Սիրելի՛ ընթերցող, կը վախնա՞ս մահէն։ Մահէն վախնալը բնական երեւոյթ է, կարեւորը սակայն, վախը չվերածուի սարսափի, յուսահատութեան եւ ընկճուածութեան։ Եթէ հանգիստդ կորսնցնելու չափ կը սարսափիս մահէն, այդ կը նշանակէ, որ տակաւին Աստուծոյ զաւակը չես դարձած։ Մի՛ ակնկալեր չսարսափիլ մահէն եթէ երբեք քեզի համար անորոշ է թէ մահէն ետք ո՞ւր պիտի երթաս։ Անորոշ բանը մի՛շտ կը մտահոգէ եւ կը սարսափեցնէ մարդ արարածը։ Այդ անորոշութենէն ձերբազատելու համար որոշ է որ Քրիստոսի պէտք է գաս։