Բաժիններ՝

«Սասունի մեջ գյուղեր կան, ուր բոլորը հայ են». Եփրեմ Պաղ

«Մէկ չգրուած օրէնք կայ. իրենց երեխաները իրարու հետ կ՛ամուսնացնեն»

«Սասունի հայերու միութեան» անդամ Եփրեմ Պաղը ոսկերիչ է, «Bag» ոսկերչական ընկերութեան նախագահն է: Ան ծնած է Սասունի Նիճ գիւղը 1957 թուականին: 15 տարի Սասունի մէջ ապրելէ ետք, տեղափոխուած է Պոլիս: ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն Այսօր» կայքէջը ստորեւ ներկայացուած հարցազրոյցը կատարած է Եփրեմ Պաղի հետ։

– Սասունի մէջ հայեր շա՞տ կան:

– Շատ, ամէն գիւղի մէջ 50-60 տուն կայ, որմէ 15-20 տունը հայ են: Սասունի մէջ գիւղեր կան, ուր բոլորը հայ են: Սակայն, յատկապէս վերջին տարիներուն շատերը տեղափոխուեցան Պոլիս, մէկ մասն ալ քրտացաւ:

– Անոնք հայերէ՞ն կը խօսին:

– Այո, Սասնոյ բարբառով:

– Ցեղասպանութենէն ետք ինչպէ՞ս մնացած են Սասունի մէջ:

– Անմատչելի է Սասունը, ամէն տեղ սարեր են, այդ պատճառով հայերը շատ չկոտորուեցան: Եւ իւրաքանչիւրը իր պատմութիւնը ունի, կենդանի մնալու, ապրելու իր ոդիսականը: Բայց մէկ բան բոլորին համար ընդհանուր եղած է` դժուարութիւնները: Ցեղասպանութենէն ետք շատ դժուար էր Սասունի մէջ շարունակել ապրիլ:

Շատերը քիւրտ աղաները փրկած են, պահած, պաշտպանած: Հայերը լաւ արհեստաւորներ են, իսկ անոնց այդպիսի մարդիկ պէտք եղած են, այդ պատճատով ալ օգնած են, որ թաքնուին:

Մեր պապերը երեք օր իրենք իրենց համար կ՛աշխատէին, չորս օր` գիւղի քիւրտ աղաներուն: Անոնք ուրիշ ճամբայ չունէին, ուրիշ տեղ փախչելու ճար չունէին: Իրենց կեանքի գնով շարունակած են ապրիլ, մէկ մասն ալ կրօնափոխ եղած է:

– Ըսիք, որ մէկ մասը կրօնափոխ եղած է, միւսները` ոչ: Հետաքրքիր է, ինչո՞ւ:

– Գործող եկեղեցի չէ եղած, որ կարենար մարդոց միաւորել: Կրօնափոխ կ՛ըլլային նաեւ. երբ քիւրտերը մեր աղջիկները կը փախցնէին:

երբ կեանքի ու մահուան ընտրութեան առջեւ կանգնած են, շատերը նախընտրած են կրօնափոխ ըլլալ, բայց կենդանի մնալ: Ու անոնց ոչ մէկը չի կրնար մեղադրել:

Ու երբ այսօր անոնց կը հարցնես, թէ ձեր պապերը  հայ եղած են, քրիստոնեայ, ինչո՛ւ դուք կրօնափոխ եղաք, կ՛ըսեն, որ  արդեն վարժուած են այդ ձեւով ապրելու, թէեւ գիտեն, որ հայ են: Մէկ մասը, թէկուզ կրօնափոխ են, բայց կը պահեն իրենց հայկականութիւնը:

Օրինակ` իմ մեծ մօրս եղբօր ընտանիքը քրտացած է եւ այսօր անոր ընտանիքը մօտ 200 անդամ ունի: Անոնց մօտ, սակայն, մէկ չգրուած օրէնք կայ. իրենց երեխաները իրարու հետ կ՛ամուսնացնեն, քիւրտերուն աղջիկ չեն տար, որ “դուրս” չերթան:

-Իսկ կը շարունակե՞ն Սասունի բարբառով խօսիլ:

– Միայն մեծերը:

– 1915 թուականէն առաջ ի՞նչ եղած է ձեր մականունը:

– Շառոյեան եղած է: Բայց յետոյ դարձած է` Պաղ, որ այգի կը նշանակէ:

– “Սասուն” միութիւնը, որու անդամն էք դուք, ե՞րբ ստեղծուած է:

– Երեք տարի առաջ ստեղծուեցաւ, Համահայկական խաղերու ժամանակ: Միութիւնը տարբեր նպատակներ կը հետապնդէ, բարեգործական նախաձեռնութիւններ իրականացնէ, հայերէնի ուսուցման դասընթացքներ կը կազմակերպէ: Բայց ամենակարեւորը` մարդոց կը միաւորէ:

Պոլսի մէջ 70 հազար հայ կ՛ապրի, 20 հազարը սասունցի են: Բոլորը կապուած են իրարու, մէկը միւսին կը ճանչնայ, կ՛աջակցի:

– Ձեր մեծ ծնողներէն  ի՞նչ լսած էք:

– Մեծ մայրս կը պատմէր, որ ընտանիքի 64 անդամներէն երկուքը փրկուած են: Բոլորը սպաննած են ու շատերուն մահը իր աչքով տեսած է: Շատ դաժան օրեր տեսած է: Այդ մասին ամէն օր կը յիշէր եւ կ՛արտասուէր:

horizonweekly.ca

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս