Աշխարհի մէջ ո՛չ ոք փրկուած է եւ ո՛չ ոք պիտի փրկուի պարզապէս Քրիստոսի Փրկիչ ըլլալը գիտնալով կամ յայտարարելով։ Փրկուողները պիտի ըլլան անոնք՝ որոնք ընդունած են զՔրիստոս իբրեւ իրենց անձերուն Փրկիչը եւ ապրած են փրկուած ըլլալու ուրախութիւնը։
Այն երկխօսութիւնը որ տեղի ունեցաւ Յիսուսի եւ Պետրոս առաքեալի միջեւ առաւե՛լ հարստացուցին եւ իմաստալից դարձուցին ոտնլուայի արարողութիւնը։ Յիսուս սեղանէն ելլելով, ղենջակ մը առաւ եւ մէջքին կապեց եւ սկսաւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալ։