«Ընդունելի չէ, որ երկու տուժած ժողովուրդներ իրար հանդէպ ոխ եւ ատելութիւն ունենան». Օսման Պայտէմիր
Հարցազրոյց Տիգրանակերտի նախկին քաղաքապետ Օսման Պայտէմիրի հետ
Հայ –քրտական յարաբերութիւններ: Ծանր, դժուարին, բաւական բարդ գործընթաց մը բայց եւ այնպէս այդքան անհրաժեշտ ու անյետաձգելի: Յատկապէս այս օրերուն, երբ ամբողջ տարածքաշրջանին մէջ քրտական հարցը ոչ միայն առաջնահերթութիւն է, այլ դարձած է նոր օրակարգ եւ ընթացք թելադրող դրոյթ: Այսպէս է Պոլսոյ մէջ, այդպէս է Սուրիոյ մէջ, այդպէս է Քէրքուքի, Մուսէլի եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի տարբեր հատուածներուն մէջ: Քրտական հարցին առումով մեր ունեցած կարծրատիպերը ոչ մէկ նշանակութիւն կրնան ունենալ այնքան ատեն, որ մենք պատրաստ չենք լսել դիմացի կողմը: Վստահ եմ, որ այս հրապարակումէն ետք շատ պիտի ըլլան մեղադրող կողմերը: Այստեղ փոքր փակագիծ մը բանալով պէտք է վերյիշեցնել, որ ոչ ոք պատմութիւնը կրնայ կեղծել, մոռնալ կամ ուրանալ բայց աւելի քան որեւէ ժամանակ հարկ է լսել արեւմտահայաստանի մեր կարեւոր գործընկերոջ իրենց բառերով Մէզոբոթամիոյ (քիւրտերը այդպէս կը կոչեն արեւմտեան Հայաստանի տարածքները)՝ Քիւրտ հարեւանին խօսքը եւ ըսելիքը: Այդ ձայներէն ամէն կարեւոր, ամէնէն ազդու եւ ամէնէն տիրական ներկայութիւններէն է Օսման Պայտէմիրը, որ Տիգրանակերտ-Տիարպէքիր նահանգի նախկին քաղաքապետն է: Ան վերջերս կը գտնուէր Երեւան ընդառաջելով «Արեւմտահայերու Ազգային Համագումար»ի հրաւէրին: Պայտէմիրի այցի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած փակ հանդիպման մը ընթացքին, որուն ներկայ էին նաեւ քրտական հարցին քաջիմաց պատմաբաններ, Պայտէմիր կարեւոր խօսքով հանդէս գալով իմ միջի այլոց ըսաւ՝ «այն ինչ, որ այսօր կը կատարուի Թուրքիոյ եւ յատկապէս Տիարպէրքիրի մէջ ասկէ 10 տարի առաջ անկանխատեսելի էր: Այսօր մեր արտայայտած մտքերը եթէ այդ օրերուն յայտնէինք մարդիկ մեզի խենթ պիտի անունէին»: Օգտուելով նախկին քաղաքապետին Երեւան գտնուելէն առիթէն ունեցայ հետեւեալ հարցազրոյցը:
-Պրն. Պայտէմիր Ձեր անունին ծանօթ եղանք յատկապէս Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ վերաբացման օրերէն սկսեալ: Խորքին մէջ ի՞նչն էր պատճառը, որ սկսաք բացայայտ կերպով խօսիլ հայկական հարցին մասին եւ փորձեցիք համագործացիլ հայերու հետ:
-20-րդ դարը Մէզաբոթամիոյ (Արեւմտահայաստան) մէջ ապրող ցեղերուն համար եղաւ ողբերգական: Ու յատկապէս հոն ապրող հայերը, ասորիները, գաղթէացիները, քիւրտերը եւ այլ փոքրամասնութիւններ իրօք ծանր օրեր անցուցին: Այդ դէպքերուն մասին պատումները մենք լսեցինք մեր մանկութեան օրերէն: Լսեցինք մեր նախահայրերէն ու նախնիներէն: 1915-էն մինչեւ 1937 երկարող տարիներուն հայերուն դէմ կատարուած սպանդները աւելի ուշ շարունակուեցան քիւրտերուն դէմ եւ յատկապէս Շէյխ Սայիտի ապստամբութեան օրերուն: Մէզաբոթամիոյ կամ Անատոլիոյ մէջ «Իթթիհատ եւ Թէրաքի»ի (Երիտթուրքեր) ձեռքերով հայերուն դէմ եղած սպանդները ուղղուեցան Քիւրտերուն դէմ: Երիտ թուրքերը իրենց ձեռքերուն եղած դաշոյնը այս անգամ ուղղեցին նոյն կրօնքը ունեցող քիւրտերուն դէմ: Անոնք մէկ նպատակ կը հետապնդէին ՝ բռնի ուժով նոյնացնել եւ մէկ ազգի վերածել ամբողջ շրջանի ժողովուրդները:
Մենք պէտք է դատապարտենք այս դէպքերը: Այս բոլորը մեր խճղին եւ սրտերուն մէջ են եւ այդ զգացումով է, որ մենք պէտք է ամէն առիթի դատապարտենք այդ դէպքերը: Այդ արիւնոտ դէպքերու վէրքերը սպիացնելու համար դատապարտումը եւ խօսքերը բաւարար չեն:
Այդ վէրքերը սպիացնելու համար հարկաւոր է գործնական քայլերու դիմել եւ այդ առումով է, որ մենք նախաձեռնեցինք մերձաւոր արեւելքի մեծագոյն եկեղեցիին՝ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիին պաշտամունքի համար վերաբացման: Մենք այդ քայլը առինք, որպէսզի մեզմէ հեռու ապրող տիարպէքիրցի մեր հայրենակիցները առիթ ունենան վերադառնանալ՝ Տիգրանակերտ: Մենք այդ ուղիները պէտք է բանայինք, որպէսզի այսօրուան նոր սերունդը առիթ ունենայ կապ հաստատելու իր հողին հետ: Այս մէկը առաջին կապը պիտի ըլլար հայրենիքին հետ, ասիկա նաեւ պիտի բանար դռները նոր սկիզբի մը համար: Մեզի համար խորհրդանշական ու կարեւոր էր, որ ինչպէս հարիւր տարի առաջ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ շուրջ երաժշտական համերգներ եւ մշակութային հանդիպումներ տեղի կ’ունենային այդ աւանդութիւնը վերստին վերակենդանանար: Ու չմոռնանք, որ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացման արարողութեան մասնակցեցան աշխարհի տարբեր ծագերէն ՝ Եւրոպայէն, Գանատայէն, Ամերիկայէն, Լիբանանէն եւ Երեւանէն Տիգրանակերտ հասած աւելի քան չորս հազար հայրենակիցներ: Այդ օր ես նոյնպէս կոչ ըրի իմ բոլոր հայրենակիցներուն իրենց հայրենիքն ու հողը վերադառնալու: Ճիշդ է, որ տիգրանակերտցիները ինչպէս այդ շրջաններու հայերը շատ մեծ կորուստներ կրած են: Բայց վստահ եղէք, որ մենք մնացողներս եւս շատ բան կորսնցուցինք: Մենք բազմալեզու երկրի մը մէջ աւպրելու առիթը կորսնցուցինք, բազմամշակոյթ կեանքով մը ապրելու հնարաւորութիւնը կորսնցուցինք: Կորսնցուինք տարբեր հաւատքներով ապրող մարդկանց միասին ապրելու բախտը: Բազմազգի ժողովուրդ ըլլալու հարստութիւնը կորսնցուցինք: Կորսնցուցինք մանաւանդ խաղաղութիւնը, հաշտութիւնը եւ զարգացումը: Անշունտ անցեալը պէտք չէ մոռնանք բայց պէտք չէ քէնով կամ վրէժխնդրաութեամբ լեցուինք: Անցեալը պիտի չմոռնանք, որպէսզի չկրկնուին նման դէպքերը: Անցեալի մասին խօսելու ատեն մենք պէտք չէ այդ անցեալին գերին դառնանք այլ ճանապարհային քարտէզ մը պատրաստենք, որպէսզի կարողանանք միասնաբար ընդհանուր ապագայ մը ստեղծել:
-Ձեր այցը առաջինն է դէպի Երեւան: Կրնա՞ք խօսիլ ձեր այցի նպատակներուն եւ տպաւորութիւններուն մասին:
-Երեւան կ’այցելեմ «ԱԱՀ»-ի («Արեւմտահայերու Ազգային Համագումար»- Ս.Ա.) հրաւէրով: Ինծի համար միշտ նպատակ եղած է մեռնելէ առաջ այցելել ՝ «Ծիծեռնաբերդ»-Ցեղասպանութեան թանգարան եւ Երեւանի Ռատիօ: Եւ այս պահուն կարծէք երազ մըն է, որ կ’իրականանյ: Կրնամ ըսել, որ շատ բաներ սորվեցայ: Տեսայ թէ ինչքան ճիշդ քայլ էր Երեւան գալս: Տեսայ նաեւ, որ ինչքան երկար ճանապարհ ունինք կտրելիք մենք միասին: Մեր գործը բաւական դժուարին է, որովհետեւ երկու ժողովուրդներն ալ կարեւոր քայլեր նետելու հանգրուանին առջեւ կը գտնուին: Նկատեցի նաեւ, որ շատ հեռու ենք իրարմէ: Տեսայ ու կարեւորեցի նաեւ, որ մանաւանդ հայ, թուրք եւ քիւրտ կանայք պէտք է իրար հետ գործակցին: Որովհետեւ օր մը մենք այս դրօշակը պիտի տանք նոր սերունդին ու իմ կարծիքով մարդուս մեծագոյն դաստիարակը կին արարածն է: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ երիտասարդութեան դերը, որոնք նոյնպէս մեծ ընելիք ունին: Անշուշտ պէտք է օգտուիք ակադեմականերու եւ պատմաբաններու գիտելիքներէն բայց ապագան պիտի ստեղծենք անոնց հետ, որ վաղը այս հողերուն վրայ պիտի ապրին:
-Քրտական հարցը միջին արեւելքի բարդ խնդիրներէն է: Ինչ կարելի է ըսել այս առումով տրուած ըլլալով, որ ե՛ւ Իրաքի, ե՛ւ Թուրքիոյ ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ քիւրտ քաղաքացիները կը գտնուին բաւական ծանր պայմաններու տակ: Արդեօ՞ք քիւրտերը ամբողջական պատկերարցում ունին դրուած խնդիրներուն վերաբերեալ կամ քիւրտ տարբեր խմբաւորումները միացեալ ծրագիր ունին իրենց մտքերուն մէջ:
-Քիւրտիստանի աշխարհագրութիւնը դժբախտաբար առանց քիւրտ ժողովուրդի կամքին կամ իմացութեան այսօր բաժնուած է չորս երկիրներու միջեւ: Պատմութեան ընթացքին մասնատուած ժողովուրդներու միացումը միշտ ալ դժուար եղած է: Ինչպիսին է հայերունը կամ ասորիներունը:Այս ալ կառավարման մեթոտ մըն է: Այսինքն օսմանեան իշխանութիւններուն որոշումով իրականացուած բաժնելու եւ տիրելու քաղաքականութեամբ տեղի ունեցած է այս բաժանումը:
Մենք լաւ գիտենք,որ առանց ազգային միութեան աւելիով կը հեռանանք ազատութիւնէն եւ իրաւունք պահանջելու կարողութիւն պիտի չունենանք: Ասոր առընթեր պէտք է ըսեմ, որ վերջերս Տհոք (Իրաքի Քիւրտիստան) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած համաձայնութեամբ յաջողեցանք կարեւոր առաջընթաց մը իրականացնել: Ես շատ բաց պիտի խօսիմ ու ըսեմ , որ քիւրտ ժողովուրդի միասնութիւնը շատ դրական կրնայ ըլլալ ե՛ւ թուրքերուն ե՛ւ հայերուն ու նաեւ պարսիկներուն համար: Եթէ քիւրտերը միանան եւ ազատութեան հասնին այդ մէկը դրական տեղաշարժ պիտի ստեղծէ տարածքաշրջանին մէջ, որ պատերազմներու հետեւանքով այսօր հեռացած է բոլոր ժողովրդրավարական գործընթացներէն: Պէտք է նկատել նաեւ, որ միջին արեւելքի մէջ արձանագրուող վտանգաւոր դէպքերու պատճառներէն մին կապ ունի քիւրտերու անազատ եւ միասնկամ չըլլալուն հետ: Եթէ քիւրտերը միանան եւ ազատութեան հասնին ժողովրդավարութիւն պիտի բերեն ամբողջ շրջանին համար: Ու այնքան ատեն, որ քրտական հարցը լուծում չէ գտած, Պաղտատ, Դամասկոս, Թեհրան, Անգարա եւ անոնց իշխանութիւնները պիտի շարունակեն անհանգիստ մնալ եւ ճնշումներ գործադրել իրենց քաղաքացիներուն դէմ:
-Ի՞նչպէս կը պատկերացնէք այս հարցերուն լուծումը պրն. Պայտէմիր:
-Լուծումը հետեւեալն է, բոլոր ժողովուրդները պէտք է իրենց ինքնութիւնը ու կրօնքը ազատ կերպով արտայայտեն եւ խաղաղ կերպով ապրին: Լուծումը այն է, որ պէտք է կառուցել այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր բոլոր ժողովուրդները պիտի կարողանան ապրիլ ազատ եւ համերշախ: Ու ըստ իս լուծումի ճամբան կը ստեղծուի, երբ քիւրտերը, հայերը եւ ասորիները միասին գործակցելով նոր ուղիներ կը գտնեն իրենց գերագոյն խնդրիներու լուծման համար: Այսօր Քոպանիի մէջ, Սինճար լերան վրայ կամ այլուր քիւրտերուն եւ այլ ժողովուրդներուն միջեւ ստեղծուած համաձայնութիւնը պէտք է շարունակուի եւ Տահէշի կամ նման բարբարոսութիւններ իրականացնող կողմերու դէմ ստեղծուած դաշինքը պէտք է դառնայ մնայուն:
Այստեղ կ’ուզեմ յիշել Եւրոպայի պարագան ու գաղտնիք չէ, որ Եւրոպան այսօրուան օրին հասնելու համար բաւական բարդ գործընթացներէ անցաւ: Ոչ ոք կրնար պատկերացնել, որ այդքան աւերիչ պատերազմներէ եւ արիւնահոսութիւնէ ետք Եւրոպան կրնար միաւորուիլ: Ինչու մենք Եւրոպական միութիւնէն օրինակ չառնենք: Սկսելով Երեւանէն անցնելով մինչեւ Տիգրանակերտ, Պաղտատ Դամասկոս եւ Պէյրութ պէտք է միասին աշխատինք միաւորում մը ստեղծելու համար: Միաւորում մը, որ յատկանշուած պէտք է ըլլայ իրար հանդէպ հանդուրժողութեամբ եւ հաշտութեամբ եւ կերտէ միասնաբար ապրելու մշակոյթ մը: Մենք հանդիսանալով միջին արեւելքի ժողովուրդներ, ունինք տարբեր հաւատալիքներ ու կրօններ եւ ստիպուած ենք միասին ապրելու, զիրար յարգելու եւ մեր տարբերութիւնները հարստութեան վերածելու:Մեր լուծումը պէտք չէ ըլլայ նոր սահմաններ ստեղծելով այլ առկայ կարծր սահմանները փափկացնելով:
-Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր մեծ թիւով քիւրտեր Լիբանան հաստատուեցան: Յատկապէս հայկական շրջաններուն մէջ յաճախ քիւրտերու եւ տեղի հայ բնակչութեան միջեւ տեղի կ’ունենան ընկերային ֆոնի վրայ ստեղծուած ընդհանրումներ կամ անհամաձայնութիւններ: Տեղեակ է՞ք այդ մասին : Ի՞նչ են ձեր պատկերացումները այդ առումով:
-Լիբանանի մէջ ապրող իմ սիրելի եղբայրներուն կոչ կ’ուղղեմ ըսելով, որ ձեր 1915 թուականի ապրածները մենք որպէս քիւրտեր այսօր կ’ապրինք Քուանիի մէջ: Քոպանիի դէպքերուն դիմաց ամէնէն խորքային մօտեցում ունեցող ժողովուրդները Լիբանանահայերն ու ասորիներն պէտք է ըլլան: Ես Լիբանանահայերէն զօրակցութեան ձեռք կը սպասեմ: Երանի մենք այդ զօրակցութիւնը ցոյց տայինք ձեզի 1915 թուին:
Մենք չկարողացանք այդ մէկը ընել ու վստահ եմ, որ դուք այսօր կրնաք քիւրտերուն զօրակցելով պատմութեան անցնիլ: Իսկ գալով Լիբանանի իմ քիւրտ հայրենակիցներուս պիտի ըսեմ, որ այդ տառապանքները, որ այսօր դուք կ’ապրիք այդ տառապանքներէն ձեզմէ շատ առաջ անցած են հայերը ու ասորիները եւ ի վերջոյ ընդունելի չէ, որ երկու տուժած ժողովուրդներ իրար հանդէպ ոխ եւ ատելութիւն ունենան:
Ի վերջոյ ըսեմ, որ մենք նորէն դրացիներ պիտի ըլլանք եւ վստահ եմ, որ միասին պիտի ապրինք: Մեր ապագան աւելի լուսաւոր եւ ազատ պիտի ըլլայ եւ այս բոլորի իրականացման համար մենք մէկ ընելիք ունինք, որն է իրար հանդէպ ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերել:
karabakh-open.info
Հարցազրոյցը վարեց ՝ Սագօ Արեան