
Խաչի ճամբան՝ յաղթանակի ճամբան է

«Ա՛ռ խաչդ եւ հետեւէ՛ ինծի» (Մր 10.21): Դառն կը հնչէ մեր ականջներուն, բայց Յիսուսի նպատակը մեր կեանքը դառնացնել չէ: Խաչը չի՛ դառնացներ մեր կեանքը, այլ՝ մեր կեանքի դառնութիւնները կը քաղցրացնէ: Չի՛ թշուառացներ մեր կեանքը, այլ՝ մեր կեանքի թշուառութիւնները կը փարատէ: Չառաջնորդեր մեզ անտանելի կեանքի մը, ընդհակառակը, կառաջնորդէ մեզ տանելու կեանքի անտանելի կարծուած կացութիւնները:
Ոմանք կը խորհին, որ խաչը անձկութեան նշան է, եւ սակայն, խաչը անձկութեան նշան չէ, այլ անձկութեան յաղթահարելու նշան: Խաչը փորձութեան նշան չէ, այլ փորձութեան եւ փորձիչին յաղթելու նշան: Քրիստոս խաչո՛վ ճզմեց Սատանային գլուխը: Ուրիշ բանով մը չի՛ ջարդուիր Սատանային գլուխը: Քրիստոս իր խաչը տուաւ մեզի՝ անով մեզ յաղթող դարձնելու համար ինքզինք անյաղթահարելի կարծող Սատանային դէմ: Խաչը կը յաղթէ մեզ եթէ մերժենք զայն եւ յաղթող կը դարձնէ եթէ ընդունինք զայն։
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, իր Աղօթամատեանին 94-րդ գլխուն մէջ խօսելով խաչով Սատանային դէմ տարուած յաղթանակին մասին կըսէ. «Դո՛ւն, ով Տէ՛ր, Երիքովի եղջերափողէն գերազանց այս գործիքով հարթեցիր եւ տապալեցիր Բելիարին բռնութիւնը։ Այս փայտէ պարսատիկով քարեր արձակեցիր Գողիաթին դէմ. նոր դայիսոն մը ըրիր զայն, վկայ Սատանային ահարկու կործանումին, որովհետեւ մեղքին խորացած արմատները այս մեքենայով խլեցիր ու իմ մոռցած պարտականութիւններս ասոր միջոցաւ յիշեցուցիր ինծի»։
Սատանան չի՛ կրնար իր շուքին տակ առնել անոնք՝ որոնք խաչին շուքին տակ կը հանգչին։ Չի՛ կրնար իր առջեւ ծունկի բերել անոնք՝ որոնք ծունկի եկած են խաչին առջեւ։ Չի՛ կրնար յաղթել Քրիստոսի սէրէն յաղթուածները։ Չի՛ կրնար արատաւորել Քրիստոսի խաչէն հոսող արիւնով սրբուածները։ Չի՛ կրնար մահացնել խաչով անմահութիւն գտած Աստուծոյ զաւակները։
Խաչի կեանքէն պէտք չէ վախնանք։ Խաչի կեանքէն վախցողը Սատանան ի՛նք պէտք է ըլլայ եւ ո՛չ թէ մենք։ Քրիստոս խաչո՛վ սպաննեց մեղքը եւ ազատագրեց մեղաւորը։ Խաչո՛վ հալածեց մեզ հալածող Սատանան եւ սրբեց մեր անունը Կենաց Գիրքէն սրբել ուզող մեղքը։ Խաչո՛վ մշտաշարժ Սատանան անշարժութեան դատապարտեց եւ մեղքով անշարժ դարձած մարդուն սիրտը առ Աստուած շարժեց։
Խաչով, ան Տէրը դարձաւ անտիրական մարդուն։ Խաչը տիրական զօրութիւն կը շնորհէ Տիրոջ ապաւինողներուն։ Զօրութի՛ւն է խաչը երբ զօրութիւն առնելու համար է որ կերթանք անոր: Քա՛ղցր է խաչը երբ քաղցր Յիսուսին հետեւելու քաղցր ակնկալութեամբ կը կրենք զանիկա:
Օրհնութի՛ւն է խաչը երբ օրհնակարօտ մեր հոգին է որ մեզ անոր կառաջնորդէ:
Պէտք չէ մտածել որ խաչը միայն վիշտի խորհրդանիշ է: Վիշտի խորհրդանիշ է այո՛, բայց մանաւանդ, վիշտի ճամբով շահուած անվիշտ յաւիտենականութեան մը խորհրդանիշն է: Խաչը տառապանքի նշան է այո՛, բայց միաժամանակ, այդ տառապանքով ձեռք բերուած անտառապանք կեանքին աղբիւրն է: Քրիստոս չուզեր որ խաչին մէջ միայն ցաւ ու կսկիծ տեսնենք, այլ նաեւ ու մանաւանդ, ան կուզէ որ մեզ մեր ցաւերէն եւ կսկիծներէն ազատագրող իր սէրը տեսնենք:
Ինչպէս գործողութեան մը ենթարկուողը գործողութեան մէջ միայն տանջանք չէ որ կը տեսնէ, այլ այդ տանջանքին յաջորդող իր Ֆիզիքական առողջութիւնը, այնպէս ալ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ մարդ, խաչով իրեն եղած գործողութեան մէջ միայն ցաւ պէտք չէ տեսնէ, այլ այդ ցաւէն յառաջանալիք իր հոգեւոր առողջութիւնն ու ազատագրութիւնը:
Դարձեալ, ինչպէս հողագործը իր ցանած ու տնկած ատեն, ո՛չ թէ իր թափած քրտինքին մասին է որ կը մտածէ, այլ այն արգասիքին մասին որ արդիւնքը պիտի ըլլայ իր թափած քրտինքին, նոյնպէս ալ մենք չմտածենք միայն խաչին ճամբուն վրայ մեր կրած նեղութիւններուն մասին, այլ նաեւ ու յատկապէս, խորհինք այն յաւիտենական երջանկութեան մասին, որ մեզի կը սպասէ այդ ճամբուն աւարտին:
Քրիստոս յաղթող դարձաւ խաչով որովհետեւ յաղթող դարձաւ խաչին։ Քրիստոս խաչին մէջ միայն կսկիծ չտեսաւ, այլ այդ խաչի ճանապարհի աւարտին, ան տեսաւ իր եւ համակ մարդկութեան հրաշափառ յարութիւնը: Քրիստոս խաչին մէջ տեսաւ ամբողջ տիեզերքին փրկութիւնը: Տեսաւ իր Հօրը ծրագիրին եւ կամքին ամբողջական կատարումը, տեսաւ արդարութեան վերականգնումը, խաղաղութեան հաստատումը, Աստուած եւ մարդ յարաբերութեան վերսկսումը: Հետեւաբար, չմտածենք այն չարչարանքին մասին որ խաչով կունենանք, այլ մտածենք այն անհուն ուրախութեան մասին, որ հրաշալի յարութեան իբրեւ հետեւանք, պիտի գտնենք խաչի ճանապարհի աւարտին:
Խաչի ճանապարհի աւարտին յարութեան լո՛յսն է որ կը շողայ դատարկ գերեզմանին մէջ։ Խաչեալը իրենց գերեզմաններէն դո՛ւրս պիտի բերէ իր խաչին հետեւորդները։ Չկա՛յ յարութիւն առանց խաչելութեան։ Քրիստոս յարուցեալ ըլլալէ առաջ նախ եղաւ խաչեալ։ Քրիստոնեայ մարդը չի՛ կրնար յարուցեալ ըլլալ առանց խաչեալ ըլլալու։ Քրիստոսի նմանելու համար անհրաժեշտօրէն Գողգոթայի ճանապարհէն պէտք է անցնինք։ Անցընելու համար առանձին չենք. Քրիստոս մեզի հետ է՝ մեզ անցընելու եւ մեզի հետ անցնելու համար։ Քրիստոս ո՛չ միայն մեզ անցընողն ու մեզի հետ անցնողն է, այլեւ մեր անցքն է։ Այլ խօսքով, Քրիստոս ի՛նքն է մեր ճանապարհը եւ ի՛նքն է մեր ճանապարհորդակիցը։ Ի՛նքն է մեզ առաջնորդողը եւ ի՛նքն է ան՝ որուն կառաջնորդուինք։
Խաչի ճամբան արցունքով ցանելու ճամբան է, բայց անոր պիտի յաջորդէ ցնծութեամբ հնձելու պահը (Սղ 126.5): Խաչի ճամբուն վրայ թափուած արցունքը սուգի ու տրտմութեան արցունքը չէ՛, յուսահատութեան եւ ճնշուածութեան արցունքը չէ՛, այլ յաւիտենական ուրախութիւն աղբերացնող արցունքն է, դժոխքին կրակը շիջեցնող արցունքն է, Աստուծոյ շնորհքն ու օրհնութիւնը մեր հոգիներուն մէջ հեղացնող արցունքն է:
Յաճախ ըսուած է որ խաչը զոհողութեան նշան է։ Այո՛, զոհողութեան նշան է, որովհետեւ Քրիստոս յանձն առաւ կամաւորապէս անոր վրայ զոհուիլ։ Սիրելի՛ ընթերցող, կը վախնա՞ս յանձն առնելու զոհողութիւն մը։ Մտահոգութիւնը կը պատէ՞ էութիւնդ երբ զոհուելու կոչ կուղղուի քեզի։
Անուրանալի իրականութիւն է, որ զոհուելու վախցող մարդը ոչինչ կրնայ իրագործել իր կեանքի ընթացքին։ Մեծ իրագործումներ մեծ զոհողութեանց արդիւնք են։ Չե՞ս ուզեր քեզի համար զոհուող Փրկիչին սիրոյն քիչ մը զոհողութիւն յանձն առնել։ Կը նեղուի՞ս երբ քեզ նեղացնեն Յիսուսի հետեւորդը ըլլալուդ համար։ Անարգա՞նք կը նկատես Քրիստոսի համար անարգուիլը, թէ՝ փառք։ Փա՛ռք ու պարծա՛նք պէտք է նկատես փառքի Թագաւորին համար անարգուիլը եւ ո՛չ թէ նախատինք ու տկարութիւն։
Պօղոս առաքեալ կըսէ. «Քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (Գղ 6.14): Եթէ խաչը տկարութեան նշան ըլլար՝ Պօղոս առաքեալ պիտի չպարծենար անով: Ո՛չ ոք տկար բանով մը կը պարծենայ: Տկարներն ու վախկոտները ո՛չ խաչով կրնան պարծիլ եւ ո՛չ ալ իրե՛նք կրնան խաչին պարծանքը դառնալ:
Առաքեալը ո՛չ միայն խաչով կը պարծենար, այլ ի՛նք ի՛ր կարգին խաչին պարծանքը դարձեր էր: Ան խաչը պատուող մը չէր միայն, այլ խաչը իր պատիւը համարող մը։ Մեզմէ քանինե՞ր խաչ շալկելը Աստուծոյ պարգեւը կը սեպեն։ Քանինե՞ր Քրիստոսի խաչը կրելը պատիւ ու փառք կը նկատեն։ Խաչո՛վ կազմուեցաւ մեր յաւիտենական փառքը եւ միայն խաչո՛վ կարելի է ժառանգորդը դառնալ յաւիտենական փառքին։
Խաչը շալկելը պայքարելու պատրաստակամութիւն յայտնել է։ Ան որ պատրաստ չէ պայքարելու, իրաւոնք չունի խաչը շալկելու: Խաչը զէնք է զոր շալկողը պարտի պատերազմի դաշտ իջնել պայքարի: Չպայքարողը չի՛ յաղթեր եւ չյաղթողը չի՛ պսակուիր (Յյտ 2.17)։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից