Բաժիններ՝

Աստուած մեր պաշտպանն է

Անսահման ուրախութեամբ կը լեցուին մեր սիրտերը երբ կը լսենք, որ անսահմանն Աստուած կու գայ իւրաքանչիւրիս անձնական պաշտպանը դառնալու (Սղ 59.17)։ Որքա՜ն լաւ է ապաւինիլ մշտարթուն պահապանի մը (Սղ 121.4)։ Ի՜նչ հրճուանք է պաշտպանութիւնը վայելել աշխարհին յաղթած անպարտելի Տիրոջ մը (Յհ 16.33)։ Որքա՜ն ապահով պէտք է զգանք մենք զմեզ, որ Տէր Յիսուսի նման մեր մազերն անգամ համրած Աստուած մը ունինք (Մտ 10.30): Աստուած մը, որ գիտէ թէ ի՛նչ բաներու պէտք ունինք (Մտ 6.32), որ իրեն դիմողը չուզեր «անօթի տուն ղրկել» (Մտ 15.32), որ բնաւ չի՛ մերժեր ոեւէ մէկը որ իրեն կու գայ (Յհ 6.37), որ բնաւ չի՛ դադրիր մեզի համար գործելէ (Յհ 5.17), մեզի համար բարեխօսելէ (Եբր 7.25 հմմտ Ա.Յհ 2.1), մեզի համար աղօթելէ (Յհ 17.20, Ղկ 22.32)։

Վստահի՛նք Տէր Յիսուսի սիրոյն: Ան մեզի հանդէպ իր ունեցած մեծ սիրոյն համար մեզ պիտի փրկէ, միայն թէ հաւատարիմ մնանք իրեն մինչեւ վերջ: Առիթ տանք անոր որ իր սէրը յայտնէ մեզի հանդէպ: Ճիշդ հիմա, ան մեր կողքին է՝ մեզ պաշտպանելու համար: «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31)։ «Ես ձեր կողմէն եմ» (Եզ 36.9), կը յայտարարէ երկրին ու երկինքին արարիչը։ Ո՛վ հաւատացեալ, Աստուած մե՛ր կողմէն է եւ ո՛չ թէ աշխարհին կողմէն։ Տագնապեցնող եւ վրդովեցնող դէպքերով ու դէմքերով լեցուն այս աշխարհին մէջ, մեզմէ ո՞վ չուզեր զԱստուած ունենալ ի՛ր կողմէն, ի՛ր կողքին, իրե՛ն համար եւ ի՛ր մէջ։ Ինչպէս մարդիկ կը ցանկան իրենցմէ աւելի զօրաւորներն ու հարուստները իրենց կողքին ունենալ, այնպէս ալ ճշմարիտ քրիստոնեաներս, պէտք է խնդրենք Աստուծմէ մե՛ր կողքին ըլլալ փորձութիւններով լի կեանքի պայքարին դիմաց։

Քրիստոս փորձութեանց եւ նեղութեանց ընթացքին, մեզ կ առնէ իր սիրոյ թեւերուն տակ: Այս ճշմարտութիւնը պատկերացնելու համար է որ Քրիստոս ըսաւ. «Քանի՜ անգամ ուզեցի որդիներդ հաւաքել, ինչպէս հաւը իր ձագերը կը հաւաքէ իր թեւերուն տակ. բայց դո՛ւք Երուսաղէմի բնակիչներ, չուզեցիք» (Ղկ 13.34):

Սիրելի՛ ընթերցող, չըլլայ որ մե՛նք ալ Քրիստոսի թեւերուն տակ հաւաքուիլ մերժողներուն շարքին կը պատկանինք: Միայն նեղութեան ատեն Քրիստոսի դիմողները՝ տարբերութիւն չունին հաւու մը ձագերէն, որովհետեւ անոնք ալ միայն փորձութեանց ժամանակ է որ կը վազեն իրենց մօրը թեւերուն տակ ապաստան գտնելու:

Կարդացեք նաև

Քրիստոս այս օրինակը կու տայ, ցոյց տալու համար իր մեծ հոգածութիւնը մեզի հանդէպ: Դիտէ՛ ճուտիկներուն կեանքը երբ երկինքը կը կայծակէ, կորոտայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ, եւ պիտի տեսնես թէ ինչպէ՛ս անոնք կը վազեն դէպի իրենց մայրը, անոր թեւերուն տակ պաշտպանութիւն եւ ապահովութիւն գտնելու: Աւելի հետաքրքրականը այն է, որ ճուտիկները իրենց մօր թեւերուն տակ մտնելէ ետք, կը սկսին ճռուողել, կարծէք իրենց այդ ճռուողիւնով, իրենց ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու իրենց մօր՝ անոր շնորհած սիրոյ պաշտպանութեան  համար:

Քրիստոս մեզի համար շա՜տ աւելին կընէ: Սարսափազդու պատահարներու դիմաց հաւը կրնայ լքել իր ձագուկները, մայրը՝ իր զաւակները, բայց Քրիստոս ո՛չ միայն մեզ չի՛ լքեր դժուարութեանց դիմաց, այլ՝ աւելի՛ կը մօտենայ մեզի, աւելի՛ կը զգացնէ իր ներկայութիւնը: Կրնայ պատահիլ որ բոլոր ձագերուն համար տեղ չըլլայ իրենց մօրը թեւերուն տակ, բայց Քրիստոսի պարագային այդպիսի բան չի՛ կրնար ըլլալ։ Ի՛նքն էր որ վկայեց ըսելով. «Հօրս տան մէջ շատ տեղ կայ. եթէ այդպէս չըլլար՝ չէի ըսեր ձեզի, թէ կերթամ եւ ձեզի համար տեղ կը պատրաստեմ» (Յհ 14.2)։

Մեր պարագաներէն մեզի ամենասիրելի եւ ամենամօտիկ եղողները վստահաբար մեր ծնողներն են: Մայրը մինչեւ մահ սիրով կապուած կը մնայ իր զաւակներուն: «Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, այնպէս որ իր արգանդին պտուղին վրայ չգթայ. թէեւ անոնք մոռնան, բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ» (Ես 49.15): Աստուած մօր մը օրինակը կու տայ, ցոյց տալու համար իր անչափ սէրը մեզի հանդէպ:

Բայց Աստուծոյ սէրը կանդրանցնի մեր ծնողներուն սէրը:

Աստուած մօր մը օրինակը կու տայ, բայց միաժամանակ կը հաստատէ որ մեր ծնողները կրնան մեզ մոռնալ, բայց ինք՝ բնա՛ւ (Ես 49.15): Մեր հայրն ու մայրը կրնան մեզ թողուլ, բայց Աստուած մեզ պիտի ընդունի (Սղ 27.10): Մեր ծնողները կրնան թմրիլ ու քնանալ, բայց Աստուած մեր մշտարթուն պահապանն է (Սղ 121.4): Աստուած մեզ մօր մը նման կը մխիթարէ եւ կը հանգստացնէ (Ես 66.13): «Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. նեղութիւններուն մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու» (Սղ 46.1): Երբ ցաւի ու վիշտի մէջ ըլլանք, մեր սիրելիները, մեր ընկերները, մեր ազգականները, կրնան հեռու կենալ մեզմէ (Սղ 38.11):

Բայց Աստուած այդպէս չըներ։ Ան մեզի ապաւէն կըլլայ նեղութեան ժամանակ (Սղ 37.39)։

Ապաւինի՛նք Աստուծոյ պաշտպանութեան: Հաւատարիմ ըլլանք Աստուծոյ Մովսէսի նման (Թւ 12.7) եւ Աստուած մեզ պիտի պաշտպանէ: Երբ Ահարոն եւ Մարիամ համարձակեցան Մովսէսի դէմ խօսիլ՝ Աստուած անձամբ վիճեցաւ անոնց հետ, եւ պաշտպանեց Մովսէսը՝ պատժելով Մարիամը (Թւ 12.8-10): Աստուած պաշտպանեց Մովսէսն ու Յեսուն Ամաղէկացիներուն դէմ (Ել 17.8-16): Պաշտպանեց Աբրահամը Ամարփաղ, Արիովք, Քոդողագոմոր եւ Թադգաղ թագաւորներուն դէմ (Ծն 14.1-16)։ Պաշտպանեց Ղովտը չար Սոդոմացիներուն դէմ (Ծն 19.10-11)։ Պաշտպանեց Յակոբը Ասորի Լաբանին դէմ (Ծն 31.24, 29): Պաշտպանեց Յովսէփը իր եղբայրներուն դէմ (Ծն 50.20)։ Պաշտպանեց Դաւիթը Գողիաթին դէմ (Ա.Թգ 17.40-54): Պաշտպանեց   Յովնաթանը Փղշտացիներուն դէմ (Ա.Թգ 14.6-23): Պաշտպանեց Դաւիթը Սաւուղին դէմ (Ա.Թգ 24.13-19): Պաշտպանեց Եղիան Յեզաբէլին դէմ (Գ.Թգ 19.1-8)։ Պաշտպանեց Եզեկիան եւ Երուսաղէմի բնակիչները Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին դէմ  (Բ.Մն  32.22)։ Պաշտպանեց Դանիէլը առիւծներուն դիմաց (Դն 6.22): Պաշտպանեց  Սեդրակը, Միսաքն ու Աբեդնագովը բորբոքած կրակի հնոցին մէջ (Դն 3.28-30):

Աստուած այսօր ալ պատրաստ է մեզ պաշտպանելու, որովհետեւ, «Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է միշտ-երէկ, այսօր եւ յաւիտեան» (Եբր 13.8):

Աստուած չի՛ փոխուիր (Մղ 3.6)։ Ան մի՛շտ մեր կողքին եղած է եւ մի՛շտ պիտի ըլլայ։ ԶԱստուած իր կողքին ունեցող մարդը կը նմանի անսասան լերան մը։ Յովսափատ թագաւոր աղօթելով կըսէ. «Ո՛վ մեր հայրերուն Տէր Աստուածը…, մէկը չի կրնար քեզի դէմ դնել» (Բ.Մն 20.6): Քանի որ մէկը չի կրնար Աստուծոյ դէմ դնել, ուրեմն Աստուծոյ մարդուն ալ դէմ ո՛չ ոք եւ ո՛չ մէկ բան կրնայ դէմ դնել։ Ո՛չ միայն մեզի դէմ դնող մը պիտի չըլլայ, այլ նոյնիսկ մեզի վախցնող անգամ պիտի չըլլայ (Մք 4.4): Պիտի յաջողինք գետին զարնել առիւծի նման մարդիկ՝ որոնք մեզ գետին զարնել կուզեն (Սղ 17.11-13): Պիտի չվախնանք նոյնիսկ եթէ սպառազինուած բանակ մը մեզի դէմ ելլէ (Սղ 27.3): Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ վախնալ, երբ Աստուծոյ նման թիկնապահ մը ունինք (Ես 52.12): Լսեցէ՛ք Աստուծոյ սքանչելի խօսքն ու խոստումը. «Ինչպէս առիւծը… իր որսին համար կը մռնչէ…, այնպէս ալ զօրքերու Տէրը Սիօն լերան համար ու անոր բլուրին համար պատերազմելու պիտի իջնէ» (Ես 31.41):

Ո՜հ սիրելի՛ ընթերցող, հոգիդ չի՞ հրճուիր երբ կը լսես որ Տէրը ի՛նքն է, որ մեզի համար պատերազմելու կիջնէ։ Սիրտդ չի՞ բերկրիր երբ կը տեսնես, որ Աստուած առիւծի նման մեզ պաշտպանելու կու գայ: Այսօր իսկ յանձնուինք իրեն: Մեր կեանքերը անոր ձեռքերուն մէջ դնե՛նք։

Դնե՛նք այնպէս՝ ինչպէս Եբրայեցիները դրին կարմիր ծովուն մէջէն ցամաքով անցած ատեննին: Մեր ձեռքերը երկարենք անոր։ Երկարենք այնպէս՝ ինչպէս Պետրոս առաքեալ երկարեց երբ ջրամոյն կըլլար: Այո՛, Տէր Յիսուս Քրիստոս իր ձեռքերը երկարելով մեզ ջուրերուն խորերէն դուրս բերող մեծ Աստուած է:

Ո՞վ պիտի կրնայ խեղդել մեզ եթէ Քրիստո՛ս է մեր ազատարարը։ Ո՞վ պիտի յաջողի մոլորեցնել մեզ եթէ Քրիստո՛ս է ղեկավարը մեր կեանքի նաւերուն։ Ո՞վ մեզ պիտի մատնէ յաւիտենական մահուան եթէ երբեք դաւանած ենք Անմահը իբրեւ մեր կեանքը: Ո՞վ կարող պիտի ըլլայ սասանեցնել մեզ եթէ Քրիստոս-վէմին վրայ հիմնուած ենք։ Ո՞վ պիտի փորձէ անհանգստացնել մեզ եթէ Տէր Յիսուսի սիրտին մէջ է որ կը հանգչինք: Ո՞վ կրնայ անպաշտպան թողուլ մեզ, երբ Աստուած է յայտարարողը. «Ձեռքէդ պիտի բռնեմ ու քեզ պիտի պաշտպանեմ» (Ես 42.6)։ Ասիկա Աստուծոյ խոստումն է իրեն ապաւինողներուն։ Հաւատա՛ իր խոստումին, որպէսզի քու Փրկիչիդ համար օրհներգող վկայ մը ըլլաս։

Ան արժանի է օրհներգուելու քու կողմէդ, հիմա ու յաւիտեան։ Ամէն:

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

surbzoravor.am

Տեսանյութեր

Լրահոս