
Շնորհքին գերազանցութիւնը օրէնքէն

Աստուծոյ Օրէնքը անարգելը Աստուծոյ շնորհքը անարգելուն հետ չի նոյնանար։ Աստուծոյ շնորհքը անարգող մարդուն պատիժը անհունօրէն աւելի մեծ պիտի ըլլայ, որովհետեւ ան Քրիստոսի արեան դէմ է որ մեղանչած կը սեպուի։ Նո՛յնը կը հաստատէ Պօղոս առաքեալ. «Եթէ Մովսիսական Օրէնքը խախտողը «երկու կամ երեք հոգիի վկայութեամբ մահուան կը դատապարտուի» առանց գթութեան, որքա՜ն աւելի ծանր պատիժի արժանի պիտի համարէք այն անձը՝ որ ոտնակոխ կընէ Աստուծոյ Որդին, կարհամարհէ Նոր Ուխտին կնքումին համար թափուած արիւնը, որով Քրիստոս զինք սրբեց, եւ կնարգէ շնորհքները պարգեւող Սուրբ Հոգին» (Եբր 10.28-29)։
Ո՛րքան տարբերութիւն կայ Մովսէսի եւ Քրիստոսի միջեւ, ա՛յնքան տարբերութիւն կայ Մովսիսապարգեւ Օրէնքին եւ Քրիստոսապարգեւ շնորհքին միջեւ։ Պօղոս առաքեալ կըսէ. «Մովսիսական Օրէնքը պարզապէս գալիք նոր կարգերուն շուքը, այսինքն՝ մօտաւոր նմանութիւնը միայն կը ներկայացնէ եւ ո՛չ թէ անոր հարազատ պատկերը» (Եբր 10.1)։ Ինչպէս մարմինի մը շուքը անհունօրէն տարբեր է մարմինէն, այնպէս ալ Քրիստոսի շնորհքը անհունօրէն տարբեր է Օրէնքէն։
Աստուած «Սուրբ Հոգիին միջոցաւ մեզ վերանորոգեց» (Տիտ 3.5)։ Օրէնքը պահող մարդը կրնայ բարի ու բարեգործ, ազնիւ եւ համեստ մէկը ըլլալ, առանց սակայն Սուրբ Հոգիին բերած նորոգութիւնը ապրած ըլլալու։ Քրիստոնեայ մարդը, սակայն, խոնարհ եւ ուրիշներուն օգտակար եղող մարդը չէ, այլ Սուրբ Հոգիէն ծնած եւ Աստուծոյ զաւակը դարձած մարդն է։
Յաճախ մեր սիրած մարդոց կապակցաբար տեղի կամ անտեղի հաստատումներ կընենք ըսելով. «Այս ինչ մարդը շատ բարի մարդ է, անոյշ մարդ է…»։ Բայց այդ բոլորը ի՞նչ արժէք կը ներկայացնեն երբ այդ (այսպէս կոչուած) «բարի եւ անոյշ մարդը» չէ ապրած Սուրբ Հոգիին բերած նորոգութիւնը։
«Ապացոյցը, թէ մենք Աստուծոյ միացած կը մնանք եւ Աստուած՝ մեզի, նոյնինքն իր Հոգին է, որ Աստուած մեզի տուաւ» (Ա.Յհ 4.13)։
Աստուծոյ միացած ըլլալուն եւ Աստուած մեզի միացած ըլլալուն ապացոյցը ո՛չ մեր բարի կամ բարեգործ ըլլալն է եւ ո՛չ ալ մեր ազնիւ կամ հեզ ըլլալն է, այլ Սուրբ Հոգին մեր ներսիդին ունենալն է։
Հեթանոսներուն մէջ ալ ազնիւ եւ բարեգործ մարդիկ կան։ Աստուծոյ ուզածը սակայն, բարեգործութեան կեանք մը ապրելուն կողքին, նաեւ սուրբ կեանք մը ապրիլն է։ Առաքեալներն ալ բարի եւ անձնազոհ մարդիկ էին, բայց անոնց կեանքը բոլորովին յեղաշրջուեցաւ եւ լուսակերպուեցաւ միայն ու միայն Հոգեգալստեան օրը, երբ Սուրբ Հոգին ստացան։
Պօղոս առաքեալ նախքան զՔրիստոս ճանչնալը կը պարծենար որ Օրէնքը անթերի կերպով գործադրող մը եղած էր (Փլպ 3.6-7)։ Բայց յետոյ ան իր օրինապահութիւնը ոչնչութիւն սեպեց, որպէսզի Քրիստոսը շահի եւ կատարելապէս անոր միանայ (Փլպ 3.8-9)։ Հոսկէ կը սորվինք այն, որ ոեւէ մէկը որ պատրաստ չէ ոչնչութիւն նկատելու իր օրինապահութիւնը, իր գործերն ու իրագործումները, չի կրնար շահիլ զՔրիստոս եւ անոր միանալ։
«Իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ ու դուք իմ օրէնքներուս մէջ պիտի քալէք…» (Եզ 36.27)։ Աստուծոյ Հոգին է որ Աստուծոյ պատուիրանները պահելը կարելի կը դարձնէ։ Աստուծոյ Հոգին է որ Աստուծոյ պատուիրանները աւելի քաղցր կընէ քան մեղրը։ Սուրբ Հոգին չունեցողին համար, Աստուծոյ պատուիրաններն ու օրէնքները բեռ են։
Աստուած փրկութեան պարգեւը կու տայ մեզի ո՛չ թէ որովհետեւ արժանի ենք փրկութեան, այլ որովհետեւ ի՛նք մեզ արժանի կը տեսնէ։ Պատճառը թէ ինչո՛ւ Աստուած մեզ արժանի կը տեսնէ փրկութեան, այն է, որ մենք իր Որդիին արեան գինն ենք։
Աստուած կրնայ ուրիշ պարգեւներ ալ տալ մեզի։ Հաւատացեալներ շատ աւելի կը խօսին Աստուծմէ իրենց ստացած պարգեւներուն մասին, քան Աստուծոյ մասին՝ որ տուիչն է այդ պարգեւներուն։ Մեր պաշտամունքի առարկան Պարգեւատուն պէտք է ըլլայ եւ ո՛չ թէ պարգեւը։ Տրուածը վկայութիւն մը չէ մեր մասին այլ վկայութիւն մըն է Տուողին մասին։ Երբ մէկը մեզի թանկագին պարգեւ մը կու տայ, այդ չի նշանակեր որ մե՛նք թանկագին անձ մըն ենք անպայմանօրէն, այլ կրնայ նշանակել որ տուողը ի՛նք թանկագին անձ մըն է։
Փրկութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է (Եփ 2.8)։ Մեզմէ ոեւէ մէկը չի կրնար ըսել որ ինք արժանի է մեղքերու քաւութեան եւ փրկութեան։
Աստուած մեր յանցանքները կը ջնջէ եւ մեզ կը փրկէ ի՛ր փառքին համար եւ ո՛չ թէ մեր փառաւոր ըլլալուն համար։ Աստուած ի՛նքն ալ նոյն բանը չի՞ հաստատեր երբ կըսէ. «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ քու յանցանքներդ ինծի համար կը ջնջեմ եւ քու մեղքերդ ալ պիտի չյիշուին» (Ես 43.25)։
Փրկութիւնը Օրէնքին արդիւնքը չէ, այլ՝ շնորհքին։ Յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար, յաւիտենական քաւութեան պէտք է արժանացած ըլլանք։ Օրէնքը յաւիտենական քաւութիւն չի կրնար պարգեւել, եւ հետեւաբար, յաւիտենական կեանք ալ չի կրնար պարգեւել։ Քրիստոսի շնո՛րհքն է որ յաւիտենական քաւութիւն կը պարգեւէ։ Եբրայեցիներուն նամակը խօսելով Հին Կտակարանի զոհերուն մասին կըսէ. «Տարուէ տարի մատուցուող այդ զոհերը պարզապէս կը ծառայեն՝ մարդոց մեղքերը իրենց յիշեցնելու, որովհետեւ ցուլերու եւ նոխազներու արիւնը բնաւ չի կրնար մեղքերը ջնջել» (Եբր 10.3-4)։ Քրիստոսի՛ արիւնը միայն կրնայ մարդուն մեղքերը ջնջել (Եփ 1.7, Հռ 5.9, Ա.Յհ 1.7 եւայլն)։
Հարկաւ վերոյիշեալ ըսուած բոլոր խօսքերը երբեք չեն նշանակեր որ Օրէնքը խոտելի եւ տկար բան մըն է։ Ս. Եղիշէ իր «Չարչարանաց Ճառ»ին մէջ կըսէ. «Ո՛չ թէ Օրէնքը տկար է, այլ դուք չպահելով Օրէնքը՝ տկարացուցիք զայն, որովհետեւ հաւատքով չէիք»։ Իսկ Պօղոս առաքեալ, կուսուցանէ թէ «Օրէնքը ինք սուրբ է եւ պատուիրանն ալ սուրբ է, արդար ու բարի» (Հռ 7.12)։ Մեծագոյն փաստը որ Օրէնքը բարի եւ արդար է, այն է, որ անիկա մեզ սխալ տեղ եւ սխալ կերպով չառաջնորդեր։ Օրէնքը սուրբ է բայց մեզ սրբել չի կրնար։ Օրէնքը արդար է բայց մեզ արդարացնել չի կրնար։ Օրէնքը բարի է բայց չի կրնար մեզ երկինքի բարութեան ժառանգորդները դարձնել։
Սխալը Օրէնքին մէջ չի կայանար։ Սխալը կը կայանայ այն վստահութեան մէջ, որ մենք կը դնենք մեր օրինապահութեան վրայ։ Խորքին մէջ Օրէնքը կամ օրինապահութիւնը չէ որ մեզ կը սպաննեն, այլ մեղքն է որ բարի պատուիրանին միջոցաւ մեզի «մահ պատճառեց, նախ՝ որպէսզի մեղքին ի՛նչ ըլլալը յայտնուի, եւ ապա՝ պատուիրանին միջոցաւ մեղքին առաւել ծանրութիւնը յայտնուի» (Հռ 7.13)։
Այլուր Պօղոս առաքեալ կըսէ. «Մահուան խայթոցը մեղքն է. իսկ մեղքը իր ոյժը Օրէնքէն կառնէ։ Բայց փա՜ռք Աստուծոյ, որ մեզի յաղթանակ պարգեւեց մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Ա.Կր 15.56-57)։ Բացայայտ է որ մեզի յաղթանակ պարգեւողը Յիսուս Քրիստոսի շնորհքն է եւ ո՛չ թէ Օրէնքը։ Քրիստոսով մենք յաղթանակ տարինք Օրէնքին վրայ։
Եթէ Քրիստոսով մենք յաղթանակ տարինք Օրէնքին վրայ, այդ կը նշանակէ, որ մենք Օրէնքին պարտուածութեամբ է որ յաղթող դարձանք։ Եթէ չկրնայինք Քրիստոսի շնորհքին ապաւինելով յաղթել Օրէնքին, երբե՛ք ալ յաղթող պիտի չկոչուէինք։
Ի՞նչ է իմաստը «մեղքը իր ոյժը Օրէնքէն կառնէ» խօսքին։ Մեղքին ծանրակշիռ ազդեցութիւնը հանդէս կու գայ միայն ա՛յն ատեն երբ այդ մեղքը արգիլող օրէնք մը կայ։ Այսինքն, եթէ «ցանկալը» արգիլող օրէնք մը չկար, այդ պարագային «ցանկալը» մեղք պիտի չնկատուէր։ Ահա թէ ինչո՛ւ առաքեալը կըսէ. «Չէի գիտնար ի՛նչ է ցանկութիւնը, եթէ Օրէնքը չըսէր՝ «Մի՛ ցանկար»։ Մեղքը առիթէն օգտուելով՝ պատուիրանին միջոցաւ ամէն տեսակի ցանկութիւն առաջացուց իմ մէջս. եթէ Օրէնքը չըլլար՝ մեղքը մեռած պիտի մնար» (Հռ 7.7-8)։
Սիրելի՛ ընթերցող, գիտնալէ ետք թէ Աստուծոյ շնորհքը անհունօրէն աւելի մեծ է քան Աստուծոյ Օրէնքը, չե՞զ ուզեր վստահիլ Աստուծոյ շնորհքին, որ յայտնուեցաւ Քրիստոսի յայտնութեամբ։ Թոյլ մի՛ տար որ Սատանան օրէնքներու գործադրութեամբ փրկութիւն ձեռք ձգելու վստահութիւն ներշնչէ քեզի։ Փրկութիւնը Փրկիչին պարգեւն է եւ ո՛չ թէ արդիւնքը օրինապահութեանդ։
Վստահէ՛ Փրկիչիդ եւ ո՛չ թէ փրկութեան կարօտ անձիդ գործերուն։ Քրիստոս միակ արդարն ու արդարացնողն է։ Միակ արդարացնողին վստահիլը կարդարացնէ քեզ։ Արդարութիւնդ Օրէնքի գործադրութենէն չի՛ գար, այլ՝ Քրիստոսի հանդէպ ունեցած հաւատքէդ (Փլպ 3.9)։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից