Բաժիններ՝

Սիրտով մաքուր մարդը զԱստուած պիտի տեսնէ

«Երանի՜ անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն» (Մտ 5.8)։ Որո՞նք են սիրտով մաքուրները եւ ի՞նչ կը նշանակէ զԱստուած տեսնել։ Սիրտով մաքուրները անոնք են՝ որոնք կը փորձեն նմանիլ Աստուծոյ, որոնք կը խնդրեն Աստուծմէ իր սէրն ու սրբութիւնը դրոշմել իրենց հոգիներուն մէջ։

Մաքուր սիրտը աշխարհի ցանկութիւններէն եւ ժխորէն սրբուած սիրտն է։ Սիրտով մաքուր մարդը դրական եւ աստուածահաճոյ մտածումներ եւ մտածելակերպ ունեցող մարդն է։ Մնայուն կերպով դրական մտածումներ եւ մտածելակերպ ունենալու համար՝ լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքի կը կարօտինք։

Աստուծոյ Հոգիով մաքրուած եւ Քրիստոսի արիւնով սրբուած սիրտ մը վատորակ մտածումներ չ՚ունենար իր նմաններուն մասին։ Երկու հոգիներ կը տեսնեն երիտասարդ մը որ լեռ կը բարձրանայ։ Մին անոնցմէ կ՚ըսէ. «Երիտասարդը լեռ բարձրացաւ՝ հոն աղջիկի մը հանդիպելու համար»։ Իսկ երկրորդը կ՚ըսէ. «Ան լեռ գնաց՝ որպէսզի հոն առանձին ըլլայ եւ աղօթէ Աստուծոյ»։

Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ դուն այդ երկու հոգիներէն մին ըլլայիր՝ ի՞նչ պիտի մտածէիր լեռ բարձրացող երիտասարդին մասին։ Զայն աղօթո՞ղ մը պիտի նկատէիր, թէ՝ անբարոյ մը։ Սիրտով մաքուր եղողը իր նմաններուն մէջ միշտ դրական բաժինն է որ պէտք է տեսնէ։ Մեր մտածումները մեր սիրտին պարունակութիւնն է որ հանդէս կը բերեն։ Գրիչ մը ըսած է. «Միայն արտաքին արարքներդ չեն որ ինքնութիւնդ կը յայտնեն, այլ նաեւ ու մանաւանդ՝ մտածումներդ»։

Կարդացեք նաև

Վստահաբար ձեզի ծանօթ է ժայռի մեծ կտոր մը տաշող երեք անձերուն օրինակը։ Երեք անձեր ժայռի կտոր մը կը տաշեն։ Առաջինին հարց կը տրուի թէ ի՞նչ կ՚ընէ։ Ան կը պատասխանէ ըսելով. «Չե՞ս տեսներ թէ ի՛նչ կ՚ընեմ, քա՛ր կը տաշեմ»։ Երկրոդին հարց կը տրուի թէ ի՞նչ կ՚ընէ. ան կը պատասխանէ. «Զաւակներուս ապրուստը կը ճարեմ»։ Երրորդին ալ հարց կը տրուի թէ ի՞նչ կ՚ընէ. երրորդը կը պատասխանէ. «Բարձրեալ Աստուծոյ համար տաճար կը կառուցեմ»։

Ինչպէս կը տեսնէք, առաջինին համար գործը անէ՛ծք է, երկրորդին համար՝ մտահոգութիւն, իսկ երրորդին համար՝ օրհնութիւն։ Մէկուն մտածելակերպը սատանայական է, միւսինը՝ մարդկային, իսկ երրորդինը՝ աստուածային։ Սիրտով մաքուր մարդը միշտ օրհնաբեր եւ աստուածահաճոյ մտածումներ կ՚ունենայ։ Այսպիսի՛ն միայն կրնայ զԱստուած տեսնել։

Երբ կը խօսինք զԱստուած տեսնելու մասին՝ նիւթական աչքով զայն տեսնելու մասին չէ որ կը խօսինք։ Հին Կտակարանը կը հաստատէ որ ո՛չ ոք կրնայ զԱստուած տեսնել (Ել 33.20)։ Իսկ Նոր Կտակարանը կ՚ըսէ որ «ոեւէ մէկը երբեք զԱստուած չէ տեսած» (Յհ 1.18)։ Հին Կտակարանին մէջ դրուագ մը ունինք որ կ՚ապացուցանէ Աստուծոյ անտեսանելիութիւնը։ Եսայի 6-րդ գլխուն մէջ կը կարդանք այն նշանաւոր տեսիլքին մասին որ Եսայի ունեցաւ Տիրոջ տաճարին մէջ։

Մարգարէն տեսաւ Տէրը իր աթոռին վրայ նստած։ Ան տեսաւ թէ աթոռին շուրջ կային քերովբէներ որոնք անդադար զԱստուած կ՚օրհնաբանեն ըսելով. «Սուրբ, Սուրբ Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը. Բոլոր երկիր անոր փառքովը լեցուն է» (Ես 6.3)։ Մարգարէն կը հաստատէ թէ քերովբէներէն իւրաքանչիւրը վեց թեւեր ունէր.  երկուքով իրենց երեսները կը ծածկէին, երկուքով իրենց ոտքերը կը ծածկէին եւ երկուքով ալ կը թռչէին։

Ինչո՞ւ համար բնագիրը կը խօսի քերովբէներուն իրենց երեսները ծածկելու մասին։ Իրենց երեսները ծածկելու արարողութիւնը ցոյց կու տայ որ իրենք եւս Աստուծոյ էութեան չեն կրնար հասնիլ։ Իրե՛նց համար եւս Աստուծոյ փառքը անտեսանելի է։ Եթէ քերովբէներն անգամ չեն կրնար զԱստուած տեսնել, ուր մնաց մարդը։

Արդ, ի՞նչ կը նշանակէ զԱստուած տեսնել։ ԶԱստուած տեսնել կը նշանակէ իր ներկայութեան կանգնիլ, իր ներկայութիւնը զգալ, իր ներկայութեան մէջ ապրիլ, իրմով աճիլ, զօրանալ, առաջնորդուիլ, լեցուիլ եւ բիւրեղանալ։ Որպէսզի կարենանք իր ներկայութեան կանգնիլ, պէտք է հրաժարինք ամէն տեսակի մեռելոտի գործերէ եւ մեր սիրտը, հոգին եւ միտքը մաքրենք եւ սրբենք աշխարհայինէն։ Յիշեցէք որ երբ Մովսէս մօտեցաւ կրակի բոցին մէջ գտնուող մորենիին, Աստուած անոր ըսաւ. «Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ քու ոտքերէդ, վասնզի այն տեղը՝ որուն վրայ կայներ ես, սուրբ երկիր է» (Ել 3.5)։

Հոս «երկիր» ըսելով պէտք է «հող» հասկնանք։ Հողը որուն վրայ Մովսէս կը կանգնէր՝ սո՛ւրբ է ո՛չ թէ որովհետեւ Մովսէս կը կանգնէր անոր վրայ, այլ որովհետեւ Աստուծոյ ներկայութիւնը հոն կը գտնուէր։ Չմոռնանք որ անցեալին կօշիկները մեռած անասուններուն մորթով կը շինուէին։ Հետեւաբար, կօշիկը մեռելութեան խորհրդանիշ իբրեւ կը ներկայանայ այստեղ։

Ահա թէ ինչո՛ւ, Աստուած կը հրահանգէ Մովսէսին որ կօշիկները հանէ իր ոտքերէն։ Աստուած իր այս արարքով կարծէք ըսել կ՚ուզէ, որ իւրաքանչիւր անձ որ կ՚ուզէ իրեն մօտենալ, կ՚ուզէ իր ներկայութեան կանգնիլ՝ պէտք է հրաժարի աշխարհին յատուկ ամէն տեսակի գործերէ եւ ըլլայ սուրբ եւ մաքուր։

Այլ առիթով, Աստուած Մովսէսին ըսաւ. «Դուն իմ երեսս չես կրնար տեսնել. որովհետեւ մարդ չի կրնար զիս տեսնել ու ապրիլ…։ Իմ ետիս պիտի տեսնես, բայց իմ երեսս պիտի չտեսնուի» (Ել 33.20, 23)։ «Իմ ետիս պիտի տեսնես» կը նշանակէ «իմ ներկայութիւնս պիտի զգաս»։ Յատկանշական է Ել 33.11-ի խօսքը. «Տէրը կը խօսէր Մովսէսին հետ դէմ առ դէմ…»։ Դէմ յանդիման գալ Տիրոջ կամ անոր հետ դէմ առ դէմ խօսիլ՝ ուրիշ բան չի նշանակեր եթէ ոչ Տիրոջ ներկայութեան մէջ ըլլալ։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

surbzoravor.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս