Աշխարհը կ՚ատէ Աստուծոյ զաւակները
«Եթէ այս աշխարհին պատկանած ըլլայիք՝ աշխարհը ձեզ պիտի սիրէր, որպէս իրմէ եղող մէկը։ Բայց աշխարհը ձեզ կ՚ատէ, որովհետեւ ես ձեզ այս աշխարհէն զատեցի, եւ դուք այս աշխարհին չէք պատկանիր այլեւս» (Յհ 15.19)։ Երկրի վրայ ապրիլ բայց երկինքը բաղձալ՝ աշխարհը մեզի թշնամի կը դարձնէ։ Աշխարհը չի սիրեր երկինքը սիրողները։ Աշխարհը չի հանդուրժեր մեղքին նկատմամբ զզուանք ունեցող մարդոց։
Աշխարհը կը հալածէ ոեւէ մէկը որ կ՚ընդունուի Աստուծոյ կողմէ։ Կ՚անիծէ ոեւէ անհատ որ կ՚օրհնուի Քրիստոսի ձեռքով։ Կ՚ատէ ոեւէ անձ որ կը սիրուի Աստուծոյ կողմէ, ոեւէ անձ որուն գործերը արդար են։ Ինչո՞ւ Կայէնը ատեց Աբէլին։ Անոր համար չէ՞ր որ Աբէլին գործերը արդար էին։ Յակոբ իր հօրը օրհնութիւնը ստանալուն համար չէ՞ր որ ատուեցաւ Եսաւին կողմէ։ Յովսէփ իր հօրը կողմէ սիրուելուն համար չէ՞ր որ ատուեցաւ իր եղբայրներուն կողմէ։ Երեմիա Աստուծոյ պատգամները ճշմարտութեամբ փոխանցելուն համար չէ՞ր որ հալածուեցաւ Յուդայի բնակիչներուն կողմէ։
Դաւիթ Աստուծոյ գործակցութիւնը վայելելուն համար չէ՞ր որ ատուեցաւ Սաւուղին կողմէ։ Աշխարհի ատելութիւնը հոգեւոր կեանք ապրող մարդոց հանդէպ, ապացոյց մըն է որ այդ մարդիկը միութեան մէջ են Քրիստոսի հետ։ Քրիստոսի միացողը ինքնաբերաբար ինքզինք բաժնած կ՚ըլլայ աշխարհէն։ Աստուծոյ թագաւորութեան անդամագրուողը բնականաբար անդամահատուած կ՚ըլլայ աշխարհի թագաւորութենէն։
«Եթէ այս աշխարհին պատկանած ըլլայիք՝ աշխարհը ձեզ պիտի սիրէր»։ Հաւատացեալ մարդը աշխարհին չի պատկանիր, այլ՝ աշխարհի Ստեղծիչին։ Ան իր Ստեղծիչին սէ՛րն է որ կը վայելէ եւ ո՛չ թէ ստեղծագործութեան սէրը։ Իսկ աշխարհասէր մարդիկ որո՞նց սէրը կը վայելեն։ Կը վայելե՞ն արդեօք աշխարհին սէրը։
«Աշխարհը ձեզ պիտի սիրէր»։ Այս բառերը երբեք ցոյց չեն տար որ աշխարհը կը սիրէ կամ սիրելու ատակութիւնը ունի։ Աշխարհը ի՞նչպէս կրնայ սիրել իրեն պատկանողները։ Աշխարհը զուրկ է անկեղծ սէրէ։ Սէր չէ այն սէրը որ մարդիկը մահուան կ՚առաջնորդէ։ Աշխարհի սէրը մահուան չէ՞ որ կ՚առաջնորդէ։
Երբ աշխարհը աշխարհասէր մարդոց կամքը կը կատարէ, ատիկա սէ՞ր եղաւ։ Մաքուր եւ անկեղծ սէրը Աստուծոյ կամքը կատարելուն մէջ կը կայանայ եւ ո՛չ թէ մեր կամքը։ Ինչպէս ինքնիր զաւակին բոլոր կամեցածը ընող մարդը վտանգած կ՚ըլլայ անոր ապագան, այնպէս ալ երբ աշխարհը կատարէ իր սիրահարներուն կամքը, վտանգած կ՚ըլլայ անոնց յաւիտենականութիւնը։
Աշխարհի սէրը անձնասիրական սէր է։ Աշխարհը կը սիրէ մարդիկը այնքան ատեն երբ մարդիկ կը հնազանդին իրեն եւ իր շահը կը հետապնդեն։ Այդ վայրկեանին երբ մարդիկ դադրին աշխարհին կամակատարները ըլլալէ եւ ուզեն Աստուծոյ դառնալ, այդ վայրկեանէն սկսեալ իրենք թշնամիներ կը նկատուին աշխարհին հայեացքով։
Աշխարհի սէրը դժոխային սէր է։ Աշխարհը կը սիրէ զԱստուած ատող մարդիկը եւ կ՚ատէ զԱստուած սիրող մարդիկը։ Աշխարհը կը սիրէ մեղքը եւ մեղքի կեանքը, կը սիրէ անօրէնութիւնը եւ անօրէնները, ստութիւնը եւ ստախօսները, ամբարշտութիւնն ու ամբարիշտները։ Ո՛չ միայն կը սիրէ այս բոլորը, այլեւ քաջալեր կը հանդիսանայ այս բոլորին։
Տակաւին, աշխարհի սէրը դժոխային է, որովհետեւ կը գթայ անգութին եւ անգութ կ՚ըլլայ գթութեան կարօտ մարդոց հանդէպ։ Աշխարհը նեցուկ կը կանգնի կեղծաւորին ու կեղծաւորութեան եւ կը հալածէ անկեղծ մարդիկն ու անկեղծութիւնը։ Աշխարհը չ՚ողորմիր չքաւորին եւ չի՛ կարեկցիր վշտահարին, չի՛ մխիթարեր սգաւորը եւ չ՚օգներ անօգնականին։
«Բայց աշխարհը ձեզ կ՚ատէ, որովհետեւ ես ձեզ այս աշխարհէն զատեցի, եւ դուք այս աշխարհին չէք պատկանիր այլեւս»։ Քրիստոս ո՛չ միայն իր տասներկու աշակերտները այլեւ բոլոր դարերու բոլոր իր աշակերտները զատեց աշխարհէն։ Ան մեզ զատեց աշխարհէն եւ միացուց իրեն։ Ան մեզ հեռացուց աշխարհայինէն եւ մօտեցուց երկնայինին։ Աշխարհը սակայն չի սիրեր իրմէ զատորոշուողներն ու զատուողները, իրմէ հեռացողներն ու երկինքին մօտեցողները։ Աշխարհը չի սիրեր իրմէ տարբեր եղողները։ Տարբեր եղող մարդիկ մի՛շտ ենթակայ են հալածանքի։ Աստուծոյ կողմէ զատուողները կը դառնան թիրախը աշխարհին։
Քրիստոս սկիզբէն սորվեցուց իր աշակերտներուն թէ աշխարհը զիրենք պիտի հալածէ։ Ան անոնց եւ անոնց ընդմէջէն մեզի ըսաւ. «Եթէ զիս հալածեցին ձեզ ալ պիտի հալածեն…։ Այս բոլորը ձեզի պիտի ընեն իմ անունիս պատճառով, որովհետեւ զիս ղրկողը չեն ճանչնար» (Յհ 15.20- 21)։ Այո՛, չեն ճանչնար։ Աշխարհը կը հալածէ որովհետեւ չի ճանչնար։
Աշխարհի կողմէ յարուցուած հալածանքը եւ սնուցուած ատելութիւնը տգիտութեան արդիւնք է։ Աշխարհասէր մարդիկը կ՚անգիտանան իրենց գոյութեան պատճառը։ Եթէ անոնք գիտնան որ գոյութեան բերուած են Աստուծոյ հետ եւ Աստուծոյ համար ապրելու՝ ո՛չ միայն պիտի չատեն Աստուծոյ զաւակները, այլեւ իրե՛նք ալ դարձի պիտի գան։ Բայց անոնք դարձի գալ չեն ուզեր։ Անոնք չեն կրնար միանալ Աստուծոյ զաւակներու բանակին, որովհետեւ կը պատկանին ատելութեամբ լեցուն Սատանայի թագաւորութեան, իսկ Աստուծոյ զաւակները՝ սիրով լեցուն Քրիստոսի թագաւորութեան։
«Ես ձեզ այս աշխարհէն զատեցի, եւ դուք այս աշխարհին չէք պատկանիր այլեւս»։ Սիրելի՛ ընթերցող, Քրիստոս քեզ ալ զատա՞ծ է աշխարհէն։ Աստուծոյ շնորհքին յանձնուելով՝ դադրեցուա՞ծ ես աշխարհին պատկանելէ։ Մաս կազմա՞ծ ես Յիսուսի սիրոյ թագաւորութեան։ Եթէ ոչ, կ՚աղաչեմ որ այս վայրկեանին ծունկի գաս եւ ընդունիս Յիսուսը սրտիդ մէջ եւ զայն յայտարարես Տէրդ ու թագաւորդ։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից
