
Ոտնլուայի արարողութան իմաստն ու նպատակը

Այն երկխօսութիւնը որ տեղի ունեցաւ Յիսուսի եւ Պետրոս առաքեալի միջեւ առաւե՛լ հարստացուցին եւ իմաստալից դարձուցին ոտնլուայի արարողութիւնը։ Յիսուս սեղանէն ելլելով, ղենջակ մը առաւ եւ մէջքին կապեց եւ սկսաւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալ։ Երբ հասաւ Պետրոսի կարգը, ան մերժեց որ Քրիստոս իր ոտքերը լուայ։ Քրիստոս անոր ըսաւ. «Եթէ ոտքերդ չլուամ՝ ինծի հետ բաժին պիտի չունենաս» (Յհ 13.8)։ Քրիստոսի այս խօսքը կարեւոր ճշմարտութիւն մը կը պարունակէ։ Ոեւէ մէկը չի՛ կրնար բաժին եւ ժառանգութիւն ունենալ Քրիստոսի հետ առանց լուացուելու Քրիստոսի կողմէ։ Ոեւէ մէկը չի՛ կրնար յարաբերութիւն եւ հաղորդակցութիւն, բարեկամութիւն եւ ընկերակցութիւն մշակել Քրիստոսի հետ եթէ թոյլ չտայ որ Քրիստոս իր շնորհքով լուայ զինք, ներէ իր մեղքերը, սրբէ իր անօրէնութիւնները, եւ ջնջէ իր յանցանքները։
«Եթէ ոտքերդ չլուամ՝ ինծի հետ բաժին պիտի չունենաս»։ Քրիստոսի այս խօսքը ուղղուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Ի՞նչ կը նշանակէ ոտքերը լուալ։ Ոտքերը մեր մարմինի անդամներուն մէջ կը ներկայացնեն այն բաժինը, որ մեզ կը կապէ նիւթական այս աշխարհին։ Հետեւաբար, ոտքերը լուալ կը նշանակէ մաքրել մեր կապերն ու յարաբերութիւնները այս աշխարհին հետ։ Քրիստոս չուզեր որ իր հետեւորդները աշխարհիկ կեանք ապրող մարդուն վերաբերմունքը ընդօրինակեն։ Քրիստոս իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով, անոնց եւ մեզի սորվեցուցած եղաւ, որ իր կամքն է որ մաքուր եւ աստուածահաճոյ կեանք մը ապրինք այս աշխարհին մէջ։ Նման կեանք մը ապրիլը անկարելի է եթէ թոյլ չտանք որ Քրիստոս լուայ ու սրբէ մեր հոգիներուն մեղքերը։
Սիրելի՛ ընթերցող, «Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու» (Մր 2.10, Մտ 9.6, Ղկ 5.24)։ Ան կրնայ մեր վրայ մաքուր ջուր սրսկել եւ մեզ մաքրել (Եզ 36.25)։ Ան կրնայ ձիւնէն աւելի ճերմկցնել մեզ եւ մեզի պարգեւել մաքուր սիրտ եւ ուղիղ հոգի (Սղ 51.7, 10)։ Ան կրնայ մեր մարմինէն դուրս հանել քարեղէն սիրտը եւ անոր փոխարէն մեզի շնորհել մարմնեղէն սիրտ (Եզ 11.19, 36.26)։ Հետեւաբար, կատարեալ անմտութիւն է Պետրոսի նման թոյլ չտալ որ Քրիստոս լուայ եւ սրբէ մեզ։ Արքային կողմէ չմաքրուողը չի՛ կրնար մտնել արքայութիւն։
Աստուծոյ կողմէ չմաքրուողը չի՛ կրնար դառնալ բնակարան Աստուծոյ։ Պետրոս առաքեալի առարկութիւնը. «Երբե՛ք դուն իմ ոտքերս պիտի չլուաս», անպայմանօրէն խոնարհութեան արտայայտութիւն իբրեւ պէտք չէ ըմբռնել, որովհետեւ եթէ իսկապէս իր ըրածը խոնարհութեան արդիւնք ըլլար, Քրիստոս անոր պիտի չըսէր. «Եթէ ոտքերդ չլուամ՝ ինծի հետ բաժին պիտի չունենաս»։ Այս խօսքը խոնարհ մարդու ըսուելիք խօսք չէ։
Անոր մերժողական կեցուածքը կարելի է վերագրել տգիտութեան, որովհետեւ Քրիստոս անոր ըսաւ. «ինչ որ կընեմ՝ դուն հիմա չես հասկնար, բայց յետոյ պիտի հասկնաս» (Յհ 13.7)։
Թէպէտ հաստատեցինք որ Պետրոս առաքեալի անթոյլատու կեցուածքը տգիտութեան արդիւնք էր, բայց մեր ուշադրութենէն պէտք չէ վրիպի որ Քրիստոս ի՛նքն էր որ տգիտութեան վերագրեց Պետրոսին առարկութիւնը եւ ո՛չ թէ Պետրոս ինք։ Քրիստոս կը սպասէ որ խոնարհաբար ընդունինք իր կամքը եւ թոյլ տանք որ գործէ մեր կեանքերուն մէջ, նոյնիսկ եթէ երբեք անոր գործելակերպը բոլորովին տարբեր ըլլայ մեր գործելակերպէն եւ տարօրինակ թուի մեզի ինչպէս տարօրինակ թուեցաւ Պետրոսին։ Աստուած ի՛նքն իսկ կը յայտարարէ որ իր խորհուրդները տարբեր են մեր խորհուրդներէն եւ իր ճամբաները տարբեր են մեր ճամբաներէն (Ես 55.8)։
Առաքեալը չհասկցաւ խորհրդանշական իմաստը Քրիստոսի կատարածին եւ մերժեց հնազանդիլ անոր կամքին եւ վերստին պնդեց ըսելով. «Երբե՛ք դուն իմ ոտքերս պիտի չլուաս» (Յհ 13.8)։ Մարդ արարածին բնութեան յատուկ է մերժել իր չհասկցածը։ Ամէն անգամ երբ Քրիստոս բան մը կը կատարէ մեր կեանքերուն մէջ, եւ չենք հասկնար թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս կը կատարէ, մտաբերենք իր խօսքը. «ինչ որ կընեմ՝ դուն հիմա չես հասկնար, բայց յետոյ պիտի հասկնաս»։ Իսկապէս ալ, շատ բաներ կան որոնք կը պատահին մեր կեանքին մէջ, բայց սկզբնական շրջանին անոնց ճշգրիտ իմաստն ու նպատակը կը վրիպի մեր ուշադրութենէն, Քրիստոս սակայն, հաստատապէս կըսէ որ ժամանակ պիտի գայ երբ պիտի հասկնանք մեր կեանքին մէջ պատահածներուն իմաստն ու նշանակութիւնը։ Այստեղ մեր առջեւ կը պարզուին հիմնական հինգ ճշմարտութիւններ.-
1- Պետրոս առաքեալ չհասկցաւ եւ չփորձեց հասկնալ ոտնլուայի արարողութեան ետին կանգնող աստուածային նպատակը. Քրիստոս չարդարացուց անոր կեցուածքն ու վերաբերմունքը։ Ընդհակառակը, ան կիսովին յանդիմանեց զանիկա։ Հոսկէ կը սորվինք այն, որ պէտք է փորձենք հասկնալ թէ Աստուած ի՛նչ բան կուզէ սորվեցնել մեզի մեր կեանքին մէջ պատահող դէպքերով։ Պօղոս առաքեալ կըսէ. «Ջանացէք հասկնալ՝ թէ Աստուած ի՛նչ կուզէ ձեզմէ» (Եփ 5.10)։ Իսկ Սողոմոն կը հաստատէ որ «Տէրը փնտռողները ամէն բան կը հասկնան» (Առ 28.5)։
Սուրբ Հոգին կօգնէ որ Աստուծոյ զաւակները որոշ չափով մը հասկնան զիրենք շրջապատող երեւոյթները եւ օգտուին անոնցմէ։ Ոչինչ կը պատահի Աստուծոյ զաւակին կեանքին մէջ առանց նպատակի։
Աստուած կրնայ օգտագործել եւ կօգտագործէ մեզ շրջապատող փորձութիւնները, անոնցմով իր ծրագիրը իրականացնելու համար, անոնցմով մեզ ձերբազատելու համար մեր յոռի մէկ բնաւորութենէն կամ սովորութենէն։ Աստուած այնպէս կընէ՝ որ դժուարութիւնները որոնց կը բաղխի հաւատացեալ մարդը, դառնան առիթ եւ պատճառ, քայլ մը եւս մօտենալու իրեն եւ քիչ մը աւելի նմանելու իր Որդիին։ Ճշմարիտ հաւատացեալ մարդը զինք շրջապատող երեւոյթներուն մէջ կը տեսնէ եւ պէտք է տեսնէ Աստուծոյ մատը, Աստուծոյ դաստիարակչական նպատակը։
2- Եթէ երբեք բաներ կը պատահին որ չենք հասկնար թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս կը պատահին, ասիկա պատճառ մը պէտք չէ ըլլայ որ մերժենք անոնց իրականութիւնը եւ ըմբոստանանք անոնց դէմ։ Մեր կեանքին մէջ շատ բաներ կան որ ամէն օր կը պատահին եւ որոնց պատահումին պատճառը չենք կրնար ըմբռնել, եւ սակայն, մեզմէ ոեւէ մէկը անոնց դէմ չըմբոստանար եւ զանոնք չի՛ մերժեր։ Երբ կը տեսնենք որ ծառի մը ճիւղը շարժեցաւ հովին պատճառով, մեզմէ ո՞վ կրնայ գիտնալ թէ այդ հովը ե՞րբ, ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս սկզբնաւորուեցաւ։ Ո՛չ ոք։ Այս մեր անգիտութիւնը սակայն պատճառ չի կրնար ըլլալ որ մերժենք հովին իրականութիւնը։ Պէտք չունիմ օրինակները բազմացնելու։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ յիշել բազմաթիւ բաներ, որոնք կը պատահին իր կեանքին մէջ, եւ որոնք սակայն անհասկնալի եւ անըմբռնելի կը մնան իրեն համար։
3- Ուշագրաւ է որ երբ Քրիստոս Պետրոս առաքեալին մօտ տգիտութիւն եւ անհասկացողութիւն տեսաւ, չհրաժարեցաւ անոր ոտքերը լուալու իր ծրագիրէն։ Հոսկէ կը սորվինք այն, որ Աստուած կը գործէ մեր կեանքին մէջ առանց ակնկալելու եւ սպասելու որ հասկնանք ամէն ինչ որ կընէ։ Աստուած չըսպասեր որ ամէն ինչ հասկնանք որպէսզի սկսի գործել։ Ան կը գործէ ըսելով. «Ինչ որ կընեմ՝ դուն հիմա չես հասկնար, բայց յետոյ պիտի հասկնաս»։ Մեր անգիտութիւնը կամ տգիտութիւնը չէ որ զԱստուած անգործութեան կը դատապարտէ, այլ մեր անհաւատութիւնը։ Աստուած պիտի չդատապարտէ մեզ, մեր կեանքը լեցնող դէպքերն ու երեւոյթները հասկնալու մեր անկարողութեան համար, բայց վստահաբար պիտի դատապարտէ մեզ մեր անհաւատարմութեան, անհաւատութեան եւ անհնազանդութեան համար։
4- Մեր անգիտութիւնը պէտք չէ խախտէ մեր հաւատքը հանդէպ Քրիստոսի։ Երբ կանգիտանանք դժբախտ պատահարի մը պատահումին պատճառը, պէտք չէ հարցականի տակ առնենք Աստուծոյ հաւատարմութիւնը հանդէպ մեզի։ Բոլորս ալ գիտենք որ Յոբ ի՛նչ տեսակի նեղութիւններու հանդիպեցաւ (Յոբ 1.13-19, 2.7-8)։ Գիտենք նաեւ որ Յոբ բնա՛ւ չհասկցաւ թէ ինչո՛ւ այդ բոլորը իրեն պատահեցան. ահա թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ ըսաւ. «Յայտնէ ինծի թէ ի՛նչ բանի համար ինծի հետ կը վիճիս» (Յոբ 10.2)։ Իսկ հետը վիճող իր երեք բարեկամներուն ըսաւ. «Հասկցուցէք ինծի, թէ ի՞նչ բանի մէջ սխալեր եմ» (Յոբ 6.24)։ Հակառակ որ ան չէր գիտեր իրեն պատահած թշուառութեանց պատճառը, բայց ան բնա՛ւ չմեղանչեց Աստուծոյ դէմ (Յոբ 1.22, 2.10)։ Ճշմարիտ քրիստոնեայ մարդը երբ սկսի բաղխիլ նեղութեանց ալիքներուն, Յոբի նման պէտք է ըսէ. «Թէեւ անիկա զիս սպաննէ, ես անոր պիտի յուսամ» (Յոբ 13.15)։
5- Պետրոս առաքեալ խորհեցաւ որ Քրիստոս կընէր այնինչ որ պէտք չէր ընել։ Ան փորձեց սրբագրել իր Ուսուցիչը։ Գալով մեզի, մենք ալ արդեօք յաճախ չի՞ պատահիր որ չհաւնինք Քրիստոսի կատարածը եւ յանդգնինք մեր «իմաստութեամբ» օգտակար դառնալ իրեն։ Քանի՜ անգամներ աղօթքի պահուն փորձած ենք «խելք տալ» Աստուծոյ։ Շատ մը գործեր աղօթքով Աստուծոյ կը յանձնենք, բայց միւս կողմէն միջամուխ կըլլանք անոր գործերուն։ Կաղօթենք եւ աղօթքի ընթացքին Աստուծոյ կը սորվեցնենք իր ընելիքը։ Կը ճշդենք անոր գործն ու գործի եղանակը։
Անմտութիւն է մտածել որ կրնանք օգտակար դառնալ Աստուծոյ։
Ամենագէտին գիտութի՞ւն պիտի սորվեցնենք։
«Դուն հիմա չես հասկնար»։ Ո՞վ կրնայ հասկնալ Քրիստոսի գործը իր սկզբնական հանգրուանին։ Շատ յաճախ մեր կեանքերուն մէջ կը պատահին բաներ, որ օրեր, շաբաթներ, ամիսներ եւ նոյնիսկ տարիներ ե՛տք միայն կը գիտնանք թէ ինչո՛ւ ատոնք պատահեցան։ Միջամուխ չըլլանք մեր կեանքերուն մէջ Քրիստոսի կատարած գործերուն։ Ան գիտէ թէ ի՛նչ կընէ։ Մե՛նք է որ շատ անգամ չենք գիտեր եւ չենք հասկնար անոր կատարածը։
Երբ Քրիստոս Պետրոսի ըսաւ որ իրեն հետ բաժին պիտի չունենայ եթէ երբեք թոյլ չտայ որ իր ոտքերը լուայ, այն ատեն Պետրոս պատասխանեց ըսելով. «Տէ՛ր, ուրեմն ո՛չ միայն ոտքերս լուա, այլ նաեւ ձեռքերս եւ գլուխս» (Յհ 13.9)։ Պետրոս տակաւին կը շարունակէ չհասկնալ թէ ի՛նչ էր որ կը պատահէր։ Եթէ երբեք հասկցած ըլլար պատահածը, Քրիստոսի պիտի չըսէր. «Լուա նաեւ գլուխս», որովհետեւ սորված պիտի ըլլար որ գլուխը Քրիստոս ի՛նքն է եւ Գլուխը լուացուելու պէտք չունէր, որովհետեւ անիկա լուացուած ու մաքուր է ի յաւիտենից, ժամանակներէն առաջ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս անոր ըսաւ. «Ան որ լուացուած է՝ մաքուր կըլլայ, հետեւաբար միայն ոտքերը լուալ պէտք է» (Յհ 13.10)։ Քրիստոս կը մերժէ լուալ Պետրոս առաքեալի գլուխը, որպէսզի սորվեցուցած ըլլայ անոր եւ բոլոր առաքեալներուն, որ ի՛նքն է «Գլուխը մարմինին, այսինքն՝ եկեղեցիին» (Կղ 1.18, Եփ 1.22, 4.15, 5.23) եւ չկա՛յ ուրիշ Գլուխ (Ես 45.5), չկա՛յ ուրիշ Աստուած (Ես 46.9, Մր 12.32), չկա՛յ ուրիշ Վէմ (Ես 44.8, Ա.Կր 3.11, Ա.Պտ 2.4)։
«Ան որ լուացուած է՝ մաքուր կըլլայ»։ Սիրելի՛ ընթերցող, դուն ալ լուացուա՞ծ ես Քրիստոսի արիւնով, մաքրուա՞ծ ես մեղքերէդ, ճերմակ պարեգօտ ստացա՞ծ ես երկնաւոր Հօրմէդ, դարձա՞ծ ես ժառանգորդ Աստուծոյ «եւ ժառանգակից Քրիստոսի» (Հռ 8.17)։ Չըլլայ որ դուն ալ մաս կազմես մարդոց այն խումբին, որոնք իրենք զիրենք մաքրուած եւ սրբուած կը զգան, եւ հետեւաբար, կարիքը չեն զգար Քրիստոսի գալու եւ մաքրուելու։ Յիսուս ջուրով լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը, նախապատկերացնելու համար այն ճշմարիտ մաքրութիւնը, հոգեւոր մաքրութիւնը, որ պիտի շնորհուէր իր արիւնով, բոլոր խնդրողներուն, բոլոր փնտռողներուն, բոլոր բաղխողներուն։ Մաքրութիւնը ջուրով սկսաւ, բայց արիւնով ամբողջացաւ եւ իր կատարելութեան հասաւ։
Ճի՛շդ է որ Քրիստոս եղաւ միակը որ լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը, բայց չուզեց միակը մնալ, ահա թէ ինչո՛ւ անոնց ըսաւ. «Եթէ ես՝ որ Տէր եւ Վարդապետ եմ՝ լուացի ձեր ոտքերը, դուք ալ պարտաւոր էք իրարու ոտքերը լուալ» (Յհ 13.14)։ Ի՞նչ է այստեղ ըսել ուզուածը։ Այստեղ ըսել ուզուածը այն է, որ ոեւէ մէկը որ Քրիստոսով կը հասնի հոգեւոր բիւրեղացումի եւ սրբութեան, պարտաւորութիւն պէտք է սեպէ ուրիշներն ալ առաջնորդելու Քրիստոսի, որպէսզի անոնք եւս հոգեւոր բիւրեղացումի եւ սրբութեան պարգեւը ստանան Քրիստոսէ։
Զուր տեղ չէ որ Քրիստոս այստեղ ինքզինք Տէր եւ Վարդապետ կը կոչէ։ Քրիստոս ոտնլուայի արարողութեամբ, կուսուցանէ մեզի, որ ճշմարիտ տէրը, տիրողն ու տիրապետողը չէ, հրահանգներ եւ հրամաններ արձակողը չէ, եւ ո՛չ ալ ճշմարիտ վարդապետը լոկ վարդապետողն ու ճառ խօսողն է, յորդորներ եւ խրատականներ տուողն է, այլ իրական տէրը ան է, որ իր դիրքը կօգտագործէ իր նմաններուն հոգեւոր փրկութեան եւ աճումին համար։ Իրական տէրը ծառայող մարդն է։ Իրական վարդապետը միայն իր ձայնը լսելի դարձնողը չէ, այլ նաեւ լսողն է ձայնը աղքատին եւ լքուածին։
Այստեղ «տէր» բացատրութիւնը ակնարկութիւն է բարձր դիրքի եւ պաշտօնի, իսկ «վարդապետ» բացատրութիւնը ակնարկութիւն է հրահանգ արձակելու եւ ուղղելու այն իրաւասութեան, որ այդ բարձր դիրքին եւ պաշտօնին վրայ եղող մարդուն կը պատկանի։ Հետեւաբար, Քրիստոսի սորվեցուցածը այն է, որ քրիստոնեայ մարդը ի՛նչ դիրքի եւ պաշտօնի վրայ ալ գտնուի, ի՛նչ հանգամանքի եւ կարողութեան տէր մարդ ալ ըլլայ, այդ բոլորը պէտք է նկատէ Աստուծոյ կողմէ իրեն ընծայուած առիթ եւ պատեհութիւն, ծառայելու իր նմանին։
Քրիստոս իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով լուացած ու մաքրած եղաւ անօրէնութիւնը մարդկային ցեղին։ Ան իր այս արարքով եղաւ խոնարհութան մեծագոյն դասատուն։ Ան թէպէտ այս հանգրուանին իր յաւիտենական փառքին մէջ մտնելու կը պատրաստուէր, բայց ատիկա պատճառ մը չեղաւ որ ան հպարտանար եւ դադրէր նման մարդասիրական արարքներ կատարելէ։ Թող աշխարհասէր մարդիկ օրինակ առնեն մեր սիրելի Փրկիչէն, որպէսզի երբ բարձր դիրքերու հասնին կամ հասնելու վրայ ըլլան, չսկսին իրենց նմանը անտեսել։
Ո՛վ մարդ, քանի որ Տէ՛րդ եւ Աստուա՛ծդ յանձն առաւ ծնրադրել ոտքերուդ առջեւ եւ լուալ զանոնք ջուրով, չե՞ս ուզեր դուն ալ ծնրադրել իր առջեւ եւ ապաշխարութեանդ արցունքներով լուալ անոր ոտքերը քու գործած ահաւոր մեղքերուդ համար։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից