
Ինքզինք խոնարհեցնողը կը բարձրանայ

Քրիստոս ինքզինք կոչեց հեզ ու խոնարհ (Մտ․ 11.29), ուստի ան չի կրնար աշխատիլ կամ գործակցիլ մէկու մը հետ որ հպարտ ու ամբարտաւան է։ Ամբարտաւան մարդը յանձնապաստան մարդ կ՚ըլլայ, այսինքն, ան կ՚ըլլայ մէկը որ ինքզինքին նկատմամբ կոյր վստահութիւն կ՚ունենայ, մէկը՝ որուն յոյսը ինքնիր անձն է, մէկը՝ որուն ապաւէնը ինքնիր կարողութիւններն են։ Այսպիսի մարդ մը չի կրնար Սուրբ Հոգիին օրհնութիւնը վայելել, որովհետեւ ան ինքզինք է որ օրհնութիւն կը սեպէ։
Աշխարհի մէջ չէ ապրած անձ մը որ փորձած ըլլայ ինքզինք բարձրացանել եւ վայելած ըլլայ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը։ Աստուած չի մեծցներ մէկը որուն կեանքին նպատակը մեծնալն է։ Չի փառաւորեր մէկը որ ուրիշներէն փառք կը փնտռէ։ Երբ կը տեսնենք մէկը որ կը հարստանայ, տուներու, գործերու ու բարձր պաշտօններու տէր կը դառնայ, այս բոլորը երբեք իր յաջողութեան ապացոյց իբրեւ չեն ծառայեր։
Աշխարհի ակնոցով դիտուած, յաջող մարդը ա՛յն մարդն է, որ մեծ հարստութեան տէր կը դառնայ եւ կը շրջապատուի կեանքի լաւ պայմաններով, իսկ Աստուծոյ ակնոցով դիտուած, յաջող ու երանելի մարդը ա՛յն մարդն է, որ դարձի կու գայ Քրիստոսի եւ ձեռք կը ձգէ փրկութիւն, քաւութիւն, արդարացում եւ յաւիտենական կեանք։ Աստուած կը բարձրացնէ ո՛չ թէ ինքզինք բարձրացնողը, այլ զինք բարձրացնողը։ Ան խօսքը ուղղելով Հեղիին կ՚ըսէ. «Ես զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ» (Ա.Թգ․ 2.30)։ Փիլիպպեցիներուն նամակին մէջ կը կարդանք որ Քրիստոս «ինքզինքը խոնարհեցուց եւ Աստուծոյ հնազանդեցաւ» եւ «ատոր համար ալ Աստուած զայն շատ աւելի բարձրացուց եւ իրեն տուաւ այն անունը, որ վեր է բոլոր անուններէն» (Փլպ․ 2.8-9)։
Յովհաննէս Մկրտիչ ինքզինք խոնարհեցուց երբ Քրիստոսի վերաբերեալ ըսաւ. «Անիկա ինձմէ աւելի հզօր է, եւ ես անոր կօշիկները կրելու իսկ արժանի չեմ» (Մտ․ 3.11), իսկ Քրիստոս զայն բարձրացուց ու պատուեց երբ ըսաւ. «Վստահ եղէք, թէ մարդոց մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն մեծը չէ ծնած» (Մտ․ 11.11)։
Պօղոս առաքեալ նաեւ անչափօրէն խոնարհ անձնաւորութիւն մըն էր։ Ան երբ կը խօսի ինքզինքին եւ առաքեալներուն մասին կ՚ըսէ. «Առաքեալներուն մէջ յետինն եմ ես եւ արժանի իսկ չեմ առաքեալ կոչուելու, քանի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի» (Ա.Կր․ 15.9). իսկ երբ կը խօսի մեղաւորներուն մասին, ինքզինք կը կոչէ «առաջին մեղաւորը» (Ա.Տմ․ 2.15)։ Տարօրինակ չէ՞ որ Պօղոսին պէս մէկը ինքզինք նկատէ յետինը առաքեալներուն մէջ եւ առաջինը մեղաւորներուն մէջ։ Մարդիկ ընդհանրապէս հակառակն է որ կ՚ընեն։ Մարդիկ միշտ ուրիշն է որ մատնացոյց կ՚ընեն երբ խօսքը մեղաւոր կամ յանցապարտ ըլլալու մասին է, իսկ երբ խօսքը արդար ու բարի ըլլալու մասին է, իրենք զիրենք մատնացոյց կ՚ընեն։
Գողիաթին ինքնավստահութիւնը զինք գոռոզութեան առաջնորդեց։ Ան նոյնիսկ յանդգնեցաւ զԱստուած նախատել (Ա.Թգ․ 17.26)։ Ան վստահեցաւ իր յաղթակազմ եւ հուժկու մարմինին, ապաւինեցաւ իր տարիներու պատերազմական փորձառութեան, իր սուրին, նիզակին ու գեղարդին, բայց Աստուած զինք խոնարհեցուց պատանի Դաւիթին ձեռքով, որ զայն տապալեց ու գլխատեց (Ա.Թգ․ 17.49-51)։
Մարդիկը ընդհանրապէս հպարտութեան ու գոռոզութեան առաջնորդողը Գողիաթի հոգեբանութիւնն է։ Անոնք որոնք Գողիաթի նման կ՚ապաւինին իրենց անձերուն ճարպիկութեան եւ կարողութեան, եւ կը կարծեն որ իրենց սեփական զօրութեամբ ու միջոցներով կրնան իրագործել իրենց փափաքները, երազները, աշխատանքերը, տեսիլքները, յաղթանակները, անոնք ուշ կամ կանուխ յուսախաբ կ՚ըլլան։ Ամբարտաւան մարդը յանձնապաստան մարդ կ՚ըլլայ միշտ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած հակառակ է անոնց։ Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչդեռ շնորհք կու տայ խոնարհներուն» (Յկ․ 4.6)։ Ինչո՞ւ Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն։ Ամբարտաւան մարդը Աստուծոյ յուսալու եւ ապաւինելու փոխարէն, ինքնիր անձին կը յուսայ եւ կ՚ապաւինի, եւ այս երեւոյթը կը գրգռէ զԱստուած, որովհետեւ ան որ ինքնիր անձին կը յուսայ եւ կ՚ապաւինի՝ ինքզինք է որ պատուած ու փառաւորած կ՚ըլլայ, մինչդեռ ան որ Աստուծոյ կը յուսայ եւ կ՚ապաւինի՝ զԱստուած է որ պատուած ու փառաւորած կ՚ըլլայ։
Աստուած թոյլ չի տար որ մարդիկ հպարտութեամբ յափշտակեն իր փառքն ու պատիւը։ Ան կը յայտարարէ ըսելով. «Իմ փառքս ուրիշին չեմ տար» (Ես․ 42.8, 48.11)։ Աստուած մերժեց իր փառքը տալ Հերովդէս Ագրիպպասին։ Երբ Հերովդէս խնդիր մը լուծելու համար իր թագաւորական զգեստը հագաւ եւ եկաւ ատեան նստաւ ու խօսելու սկսաւ, ամբոխը աղաղակեց ըսելով. «Մարդ մը չէ՛ խօսողը, այլ Աստուած»։ Այս խօսքին վրայ «տեղնուտեղը Տիրոջ հրեշտակը հարուածեց զայն, քանի որ փառքը Աստուծոյ չվերագրեց» (Գրծ․ 12.21-23)։ Ասիկա դաս մը պէտք է ըլլայ բոլոր անոնց՝ որոնք Հերովդէս Ագրիպպասի հոգիէն կը կրեն իրենց ներսիդին։
Յիշենք նաեւ Նաբուգոդոնոսորին օրինակը։ Երբ ան իր պալատին պա տշգամը կը ճեմէր, շուրջի գեղեցիկ շինարարութիւններուն նայեցաւ եւ հպարտանալով ըսաւ. «Այս չէ՞ այն մեծ Բաբելոնը որ ես իմ զօրութեամբս ու կարողութեամբս իմ… փառքիս… համար շինեցի»։ Խօսքը տակաւին չաւարտած, երկինքէն ձայն մը իրեն ըսաւ թէ թագաւորութիւնը խլուեցաւ իր ձեռքէն եւ թէ ինք անասուններու նման խոտաճարակ պիտի ըլլայ, մինչեւ որ գիտնայ «թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ» (Դն․ 4.28-33)։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից