Պօղոս եւ Շիղա բանտարկուած էին Փիլիպպէի մէջ։ Աղօթքի պահուն երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ, բանտին դռները բացուեցան եւ բոլորին կապերը քակուեցան։ Երբ բանտապետը արթնցաւ եւ բանտին դռները բաց տեսաւ, կարծեց թէ բանտարկեալները փախած էին, սուրը քաշեց ինքզինք սպաննելու համար բայց Պօղոս իսկոյն հրամայեց որ ինքզինքին չվնասէ։