
Ի՞նչ կը նշանակէ ծառայել Աստուծոյ

Աստուծոյ ծառայելը իւրաքանչիւր մարդու կոչումն է, բայց միաժամանակ պարտաւորութիւնը։ Երբեմն մարդիկ Աստուծոյ անունով կը գործեն, բայց իրենց գործն է որ կը գործեն եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ։ Աստուծոյ ծառայելը՝ Աստուծոյ կամքին հնազանդիլն է։ Իսկ Աստուծոյ կամքը միշտ ալ դիւրին չէ կատարելը։ Կրնայ պատահիլ որ Աստուծոյ կամեցածը մեր կամեցածին հակառակ ըլլայ։
Օրինակ, կրնայ ըլլալ որ ես ուզեմ Աստուծոյ խօսքը քարոզել Լիբանանի մէջ, մինչ Աստուած ուզէ զիս ուրիշ երկիր մը ղրկել իր խօսքը այդտեղ քարոզելու համար։ Ահաւասիկ երկու կամքերու բաղխում։ Հո՛ս է որ ցոյց պէտք է տամ, թէ ես իսկապէս Աստուծո՞յ է որ կը ծառայեմ, թէ՝ Աստուծոյ անունով ես իմ անձիս է որ կը ծառայեմ։ Դիւրին ու հաճելի է Աստուծոյ խօսքը տարածել հոն ուր մենք կ՚ուզենք, հոն ուր մեզ փառաբանողներ եւ ունկնդրողներ կան։
Ընդհանրապէս մարդիկ կը սիրեն ծառայել Աստուծոյ, ծառայելով իրենց սիրած միջավայրին մէջ եւ իրենց սիրած մարդոց։ Բայց պէտք չէ մոռնանք որ Աստուծո՛յ իրաւունքն է որոշել մեր ծառայութեան դաշտը, ինչպէս նաեւ մարդիկը՝ որոնց պէտք է ծառայենք։ Ինչպէս զինուորը իր ուզած տեղը եւ իր ուզած մարդոց չէ որ ծառայութիւն կ՚ընէ, այլ իր զօրավարին ուզած տեղն ու ուզած մարդոց, այնպէս ալ մենք իբրեւ զինուորները Քրիստոսի, պատրաստ պէտք է ըլլանք երթալու հոն՝ ուր ինք կը կամենայ եւ ծառայելու անոնց՝ որ ինք կ՚որոշէ։
Հարց չէ թէ մենք որո՛ւ կը ծառայենք, որովհետեւ որու որ ալ ծառայենք, Աստուծոյ է որ ծառայած կ՚ըլլանք եւ Աստուած ի՛նքն է որ մեզի պիտի հատուցանէ։ Պօղոս խօսքը ուղղելով ծառաներուն կ՚ըսէ. «Ծառանե՛ր, ամէն բանով հնազանդեցէ՛ք ձեր տէրերուն։ Ձեր ծառայութիւնը ըրէք՝ ո՛չ միայն երբ հսկող աչք կայ ձեր վրայ, ինչպէս կ՚ընեն անոնք՝ որոնք մարդոց հաճութիւնը կ՚ուզեն շահիլ, այլ՝ անկեղծ սրտով, Տիրոջ հանդէպ ձեր ունեցած պատկառանքէն մղուած։ Ինչ որ ալ ընէք՝ սրտանց ըրէք, այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէիք Տիրոջ, եւ ոչ՝ մարդոց։ Գիտցէք, որ Տիրոջմէ է որ պիտի առնէք ձեր հատուցումը, որ խոստացաւ ձեզի տալ, քանի որ Տիրոջ՝ այսինքն Քրիստոսին է որ կը ծառայէք» (Կղ․ 3.22-24)։
Շատե՜ր կը վազվզեն ու կ՚աշխատին պարզապէս մարդոց հաճութիւնը սիրաշահելու համար։ Մարդիկ որքան ալ աշխատին, տքնին, յոգնին, ոչինչով կ՚օգտուին եթէ Աստուծոյ հաճութիւնը շահելու համար չէ որ կ՚ընեն իրենց գործը։ Ինչ բարի գործ որ կը կատարենք, պէտք է նկատի առնել որ Աստուծոյ կամքն է որ կատարած կ՚ըլլանք։ Իսկ Աստուծոյ կամքը կատարողը՝ իր արժանի հատուցումը պիտի ստանայ։
Աստուծոյ իսկական ծառան ան է որ իր կեանքին ղեկը կը յանձնէ Աստուծոյ եւ թոյլ կու տայ որ ան առաջնորդէ զինք կամ ղրկէ զինք հոն ուր կը փափաքի։ Աստուծոյ յանձնուած մարդուն կեանքին մէջ ամէն ինչ Աստուած ինքն է որ կ՚որոշէ կամ որոշել կ՚ուզէ։ Այս ընելու համար, Աստուած իր զաւակներէն կը պահանջէ ամբողջական ինքնայանձնում եւ բացարձակ վստահութիւն։ Երբ Աստուած հարց տուաւ. «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ», Եսայի մարգարէն իսկոյն պատասխանեց. «Զի՛ս ղրկէ» (Ես․ 6.8)։ Մարգարէն Աստուծոյ չըսաւ. «Զիս հոս կամ հոն ղրկէ», այլ՝ պարզապէս պատրաստակամութիւն յայտնեց երթալու հոն՝ ուր Աստուած կ՚ուզէր զինք ղրկել։
Երբ կը խօսինք Աստուծոյ ծառայելու մասին, խօսած չենք ըլլար Աստուծոյ օգտակար դառնալու մասին։ Նախ պէտք է գիտնալ որ երբ Աստուած մեզմէ ծառայութիւն կը պահանջէ, կը պահանջէ ո՛չ թէ որովհետեւ պէտք ունի մեզի, այլ որովհետեւ կ՚ուզէ պատուել մեզ։ Ինչպէս ծառայի մը համար պատիւ է թագաւորի մը գործակից ըլլալը, այնպէս ալ մեզի համար պատիւ է Աստուծոյ ծառայ ըլլալը։ Երկրորդ, Աստուած կ՚ուզէ որ ծառայենք իրեն որովհետեւ ան կ՚ակնկալէ իր զաւակներէն որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն փրկութեան տարածման աշխատանքին։ Երրորդ, ծառայելը մեզ արժանի կը դարձնէ վարձատրութեան։
Աստուած կ՚ուզէ որ աշխատինք իր փառքին համար, իր սիրոյն տարածման համար, իր կամքին ծանուցման եւ կատարման համար, իր թագաւորութեան մարդոց սրտին ու կեանքին մէջ հաստատման համար, որպէսզի մեզ վարձատրէ։ Ասիկա պատճառ մը պէտք չէ ըլլայ սակայն, որ Աստուծոյ ծառայենք վարձատրուելու ակնկալութեամբ եւ նպատակով։ Երբ վարձատրուելու նպատակով ծառայենք, ծառայութեան մեր սիրոյ ոգին կը վերածուի ստրուկի հոգեբանութեան։
Երբ կ՚աշխատինք Աստուծոյ փառքին համար, երբեք պէտք չէ ունենանք այն մտածումը թէ մենք Աստուծոյ համար բան մը ըրինք կամ կ՚ընենք։ Այն ինչ որ կ՚ընենք, Աստուած ի՛նքն է որ կ՚ընէ մեր անձերուն ընդմէջէն։ Առանց Աստուծոյ գործակցութեան մենք ոչինչ կրնանք ընել։ Յիսուս ըսաւ. «Առանց ինծի դուք ոչինչ կրնաք ընել» (Յհ․ 15.5)։ Յիշեցէք որ առաքեալները Յիսուսի գործակցութեամբ Աւետարանը կը քարոզէին (Մր․ 16.20)։ Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ թէ մենք «Աստուծոյ գործակիցներ ենք» (Ա.Կր․ 3.9)։ Հոն ուր չկայ աստուածային գործակցութիւն, հոն չի կրնար աստուածային ծրագիրի իրագործում ըլլալ։ Ահա թէ ինչո՛ւ առաքեալը կը վկայէ թէ Աստուած ի՛նքն է որ «ամէն ինչ կը յաջողցնէ ըստ իր առաջադրած ծրագիրին ու կամքին» (Եփ․ 1.11)։ Երբ Աստուած «ամէն ինչ կը յաջողցնէ ըստ իր առաջադրած ծրագիրին ու կամքին» մեր ընդմէջէն ու մեր ձեռքով, այդ չի նշանակեր որ մեզմով պայմանաւորուած է իր ծրագիրին ու կամքին իրագործումը։ Մենք ինչ որ կ՚ընենք՝ կ՚ընենք շնորհիւ այն ոյժին որ մեր մէջ կը գործէ զօրեղապէս (Կղ․ 1.29)։
Սիրելիներ, Աստուած ծառայութիւն չի պահանջեր ու չ՚ընդունիր մեզմէ եթէ չենք յանձնուած իրեն։ Աստուած որպէսզի ընդունի մեր ծառայութիւնը, նախ ընդունած պէտք է ըլլայ մեզ իբրեւ իր ծառաները։ Եթէ իսկապէս կը սիրենք Աստուծոյ ծառայել, վստահ ըլլանք որ Աստուած առիթներ եւ պատեհութիւններ պիտի ստեղծէ որ ծառայենք իրեն։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից