Բաժիններ՝

Տասներկուքին առաքումը

Նախ երկու խօսք ըսենք 12 թիւին մասին որ խորհրդանշական իմաստ մը ունի։ Քրիստոս յատուկ նպատակով մը ընտրեց տասներկու հոգիներ, որովհետեւ անոնք պիտի փոխարինէին Իսրայէլի տասներկու նահապետները։ Ինչպէս Իսրայէլի տասներկու նահապետները պիտի ըլլային Աստուծոյ ներկայացուցիչները Եբրայեցի ժողովուրդին կեանքին մէջ, այնպէս ալ Քրիստոսի տասներկու առաքեալները պիտի ըլլային Քրիստոսի ներկայացուցիչները եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Դարձեալ, ինչպէս տասներկու նահապետները ներկայացուցիչներն էին Պաղեստինի նեղ սահմաններուն մէջ ապրող Հրէական եկեղեցիին, այնպէս ալ տասներկու առաքեալները ներկայացուցիչները պիտի ըլլային այն եկեղեցիին՝ որ տիեզերական հանգամանք պիտի ունենար, եւ որուն անդամ պիտի կարենային դառնալ աշխարհի չորս կողմը տարածուած հաւատացեալները։ Հետեւաբար, շատ պարզորոշ է, որ Աստուծոյ կամքն էր, որ տասներկու աշակերտները փոխարինէին տասներկու նահապետները, եւ տասներկու աշակերտներուն հետ կնքուած ուխտը փոխարինէր տասներկու նահապետներուն հետ կնքուած ուխտը։ Տասներկու առաքեալներու ընտրութեամբ Աստուած նոր ուխտ մըն էր որ կը կնքէր աշխարհի հետ։ Այդ ուխտը Քրիստոսի արիւնով կնքնուեցաւ։

Տասներկու առաքեալները շա՛տ աւելին եղան քան տասներկու նահապետները։ Տասներկու նահապետները եղան կապը Աստուծոյ եւ Հրեայ ժողովուրդին, իսկ տասներկու առաքեալները եղան կապը Աստուծոյ ու մարդկային ցեղին։ Մեր երկնաւոր Հայրը նո՛ր հաղորդակցութեան մէջ մտաւ աշխարհի մարդկութեան հետ իր Որդիին ճամբով, եւ ապա իր Որդիին ընտրած տասներկու աշակերտներուն ճամբով։ Տասներկուքը եղան տարածիչները Քրիստոսով կնքուած նոր եւ յաւիտենական ուխտին։ Անոնք եղան Քրիստոսի զոհագործական մահուամբ իրագործուած փրկութեան շեփորահար մարգարէները։ Բայց այդ բոլորը ըլլալէ առաջ, անոնք եղան աշակերտ Քրիստոսի։ Սորվեցնող ըլլալէ առաջ եղան սորվող։ Առաջնորդ ըլլալէ առաջ եղան հետեւող։

Քրիստոսի տասներկու աշակերտները երեք տարիներ շարունակ ապրեցան Քրիստոսի հետ եւ պարուրուեցան անոր ներկայութեամբ, լսեցին իր խօսքերը եւ սրբուեցան այդ խօսքերով, տեսան անոր գործած հրաշքները եւ գօտեպնդուեցան այդ հրաշքներով։ Անոնք երեք տարիներ շարունակ աշակերտեցան Քրիստոսի, լեցուեցան եւ դաստիարակուեցան Քրիստոսով, զօրացան եւ պատրաստուեցան Քրիստոսով, այժմ Քրիստոս ժամանակը հասած կը նկատէ զիրենք կոչելու աշակերտութենէ դէպի առաքելութիւն, եւ անոնց տալու նոր անուն մը, “առաքեալ” անունը, որ կը նշանակէ ղրկուած։

Կարդացեք նաև

Արդարեւ, Քրիստոս ղրկեց իր տասներկու աշակերտները՝ անոնց պատուիրելով. «Մի՛ երթաք հեթանոսներուն շրջանները եւ Սամարացիներուն քաղաքները մի՛ մտնէք, այլ մասնաւորաբար գացէք Իսրայէլի կորսուած ոչխարներուն» (Մտ 10.5-6)։ Ասիկա տասներկուքին առաջին առաքումն էր։ Առաջին առաքումին ընթացքին տասներկուքը իրենց առաքելութիւնը իրագործեցին Պաղեստինի նեղ սահմաններուն մէջ միայն։ Իրենց երկրորդ եւ վերջին առաքումը տեղի պիտի ունենար Հոգեգալուստէն յետոյ։

Քրիստոս երկինք համբառնալէ առաջ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Երուսաղէմէն մի՛ հեռանաք, սպասեցէք՝ մինչեւ ստանաք Հօրը խոստումը…։ Երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը» (Գրծ 1.4, 8)։ Սուրբ Հոգիին գալուստով քրիստոնէական կրօնքը տիեզերական նկարագիր եւ հանգամանք ստացաւ։

Սուրբ Հոգիին գալուստով, աշակերտները զօրութեամբ լեցուեցան։ Քրիստոնէական կրօնքին տարածումը տկարութեամբ չսկսաւ, այլ զօրութեամբ։ Այո՛, քրիստոնէական կրօնքը զօրութեան կրօնք է, որովհետեւ ատիկա հաստատուած չէ աստուածաբանութեան վրայ, բարոյական ուսուցմունքներու վրայ, այլ Անձի մը վրայ, եւ այդ Անձը Քրիստոս ի՛նքն է, որ զօրութիւն կու տայ. զօրութիւն՝ իր խօսքը համարձակութեամբ քարոզելու, զօրութիւն՝ Չարին դէմ յաղթող ըլլալու, զօրութիւն՝ անխոնջ կերպով տարածելու Աստուծոյ արքայութիւնը եւ զօրութիւն՝ յանդգնութեամբ յայտարարելու Քրիստոսի Աւետարանը։ Առանց աստուածապարգեւ այդ զօրութեան դատապարտուած ենք ձախողելու մեր առաքելութեան մէջ։ Տասներկու առաքեալները ունէին բան մը որ աշխարհ չունէր։ Անոնք ունէին Քրիստոսի Հոգիին ներգործութիւնն ու համագործակցութիւնը, առանց որուն, ո՛չ իրենց խօսքը եւ ո՛չ ալ իրենց գործը կրնային փոխել կեանքը աշխարհի։ Անոնք չունէին զէնք կամ զինուոր, բայց կրցան Յիսուսի սիրոյն առջեւ ծունկի բերել անհամար թիւով պալատականներ։ Անոնք չունէին ոսկի կամ արծաթ, բայց ունէին զՔրիստոս որ «աներեւակայելի գանձ մըն է» (Եփ 3.8)։ Առանց այդ Գանձին աղքատ ու դատարկ է աշխարհը։

Սուրբ Հոգիին գալստեան օրը, նոր էջ մը բացուեցաւ աշխարհի պատմութեան մէջ։ Սուրբ Հոգիին էջքով հիմը դրուեցաւ Քրիստոսի առաջին եկեղեցիին։ Այդ եկեղեցին ինքնամփոփ եւ ինքնավախճան կեանք մը չապրեցաւ։ Այդ եկեղեցին կազմողները, մասնաւորաբար տասներկու առաքեալներուն բանակը, ճամբայ ելաւ տարածելու համար անունը իր հաւատքի հիմնադիրին՝ Քրիստոսի, առաջին հերթին ամբողջ Երուսաղէմի մէջ, ապա ամբողջ Պաղեստինի մէջ եւ ի վերջոյ Միջերկրականեան երկիրներուն մէջ, հասնելով մինչեւ Եւրոպաները։

Սուրբ Հոգիին էջքով, տասներկու աշակերտները դարձան դեսպանները երկինքին, պատգամախօսները Աստուծոյ, բանբերները Աստուծոյ Բանին։ Սուրբ Հոգիին էջքով, անոնք դարձան մարդոց փրկութեան համար աշխատող երկրաւոր հրեշտակներ, դարձան ճամբայ երկիրը երկինք առաջնորդող, դարձան կամուրջ երկրաւորը երկնաւորին օղակող, դարձան Աստուած կորսուած մարդուն իջեցնող եւ կորսուած մարդը Աստուծոյ բարձրացնող սանդուխներ, դարձան զԱստուած տեսնել եւ ապրիլ ուզող մարդոց հանդիպման առիթ ու պատճառ։

Սուրբ Հոգիին ստացումով, տասներկու առաքեալները դարձան խորան՝ որուն մօտեցող հաւատքի որոնիչները արդարացած տուն մեկնեցան։ Դարձան սկիհ, ուրկէ մարդիկ Կեանքի Հացը ճաշակեցին։ Դարձան սեղան, որուն շուրջ բոլորուողները եղան սեղանակից Քրիստոսի։ Ի վերջոյ, դարձան նահատակ, եւ իրենց սուրբ արիւնով սրբեցին եւ քրիստոնէացուցին աշխարհի հողը։

Թէեւ հաստատեցինք որ տասներկուքը “աշակերտներ” էին, դարձան առաքեալներ, բայց ուշադիր քննութիւն մը Նոր Կտակարանի էջերուն, ցոյց կու տայ, որ տասներկու աշակերտները չդադրեցան “աշակերտներ” ըլլալէ երբ անոնց տրուեցաւ “առաքեալ” անունը, չդադրեցան հետեւող ըլլալէ երբ անոնց տրուեցաւ առաջնորդողի հանգամանք։ Անոնք մինչեւ իրենց կեանքին վերջին շունչը մնացին աշակերտ Քրիստոսի։ Մի՛այն Քրիստոս ունի յաւիտենական կեանք տուող խօսքեր, կը հաստատէ Պետրոս առաքեալ, ուստի, անոնք միշտ սորվելիք ունէին Քրիստոսէ։

Սիրելիներ, Քրիստոսի մասին սորվեցնող ըլլալէ առաջ նախ պէտք է սորվինք նստիլ Քրիստոսի ոտքերուն քով եւ սորվիլ իրմէ՝ իր մասին։ Ահաւոր բան է քարոզել Քրիստոսի անունով առանց Քրիստոսի կողմէ ղրկուած ըլլալու։ Ահա թէ ինչո՛ւ Պօղոս առաքեալը կ՚ըսէ. «Ի՞նչպէս անոնք կրնան քարոզել երբ չեն ղրկուած»։ Հոգեւորականի մը յաջողութիւնը պայմանաւորուած է Աստուծոյ կողմէ իր ղրկուած ըլլալով։ Քրիստոսի մասին վկայելէ առաջ պէտք է վկայուած ըլլալ Քրիստոսի կողմէ։ Նոյնը կը կարդանք Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ եօթը օգնականներուն ընտրութեան առիթով։ Տասներկու աշակերտները կ՚ըսեն. «Ձեր կողմէ վկայուած եօթը հոգի ընտրեցէք, որոնք Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուն ըլլան» (Գրծ 6.3)։

Այո՛, անհրաժեշտ է վկայուած ըլլալ Աստուծո՛յ եւ Աստուծոյ ժողովուրդին կողմէ քահանայական օծում ստանալէ առաջ։ Ճշմարիտ քահանան ա՛ն է՝ որ Աստուծո՛յ կողմէ կը ստանայ իր կոչումը։ Աստուած ի՛նք պէտք է ըլլայ իր հունձքին համար մշակներ պատրաստողն ու զանոնք ղրկողը։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս ըսաւ. «…խնդրեցէք հունձքի Տիրոջմէն, որ իր հունձքին համար մշակներ պատրաստէ եւ ղրկէ» (Մտ 9.38)։ Ինքնակոչ քահանան չի՛ կրնար ուրիշները գրաւել Քրիստոսի։ Տասներկու առաքեալները որոնք ընտրուեցան պատահական մարդիկ չէին։ Անոնք կոչուած եւ կանչուած մարդիկ էին։ Քրիստոս զանոնք ընտրելէ առաջ ամբողջ գիշեր մը աղօթքով անցուց (Ղկ 6.12-13)։ Հոսկէ կը սորվինք այն, որ երբ անհատ մը եկեղեցական կարգի կոչելու կամ չկոչելու հարց մը կայ՝ ամբողջ եկեղեցին պէտք է աղօթքի լծուի։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

surbzoravor.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս