Երանի՜ մարդիկ ճանչնային իրենց փառքն ու պատիւը
Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերով եւ նմանութեամբ (Ծն 1.26-27)։ Մարդը կոչուած է Աստուծոյ պատկերը, այսինքն՝ անոր նկարագիրն ու ինքնութիւնը ունենալու իր մէջ։ Մարդը Աստուծոյ նմանութիւնը ունի, այսինքն՝ Աստուծոյ նման է. Աստուած անմահ է, իսկ մարդը՝ անմահութեան ձգտող արարած։ Աստուած կեանք է, իսկ մարդը՝ կեանքի համար պայքարող էակ։ Աստուծոյ նման մարդը ինքն ալ գթալ ու ողորմիլ գիտէ, սիրել ու ներել գիտէ։ Աստուծոյ պէս մարդը եւս արդարութիւնը կը սիրէ եւ անարդարութեան դէմ կ՚ընդվզի, խաղաղասէրներ կը փնտռէ եւ խռովասէրներէ կը զզուի։
Այս բոլորը ցոյց կու տան որ մարդը Աստուծմէ բան մը ունի իր մէջ։ Այո՛, մարդ իր մէջ ունի Աստուծոյ հոգիէն ու ոգիէն, Աստուծոյ սէրէն ու սրբութենէն, Աստուծոյ քաղցրութենէն ու գթութենէն, Աստուծոյ բնութենէն ու բարութենէն, Աստուծոյ զօրութենէն ու զոհողութենէն։ Մարդը զԱստուած իր սրտին մէջ կրող էակ է։ Մարդը զԱստուած իր հոգիին մէջ շալկող արարած է։ Մարդը զԱստուած իր կեանքին մէջ ապրեցնող վկայութեան խորան է։ Ի՜նչ աւելի մեծ պատիւ կայ քան ըլլալ Աստուածակիր մարդ։ Ի՜նչ աւելի մեծ փառք կայ քան ըլլալ Աստուածապարունակ մարդ։
Մարդը պէտք է գիտնայ որ ինք ստեղծուած է Աստուծոյ նմանութեամբ ու պատկերով, Աստուծոյ շունչով ու Հոգիով, Աստուծոյ ձեռքով ու սիրով։ Աստուած մարդը գոյութեան բերաւ զայն լեցնելու համար իր փառքով ու փափաքով։ Մարդը ստեղծուեցաւ ո՛չ միայն ապրելու համար Աստուծոյ ներկայութեան մէջ, այլեւ դառնալու համար Աստուծոյ ներկայութիւնն ու ներկայացուցիչը աշխարհի մէջ։ Ինչպէս պարզ մարդու մը համար մե՛ծ պատիւ է դառնալ ներկայացուցիչը իր երկրի թագաւորին, այնպէս ալ անսահման պատի՛ւ է մարդուն համար դառնալ ներկայացուցիչը երկնքի ու երկրի թագաւորին՝ Աստուծոյ։
Բայց դժբախտաբար, երբ կը նայինք մեր չորս կողմը, կը տեսնենք թէ քիչեր միայն հարազատ ներկայացուցիչներն են Աստուծոյ։ Քրիստոնեաներ զԱստուած ապրող ներկայութիւն դարձնելու փոխարէն իրենց շրջապատին մէջ, ընդհակառակը, այնպէ՛ս կ՚ապրին որ կարծէք Աստուած գոյութիւն անգամ չունենար։ Հեթանոս աշխարհը երբ մեր Փրկիչ Աստուծոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի սէրն ու հաւատքը չտեսնէ քրիստոնեային կեանքին մէջ, ի՞նչպէս կրնայ համոզուիլ որ Յիսուս իրական է, որ Յիսուս Փրկիչ Աստուած է, սիրող ու ներող Աստուած է։ Երբ մենք չենք կապուած Քրիստոսի, ի՞նչպէս կ՚ուզենք որ ուրիշներ մեր կեանքը դիտելով կապուին իրեն։ Երբ մենք չենք պատուեր ու մեծարեր Յիսուսը իբրեւ Տէր ու Փրկիչ, ի՞նչպէս եւ ինչո՞ւ կը պահանջենք ուրիշներէն որ զայն պատուեն ու մեծարեն իբրեւ Տէր ու Փրկիչ։
Աստուած մեզ պատուեց իր պատկերով, իսկ մենք զայն կ՚անպատուենք մեր անպատկառ կեանքով։ Ան կ՚ուզէ շնորհել մեզի յաւիտենականութիւն մը որ լեցուն է սիրով ու երջանկութեամբ, իսկ մենք մեր սէրն ու երջանկութիւնը կը փնտռենք պղծութեամբ լի այս աշխարհին մէջ։ Կարելի՞ բան է գարշահոտած այս աշխարհին մէջ կեանքի անուշահոտութիւնը գտնել։
Ո՛վ բարեկամ, ինչո՞ւ մահուան շուքին մէջ կը մնաս երբ դուն անմահութեան համար ստեղծուած ես։ Ինչո՞ւ թոյլ կու տաս շրթունքներուդ նենգութիւն բղխելու երբ դուն փառաբանական երգեր մատուցելու կարելիութիւնը ունիս։ Ինչո՞ւ կը դառնաս ստրուկը մեղքին երբ առիթը ունիս Քրիստոսով դառնալու զաւակը երկնաւոր Հօր։ Ինչո՞ւ կը դառնաս բնակարան չար խորհուրդներու երբ պատեհութիւնը ունիս դառնալու տաճար Աստուծոյ խորհուրդները քննող Սուրբ Հոգիին։
Սիրելի՛ մարդիկ, ձեր պատիւը կրնայ երկինքներէն աւելի՛ բարձր ըլլալ. ձեր հոգիները կրնան աշխարհի բոլոր ոսկիներէն աւելի՛ թանկագին ըլլալ. ձեր սիրտերը կրնան քերովբէներուն կատարեալ գեղեցկութենէն աւելի՛ գեղեցիկ ըլլալ։ Եթէ այդպէս չըլլար, Աստուծոյ Որդին յանձն պիտի չառնէր դառնալ Մարդու Որդի՝ մարդոց որդիներուն փրկութեան ի խնդիր։ Քրիստոս փառքի ու փառաբանութեան Որդի էր, դարձաւ նախատինքի ու անարգանքի Որդի, որպէսզի մեզ ազատագրէ դժոխք նետուելու յաւիտենական նախատինքէն։ Այս բոլորը քեզի՛ համար եղան ո՛վ մարդ, որովհետեւ դուն արժէք ես Աստուծոյ համար, դուն անգին գանձ ու անհուն ուրախութիւն ես Աստուծոյ համար։ Ուստի, լաւ կ՚ըլլայ որ անդրադառնաս այն փառքին ու պատիւին որով եւ որուն համար ստեղծուեցար։
Սարգիս Շնորհալի խօսելով Աստուծոյ կողմէ մարդուն ընծայուած պատիւին ու փառքին մասին, կ՚ըսէ. «Դէպի երկինք ու երկիր նայէ՛ ո՜վ մարդ, եւ տես թէ Աստուած երեւելի եւ աներեւոյթ արարածներէն որո՞ւն այնպէս պատուեց ինչպէս քեզ։ Եթէ առարկես որ քեզմէ առաջ ստեղծուածները քեզմէ աւելի պատուըուեցան, ճիշդ չէ, որովհետեւ միւս արարածները Աստուծոյ հրամանով ստեղծուեցան, իսկ դուն՝ Աստուծոյ ձեռքով. միւս արարածները անարգ պատկերով ստեղծուեցան, իսկ դուն՝ Արարիչին պատկերով. միւս արարածները ի պատիւ քեզի գոյութեան բերուեցան, իսկ դուն՝ Աստուծոյ փառքին եւ պատիւին համար. Միւս էակները բնութեամբ կախեալ են ուրիշներէն, իսկ դուն անձնիշխան ես Արարիչին նման. միւսները անբան եւ խեղճ մնացին, իսկ դուն խօսելու կարողութեամբ եւ իմաստութեամբ զարդարուեցար, բայց տիրական պատիւիդ արժէքը չգիտնալով՝ զայն կորսնցուցիր եւ անասուններու նմանեցար։ Եղծուեցար մեղքով ու հող դարձար։
Հակառակ այս բոլորին, Արարիչը չանտեսեց քեզ ու չհեռացաւ քեզմէ, այլ ողորմեցաւ թշուառիդ, եւ Քրիստոս որ Հօր Աստուծոյ պատկերն է, հողեղէնի պատկեր զգեցաւ եւ հողեղէններս մեղքերէ մաքրեց, եւ աստուածացուց մեր բնութիւնը եւ աստուածութեան հետ միաւորելով նստեցուց քերովբէներու վրայ»։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից
