որպէսզի կարենայ ապահովութեամբ եւ յաղթական հասնիլ խոստացեալ աստուածակեդրոն թագաւորութեան։

Ապաւինի՛նք խաչին, քանի որ անիկա Աստուծոյ թագաւորութեան բանալին է։ Փարինք խաչին որ մեր փարելի Փրկիչին անկոտրելի ցուպն է։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

surbzoravor.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս