
Ի՞նչ է տարբերութիւնը շնորհքին եւ օրէնքին

Այս եւ յաջորդ յօդուածը խտացումն են զանազան առիթներով Օրէնքին եւ շնորհքին տարբերութեանց մասին մեր արտասանած խօսքերուն։ Յօդուածներուն պարբերութիւնները երբեմն անկապակից կերպով կը ներկայանան։
Օրէնքն ու շնորհքը հիմնովին կը տարբերին իրարմէ, որովհետեւ անոնք տարբեր նպատակներով տրուեցան մեզի։ Օրէնքը տրուեցաւ հիմնական երեք նպատակներով.-
1.- Օրէնքը «տրուեցաւ որպէսզի մարդիկ իրենց յանցանքները ճանչնան…» (Գղ 3.19)։ Իսկ շնորհքը յայտնուեցաւ, «որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին» (Տիտ 2.11)։ Զուր տեղ չէ որ Օրէնքին մասին խօսած ատեն Սուրբ Գիրքը կը գործածէ «տրուեցաւ» բացատրութիւնը, իսկ շնորհքին մասին խօսած ատեն՝ «յայտնուեցաւ» բացատրութիւնը։ Օրէնքը տուուչութեան հետ կապ ունի, իսկ շնորհքը՝ ինքնատուուչութեան հետ։ Շնորհքին յայտնուիլը Աստուծոյ յայտնուիլն է։
2.- «Օրէնքը մեր խնամակալ դաստիարակը եղաւ, մեզ Քրիստոսի առաջնորդելով, որպէսզի հաւատքով արդարանանք» (Գղ 3.24)։ Օրէնքը առաջնորդողի դերը ունի։ Ան մեզ Քրիստոսի կառաջնորդէ, իսկ շնորհքը մեզ Քրիստոսաբար կառաջնորդէ։ Թէպէտ Օրէնքը մեզ չի կրնար արդարացնել, բայց կրնայ մեզ առաջնորդել միակ Արդարին եւ Արդարացնողին։
3.- Օրէնքը տրուեցաւ որպէսզի հանդէս գայ մեղքին ճշմարիտ ինքնութիւնը։ «Օրէնքով է որ կը գիտնանք թէ ի՛նչ է մեղքը» (Հռ 3.20 հմմտ 7.7)։ Օրէնքը մեղքը մեղքի վերածեց (Հռ 5.13)։ Օրէնքը կը պահանջէ հեռու մնալ մեղքէն, բայց շնորհքն է որ ատել կու տայ մեղքը։
Օրէնքը կը խօսի մեղքին մասին, բայց շնորհքն է որ կը յայտնէ մեղքին պղծութիւնն ու զազրելիութիւնը մեր հոգիներուն առջեւ։
Օրէնքը կրնայ մեզ որոշ մեղքերէ եւ յանցանքներէ հեռու պահել բայց չի կրնար ներել մեր գործած մեղքերն ու յանցանքները։
Օրէնքը մեզի կու տայ այն բանը որուն արժանի ենք, իսկ շնորհքը մեզի կու տայ այն բանը (փրկութիւնը) որուն արժանի չենք։
Օրէնքը մեր յանցաւոր ըլլալը կը հրապարակէ, իսկ շնորհքը յանցանքներէն մեր ազատագրուած ըլլալը կը ծանուցէ։
Օրէնքը կրնայ մեզ յանձնապաստան դարձնել, իսկ շնորհքը Աստուծոյ ապաստանիլ կը սորվեցնէ։
Օրէնքը կը խօսի Աստուծոյ ճամբուն մասին, իսկ շնորհքը կը խօսի Աստուծոյ մասին իբրեւ ճամբայ։
Օրէնքը մեզ կը կանգնեցնէ Աստուծոյ առջեւ իբրեւ «անողորմ» դատաւորի, իսկ շնորհքը Աստուծոյ ողորմութեան եւ ողորմած ըլլալուն փառաբանութիւնն է որ կը կատարէ։
Օրէնքը մեր անկարող ըլլալը կը յայտնէ, իսկ շնորհքը մեր ներսիդին թաքցուած մեր կարողութիւնները հանդէս կը բերէ։
Օրէնքը մեր տկար ըլլալն ու մեր տկարութիւնները կը հրապարակէ, իսկ շնորհքը կօգնէ մեզի յաղթանակ տանելու մեր տկարութիւններուն վրայ։
Օրէնքը կը խօսի յաղթանակ տանելու մասին, բայց շնորհքն է որ յաղթանակով կը պսակէ։
Օրէնքը կը պատուիրէ սիրել մեր թշնամիները (Ղկ 6.27, Մտ 5.44), իսկ շնորհքը զանոնք բարեկամներու կը վերածէ։
Օրէնքը Աստուծոյ պահանջքն է մարդէն, իսկ շնորհքը Աստուծոյ պարգեւն է մարդուն։
Օրէնքը կը հրահանգէ, իսկ շնորհքը Օրէնքին հրահանգածը ի գործ դնելու կարողութիւն կը շնորհէ։ Օրինակ.- Օրէնքը կը պատուիրէ սիրել զԱստուած ամբողջ սիրտով (Մր 12.30), բայց շնորհքը ի՛նքն է որ կօգնէ մեզի սիրելու զԱստուած ամբողջ սիրտով։
Օրէնքը կը պահանջէ բացարձակ հաւատարմութիւն ցուցաբերել Աստուծոյ նկատմամբ, բայց շնո՛րհքն է որ զօրութիւն կը պարգեւէ մեզի բացարձակ հաւատարիմ ըլլալու եւ մնալու։
Օրէնքը կը դատապարտէ անսուրբերը, բայց զանոնք սրբել չի կրնար. զանոնք սրբողն ու սրբացնողը Քրիստոսի շնորհքն է։
Օրէնքը կը պատուիրէ ապրիլ սրբութեան կեանք մը, բայց շնորհքն է որ մեզ սրբութեան կառաջնորդէ։
Օրէնքը յանցապարտ կը յայտարարէ անիրաւ մարդը, բայց անկարող կը մնայ ձերբազատելու մարդը անիրաւութիւն գործելու իր տրամադրութենէն։ Շնո՛րհքն է որ կազատագրէ մարդը չարիք գործելու իր տրամադրութենէն։
Օրէնքը կը թելադրէ ներել մեր նմանը (Ղկ 6.37, 17.4, Մտ 18.21-22), բայց Աստուծոյ շնորհքով ներուած մա՛րդը միայն կրնայ ներել իր նմանը։ Օրէնքը մեզ անէծքի կենթարկէ, ահա թէ ինչո՛ւ «Քրիստոս Օրէնքի անէծքէն մեզ ազատեց, ինք մեր տեղը անէծքի առարկայ դառնալով» (Գղ 3.13), իսկ շնորհքը մեզ կառաջնորդէ Աստուծոյ օրհնութիւնը ժառանգելու (Գղ 3.18)։
Օրէնքը իր վախճանին հասաւ Քրիստոսով (Հռ 10.4), իսկ շնորհքով՝ մեղքով վախճանած մարդուն առջեւ կեանքի նոր ճամբայ բացուեցաւ«Օրէնքը կըսէ կատարէ՛, շնորհքը կըսէ կատարուած է։ Օրէնքը անէծքի տակ կառնէ, շնորհքը կօրհնէ։ Օրէնքը կը սպաննէ մեղաւորը, շնորհքը կապրեցնէ զայն։ Օրէնքը ամէն բերան Աստուծոյ առջեւ կը գոցէ, մինչ շնորհքը փառաբանութեամբ կը բանայ փրկուածներուն շրթունքները։ Օրէնքը լաւագոյն կեանքը կը դատապարտէ, մինչ շնորհքը կը փրկէ ամէնէն ինկած մեղաւորը։ Օրէնքը կը պահանջէ պարտքերու ամբողջական վճառում, մինչ շնորհքը կը յայտարարէ բոլոր պարտքերուն ամբողջապէս վճառուած ըլլալը» Մ. Ր. Տ.։
Օրէնքը կը խօսի արդարութեան մասին բայց շնորհքն է որ մեզ կարդարացնէ։ Աստուածաշունչը չի տար անունը ոեւէ մէկ անձի որ արդարացած եւ փրկուած ըլլայ օրէնքներու գործադրութեամբ։ «Եթէ փորձէք Օրէնքի գործադրութեամբ արդարանալ՝ ա՛լ Քրիստոսի հետ ձեր կապը կտրած կըլլաք եւ զրկուած՝ անոր շնորհքէն» (Գղ 5.4)։ Օրէնքին ապաւինիլն ու կապուիլը կը խզէ մեր կապը Անկապելիին հետ, մինչ շնորհքին ապաւինլը՝ մեզ կը դարձնէ շնորհալի զաւակները Աստուծոյ։
Օրէնքը բարեգործ ըլլալ կը յանձնարարէ, բայց շնորհքն է որ մեր ներսիդին ամէն բարի տրամադրութիւն կը ցանէ։
Օրէնքը կատարելութիւն կը պահանջէ մեզմէ (Մտ 5.48), բայց չի կրնար «որեւէ բան կատարելութեան հասցնել» (Եբր 7.19)։ Աստուծոյ շնորհքն է որ մեզ կատարելութեան կը հասցնէ։
Օրէնքը կը հաստատէ որ եթէ յանցաւոր մը արժանի է ծեծի, իր գործած յանցանքին համեմատ գաւազանով պէտք է ծեծ ուտէ (Բ.Օր 25.2), մինչ շնորհքը կը ներէ մեր բոլոր յանցանքները եւ կը ջնջէ «մեր օրինազանցութեան համար մեզի դէմ արձակուած դատապարտութեան վճիռը, զայն խաչափայտին գամելով» (Կղ 2.13-14)։
Օրէնքը կը դատապարէ մեզ եւ անէծքի ենթակայ կը պահէ նոյնիսկ եթէ մէ՛կ մեղք գործած ըլլանք (Գղ 3.10 հմմտ Յկ 2.10), իսկ շնորհքը հակառակ մեր գործած անթիւ զազրելի մեղքերուն, մեզ կարդարացնէ Քրիստոսի արիւնով եւ անոր շնորհքին միջոցաւ (Եփ 1.7-8, 2.4-5)։
Աստուծոյ շնորհքին ապաւինիլը՝ զԱստուած պատուել ու փառաւորել է, իսկ Օրէնքին ապաւինիլը՝ քու սեփական ճիգերուդ վստահիլ է, եւ հետեւաբար, քու անձդ փառաբանել է։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից