Բաժիններ՝

Զգո՛յշ եղիր երբ կը մօտենաս Կեանքի հացին ու գինիին

Ան որ անհոգութեամբ կը մօտենայ սրբագործեալ հացին եւ գինիին, ոտնակոխ ըրած կ՚ըլլայ Աստուծոյ Որդին, համաձայն Պօղոս առաքեալի խօսքին. «Եթէ Մովսիսական Օրէնքը խախտողը երկու կամ երեք հոգիի վկայութեամբ մահուան կը դատապարտուի առանց գթութեան, որքա՜ն աւելի ծանր պատիժի արժանի պիտի համարէք այն անձը՝ որ ոտնակոխ կ՚ընէ Աստուծոյ Որդին, կ՚արհամարհէ Նոր Ուխտի կնքումին համար թափուած արիւնը, որով Քրիստոս զինք սրբեց, եւ կ՚անարգէ շնորհքները պարգեւող Սուրբ Հոգին» (Եբր․ 10.28-29)։

Երբ մարմնասէր մարդը Քրիստոսի մարմինը ուտէ եւ ինքնիր արիւնը մեղքի տիղմով շաղախած անձը Քրիստոսի արիւնը խմէ, ան ո՛չ միայն ոտնակոխ ըրած կ՚ըլլայ Աստուծոյ Որդին, այլեւ սպաննած կ՚ըլլայ զանիկա։ Նո՛յնը կը հաստատէ Յովհաննէս Մանդակունի երբ կ՚ըսէ. «Մարդը որ մարդ կը սպաննէ, մարդասպան կ՚անուանուի. իսկ ան որ անարժանութեամբ Տիրոջ մարմինէն հաղորդուի, աստուածասպան կ՚ըլլայ. որովհետեւ անգամ մը եւս խաչ կը հանէ Աստուծոյ Որդին»։

Արդարեւ, աստուածասպանութիւն է անհաւատութեամբ ճաշակել մեր հաւատքի Հիմնադիրին մարմինն ու արիւնը։ Յաւիտենական արցո՛ւնք պիտի ըլլայ բաժինը անոր որ արցունքով չի՛ մօտենար Սուրբ Հաղորդութեան։ Կրա՛կ պիտի ըլլայ բաժինը անոր որ կրակէ հաւատքով չի՛ մերձենար Տիրոջ բաժակին։ Մա՛հ պիտի ըլլայ բաժինը անոր որ անմահանալու համար չէ որ կը հաղորդուի։ Արդարեւ, մեռած հաւատքով Անմահին մօտենալը կրնայ մեզ մահուան առաջնորդել։

Մտաբերեցէք որ երբ Բեթսամիւսի մարդիկը Տիրոջ տապանակին մէջ նայեցան, Տէրը անոնցմէ յիսուն հազար եօթանասուն մարդ սպաննեց։ Ի տես պատահածին, Բեթսամիւսի մարդիկը աղաղակեցին ըսելով. «Ո՞վ կրնայ կենալ այս սուրբ Աստուծոյ ներկայութեան» (Ա.Թգ․ 6.19-20)։ Այս իրողութիւնը ահով պէտք չէ՞ լեցնէ մեր սիրտերը եթէ երբեք անհոգութեամբ է որ Տիրոջ մարմինին կը մօտենանք։

Կարդացեք նաև

Բեթսամիւսացիներուն եւ մեր ըրածին տարբերութիւնը շատ մեծ է։ Անոնք պարզապէս նայեցան Տիրոջ տապանակին մէջ, իսկ մենք որ հաղորդուելու կը մօտենանք՝ միայն սկիհին մէջ չէ որ կը նայինք, այլ սկիհին մէջ եղած Աստուծոյ սրբարար մարմինն ու արիւնը՝ կ՚առնենք մեր բերաններուն մէջ։ Աստուծոյ մարմինն ու արիւնը սկիհէն առնելով մեր սիրտերուն սկիհին մէջ է որ կը դնենք։

Մեռած հաւատքով պէտք չէ մերձենալ անմահատու կեանքի Հացին եւ Գինիին։ Սուրբ Հաղորդութիւնը կրնայ թէ՛ փրկութեան եւ թէ՛ կորուստի պատճառ հանդիսանալ։ Փրկութեան պատճառ կը դառնայ երբ փրկութեան կարօտ մեր հոգին է որ մեզ անոր կ՚առաջնորդէ, եւ կորուստի պատճառ կը դառնայ՝ երբ մեղքի մէջ կորսուած վիճակով եւ անտարբերօրէն կը մօտենանք անոր։ Սուրբ Խորհուրդին անտարբերութեամբ մօտենալը վտանգումն է մեր փրկութեան, խաթարումն է մեր յաւիտենականութեան։

Նշխարն ու գինին կը փրկեն երբ փրկութեան կարօտ հոգիներու հանդիպին։ Ինչպէս ջուրը ծարաւ մարդուն համար աւելի օգտակար է քան յագեցածին, նոյնպէս ալ Սուրբ Հաղորդութիւնը Աստուծոյ ծարաւը ունեցողներո՛ւն աւելի կ՚օգտէ եւ ո՛չ թէ անտարբերներուն։ Սուրբ Հաղորդութիւնը մեզ այլակերպել չի՛ կրնար եթէ երբեք մենք այլակերպուելու փափաք չունինք։ Ինչպէս սերմը եթէ բերրի հողի մէջ իյնայ կը ծլի, կ՚աճի եւ պտուղ կը բերէ, այնպէս ալ եթէ Տիրոջ մարմինն ու արիւնը Աստուծոյ սիրով եւ հաւատքով բերրի դարձած հոգիի մը հանդիպին՝ կ՚այլակերպեն եւ կ՚արդիւնաւորեն զանիկա։ Հաղորդութեամբ Տէրը կը հանդիպի մեզի եթէ մեզ հոգեպէս պատրաստ վիճակի մէջ գտնէ։ Իսկ մեզ հոգեպէս պատրաստողը Սուրբ Հոգին ի՛նքն է։

Ինչպէս երբ մէկը պիտի հրաւիրենք մեր տունը, մաքրութիւն կ՚ընենք եւ պատրաստութիւններ կը տեսնենք, այնպէս ալ երբ Հաղորդութեան համար սուրբ սեղան մօտենանք, պէտք է աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ պատրաստած ըլլանք մեր հոգիներն ու սիրտերը։ Հաղորդութեամբ մեր սիրտերէն ներս մուտք գործողը պարզ անձ մը չէ, այլ մեր փրկութեան Աստուածն է, փառքի ու փառաւոր Թագաւորն է, երկինքի եւ երկրի Իշխանն է։ Երբ կը հաղորդուինք, խաղաղութիւնն է որ կ՚իշխէ մեր հոգիներուն մէջ, որովհետեւ խաղաղութեան իշխանը՝ Քրիստոս, կու գայ բազմելու մեր սիրտի գահին վրայ։

Ս. Ներսէս Շնորհալի խօսելով Սուրբ Հաղորդութեան մասին, կ՚ըսէ. «Եթէ Աստուած հրահանգեց Մովսէսին որ մեռած կենդանիի մորթէ շինուած կօշիկով չկոխել այն վայրը, ուր երեւաց Աստուածութեան հուրը, հապա որքա՛ն աւելի անհրաժեշտ է որ մենք նախ վանենք մեր ներսիդէն մեղքերու մեռելութիւնը եւ յետո՛յ միայն մերձենանք աստուածային խորհուրդին, որովհետեւ մենք Մովսէսի նման Աստուծոյ հետ չէ որ կը խօսինք կամ անոր թիկունքը չէ որ կը տեսնենք միայն, այլ մեր ձեռքով կը շօշափենք Անշօշափելին, մեր շրթունքներով կը համբուրենք Սէրը, մեր բերանով կը ճաշակենք բոլոր մարդիկը Կերակրողը, Զայն կ՚ընդունինք մեր սիրտին մէջ եւ հոգիով կը միանանք Աստուծոյ հետ»։

Բարսեղ Մաշկեւորցին խօսելով Եբրայեցիներուն զատկական գառնուկին եւ զանիկա ուտելու կերպին մասին, կ՚ըսէ. «Հրեաները եթէ ոտքի կանգնած, կօշիկով, ցուպը իրենց ձեռքը բռնած կ՚ուտէին (Ել․ 12.11) գառնուկը, որչա՞փ աւելի դուն պէտք է արթուն ըլլաս երբ սուրբ սեղանին կը մերձենաս ճաշակելու Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը։ Անոնք Պաղեստինցիներու երկիրը պիտի երթային, իսկ դուն՝ երկինք»։ Քանի որ Սուրբ Հաղորդութիւնը մեզ երկրէն երկինք կ՚առաջնորդէ եւ Ամենատեսին տեսութեան կը տանի՝ պէտք չէ՞ լուրջ կերպով պատրաստուինք ատոր։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

surbzoravor.am

Տեսանյութեր

Լրահոս