
Ո՛չ ոք նախասահմանուած է դժոխք երթալու

Որոշ դասակարգի պատկանող մարդոց մօտ կը գտնենք տարօրինակ մտածողութիւն մը, ըստ որուն, «Աստուած նախասահմանած է թէ որո՛նք պիտի փրկուին եւ որո՛նք՝ ոչ»։ Աստուածաշունչը սակայն տարբեր բան կուսուցանէ։ Ան կուսուցանէ թէ Աստուծոյ փափաքն է, որ բոլո՛ր մարդիկը փրկուին եւ ո՛չ թէ ոմանք միայն։ «Ա՛յդ է բարին եւ այդ կը փափաքի Աստուած, մեր Փրկիչը, որ կուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան ճանաչումին, թէ՝ մէկ Աստուած կայ միայն, եւ Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ միակ միջնորդ մը՝ Յիսուս Քրիստոս մարդը, որ ինքզինքը իբրեւ փրկագին տուաւ բոլոր մարդոց համար» (Ա.Տմ 2.3-6)։
Այլուր, Պօղոս առաքեալ, դարձեալ կը վկայէ որ «Աստուած իր շնորհքը յայտնեց՝ որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին» (Տիտ 2.11)։ Նո՛յնը կը հաստատէ Պետրոս առաքեալ երբ կըսէ. «Տէրը պարզապէս համբերատարութիւն ցոյց կու տայ ձեզի հանդէպ, որովհետեւ չուզեր որ ոեւէ մէկը կորսուի, այլ՝ կուզէ որ բոլորն ալ ապաշխարելու առիթ ունենան» (Բ.Պտ 3.9)։ Իսկ Յովհաննէ կըսէ. «Անիկա՛ է մեր մեղքերը քաւող Զոհը, որ ինքզինք մատուցանեց՝ մեր մեղքերը սրբելու համար. եւ ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մեղքերը» (Ա.Յհ 2.2)։
Երբ մէկը կորոշէ իր անզիղջ եւ անապաշխար ընթացքին մէջ մնալ եւ այդպէս ալ կը վախճանի, մենք իրաւունք չունինք անոր առած որոշումը վերագրելու Աստուծոյ։ Մեծագոյն փաստը որ Աստուած չէ որոշած եւ չուզեր որ մէկը դժոխք երթայ, կը գտնենք Մատթէոսի 25-րդ գլխուն մէջ։ Քրիստոս խօսած ատեն յաւիտենական կրակին մասին, կըսէ, որ ատիկա «Սատանային եւ անոր չար հրեշտակներուն համար պատրաստուած է» (Մտ 25.41)։ Իսկ խօսած ատեն երկինքի արքայութեան մասին, կըսէ, որ ատիկա «աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է» հաւատացեալ եւ օրհնեալ մարդոց համար (Մտ 25.34)։
Վերոյիշեալ երկու համարներուն վերաբերեալ, կարեւորութեամբ նկատի պէտք է առնել հիմնական երկու կէտեր։ Առաջին.- Աստուածաշունչին մէջ չկա՛յ համար մը որ մեզի ըսէ թէ դժոխքն ու անոր յաւիտենական կրակը պատրաստուած կամ ստեղծուած է որոշ դասակարգի պատկանող մարդոց համար։ Տուեալ համարին համաձայն, դժոխքը մի՛այն Սատանային համար պատրաստուած է։ Երկրորդ.- Արքայութեան մասին խօսած ատեն Քրիստոս կը գործածէ «սկիզբէն պատրաստուած» բացատրութիւնը, մինչ դժոխքին մասին խօսած ատեն, ան չըսեր «սկիզբէն պատրաստուած», այլ պարզապէս՝ «պատրաստուած»։ Երբ մի՛այն արքայութեան համար կը գործածուի «սկիզբէն» բառը, այդ բացորոշ կերպով ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ սկզբնական ծրագիրը կատարելապէս բարին էր։ Արքայութեան համար գործածուած «սկիզբէն» բառը թոյլ չի տար ըսելու, որ Աստուած սկիզբէն որոշած է որ որոշ մարդիկ դժոխք նետուին։
Մեր եկեղեցւոյ տեսակէտը այն է, որ ամէ՛ն մարդ կանչուած է փրկութեան (Ա.Տմ 2.3-4), ամէ՛ն մարդ Քրիստոսի արեան գինն է (Ա.Յհ 2.2), ամէ՛ն մարդ կրնայ դարձի գալ (Գրծ 3.19, Զք 1.3, Մղ 3.7), ինկած թէ իյնալու վրայ եղող ամէ՛ն մարդ կրնայ վերականգնեցուիլ եւ վերահաստատուիլ Աստուծոյ կողմէ (Սղ 145.14 հմմտ Հռ 14.4)։ Աստուած բոլորի՛ն առիթ կու տայ որ «դառնան իրենց սխալէն եւ ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Բ.Տմ 2.25), բոլորի՛ն առիթ կու տայ որ ապաշխարեն (Գրծ 11.18), բոլորի՛ն կուղղէ իր խօսքը ըսելով. «Արթնցի՛ր, ո՜վ քնացած. դո՛ւրս եկուր մեռելութենէդ, եւ Քրիստոս պիտի լուսաւորէ քեզ» (Եփ 5.14), բոլո՛րը կը հրաւիրէ իր անձին գալու (Մտ 11.28) եւ կը խոստանայ չմերժել իրեն եկողը (Յհ 6.37)։
Ան որ կը մերժէ Քրիստոսի գալ, ի՛նքն է որ ինքզինք նախասահմանած կըլլայ կորսուելու առ յաւէտ եւ ո՛չ թէ Աստուած։ Ո՞վ երբեւիցէ եկաւ Քրիստոսի եւ մերժուեցաւ։ Ո՞վ բաղխեց Փրկիչին դուռը եւ չբացուեցաւ իրեն։ Ո՞վ խնդրեց եւ չտրուեցաւ իրեն։ Ո՞վ փափաքեցաւ հաշտուիլ Աստուծոյ հետ եւ Աստուած մերժեց։ Ո՛չ ոքի համար դժոխք նետուելու որոշում տրուած է սկիզբէն։ Ո՛չ ոք նախասահմանուած է դատապարտուելու։ «Ո՞վ պիտի դատապարտէ։ Յիսուս Քրիստո՞սը, որ մեզի համար մեռաւ՝ բայց մանաւանդ յարութիւն առաւ, եւ հիմա Աստուծոյ աջ կողմն է ու կը բարեխօսէ մեզի համար։ Անշուշտ ո՛չ» (Հռ 8.8.34)։ Մեզի համար յարութիւն առնող Յիսուսը դժուարութիւն պիտի չյարուցանէ մեզի եթէ երբեք ներումի համար դիմենք իրեն։
Ապրած, ապրող եւ ապրելիք բոլոր մարդոց անունները գրուած են կեանքի գիրքին մէջ։ Յայտնութեան 3.5-ին մէջ կը կարդանք. «Ով որ յաղթանակէ՝ այսպէս ճերմակ պիտի հագնի. եւ անոր անունը պիտի չջնջեմ կեանքի գիրքէն…»։ «Պիտի չջնջեմ» բացատրութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ ամէն մարդու անունը կեանքի գիրքին մէջ արդէն գրուած է, բայց որպէսզի շարունակուի գրուած պահուիլ՝ մարդ անհատը պէտք է մղէ հաւատքի բարի պատերազմը։ Եթէ երբեք Յյտ 3.5-ը ցոյց կու տայ մարդոց անուններուն արդէն իսկ գրուած ըլլալը, իսկ Ես 44.22-ը ցոյց կու տայ, մարդոց յանցանքներուն եւ մեղքերուն ջնջուած ըլլալը նախքան անոնց դարձը. «Քու յանցանքներդ՝ մէգի պէս ու քու մեղքերդ ամպի պէս ջնջեցի։ Ինծի դարձիր, քանզի քեզ փրկեցի»։ Ուշագրաւ է որ Աստուած չըսեր. «Ինծի դարձիր, որպէսզի քեզ փրկեմ», այլ՝ «Ինծի դարձիր, քանզի քեզ փրկեցի», որ կը նշանակէ, որ Աստուած բոլորս նախասահմանած է փրկութեան։
Նախասահմանութեան հաւատացողները իրենց տեսութիւնը կը հիմնեն Հռ 8.28-30-ի վրայ, որ կըսէ. «Աստուած բարիին համար գործակից կըլլայ անոնց՝ որոնք կը սիրեն զինք եւ իր ծրագիրին համաձայն իրեն կանչուած են։ Որովհետեւ, Աստուած զանոնք սկիզբէն կը ճանչնար եւ սկիզբէն ալ սահմանեց… եւ սկիզբէն այդ սահմանուածները նաեւ կանչեց, եւ կանչուածները նաեւ արդարացուց, եւ արդարացածներն ալ փառաւորեց»։
Տուեալ համարին համաձայն, որո՞նք են անոնք՝ որոնք Աստուծոյ կողմէ սահմանուած են իրե՛ն գալու՝ իրմով արդարանալու եւ փառաւորուելու համար։ Այս մարդիկը անոնք են՝ «որոնք կը սիրեն զինք»։ Անոնք որոնք կը սիրեն զԱստուած՝ իրե՛նց կարգին կը սիրուին Աստուծոյ կողմէ, քանի որ Աստուած ի՛նքն է ըսողը. «Ես կը սիրեմ զիս սիրողները» (Առ 8.17)։ Պարզ է հետեւաբար, որ փրկութեան սահմանուածները զԱստուած սիրող մարդիկն են։
Կարելի՞ բան է որ Աստուած չճանչնայ եւ չարդարացնէ զինք սիրողները։ Կարելի՞ բան է որ Աստուած չփրկէ ու չպահէ զինք սիրողները։ «Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահէ» (Սղ 145.20)։ Կարելի՞ բան է որ Աստուած գործակից չըլլայ զինք սիրողներուն։ Ամբողջ շեշտը դրրինք աստուածսիրութեան վրայ, որովհետեւ Աստուծոյ ծրագիրն է փրկել զինք սիրողները։ Իսկ զԱստուած սիրող մը անկարելի է որ դարձի չգայ Աստուծոյ։
Երբ հանդիպինք զԱստուած չսիրող եւ Աստուծմով չհետաքրքրուող մարդոց, պէտք չէ մտածենք որ անոնք «նախասահմանուած» են դժոխք երթալու. ո՛չ ալ պէտք է մտածենք որ անոնց անաստուածսիրութիւնը անոնց «նախասահմանուած» ըլլալուն արդիւնքն է։ Անոնց անաստուածսիրութիւնը անոնց նախասահմանուած ըլլալուն արդիւնքը չէ, այլ անոնց ազատ կամքին արդիւնքը։ Ո՞վ կը ստիպէ զիրենք չսիրելու զԱստուած։ ԶԱստուած սիրելը իրենց կոչումը չէ՞։ Ինչո՞ւ տէր չեն կանգնիր իրենց կոչումին։
Սուրբ Գիրքը կը հաստատէ որ Աստուած նախասահմանեց եւ կը նախասահմանէ որ զինք սիրողները փրկուին, բայց բնա՛ւ երբեք չի՛ նախասահմաներ եւ չորոշեր թէ որո՞նք պէտք է զինք սիրեն եւ որո՞նք՝ ո՛չ։ Սուրբ Գիրքին մէջ ո՞ւր գրուած է, որ Աստուած նախասահմանեց որ որոշ մարդիկ միայն զինք սիրեն։ Աստուածսիրութեան ճամբան բա՛ց է բոլոր մարդոց առջեւ անխտիր։
Անոնք որոնք կըսեն. «Աստուած նախասահմանած է որ ոմանք փրկուին եւ ոմանք ալ կորսուին», այդպիսիները զԱստուած մեղադրած կըլլան իբրեւ խտրութիւն դնող եւ կողմնակցութիւն ցուցաբերող մէկը։ Պետրոս առաքեալ խօսելով հեթանոսներուն եւ իրենց նկատմամբ Աստուծոյ վերաբերմունքին մասին, կըսէ. «Աստուած… որեւէ խտրութիւն չդրաւ անոնց եւ մեր միջեւ. այլ որովհետեւ հաւատացին՝ սրբեց անոնց մեղքերը» (Գրծ 15.9)։ Այս համարը բացայայտօրէն ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ նպատակը երբե՛ք հեթանոսները կամ անհաւատները յաւիտենական կորուստի մատնելը չէ։
Աստուած խտրութիւն չի՛ դներ հեթանոսին եւ քրիստոնեային միջեւ, անհաւատին եւ հաւատացեալին միջեւ, կը բաւէ որ անոնք հաւատան Քրիստոսի եւ ընդունին զայն։ Նո՛յնը կը պատգամէ Պօղոս առաքեալ. «Առանց խտրութեան, բոլոր անոնք որոնք Քրիստոս Յիսուսի կը հաւատան, Աստուծոյ առջեւ կարդարանան» (Հռ 3.22)։ Այո՛, Քրիստոսի հաւատացողը՝ կարդարանայ, որովհետեւ, «հաւատքին մէջ խտրութիւն չկայ Հրեային ու հեթանոսին միջեւ. բոլորին ալ Տէրը նոյն Տէրն է, որ գթառատ է բոլոր անոնց հանդէպ՝ որոնք զինք կը կանչեն» (Հռ 10.12)։ «Ո՛չ Հրեայի եւ հեթանոսի խտրութիւն կայ, ո՛չ ստրուկի եւ ազատ մարդու, ո՛չ ալ արուի եւ էգի, որովհետեւ Քրիստոսի միանալով՝ բոլորդ ալ մէկ եղաք» (Գղ 3.28)։
Աստուծոյ սիրտին փափաքն է աշխարհի բոլոր մարդոց միջեւ իրագործուած տեսնել եղբայրական մէկութիւն մը (Յհ 10.16 Հմմտ Յհ 17.11)։ Աստուծոյ նպատակն է որ տիեզերքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր մարդ էակ դառնայ անդամ Քրիստոսի մարմինին։ Սուրբ Գիրքն ալ նո՛յնը կը հաստատէ երբ կըսէ. «Աստուծոյ ծրագիրը սա է, որ Աւետարանին միջոցաւ բոլոր ազգերն ալ Աստուծոյ ժողովուրդին ժառանգակից ըլլան, դառնան նոյն մարմինին անդամ, եւ բաժնեկից այն խոստումին՝ որ Աստուած իրագործեց Քրիստոս Յիսուսով» (Եփ 3.6)։
Սիրելի՛ բարեկամ, Աստուած չուզեր որ ոեւէ մէկը զրկուի իր շնորհքէն (Եբր 12.15) եւ տալիք յաւիտենական հանգիստէն (Եբր 4.11), ահա թէ ինչո՛ւ ըսաւ. «Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ…» (Մտ 11.28)։ Հրաւէրը ուղղուած չէ ոմանց, այլ՝ բոլորին։ Ա՛յս է շիտակը։ Բայց մարդիկ «շիտակ խօսողէն կը զզուին» (Ամս 5.10)։ Այսպիսի մարդիկ «միշտ կուզեն գիտնալ, բայց երբեք ճշմարիտ գիտութեան չեն հասնիր» (Բ.Տմ 3.7)։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից