Բաժիններ՝

«Օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս»

Օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս» (Մտ․ 25.35)։ Որո՞նք են օտարականները։ Մեր միտքը ամփոփենք հինգ կէտերու մէջ.

1. Օտարականները այն մարդիկն են, որոնք մեղքի պատճառով օտարացան Աստուծոյ արքայութենէն, անոր սէրէն եւ ընկերակցութենէն, անոր սփոփարար ներկայութենէն, անոր շնորհած պաշտպանութենէն եւ պահպանութենէն, անոր զօրութենէն եւ զօրակցութենէն։

Մարդիկ նախապէս իբրեւ սիրելի զաւակները Աստուծոյ, կ՚ապրէին անոր ներկայութեան մէջ եւ ամբողջապէս կը վայելէին անոր սէրը։ Մեղքը մարդիկը խորթացուց Աստուծոյ եւ դուրս շպրտեց զանոնք անոր ներկայութենէն եւ օտարական դարձուց զանոնք Աստուծոյ եւ իրարու։ Մէկը պէտք էր որ մեզ վերստին դարձնէր մեր երկնաւոր Հօր եւ հաշտեցնէր անոր հետ։ Եւ այդ մէկը եղաւ Քրիստոս, որ իր սո՛ւրբ արիւնով սրբեց մեր մեղքերը եւ մեզ հաշտեցուց մեր երկնաւոր Հօր հետ (Հռ․ 5.10, Բ. Կր․ 5.18, Եփ․ 2.16, Կղ․ 1.20)։

Ուրեմն, օտարականը ընդունիլ, կը նշանակէ օգնել անոր որ դառնայ Աստուծոյ սիրոյն, դառնայ իր Հօրենական տունը։ Օտարականը ընդունիլ, կը նշանակէ ջանալ վերականգնել Աստուծոյ եւ իր միջեւ այն Հօր եւ որդիական յարաբերութիւնը որ նախապէս կար երբ մեղքը չկար։

Կարդացեք նաև

2. Օտարական մարդը իր ինքնութիւնը կորսնցուցած մարդն է։ Մեղքով մարդը օտարացաւ ինքնիր բնութեան, հեռացաւ իր արմատներէն, կորսնցուց իր աստուածային պատկերն ու նմանութիւնը, եւ զանոնք կորսնցնելով՝ կորսնցուցած եղաւ իր ինքնութիւնը։ Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ Որդին մարդկային մեր բնութիւնը առաւ, որպէսզի վերադարձնէ մարդը իր ճշմարիտ բնութեան, իր իսկական ինքնութեան, եւ վերականգնէ անոր մէջ Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը։

Այս ճշմարտութիւնը պարզելու համար էր որ Քրիստոս պատմեց կորսուած դրամին առակը (Ղկ․ 15.8-10)։ Փոշիին մէջ կորսուած դրամը կը պատկերացնէ մեղքին մէջ կորսուած մարդը, իսկ դրամը փնտռող կինը՝ նոյնինքն Քրիստոս։ Անցեալին դրամներուն վրայ Հռոմի կայսրին պատկերը կ՚ըլլար։ Ինչպէս երբ մէկը գտնէր կորսուած դրամ մը, կը մաքրէր անոր վրայի փոշին որպէսզի կայսրին պատկերը յայտնաբերէր, այնպէս ալ Քրիստոս աշխարհ «եկաւ կորսուածը փնտռելու» (Ղկ․ 19.10) եւ անոր մէջ վերստին յայտնաբերելու Աստուծոյ պատկերը։ Ուրեմն, օտարականը ընդունիլ, կը նշանակէ օգնել անոր որ դառնայ իր ինքնութեան, իր աստուածային պատկերին եւ նմանութեան։

3. «Օտարականը մի՛ նեղէք, վասն զի օտարականին սիրտին վիճակը գիտէք, որովհետեւ դուք ալ Եգիպտոսի մէջ օտարական էիք» (Ել․ 23.9)։ Ո՞վ է այն հաւատացեալը որ Քրիստոսով դո՛ւրս եկած է Եգիպտոսէն՝ (իր անապաշխարութեան վիճակէն), եւ չի ճանչնար օտարականին, այսինքն՝ տակաւին իր անապաշխար վիճակին մէջ յամեցող մարդուն սիրտին վիճակը։ Քրիստոսով մեղքի պատճառած տառապանքէն ազատողը պարտի հասկացողութիւն ցուցաբերել անոնց նկատմամբ՝ որոնք տակաւին զուր տեղ կը շարունակեն իրենց սեփական ճիգերով ձերբազատիլ մեղքի հեղձուցիչ ներկայութենէն։

Սիրելի՛ ընթերցող, Աստուծոյ առաջնորդութեամբ դուրս եկա՞ծ ես Եգիպտոսի գերութենէն, այլ խօսքով, ազատա՞ծ ես մեղքի ստրկութենէն։ Մեղքը քեզ օտար մը դարձուցա՞ծ է Աստուծոյ եւ զԱստուած քեզի։ Քու եւ Աստուծոյ միջեւ փոխադարձ ճանաչողութիւն կա՞յ, թէ օտարութիւնն է որ կը տիրէ սիրտիդ մէջ։ Հարց կու տամ քեզի, արդեօ՞ք ոչխար մըն ես որ կը ճանչնաս Հովիւդ եւ Հովիւդ քեզ կը ճանչնայ (Յհ․ 10.14)։ Հոն ուր փոխադարձ ճանաչողութեան հարց կայ, հոն չի՛ կրնար օտարութեան հարց ծագիլ, հոն չի՛ կրնար խորթութեան մասին խօսք ըլլալ։ Հոն ուր փոխադարձ ճանաչողութեան պարագայ կայ, հոն մտերմութիւնն է որ կ՚իշխէ, սէրն է որ կը թագաւորէ, անկեղծութիւնն է որ կը բոցկլտայ։

4. Օտարականը նաեւ տառապած ու վշտակիր մարդն է։ Վշտակիր մարդը ընդունիլը, լոկ խօսքով անոր վշտակցիլը չէ, այլ օգնելն է անոր դուրս գալու վիշտի անդունդէն։ Տանջուած օտարականը ո՛չ դասախօսի պէտք ունի եւ ո՛չ ալ խրատողի։ Ան իր ձեռքէն բռնողի պէտք ունի։ Ան զինք ոտքի կանգնեցնողի պէտք ունի։ Օտար մարդը մի՛շտ վախի մէջ կ՚ըլլայ, մի՛շտ մտահոգ կ՚ըլլայ։ Օտար մարդը մի՛շտ անվստահութեան եւ անապահովութեան զգացումներով շրջապատուած կ՚ըլլայ։ Օտար մարդը ենթակայ է լքուելու, մոռցուելու եւ իրաւազրկուելու։

Մեզմէ ո՞վ այս փուլերէն չ՚անցնիր երբ կ՚ապրի օտար երկրի մը մէջ եւ շրջապատուած է արտասովոր բնաւորութիւն ունեցող մարդոցմով։ Ուրեմն, օտարականը ընդունիլ, կը նշանակէ ապահովութիւն ներշնչել անապահովութեան զգացումով գերուածին, նեցուկ կանգնիլ տապալելու վրայ եղողին, հոգ տանիլ մտահոգին, հետապնդել իրաւունքը՝ իրաւազրկուածին, դատը՝ անարդարութեան զոհ գացածին։

5. Ի վերջոյ, օտարականը նաեւ կրնայ ըլլալ ոեւէ մէկը, որ մեր հաւատքէն տարբեր հաւատք եւ մեր համոզումներէն տարբեր համոզումներ ունի։ Պէտք չէ օտարականի աչքով նայինք մեզմէ տարբեր եղողներուն եւ երեւցողներուն, գործողներուն եւ մտածողներուն։ Քրիստոնեայ մարդը իր նմանները ընդունող մարդ պէտք է ըլլայ։ Աղքա՛տ է իր նմանները աղքատ սեպողը։ Խե՛ղճ է իր եղբայրները խեղճ նկատողը։ Սիրելի՛ ընթերցող, անապաշխար եւ անզիղջ մարդը օտարական մըն է Աստուծոյ համար։ Օտարական մարդը երկինք պիտի չմտնէ։ Օտարական մարդը պիտի ուրացուի Աստուծոյ կողմէ. «Բնա՛ւ ձեզ չեմ ճանչնար» (Մտ․ 7.23)։ Ի՜նչ ահաւոր բան է ուրացուիլ Արարիչին կողմէ։ Որո՞ւ պիտի աղաղակենք երբ մարդոց աղաղակները Լսողը փակէ իր ականջները մեր աղիողորմ ճիչին առջեւ։ Նման անել կացութեան չմատնուելու համար, ապաշխարութեամբ դառնանք Աստուծոյ եւ ան որդիի յատուկ պատմուճան պիտի շնորհէ մեզի։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

surbzoravor.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս