Մեր ապրած կեանքին համար հաշիւ պիտի տանք Աստուծոյ
Եթէ Աստուած մեզ աննպատակ կերպով ստեղծէր՝ ան իրաւունք պիտի չունենար հաշիւ պահանջելու մեզմէ, բայց քանի որ Աստուած մեզ որոշ նպատակի մը համար ստեղծեց, «մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձին համար հաշիւ պիտի տայ» իրեն (Հռ 14.12)։
Առաջին հերթին Աստուած մարդիկը ստեղծեց իրեն համար, իրմով ուրախանալու եւ իր ներկայութեան մէջ ապրելու համար։ Սակայն երբ կը նայինք մարդոց, չենք տեսներ որ անոնք ուրախ են Աստուծմով եւ ո՛չ ալ կը տեսնենք որ անոր ներկայութեան մէջ կ՚ապրին։ Մարդիկը աշխարհի ներկայութիւնը աւելի կը փնտռեն քան Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Անոնք երկիրը աւելի կը սիրեն քան երկինքը։
Բարսեղ Մաշկեւորցի կ՚ըսէ. «Մտածէ թէ ո՞րչափ պիտի պատժուիս Աստուծոյ կողմէ որ կեանքը շնորհած է քեզի, որովհետեւ ան երկինքը տուած է քեզի իսկ դուն երկիրը կը սիրես։ Աստուած ժամանակ տուած է քեզի որպէսզի զինք հետդ հաշտեցնես, մինչ դուն ժամանակդ ի զո՛ւր տեղ մեղքերու մէջ կը մաշեցնես»։
Ի՞նչ պիտի պատասխանենք Աստուծոյ երբ ան մեզի ըսէ. «Ո՛վ մարդ, ես քեզ ստեղծեցի ինծի՛ համար, իսկ դուն երբեք չհետաքրքրուեցար ինձմով։ Ես քեզի համար իմ կեանքս տուի, իսկ դուն ինծի ի՞նչ տուիր։ Ես փառքս, մեծութիւնս, գեղեցկութիւնս եւ անձս զոհեցի քեզի համար, իսկ դուն, քու դրամասէրի ու մարմնասէրի ցանկութիւններդ անգամ չզոհեցիր։ Ես քեզ երկինքէն աւելի սիրեցի, իսկ դուն երկիրը ինձմէ հազար անգամ աւելի սիրեցիր։ Ես քեզի համար փառքէս հրաժարեցայ, իսկ դուն ինծի համար քու հպարտութենէդ անգամ չհրաժարեցար»։
Եւ դեռ, հաշիւ պիտի տանք Աստուծոյ մեր բոլոր դատարկ խօսքերուն համար (Մտ 12.36) եւ իրարու նկատմամբ մեր ցուցաբերած անկարեկից ու անգութ վերաբերմունքին համար։ Ճիշդ է որ Աստուած մարդիկը ստեղծեց իրեն համար, բայց միաժամանակ զանոնք ստեղծեց իրարու համար։ Ադամ եւ Եւա իրարու համար չստեղծուեցա՞ն։ Մարդիկ չեն անդրադառնար որ Աստուած իրենց կոչում ու պարտականութիւն տուած է կարեկցելու տառապեալին, սգաւորին ու վշտացածին։
Մարդիկ իրենց խօսքով կոտրած սիրտերը բուժելու փոխարէն, ընդհակառակը, չկոտրած սիրտերը կը կոտրեն։ Իրենց բերաններով զԱստուած փառաբանելու տեղ՝ զայն կ՚անարգեն։ Ուրիշներուն համար Յիսուսի ժպիտը ըլլալու փոխարէն, այնպիսի՛ խոժոռ դէմքով մը հրապարակ կու գան, որ ուրախութեան ու խաղաղութեան ամէն նշոյլ կ՚անհետանայ։ Այս բոլորին համար հաշիւ պիտի չտա՞նք Աստուծոյ։
Զուր տեղ անցուած ամէն մէկ օրուան համար հաշիւ պիտի տանք Աստուծոյ։ Սրբութեամբ ու հաւատքով չանցուած ու չապրուած օրը՝ մեռած օր կը նկատուի։ Բարեգործութեամբ չանցուած օր մը՝ չար օր մը կը սեպուի։ Դարձեալ, Բարսեղ Մաշկեւորցի կ՚ըսէ. «Երբ պարապ տեղ դրամ մսխես՝ կը ցաւիս, իսկ երբ ամբողջ օրերդ Սատանային խայտառակութեանց մէջ կը վատնես՝ չե՞ս ցաւիր անոր համար։ Եթէ դրամ մսխես՝ կրնաս զայն դարձեալ շահիլ, բայց երբ բարիքի համար սահմանուած ժամանակէն պահ մը իսկ դատարկ անցնես՝ չես կրնար զայն կրկին ունենալ։ Ինչպէս որ երիտասարդը չի կրնար մանուկ դառնալ եւ ծերը՝ երիտասարդ, այնպէս ալ, այս օրը չենք կրնար գտնել երբ վաղը գայ, իսկ վաղը արդէն ուրիշ օր եւ ուրիշ հաշիւ է»։
Իւրաքանչիւր օր մեզ քիչ մը աւելի պէտք է մօտեցնէ երկինքին ու քիչ մը աւելի մտերմացնէ մեր երկնաւոր Հօր։ Դժբախտաբար աշխարհասէր մարդոց պարագան ճի՛շդ հակառակն է։ Անոնք օրէ օր աւելի՛ կը հեռանան երկինքէն ու Աստուծմէ։ Անոնք Աստուծոյ թագաւորութեան մասին երբեք չեն մտածեր. անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրեն համար կը փորձէ թագաւորութիւն մը ստեղծել։ Առաքեալը կը պատուիրէ մեր հայեացքները կեդրոնացնել մեր հաւատքի Հիմնադիրին՝ Քրիստոսի վրայ (Եբր 12.2), իսկ աշխարհասէրներ, իրենց հայեացքն ու ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն հաւատք կործանող այս աշխարհին վրայ։
Աշխարհասէրներուն կը յիշեցնեմ որ հաշիւ պիտի տան աշխարհի Ստեղծիչին։ Աշխարհասիրութիւնը ատելութիւն է Աստուծոյ նկատմամբ։ Դարձեալ, Բարսեղն է ըսողը. «Մինչեւ ե՞րբ անհաշտ պիտի մնանք Աստուծոյ հետ։ Բա՛ւ համարենք ցարդ մեր ունեցած ատելութիւնը եւ այժմ զայն սիրենք բարի գործերով։ Մինչեւ ե՞րբ պիտի սիրենք պարապ, սնոտի եւ խիստ չար այս կեանքը. այն ինչ որ Տիրոջ կամքն է չենք ըներ, եւ կը մոռնանք որ երբ այս կեանքէն անդենականին անցնինք՝ մեր անցուցած օրերուն յետին պատիժն ու վնասը պիտի կրենք։ Ինչպէս երբ մէկը ուրիշէ մը ապրանք փոխ առնէ, որպէսզի զայն ծախելով դրամ շահի, եւ փոխանակ շահի երբ զայն ի զուր վատնէ՝ դատի կը կանչուի տիրոջ կողմէ»։ Մաշկեւորցիին ըսել ուզածը այն է, որ այս կեանքը մեզի փոխ տրուած բան մըն է, ժամանակ պիտի գայ երբ ատիկա մեզմէ պիտի խլուի, եւ եթէ մենք չարաչար օգտագործած ենք այս կեանքը՝ հաշիւ պէտք է տանք կեանքի տուիչին՝ Աստուծոյ։
Քրիստոս այս կէտը յստակ դարձուց իր հետեւեալ խօսքով. «Քեզի յանձնուած բոլոր ստացուածքներուս հաշիւը տուր։ Այլեւս իմ տնտեսս չես կրնար ըլլալ» (Ղկ 16.2)։ Աստուծոյ կողմէ մեզի յանձնուած ստացուածք են իր շնորհած պարգեւները, ձիրքերը, կարողութիւնները, եռանդն ու զօրութիւնը, գործերն ու աշխատանքները։ Աստուածատուր ստացուածք են բարեգործութեան համար ընծայուած առիթներն ու պատեհութիւնները։ Ստացուածք են մեր կեանքի բոլոր տարիներն ու ամիսները, ժամերն ու վայրկեանները։ Ստացուածք է նոյնիսկ մեզի ներշնչած իր հաւատքը որ կը մեռցնենք մեր անտարբերութեամբ։ Աստուած այս եւ այլ բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ ստացուածքներուն համար մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէ։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից
