Օտարականը նաեւ տառապած ու վշտակիր մարդն է։ Վշտակիր մարդը ընդունիլը, լոկ խօսքով անոր վշտակցիլը չէ, այլ օգնելն է անոր դուրս գալու վիշտի անդունդէն։ Տանջուած օտարականը ո՛չ դասախօսի պէտք ունի եւ ո՛չ ալ խրատողի։ Ան իր ձեռքէն բռնողի պէտք ունի։ Ան զինք ոտքի կանգնեցնողի պէտք ունի։ Օտար մարդը մի՛շտ վախի մէջ կ՚ըլլայ, մի՛շտ մտահոգ կ՚ըլլայ։ Օտար մարդը մի՛շտ անվստահութեան եւ անապահովութեան զգացումներով շրջապատուած կ՚ըլլայ։ Օտար մարդը ենթակայ է լքուելու, մոռցուելու եւ իրաւազրկուելու։