
Ինչո՞ւ Աստուած մեզ ստեղծեց

Աստուածաշունչ մատեանը կը հաստատէ որ «Տէրը ամէն բան իր նպատակին համար ստեղծեց» (Առ․ 16.4)։ Այս խօսքը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ Աստուած յատուկ նպատակով մը ստեղծեց նաեւ մարդը։ Արդ, հարց կու տանք թէ ի՞նչ էր այն նպատակը որուն համար Աստուած ստեղծեց մեզ։ Աստուած ի՛նք կու տայ այս հարցումին պատասխանը ըսելով. «Զանոնք իմ փառքիս համար ստեղծեցի…» (Ես․ 43.7)։ Աստուած, փառքի եւ փառաւոր Աստուած մը ըլլալով, չուզեց իր փառքը միայն իրե՛ն համար պահել։ Աստուծոյ համար ուրախութիւն է մեզ իր փառքին մասնակից դարձնել։ Աստուած իր փառքէն բան չի կորսնցներ եթէ մեզ իր փառքին մասնակից դարձնէ եւ ո՛չ ալ իր փառքին վրայ բան կ՚աւելնայ եթէ երբեք զինք փառաւորենք առաւօտէն մինչեւ իրիկուն։
Աստուած անկարօտ Աստուած է, հետեւաբար, ան չստեղծեց մեզ որովհետեւ պէտք ունէր մեզի, կամ որովհետեւ փառաւորուիլ ու սիրուիլ կը մուրար, այլ որովհետեւ, իր կամքն ու ծրագիրն էր իր կեանքէն կեանք շնորհել մեզի, իր լիութենէն՝ լիութիւն, իր փառքէն՝ փառք, իր զօրութենէն՝ զօրութիւն եւ իր երջանկութենէն՝ երջանկութիւն։
Երբ մարդիկ մոռնան որ իրենք ստեղծուած են Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուծոյ համար, երբ անգիտանան որ իրենք կոչուած են ժառանգելու զԱստուած եւ ժառանգուելու Աստուծոյ կողմէ, երբ չմտաբերեն որ իրենք սահմանուած են յաւիտենական կեանք ունենալու եւ ապրելու Աստուծոյ հետ եւ Աստուծոյ գրկին մէջ, երբ չյիշեն որ իրենք ստեղծուած են հրեշտակներուն փառակից եւ փառաբանակից ըլլալու համար, այն ատեն անոնք կը սկսին ապրելու անաստուածահաճոյ կեանք մը, անառակ կեանք մը, մեղքի կեանք մը։ Բայց այդ ընթացքը երկար չի տեւեր. ուշ կամ կանուխ, ծանր փորձութիւններ կու գան զիրենք ինքնագիտակցութեան բերելու։ Անոնց խիղճերը կ՚արթննան եւ կը սկսին տանջել զիրենք։
Երբ մեղքով բթացած մարդոց խիղճերը արթննան իրենց թմբիրէն, այն ատեն անոնց հոգիները կը սկսին բողոքել եւ անոնց սիրտերը ընդվզիլ իրենց դէմ։ Անոնց սիրտերը դէպի Աստուած ետդարձ կը սկսին պահանջել։ Ա՛յն ատեն է որ մարդիկ կ՚անդրադառնան թէ իրենք իրաւունք չունին ապրելու Աստուծմէ հեռու կեանք մը։ Կը գիտակցին թէ իրենց սիրտերուն բացարձակ իրաւունքն է բարձրեալ Աստուծոյ շունչին ներքեւ գտնուիլը։ Ինչպէս զաւակ մը իրաւունք չունի լքելու եւ մոռնալու իր մայրը, այնպէս ալ մարդ արարածը իրաւունք չունի լքելու զԱստուած։
Միթէ մենք ալ Աստուծոյ զաւակները ըլլալու համար չե՞նք ստեղծուած (Եբր․ 2.12-13)։ Զգո՛յշ ըլլանք, չըլլայ որ Աստուծոյ խօսքը ըսուած Եսայի մարգարէին միջոցաւ մեզի եւս պատշաճի. «Զաւակներ մեծցուցի եւ բարձրացուցի, բայց անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան» (Ես․ 1.2)։ Աստուծոյ դէմ ապստամբիլը՝ անոր դէմ յեղափոխութիւն կազմակերպելը չէ, այլ անոր տիրութիւնն ու իշխանութիւնը չճանչնալն է։ Ահա թէ ինչո՛ւ յաջորդ համարին մէջ Աստուած կ՚ըսէ. «Եզը իր տէրը կը ճանչնայ ու էշը իր տիրոջ մսուրը, բայց Իսրայէլ զիս չի ճանչնար, իմ ժողովուրդս չ՚իմանար» (Ես․ 1.3)։
Մեր կեանքերուն մէջ Աստուծոյ տեղ չտալը, զԱստուած բանի տեղ չդնելը՝ անոր դէմ ապստամբիլ է։ Տուեալ համարին ըսել ուզածը այն չէ որ զԱստուած չճանչցող մարդը եզէն եւ էշէն տարբերութիւն չունի, այլ ատոր ըսել ուզածը այն է, որ իր տէրը ճանչցող եզը եւ իր մսուրը ճանչցող էշը աւելի՛ լաւ է քան այն մարդը որ չի ճանչնար եւ չի դաւանիր զԱստուած իբրեւ իր Տէրը։
Չի՛ բաւեր ընդունիլ Աստուծոյ տիրութիւնը կամ Տէր ըլլալը, այլ պէտք է ընդունիլ զանիկա իբրեւ մե՛ր Տէրը։ Իսկ զայն իբրեւ մեր Տէրը ընդունիլը՝ զայն Տէ՛ր, Տէ՛ր կոչելը չէ, այլ անոր կամքը կատարելն է (Մտ․ 7.21), անոր վստահիլն ու ապաւինիլն է, անոր թագաւորութեան աշխարհի մէջ տարածման եւ հաստատման համար ժրաջանօրէն աշխատիլն է։
Աստուծոյ փառքին համար ստեղծուած մարդը պէտք է Աստուծոյ փառքը պատմէ։ «Ես այս ժողովուրդը ինծի համար ստեղծեցի, անոնք իմ գովութիւնս պիտի պատմեն» (Ես․ 43.21)։ Մարդուն համակ կեանքը Աստուծոյ գովքը հիւսող, Աստուծոյ փառք բերող, Աստուծոյ փառաբանութիւնը կատարող կեանք մը պէտք է ըլլայ։
Ցաւալի է որ Աստուծոյ գովքը հիւսելու համար ստեղծուած մարդիկ ոչ միայն իր գովքը չեն հիւսեր, այլ ամէն տեսակի աստուածուրաց խօսք եւ արտայայտութիւն կ՚ունենան։ «Ո՞ւր է Աստուած» կը բացականչեն ամէնուրէք Աստուծոյ երեսն ի վեր։ «Ինչո՞ւ բան մը չըրաւ» կ՚աղաղակեն անդուլ կերպով գործող Աստուծոյ ներկայութեան։ «Թող բան մը ընէ՛» կը հրամայեն, որպէս թէ Աստուած իրենց ծառան եւ իրենք Աստուծոյ վարպետները ըլլային։
Տակաւին, մենք ստեղծուեցանք որպէսզի սիրալիր եւ քաղցր յարաբերութեան մէջ ըլլանք Աստուծոյ հետ, որպէսզի աշխարհ գալով՝ մեզի հետ զԱստուած բերենք աշխարհ, որպէսզի Աստուծմով լուսաւորուած՝ դառնանք լո՛յսը աշխարհի, Աստուծմով կենսաւորուած՝ դառնանք կեա՛նքը աշխարհի։ Աստուծոյ համար մեծ վիշտ է տեսնել աշխարհի վրայ իշխելու համար ստեղծուած մարդիկ իշխուած աշխարհին կողմէ։ Աստուծոյ համար տրտմութիւն է ականատես ըլլալ որ մարդիկ աշխարհը լեցնելու փոխարէն լեցուին աշխարհով։
Սիրելի՛ ընթերցող, Աստուած մեզ ստեղծեց որպէսզի իր յաւերժութիւնը տայ մեզի, իր ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը պարգեւէ մեզի, իր սէրն ու սրբութիւնը թափէ մեր վրայ։ Ան մեզ ստեղծեց որպէսզի սիրով լեցուն յաւիտենականութիւն մը շնորհէ մեզի։ Աստուած յաւիտենական սէր է, եւ անոր համար ալ խոստացաւ տալ մեզի յաւիտենականութիւն մը որ ամբողջութեամբ սէր է։
Ինչպէս մանուկ մը իր ուրախութիւնն ու ապահովութիւնը իր մօրմէն հեռու տեղ չի փնտռեր, այնպէս ալ մենք, մեր ուրախութիւնն ու ապահովութիւնը Քրիստոսէ հեռու տեղ չփնտռենք։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից