Բաժիններ՝

Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանար Ադամին եւ Եւային սխալը

Չարը ինչպէ՞ս կրցաւ խաբել Ադամն ու Եւան։ Վստահաբար մէկ անգամ անոնց հետ խօսելով չէր որ խաբեց զանոնք։ Չարը բազմիցս խօսած ըլլալու էր անոնց հետ։ Անկասկած որ անոնք ալ երկա՜ր ատեն մտածելէ ետք ծառին կապակցաբար Օձին ըսածներուն մասին, ի վերջոյ տեսան եւ համոզուեցան որ «ծառը աղէկ էր կերակուրի համար, եւ հաճելի՝ աչքերուն եւ փափաքելի իմաստուն ընելու համար» եւ ատոր պտուղէն առնելով կերան (Ծն 3.6)։

Ո՞վ է այն մարդը որ մէկ անգամէն մեղքի մը մէջ կիյնայ։ Ո՛չ ոք։ Ոեւէ մարդ չի կրնար որեւէ չարիք գործել առանց նախապէս մտածած ըլլալու այդ չարիքին մասին։ Եթէ յանկարծ մէկու մը ներսիդին գէշ ցանկութիւն մը արթննայ եւ այդ անձը երկար ժամանակի համար մտածէ ատոր մասին, ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղքին ծնունդ չի՞ տար, իսկ մեղքը երբ իր լրումին հասնի՝ մահուան պատճառ չը՞լլար (Յկ 1.15)։

Ի՞նչ էր հետեւաբար Ադամին եւ Եւային սխալը։ Անոնց հիմնական սխալը այն էր, որ անոնք չպայքարեցան Չարին խորհուրդներուն դէմ։

Անոնց միտքը ընդդիմացող միտք մը չէր։ Անոնք պէտք էր որ շատ կտրուկ կեցուածք մը որդեգրէին Չարէն եկած խորհուրդներուն նկատմամբ։

Կարդացեք նաև

Առաջին իսկ վայրկեանէն անոնք պէտք էր որ մերժողական զօրաւոր կեցուածք ցուցաբերէին Չարին չար առաջարկներուն դիմաց։  Պօղոս առաքեալ ալ նոյն բանը կըսէ. «Բնաւ առիթ մի՛ տաք Սատանային» (Եփ 4.27)։ Ի՞նչ է Սատանային առիթ տալը եթէ ոչ անկէ եկած տգեղ մտածումներուն գրկաբաց ընդունումը եւ անոնց մասին խորհրդածելը։

Ի՞նչ է այն հիմնական դասը որ մենք կը սորվինք Ադամին եւ Եւային փորձառութենէն։ Կը սորվինք այն, որ որեւէ չար խորհուրդ որ մեր միտքը կու գայ, իսկոյն պէտք է հեռու վանենք զանիկա մեզմէ եւ առիթ չտանք որ տեղ գտնէ մեր ներսիդին։ 4-րդ դարու Հայրապետ՝ Յովհան Ոսկեբերան կըսէ. «Մենք չենք կրնար արգիլել որ թռչունները թռչին մեր գլխուն վերեւ, բայց կրնանք արգիլել որ անոնք բոյն շինեն մեր գլուխներուն վրայ»։ Ոսկեբերանին ըսել ուզածը այն է, որ մենք չենք կրնար արգիլել որ չար մտածումներ գան մեզի, եւ սակայն, կրնանք արգիլել որ ատոնք բոյն հաստատեն մեր սիրտերուն եւ միտքերուն մէջ։ Չար մտածումին «բարի եկար» ըսելն ու հիւրնկալելը մեր ձեռքն է։ Սատանան երբե՛ք չի կրնար ստիպել մեզ որ մեղք գործենք։ Մեզ ստիպելու ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի։

Աստուած կը սպասէ որ պայքարինք Սատանային կողմէ մեզի առաջարկուած վատորակ խորհուրդներուն դէմ։ Սատանան կը սարսափի պայքարող մարդոցմէ։ Չպայքարող մարդը որքան ալ բարի կեանք մը ապրի չի մտահոգեր Սատանան։ Առանց պայքարի չկայ յաղթանակ, իսկ յաղթել տուողը Աստուած է (Ա.Թգ 17.47)։ Աստուած պայքարողներուն ճամբով է որ կը պայքարի եւ ո՛չ թէ պայքարէն փախչողներուն ճամբով։

Աստուած կուրախանայ եւ պատւըուած կը զգայ երբ կը տեսնէ որ իր զաւակները կը պայքարին Չարին դէմ եւ կը յաղթեն անոր։ Աստուծոյ զաւակին չի՛ վայելեր տկարութիւն եւ պարտութիւն։ Աստուած յաղթող Աստուած է եւ կը սպասէ որ իր զաւակները յաղթող զաւակներ ըլլան։ Տկար քրիստոնեան Քրիստոսի պատիւ չի բերեր։

Սատանային պայքարը Աստուծոյ դէմ ուղղուած պայքար մըն է։ Ինչպէս ոեւէ թագաւոր անտարբեր չի գտնուիր իր զինուորներուն նկատմամբ երբ անոնք կը պատերազմին զինք եւ իր թագաւորութիւնը փրկելու համար, այնպէս ալ երբ մենք կը պայքարինք Աստուծոյ թագաւորութեան եւ փառքին համար, քաջ գիտնանք որ Աստուած մեզ առանձին պիտի չթողու մեր պայքարին մէջ (Ա.Թգ 2.9)։

Սատանան սուտ խօսեցաւ երբ Եւային ըսաւ թէ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք եթէ ուտէք արգիլեալ ծառին պտուղէն (Ծն 3.5)։ Չարը օրական հազարաւոր սուտ խոստումներ կը շռայլէ մեր դիմաց։ Քրիստոս Սատանային համար կըսէ թէ «ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը» (Յհ 8.44)։ Ան սուտը իբր ճշմարիտ կը ներկայացնէ, վշտաբերը իբր ուրախաբեր կը հրապարակէ, թունաւորը իբր բուրեան կը պատկերացնէ։ Եղիշէ իր «Մեկնութիւն արարածոց» գործին մէջ խօսելով Եւային նկատմամբ Սատանային ցուցաբերած վերաբերմունքին մասին, կըսէ. «Սատանան ոսկի բաժակով թոյն մատուցանեց Եւային»։

Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ որ Սատանան կը կուրցնէ անհաւատին միտքը, այնպէս որ ան չի կրնար տեսնել ճշմարտութիւնը (Բ.Կր 4.4)։ Նո՛յնը պատահեցաւ Եւային։ Ծն 3.6-ին մէջ արգիլեան ծառին համար գործածուած են երեք բառեր.- աղէկ, հաճելի եւ փափաքելի։ Տեսէ՛ք, թէ ինպէս Սատանան կարող է գէշ բանը իբրեւ աղէկ բան, տհաճը իբրեւ հաճելի եւ քստմնելին իբրեւ փափաքելի ներկայացնել։

Ո՛վ ընթերցող, հաճելի ի՞նչ բան կայ պատուիրանազանցութեան մէջ։ Ո՞ւր է մեղքին փափաքելիութիւնը երբ մեր ներսիդին Աստուծոյ ներկայութեան կանգնելու ամէն փափաք կը մեռցնէ։ Եղիշէ կըսէ. «Այնքան ատեն երբ Եւա հաճոյք կը ստանար Աստուծոյ օրէնքէն, ծառը գեղեցիկ չէր երեւեր իրեն, բայց երբ հեռացաւ Աստուծոյ օրէնքէն՝ ծառը սկսաւ դեղին երեւնալ եւ անհաճելին՝ հաճելի։ Եւ երբ ցանկութիւնը ունեցաւ աստուածանալու, ծառը աւելի՛ գունաւոր եւ հաճելի թուեցաւ քան ինչ որ էր իր բնական գեղեցկութիւնը»։

Կրթենք մեր միտքերը մտածելու աստուածահաճոյ բաներու մասին, որպէսզի Չարը առիթ չկարենայ գտնել իր պիղծ խորհուրդներու կարթը նետելու մեր մտածումներու աշխարհին մէջ։ Եթէ երբեք Եւային ուշադրութիւնը ամբողջապէս Աստուծոյ ու անոր պատուիրաններուն գործադրութեան վրայ կեդրոնացած ըլլար՝ անոնք մեղք պիտի չգործէին։ Հետեւաբար, եկէ՛ք մեր հայեացքը սեւեռած պահենք Քրիստոսի վրայ, որպէսզի կարենանք ետ մղել Չարին հարուածները (Եփ 6.13)։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

surbzoravor.am

Տեսանյութեր

Լրահոս