Բաժիններ՝

Դոկտ. Սիմոն Մաղաքեան Նշանակուեցաւ Ֆրեզնոյի Հայագիտականին «Գազան»ի Այցելու Դասախօս

Հենրի Գազանճեան-Գազան հիմնարկութեան հաստատած հիմնադրամին շնորհիւ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրը հիւր դասախօսներ կը հրաւիրէ, իւրայատուկ դասախօսութիւններու հետեւելու առիթը ընծայելով համալսարանի ուսանողներուն եւ համայնքին։

Հայագիտական ուսմանց ծրագիրը կը հաղորդէ, թէ 2024-2025 համալսարանական տարեշրջանի աշնանային կիսամեակին, «Գազան»ի այցելու դասախօսը պիտի ըլլայ դոկտ. Սիմոն Մաղաքեան, որ մասնագիտացած է բնիկ ժողովուրդներու մշակոյթները բնաջնջելու ջանքերուն վաւերագրման մէջ եւ յատկանշական աշխատանք տարած է յատկապէս Նախիջեւանի հայկական դիմագիծը բնաջնջելու Պաքուի մշակութային ցեղասպանութեան գծով։

Դոկտ. Մաղաքեան, որ կը հանդիսանայ 20րդ «Գազան»ի այցելու դասախօսը, պիտի դասաւանդէ «Հայկական ժառանգութիւն եւ հակամարտութիւն» դասանիւթը։ Ան Ֆրեզնօ իր կեցութեան ընթացքին նաեւ պիտի ներկայացնէ երեք հրապարակային դասախօսութիւններ, որոնցմէ առաջինը, որ նուիրուած է Արցախի 44օրեայ պատերազմի 4րդ տարելիցին տեղի պիտի ունենայ 27 Սեպտեմբերին։

Դոկտ. Մաղաքեան դոկտորի կոչումը ստացած է «Քրենֆիլտ» համալսարանէն եւ հեղինակն է շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են BBC-ի, The Wall Street Journal-ի, The Washington Post-ի, Time-ի եւ այլ հեղինակաւոր թերթերու մէջ։

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս