
Արամ Կաթողիկոսը խստիվ դատապարտում է հայ հոգևորականների շարունակվող ձերբակալությունները. Մեծի Տանն Կիլիկո կաթողիկոսությունն արձագանքել է

Մեծի Տանն Կիլիկո կաթողիկոսությունը ֆեյսբուքյան էջում տեղեկացնում է.
«Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս խստիւ կը դատապարտէ հայ հոգեւորականներուն շարունակուող ձերբակալութիինը.
Ամիսներ առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հրապարակային կերպով դատապարտած էր հոգևորականներու ձերբակալութիւնը եւ նոյնիսկ միջնորդներու ճամբով առաջարկած էր դադրեցնել այս ոչ-ընդունելի երեւոյթը։
Նորին Սրբութիւնը այժմ հովուապետական այցելութեան մէջ ըլլալով եւ մօտէն իմանալով շարունակուող ձերբակալութիւնները, դարձեալ կը դատապարտէ այս անընդունելի երեւոյթը։
Միաժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը պարտականութիւն տուած է այժմ մշակութային առաքելութեամբ Հայաստան գտնուող Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին, որ իր մտահոգութիւնն ու դատապարտումը փոխանցէ քաղաքական ու պետական պատասխանատուներուն եւ նոյնիսկ վարչապետին։
Վեհափառ Հայրապետին մօտեցումը այն է, թէ կարելի փութով պետութիւն֊եկեղեցի ներկայ վատառողջ վիճակը պէտք է վերջ գտնէ, եւ մեր ազգին ու Հայրենիքին գերագոյն շահերը կը պահանջեն, որ մեր ազգի երկու կարեւոր սիւներուն՝ պետութեան ու եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը ըլլայ սերտ ու ամուր»։