Բաժիններ՝

Ոտնլուայի արարողութիւնը կանխող պահը

Ոտնլուայի արարողութիւնը կանխող պահը կը ներկայացնէ Քրիստոսի սիրոյն կրկնապատկուիլը եւ աշակերտներուն մարմաջը «տէր» եւ «մեծ» կոչուելու։ Յովհաննէս առաքեալ կարձանագրէ, որ երբ Յիսուս գիտցաւ որ «հասած է ժամը, երբ այս աշխարհէն իր Հօրը քով պիտի երթայ, սիրեց անոնք որոնք այս աշխարհի մէջ իրեն հետեւորդ էին եւ ծայր աստիճան սիրեց զանոնք» (Յհ 13.1)։ Սիրեց զանոնք, որովհետեւ անոնք իր Հօրը պարգեւն էին իրեն տրուած (Յհ 17.11)։ Սիրեց, որովհետեւ անոնք իր բարեկամներն էին (Յհ 15.14)։ Սիրեց, որովհետեւ անոնց միջեւ կար երեք տարիներու ընկերութիւն, սիրալիր յարաբերութիւն եւ խոր մտերմութիւն։ Իր սէրը հանդէպ իր աշակերտներուն կրկնապատկուեցաւ երբ սկսաւ մտածել թէ պիտի բաժնուէր իր ամենասիրելիներէն։ Մեզմէ ո՞վ չի տանջուիր եւ հոգեկան յուզում մը չապրիր երբ ստիպուած է իր սիրելիներէն բաժնուելու։

Ո՛չ ոք Յիսուսի չափ սիրած է մարդիկը։ Ո՛չ ոք Յիսուսի նման ապրած է հոգեկան խռովք մը բաժանումի մը պահուն։ Յիսուս բոլորէս աւելի գիտէր ու կը հասկնար թէ ի՛նչ կը նշանակէ բաժնուիլ սիրելիներէ։ Այո՛, գիտէր, եւ այս գիտակցութիւնն էր որ կը խռովեցնէր ու կը տագնապեցնէր զինք, որովհետեւ ան աշխարհի մէջ երբ անոնց հետ էր, ի՛նք կը պահէր զանոնք (Յհ 17.12), բայց հիմա ստիպուած էր «առանձին» թողուլ իր աշակերտները փորձութիւններով լի այս աշխարհին մէջ։ Ո՞վ կրնայ իր սիրելին վտանգալից տեղ մը ձգել եւ հանգիստ միտքով ու խաղաղ հոգիով բաժնուիլ անկէ։

Շատ հետաքրքրական է որ Քրիստոս «գիտնալով հասած է ժամը, երբ այս աշխարհէն իր Հօրը քով պիտի երթայ», իր ուշադրութիւնը փոխանակ ինքնիր անձին, իր չարչարանքներուն, իր խաչելութեան ու մահուան վրայ կեդրոնացնելու, ընդհակառակը, կը կեդրոնացնէ իր աշակերտներուն վրայ, առաւել սէր ցոյց տալով անոնց հանդէպ, անոնց ոտքերը լուալով, թելադրելով որ չխռովին, իրար չանցնին, հաւատան Աստուծոյ եւ հաւատան իրեն (Յհ 14.1)։

Հետաքրքրական կոչեցի այս երեւոյթը, անոր համար, որ երբ մարդ արարածը կանդրադառնայ որ իր մահուան վայրկեանը կը մօտենայ, կը սկսի մտածել ի՛նքնիր մասին եւ ո՛չ թէ ուրիշին մասին։ Ան կը մտածէ իր ապրած կեանքին մասին, մահուան մասին եւ մահէն ետք ըլլալիքին մասին։ Քրիստոս սակայն այդպէս չըրաւ եւ այդպիսին չեղաւ։ Քրիստոս մահուան սեմին կանգնած ուրիշին մասին կը մտածէր։

Կարդացեք նաև

Տեղին է սա իրողութեան հետ համեմատել հետեւեալը։ Քրիստոս ո՛չ միայն երբ իր մեռնելու օրը մօտեցաւ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց ուրիշին վրայ, այլ նոյնիսկ խաչին վրայ եղած ժամանակ։ Ընդհանրապէս մարդ արարածը որ մահամերձ վիճակի մէջ կը գտնուի, ներումէն զատ ուրիշ բան չի խնդրեր Աստուծմէ, եւ զանիկա կը խնդրէ ի՛ր անձին համար եւ ո՛չ թէ ուրիշին համար։ Քրիստոսի վերաբերմունքը հիմնովին տարբեր եղաւ։ Քրիստոս խաչին վրայ չըսաւ. «Հա՜յր, ներէ՛ ինծի», այլ ըսաւ. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց…» (Ղկ 23.34)։ Ան զինք խաչողներուն մասին մտածած    ատեն, մտածեց նաեւ իրեն խաչակից եղող աջակողմեան աւազակին մասին. «Վստահ եղիր, այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (Ղկ 23.43)։ Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ ան մտածեց իր մօրը եւ իր սիրելի աշակերտին՝ Յովհաննէսի մասին (Յհ 19.26-27)։

Ճի՛շդ  է  որ  Քրիստոս  մնայուն  կերպով  կը  մտածէր  իր աշակերտներուն մասին, եւ սակայն, ան մտածումի սահմաններուն մէջ չմնաց։ Ան սկսաւ խօսիլ իր աշակերտներուն իր մատնութեան եւ մահուան մասին, որպէսզի ձեւով մը զիրենք նախապատրաստած ըլլար գալիքին։ Քրիստոսի նման աշակերտները իրե՛նք ալ տրտմած ու խռոված էին (Յհ 14.1), որովհետեւ ամբողջապէս համոզուած էին եւ կանդրադառնային որ իրենց սիրելի Տէրն ու Վարդապետը պիտի բաժնուէր իրենցմէ։ Քրիստոս ո՛չ միայն խօսքով փորձեց փարատել անոնց տրտմութեան մառախուղը, այլ նաեւ գործնական կերպի մը դիմելով։ Այդ գործնական կերպը՝ անոնց ոտքերը լուալն էր։

Ո՜հ, սիրելի՛ ընթերցող, չմտածենք թէ աշակերտներուն ոտքերը լուալը ինչպէ՞ս կրնար անոնց հոգիներուն վիշտը մեղմացնել։ Այո՛ կրնար։ Կրնար, որովհետեւ իրենց ոտքերուն լուացումը խորապէս մեծ տպաւորութիւն պիտի թողուր իրենց վրայ, եւ ա՛յս է ինչ որ ցոյց կու տայ Պետրոս առաքեալին արտայայտութիւնը. «Տէ՛ր, դո՞ւն իմ ոտքերս պիտի լուաս» (Յհ 13.6)։ Այո՛, սիրելի՛ Պետրոս, Տէրը ի՛նքն է որ մեր ոտքերը կը լուայ։ Տէրը ի՛նքն է որ իր սեփական վիշտն ու թախիծը մոռցած իր երկրաւոր կեանքի այս վերջին օրերուն, կը խոնարհի մեր ոտքերուն առջեւ եւ կը լուայ զանոնք, որպէսզի իր մահէն, յարութենէն ու համբարձումէն ետք, մնայուն կերպով յիշենք իր անչափ սէրը մեզի հանդէպ, եւ մխիթարուինք ու քաջալերուինք այդ սիրով, լեցուինք ու հարստանանք այս սիրով, եւ մանաւանդ, օրինակ առնենք անօրինակ իր սէրէն, հեզութենէն ու խոնարհութենէն։

Աշակերտները այս հանգրուանին ամէն բանէ աւելի պէտք ունէին Քրիստոսի խոնարհութեան այս օրինակին, որովհետեւ ամէն անգամ երբ Քրիստոս կը խօսէր իր մահուան եւ այս աշխարհէն վերցուելուն մասին, վէճ մը կը ծագէր անոնց միջեւ թէ ո՞վ պիտի նկատուէր անոնց մէջ մեծը, ո՞վ պիտի ըլլար Քրիստոսի յաջորդը։ (Տե՛ս Մտ 17.22-23 եւ 18.1, Ղկ 22.22 եւ 24, Մր 9.31 եւ 34, Ղկ 9.44 եւ 46)։

Քրիստոս իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց անոնց միջեւ մեծութեան վէճ ծագելէն անմիջապէս յետոյ։ Հետաքրքրական է անդրադառնալ ոտնլուայէն ետք Քրիստոսի արտասանած հետեւեալ խօսքին. «Լա՛ւ գիտցէք, թէ ծառան իր տիրոջմէ մեծ չէ եւ ոչ ալ ղրկուածը՝ զինք ղրկողէն։ Եթէ ասիկա գիտէք, երանելի պիտի ըլլաք՝ եթէ գործադրէք զայն» (Յհ 13.16-17)։ Ինչի՞ մասին է որ Քրիստոս կը խօսի այստեղ։

Քրիստոս որո՞նց կակնարկէ երբ կը գործածէ «ծառայ» եւ «տէր», «ղրկուած» եւ «ղրկող» բացատրութիւնները։ Յստակ է որ «ծառայ» եւ «ղրկուած» բացատրութիւններով Քրիստոս կակնարկէ աշակերտներուն, իսկ «տէր» եւ «ղրկող» բացատրութիւններով կակնարկէ ինքզինքին։ Քրիստոս կուզէր սորվեցնել իր աշակերտներուն որ ի՛նքն էր իրենց Տէրը եւ ի՛նքն էր զիրենք ղրկողը, եւ հետեւաբար, աւելորդ էր իրենց համար վիճիլ թէ ո՞վ պիտի ըլլար իրենց մէջ «տէր», «ղրկող» կամ «մեծ»։ Քրիստոս անուղղակիօրէն սորվեցուց իր աշակերտներուն, որ մեծութեան համար վիճիլ, կը նշանակէր ուրանալ իր (Քրիստոսի) միակ մեծը ըլլալուն հանգամանքը։ Անոնք պէտք էր ընդունէին եւ ճանչնային զՔրիստոս իբրեւ իրենց միակ «Տէրը», միակ «մեծը» եւ զիրենք միակ «ղրկողը»։ Եթէ ընդունէին եւ ճանչնային զՔրիստոս իբր այդպիսին, անոնք երանելի պիտի նկատուէին, ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս ըսաւ. «Եթէ ասիկա գիտէք, երանելի պիտի ըլլաք՝ եթէ գործադրէք զայն»։

Սոյն նախադասութեան երկրորդ կէսը կարեւոր ճշմարտութիւն մը կը պարզէ մեր առջեւ։ «Երանելի պիտի ըլլաք՝ եթէ գործադրէք զայն»։ Այս բառերը ցոյց կու տան, որ չի բաւեր գիտնալ որ Քրիստոս Տէր է, այլ պէտք է ընդունիլ անոր տիրութիւնը եւ հնազանդիլ անոր։ Օր մը սեւամորթ մը ճերմակամորթի մը կը հարցնէ. «Ո՞վ է Յիսուս քեզի համար»։ Ճերմակամորթը կը պատասխանէ. «Յիսուս Փրկիչ է»։ Իսկ քեզի՛ համար ո՛վ է Քրիստոս կը հարցնէ ճերմակամորթը սեւամորթին։ Սեւամորթը կը պատասխանէ. «Յիսուս Փրկիչս է, Յիսուս ազատարարս է»։ Ուրիշ բան է ըսել. «Յիսուս Փրկիչ է» եւ բոլորովին ուրիշ բան՝ «Յիսուս Փրկիչս է»։

Աշխարհի մէջ ո՛չ ոք փրկուած է եւ ո՛չ ոք պիտի փրկուի պարզապէս Քրիստոսի Փրկիչ ըլլալը գիտնալով կամ յայտարարելով։ Փրկուողները պիտի ըլլան անոնք՝ որոնք ընդունած են զՔրիստոս իբրեւ իրենց անձերուն Փրկիչը եւ ապրած են փրկուած ըլլալու ուրախութիւնը։

Երբ աշակերտները կը վիճէին մեծութեան մասին, երբ իրենց միտքերուն մէջ «առաջնորդողի» եւ «ղրկողի» դիրք ունենալու երազներ կը հիւսէին, երբ անոնցմէ ո՛չ ոք կը մտածէր խոնարհութեան մասին, յանկարծ Քրիստոս ոտքի ելաւ «մէկ կողմ դրաւ իր վրայի հագուստը եւ ղենջակ մը առնելով՝ մէջքին կապեց։ Ապա ջուր առնելով՝ լեցուց կոնքին մէջ եւ սկսաւ աշակերտներուն ոտքերը լուալ եւ մէջքին կապած ղենջակով սրբել» (Յհ 13.4-5)։ Քրիստոս, որուն ոտքերուն առջեւ կը խոնարհի եւ պէ՛տք է խոնարհի ամբողջ աշխարհ, հիմա ի՛ր կարգին խոնարհեցաւ իր աշակերտներուն ոտքերուն առջեւ եւ անոնց ոտքերը լուալով՝ լուացած եղաւ մարդկային մեր բնութիւնը։ Պատկերացուցէք պահ մը, Աստուած մարդուն ոտքը լուաց։ Ասկէ աւելի ի՞նչ կրնար ընել Քրիստոս։ Ի՞նչ պէտք էր ընել եւ չըրաւ (Ես 5.4)։

Խորքին մէջ աշակերտները իրե՛նք պէտք էր լուային Քրիստոսի ոտքերը, որովհետեւ ինչպէս տեսանք, Քրիստոս իրենց Տէրն էր, իսկ իրենք՝ Քրիստոսի ծառաները։ Քրիստոսի ժամանակ եւ անկէ առաջ ամենաբնական երեւոյթներէն մէկն էր ծառայի մը համար լուալ իր տիրոջ ոտքերը (Ղկ 7.44, Ծն 18.4)։ Իսկ այստեղ Քրիստոս «ստիպուած» ի՛նք կը լուար իր աշակերտներուն ոտքերը, քանի որ անոնք տակաւին պատրաստ չէին ծառայ անունը իրենց վրայ առնելու, այլ բոլորն ալ «տէր» եւ «մեծ» ըլլալու մասին կը մտածէին։ Աւետարաններուն մէջ բնաւ չենք կարդար որ աշակերտներէն մէկը կամ ընդհանրապէս ոեւէ մէկը լուացած ըլլայ Քրիստոսի ոտքերը։

Արդարեւ, անոնք ինչպէ՞ս կրնային լուալ Քրիստոսի ոտքերը, ինչպէ՞ս կրնային խոնարհիլ անոր ոտքերուն կամ ոեւէ մարդու մը ոտքին առջեւ, երբ իրենց նպատակը դէպի ոտքերը խոնարհիլը չէր, այլ դէպի գլուխ բարձրանալը, գլուխ ըլլալը, առաջնորդողի դիրք ունենալը։ Սիրելի՛ ընթերցող, հոգեբանութեան եւ  մտածումի  այն բոլոր հանգրուանները որոնցմէ անցան առաքեալները, կանցնի եւ կրնայ անցնիլ ոեւէ հաւատացեալ մարդ։

Զգո՛յշ ըլլանք։ Չըլլայ որ Քրիստոսի մասին քիչ մը բան սորվելով, կամ Քրիստոսի հետ որոշ մտերմութիւն մը հաստատելով, սկսինք մտածել, որ մենք այլեւս արժանի ենք ոտքերու սահմաններէն, մեր նմաններուն ոտքերը լուալու աստիճաններէն վեր բարձրանալ, դէպի գլուխ եւ դէպի իշխանութիւն։ Մենք աշխատինք խոնարհիլ Աստուծոյ առջեւ, եւ Աստուած ինք երբ յարմար ժամանակը գայ՝ մեզ պիտի բարձրացնէ (Յկ 4.10, Ա.Պտ 5.6)։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

surbzoravor.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս