Բաժիններ՝

«Ցաւալի ու ընդվզեցուցիչ կը համարենք, որևէ անձի կողմէ սուրիահայ համայնքի անունով մեկնաբանութիւններու կատարումը»

Բաց նամակ լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն

Հ.Հ. լրագրողներէն մէկը վերջերս այցելած է Հալէպ, վերադառնալէ ետք Երևանի մէջ` կազմակերպած է մամլոյ ասուլիս մը և հաւակնութիւնն ունեցած է ընդհանրութիւններով արտահայտուիլ հալէպահայ համայնքին վերաբերող հարցերուն շուրջ: Լրագրողի կարծիքը, թէ սուրիահայերը «ազգային կոչուող համայնքի պատասխանատուներուն պատանդ են» և «այդ պատասխանատուները թոյլ չեն տար համայնքին բանական որոշումներու ճանապարհով ընթանալու». կամ անտեղեակութեան, կամ ալ սադրանք յառաջացնելու մտադրութեան արդիւնք է: Սուրիահայութեան համար ազնիւ չի կրնար համարուիլ այս ճակատագրական պահուն սեպ խրելու փորձը Հայաստանի, սուրիահայ համայնքի, սուրիահայերուն եւ սուրիահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն միջև:

Սուրիահայերու տրամադրութիւններուն մասին խօսած են` Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը, ՀՀ յատուկ յանձնարարութիւններով արտակարգ և լիազոր դեսպան` Լևոն Սարգիսեանը, ՀՅԴ բիւրոյի ներկայացուցիչ` Հրանդ Մարգարեանը, որոնք բազմիցս նշած են, թէ սուրիահայութիւնը պատրաստակամութիւն չունի լքել Սուրիան: Անոնք այն անձնաւորութիւններէն են, որոնք քաջ ծանօթ են սուրիահայ համայնքին, և ոչ թէ քանի մը օր գիշերած են Հալէպ…

ՀՀ սփիւռքի նախարարուհիի դիրքորոշումը, որ կը ձևաւորուի իր ամենօրեայ հեռախօսազրույցներէ, հանդիպումներէ, խորհրդակցութիւններէ ետք իրաւասու և պատասխանատու անձերու հետ, կ’արտայայտէ սուրիահայութեան մեծամասնութեան տրամադրութիւնները:

Մենք` խումբ մը հալէպահայ երիտասարդներ, գտնուելով Հայաստան, կրնանք հաստատել, որ կարելի չէ ընդհանրական հետևութիւններ ընել` հիմնուելով քանի մը օրերու ընթացքին ձեռք բերուած «փորձառութեանց» վրայ: Սուրիոյ մէջ չկան հակահայկական տրամադրութիւններ, հայ համայնքին դէմ չկան ոտնձգութիւններ ու ներկայիս սուրիահայ համայնքը ունի իր միասնական-համակարգող մարմինը` երեք հոգևոր առաջնորդարաններու, կուսակցութիւններու և միութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ; Սոյն մարմինը այս դժուարին պահին տէր կանգնած է համայնքին առնչուող բոլոր խնդիրներուն և կրնանք հպարտութեամբ նշել, որ սուրիահայ համայնքը առաւել քան երբևիցէ միասնական է:

Արդ` ցաւալի ու ընդվզեցուցիչ կը համարենք, որևէ անձի կողմէ սուրիահայ համայնքի անունով մեկնաբանութիւններու կատարումը կամ մեղադրանքներ շարադրելու փորձերը ընդէմ սուրիահայ համայնքի ղեկավարութեան, կուսակցութիւններուն կամ պաշտօնատար անձանց:

Սուրիահայեր՝
Վիգէն Պօզեաքալեան
Սարգիս Ադամեան
Հարութ Դոնոեան
Ալին Բանոեան
Մովսէս Հալաճեան
Շահան Ճեպեճեան
Նանար Էքմեքճեան
Ալին Գաբրիէլեան
Թալին Ճիվանեան
Կարէն Մուրատեան
Ասպետ Քասսիս

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս

Լուրերի օրացույց

Օգոստոս 2012
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիրակի
« Հուլիս   Սեպտեմբեր »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031