Բաժիններ՝

Պահէ՛ Աստուծոյ հնազանդելու խոստումդ որպէսզի Աստուած ալ պահէ իր խոստումը

Իսրայէլի (հիւսիսի) թագաւորութեան անկումէն ետք (Ք.Ա. 722), Յուդայի (հարաւի) թագաւորութիւնը շարունակեց իր գոյութիւնը մինչեւ իր ամբողջական կործանումը (Ք.Ա. 587)։ Իսրայէլի թագաւորութեան կործանումը դաս մը չեղաւ Յուդայի բնակիչներուն համար։ Անոնք քիչ մը զօրանալով, իրենք զիրենք տուին անառակ կեանք մը ապրելու եւ կարծեցին թէ այլեւս անկործանելի են։ Աստուած սակայն Երեմիա մարգարէին ճամբով եկաւ անոնց ըսելու, թէ՝ իրենք իր ձեռքերուն մէջ այնպէս են՝ ինչպէս կաւը բրուտին ձեռքին մէջ (Եր 18.6)։

Աստուած երբ կաւի կը նմանցնէ մարդ անհատը կամ ազգ մը, խորքին մէջ ցոյց տուած կ՚ըլլայ իր բացարձակ տիրապետութիւնն ու իշխանութիւնը անոնց վրայ։ Ինչպէս կաւը ինք չէ որ կ՚որոշէ թէ ինչպիսի՛ն պէտք է ըլլայ եւ թէ ի՛նչ բանի պէտք է ծառայէ, այլ բրուտը ինք, այնպէս ալ մարդ անհատը կամ ազգ մը, իրենք չէ որ կ՚որոշեն թէ ինչպիսի՛ն պէտք է ըլլան եւ թէ ի՛նչ բանի պէտք է ծառայեն, այլ՝ Աստուած։ Հարկաւ նման խօսքով մարդուն ազատ կամեցողութիւնը չէ որ կ՚ուրանամ։ Մարդ մը ազատ է որոշելու հրեշտակ ըլլալ կամ հրէշ։ Ազգ մը ազատ է որոշելու արդար ըլլալ թէ անարդար։

Երբ կ՚ըսենք. «Աստուած որոշած է կամ Աստուած կ՚որոշէ», ըսել չենք ուզեր թէ ինչ որ կը պատահի մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ որոշումին հետեւանքն է։ Ըսել ուզուածը այն է, թէ՝ թէպէտ Աստուած որոշած է որ անհատ մը կամ ազգ մը ինչպիսի՛ն պէտք է ըլլայ, բայց անհատին եւ ազգին կը մնայ ի գործ դնել Աստուծոյ առած որոշումը իրենց հանդէպ։

Օրինակ, Աստուած որոշած է եւ կը փափաքի որ բոլոր մարդիկ սուրբ կեանք մը ապրին, բայց ան չ՚ստիպեր ոեւէ մէկը որ սուրբ կեանք ապրի։ Սուրբ կեանք ապրելու աստուածային որոշումը գործադրելը մարդուն կը վերաբերի։ Եթէ սուրբ կեանք ապրելու աստուածային որոշումը բոլորին համար է, եւ եթէ բոլորը չէ որ սուրբ կեանք կ՚ապրին, այդ ինքնին մեծագոյն ապացոյցն է որ մարդը ի՛նքն է որ կ՚որոշէ եթէ երբեք աստուածային որոշումը ի գործ պիտի դնէ թէ ոչ։

Կարդացեք նաև

Մենք կրնանք բարի որոշումներ առնել ուրիշներուն հանդէպ, բայց անոնք կրնան խանգարել ու արգիլել կատարումը մեր որոշումներուն։ Նման պարագայի իրենք կը դառնան պատասխանատուն իրենց դժբախտութեան։ Աստուծոյ որոշումն ու ծրագիրն էր որ Իսրայէլը ըլլար սուրբ ազգ մը, բայց ան չեղաւ։ Եր 18.4-ին մէջ կը կարդանք. «Կաւէ ամանը բրուտին ձեռքին մէջ աւրուեցաւ։ Բրուտն ալ անկէ ուրիշ աման մը շինեց, ինչպէս իրեն հաճելի երեւցաւ»։ Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ Աստուած երբ կ՚ըսէ. «Կաւէ ամանը բրուտին ձեռքին մէջ աւրուեցաւ»։ Յստակ է ըսել ուզուածը։ Կաւը կը ներկայացնէ Իսրայէլի ժողովուրդը, իսկ բրուտը՝ զԱստուած։ Աստուծոյ ծրագիրն էր որ Իսրայէլ ըլլար սուրբ ազգ մը, բայց Իսրայէլի ազգը «Բրուտին ձեռքին մէջ աւրուեցաւ»։ Այո՛, Իսրայէլ աւրուեցաւ Բրուտին, այսինքն՝ Աստուծոյ ձեռքին մէջ։ Իսրայէլի ժողովուրդը իր կռապաշտութեան եւ իր ցուցաբերած կամակորութեան պատճառով Աստուծոյ «ձեռքին մէջ աւրուեցաւ»։

Բայց Աստուած անտարբեր չկեցաւ Իսրայէլի ազգին ըրածին դիմաց, այլ «անկէ ուրիշ աման մը շինեց, ինչպէս իրեն հաճելի երեւցաւ»։ Այդ «ուրիշ աման»ը շատ ծանրակշիռ եղաւ Իսրայէլի ազգին համար։ Այդ «ուրիշ աման»ը Բաբելոնեան ստրկութեան ու գերութեան ամանն էր։ Այդ «ուրիշ աման»ը կռապաշտութեան ու բազմատեսակ տառապանքներու ամանն էր։ Երբ Իսրայէլի ազգը մերժեց Աստուծոյ փառքով ու սրբութեամբ լեցուն «ամանի» մը վերածուիլ, Աստուած զայն վերածեց նախատինքով ու անարգանքով լեցուն «ամանի» մը։

Երբ Իսրայէլացիներ չընդունեցին հնազանդիլ Աստուծոյ կամքին կամովին, ստիպուած եղան Աստուծոյ իսկ որոշումով ակամայ հնազանդիլ իրենց թշնամիներու կամքին։ Այո՛, երբ մերժենք հնազանդիլ Աստուծոյ, այն ատեն Աստուած թոյլ պիտի տայ որ հնազանդինք Սատանային։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Քանի որ չուզեցին զԱստուած ճանչնալ, Աստուած ալ թոյլ տուաւ որ անոնք իրենց անարգ միտքերուն անձնատուր եղած՝ ընեն ինչ որ պէտք չէ ընել» (Հռ 1.28)։

Ահաւոր սխալ մըն է հիմնուիլ մեր կեանքին բարօրութեան համար Աստուծոյ տուած խոստումներուն վրայ եւ սկսիլ անօրէն կեանք մը ապրիլ։ Երբ Աստուած յոյսի խոստումներ կու տայ, այդ մեզ պէտք է քաջալերէ հաւատքի՛ կեանք մը ապրելու եւ ո՛չ թէ անհաւատութեան։ Աստուծոյ խոստումներուն կատարումը կախեալ է մեր խոստումներուն կատարումէն։ Երբ մենք տէր չենք կանգնիր Աստուծոյ կամքը կատարելու մեր խոստումին, Աստուած ի՛նքն ալ տէր չի կանգնիր իր խոստումին։ Աստուած խոստացած էր Հեղի քահանային որ իր ընտանիքը յաւիտեան իրեն պիտի ծառայէր, բայց ան չկատարեց իր խոստումը, որովհետեւ Հեղի եւ իր որդիները չկատարեցին Աստուծոյ պատուիրանները պահելու իրենց խոստումը (Ա.Թգ 2.27-30)։

Աստուած խոստացաւ Իսրայէլի ժողովուրդին հետ ըլլալ եւ տէր ու պաշտպան կանգնիլ անոնց պայմանով որ իրենք ալ հնազանդին իր կամքին ու կատարեն իր պատուիրանները։ Իսրայէլի ժողովուրդը սակայն չհնազանդեցաւ Աստուծոյ կամքին ու չկատարեց անոր պատուիրանները, ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած ինքն ալ իր կարգին չկատարեց իր խոստումները լիովին։ Եթէ Աստուած խոստանայ կանգնել անհատ մը կամ ազգ մը, բայց եթէ անհատը կամ ազգը իրենք չուզեն կանգնիլ՝ Աստուած պիտի չկանգնէ զիրենք իրենց կամքէն անկախ։

Աստուած ո՛չ իր «մտածած» չարիքը կ՚ընէ եթէ մարդիկ փոխեն իրենց ընթացքը եւ ո՛չ ալ իր խոստացած բարիքը կ՚ընէ եթէ անոնք սկսին չարութիւն գործել։ Ասոր մեծագոյն վկայութիւնը Աստուծոյ հետեւեալ խօսքն է. «Երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ թէ պիտի քակեմ, պիտի փլցնեմ ու պիտի կորսնցնեմ, բայց եթէ այն ազգը, որուն վրայով խօսեցայ, իր չարութենէն դառնայ, ես ալ պիտի չընեմ այն չարիքը, որ մտածեր էի անոր ընել։ Իսկ երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ թէ պիտի շինեմ ու պիտի տնկեմ, բայց եթէ անիկա իմ խօսքիս մտիկ չընելով՝ իմ առջեւս չարութիւն ընէ, ես ալ պիտի չընեմ այն բարիքը, որ խոստացեր էի անոր ընել» (Եր 18.7-10)։

Աստուծոյ   այս   խօսքերը սպառնալիք չեն, ընդհակառակը, սա խօսքերով, Աստուած յոյս կը ներշնչէ անհատ մարդուն եւ ազգերուն, որ եթէ անոնք հրաժարին իրենց չար ընթացքէն՝ ան տէր պիտի կանգնի իրենց, եւ պիտի ներէ ու օրհնէ զիրենք։ Կաւի օրինակով Աստուած կու գայ սորվեցնելու մեզի, թէ՝ նոյնիսկ եթէ մեղքի պատճառով կաւի նման փշրուած ու աւրուած ըլլանք, նոյնիսկ եթէ մեղքը ամբողջովին փճացուցած ու կործանած ըլլայ մեզ, բայց եթէ զղջանք ու ապաշխարենք, Աստուած կրնայ մեզ վերստին կանգնել եւ մեզմէ նոր մարդիկ կերտել, ճիշդ ինչպէս բրուտը քանդուած ու փշրուած կաւէն կրնայ նոր ու գեղեցիկ աման մը կազմել եւ զայն օգտագործել բարի նպատակներու համար։

«Երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ թէ պիտի շինեմ ու պիտի տնկեմ, բայց եթէ անիկա իմ խօսքիս մտիկ չընելով՝ իմ առջեւս չարութիւն ընէ, ես ալ պիտի չընեմ այն բարիքը, որ խոստացեր էի անոր ընել»։ Այս խօսքը միայն Իսրայէլի ժողովուրդին ուղղուած չէ, այլ՝ բոլոր ժողովուրդներուն եւ բոլոր անհատներուն։ Աստուած բարիք պիտի չընէ չարիք գործողին։ Աստուած պիտի չօրհնէ մեղքի անէծքին տակ ապրիլ ուզողին։

Աստուած օգնական կ՚ըլլայ բոլոր անոնց՝ որոնք իր օգնութեան կը դիմեն։ Ան զօրավիգ կը կանգնի իրեն ապաւինողներուն։ Ան Չարին դէմ պատերազմիլ ուզողներուն ձեռքերը «մարտնչելու կը վարժեցնէ», եւ իրենց մատները՝ պատերազմելու (Սղ 144.1)։ Իսրայէլի ժողովուրդը ո՛չ միայն փափաք ու պատրաստակամութիւն չունէր պայքարելու չարիքին դէմ, այլեւ չարիքին հանդէպ ամբողջական հակամիտութիւն ցուցաբերեց, յատկապէս Երեմիա մարգարէին օրով։

Երբ կը կարդանք դատաւորաց գիրքը, ուր մեզի կը ներկայացուին Իսրայէլի 15 դատաւորները՝ սկսելով Յեսուով եւ աւարտելով Սամուէլով, հետաքրքրականօրէն, կը նշմարենք որ ամէն անգամ երբ Իսրայէլացիները կը հեռանային Աստուծմէ՝ Աստուած զիրենք կը մատնէր իրենց թշնամիներուն ձեռքը, իսկ ամէն անգամ երբ զղջում կը ցուցաբերէին եւ Աստուծոյ կը պաղատէին՝ Աստուած դատաւոր մը կը ղրկէր եւ զիրենք կ՚ազատէր։

«Պիտի շինեմ ու պիտի տնկեմ»։ Սիրելի՛ ընթերցող, ասիկա Աստուծոյ խոստումն է քեզի ուղղուած։ Ան կը խոստանայ հոգեւոր «շինարարութեանդ» աշխատանքը յառաջ տանիլ մինչեւ որ քեզ «տնկէ» իր արքայութեան մէջ՝ Կենաց Գետի ափին, միայն թէ հաւատարիմ մնայ։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

surbzoravor.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս