Բաժիններ՝

Մովսէս, Երեմիա, Եսայի եւ մենք

Երբ Աստուած փարաւոնին ներկայանալու եւ Իսրայէլի ժողովուրդը Եգիպտոսէն դուրս բերելու առաքելութեան կանչեց Մովսէսը, ան առարկեց որ «ծանրախօս եւ ծանրալեզու» մէկն է ինք, եւ հետեւաբար, չէր կրնար ստանձնել աստուածատուր առաքելութիւնը։ Աստուած անոր ըսաւ. «Գնա՛ հիմա ու ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս» (Ել 4.10-12)։

Մովսէս իր խօսելու անկարողութենէն կը վախնար եւ ահա Աստուած իրեն խօսելու կարողութիւն շնորհեց։ Իր «ծանրախօս եւ ծանրալեզու» բերնէն դուրս եկաւ Աստուծոյ կենսատու Օրէնքը եւ պատմութեան բոլոր մութ դարերը ճեղքելով հասաւ մեր օրերուն։ Աստուած անոր բերնին հետ եղաւ եւ անոր բերանը ճշմարտութիւնը բարբառեց։

Շատ հետաքրքրական է Աստուծոյ խօսքը ուղղուած Մովսէսին. «Անշուշտ ես քեզի հե՛տ պիտի ըլլամ եւ այս ըլլայ քեզի նշան՝ որ ես քեզ ղրկեր եմ. երբ ժողովուրդը Եգիպտոսէն հանես, այս լերանը վրայ պիտի պաշտէք Աստուած» (Ել 3.12)։ Նշանը կամ փաստը որ մենք Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ենք նոյնինքն մեր աստուածպաշտութիւնն է։ ԶԱստուած քարոզող բայց զԱստուած չպաշտող մարդը, չի կրնար Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ըլլալ կամ կանչուած ըլլալ առաքելութեան մը։

Գրեթէ նոյն պարագաներէն անցաւ Երեմիա մարգարէն։ Ինք եւս երբ Աստուծոյ կողմէ առաքելութեան կանչուեցաւ, առարկեց ըսելով. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա ես խօսիլ չեմ գիտեր, որովհետեւ մանուկ եմ»։ Աստուած իրեն պատուիրեց չըսել թէ ինք մանուկ է։ Եւ մարգարէն կը վկայէ ըսելով. «Տէրը իր ձեռքը երկնցուց ու իմ բերնիս դպաւ ու ըսաւ.”Ահա իմ խօսքերս քու բերանդ դրի”» (Եր 1.6-9)։

Կարդացեք նաև

Երբ Աստուած խօսելու կանչէ մեզ, ան իր խօսքը կը դնէ մեր բերնին մէջ ու իր Հոգիին կրակը մեր սրտին մէջ։ Չխօսի՛նք Աստուծոյ մասին երբ Աստուած իր խօսքը չէ դրած մեր բերնին ու սրտին մէջ։ Չվկայե՛նք Աստուծոյ  մասին  երբ  Աստուած  ինք  չէ  որ  մեզ  ղրկած  է։ Դատապարտուած ենք ձախողելու եթէ խօսինք ու վկայենք, եթէ գործենք ու ծառայենք, առանց Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ըլլալու։

«Ահա իմ խօսքերս քու բերանդ դրի»։ Սիրելի՛ եղբայր եւ քոյր, Աստուած քու ալ բերնիդ մէջ դրա՞ծ է իր խօսքը։ Հոգիիդ ու մտքիդ մէջ դրա՞ծ է իր խաղաղութիւնը։ Սրտիդ մէջ դրա՞ծ է իր Հոգիին կրակը, իր Որդիին սէրն ու քաղցրութիւնը։

Մտաբերեցէք նաեւ Եսայի մարգարէին օրինակը։ Երբ մարգարէն ըսաւ թէ ինք «պիղծ շրթունք ունեցող մարդ մըն» է, իսկոյն Տիրոջ սերովբէներէն մէկը իր կողմը թռաւ, ձեռքը ունենալով կրակի կայծ մը «որ սեղանէն ունելիով առած էր» եւ մարգարէին բերնին դպցնելով՝ ըսաւ. «Ահա ասիկա քու շրթունքներուդ դպաւ եւ քու անօրէնութիւնդ վերցուեցաւ եւ մեղքիդ քաւութիւն եղաւ» (Ես 6.5-7)։

Մարգարէն մեղքի պղծութենէն կը վախնար, եւ ահա Աստուած կրակով մաքրեց այդ պղծութիւնը։ Մաքրեց եւ ապա հարցուց. «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ»։ Մարգարէն բացականչեց. «Զի՛ս ղրկէ» (Ես 6.8)։ Աշխարհը մաքրելու չերթանք, այնքան ատեն երբ չենք մաքրուած եւ չենք ղրկուած Աստուծոյ կողմէ։

Յիսուսի արիւնով չսրբուած՝ սրբութեան կոչ չուղղենք ուրիշներուն։ Այսօր որքա՜ն պիղծ մարդիկ կան որոնք սուրբ ըլլալու կոչ կ՚ուղղեն մեզի։ Սատանային ծառաները դարձած որքա՜ն մարդիկ կան որոնք Աստուծոյ ծառայելու հրաւէր կը կարդան այլոց։

Տուինք օրինակը երեք անձերու՝ Մովսէսի, Երեմիայի եւ Եսայիի։ Մովսէս ինքզինք ներկայացուց իբրեւ «ծանրախօս եւ ծանրալեզու» անձ մը, Երեմիա՝ իբրեւ «մանուկ» մը, իսկ Եսայի՝ իբրեւ «պիղծ շրթունք ունեցող մարդ» մը։ Աստուած երեք մարգարէներուն մտավախութիւնը փարատեց՝ անոնց խնդիրներուն լուծում հայթայթելով։

Երբ Աստուած իր պատգամը ուզէ հասցնել պատմութեան բոլոր փարաւոններուն, չի փնտռեր լեզուանի եւ ճարտասան մարդիկ, այլ՝ Մովսէսի նման իրենց «ծանրախօս եւ ծանրալեզու» ըլլալը խոստովանող մարդիկ, որոնք սակայն լեցո՛ւն են հաւատքով եւ աստուածային նախանձախնդրութեամբ։

Երբ Աստուած ուզէ ուղղութեան բերել կամ յանդիմանել ազգ մը, անձ մը, թագաւորութիւն մը, չի փնտռեր փորձառու կամ երէց մարդիկ, այլ՝ Երեմիայի նման իրենց մանուկ ըլլալը խոստովանող մարդիկ, որոնք սակայն մանուկի մը նման լեցո՛ւն են հնազանդութեան ոգիով, կո՛յր վստահութեան ոգիով։

Երբ Աստուած ուզէ իր բացարձակ սրբութեան մասին վկայութիւն տալ մարդոց, երբ ուզէ իր անհաւասարութիւնն ու անբաղդատելիութիւնը յայտարարել ու ծանուցել (Ես 46.5), չի փնտռեր իրենք զիրենք սուրբ ու մաքրամաքուր կարծող մարդիկ, այլ՝ Եսայիի նման իրենց պղծութիւնը խոստովանիլ գիտցող մարդիկ, որոնք սակայն զօրեղապէս կը փափաքին մաքրուիլ աստուածային հուրով։

Երբ Աստուած առաքելութեան կանչէ մեզ, խօսի՛նք իրեն մեր տկարութիւններուն մասին ինչպէս խօսեցան Մովսէս, Երեմիա եւ Եսայի։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը ծածկեց իր տկարութիւնը։ Անոնց խոստովանութիւնը իրական էր եւ անկեղծ։ Երբ Աստուած զանոնք առաքելութեան կանչեց, ճի՛շդ է որ անոնք որոշ առարկութիւններ ըրին, մէկը ըսաւ. «Ծանրախօս եմ», միւսը՝ «Մանուկ եմ», եւ երրորդը՝ «Պիղծ շրթունք ունիմ», բայց անոնց առարկութիւնները հետեւանքը չէին չկամութեան, ծուլութեան, կամ անտարբերութեան, այլ հետեւանքն էին՝ մեղքի եւ մարդկային տկարութեանց վերաբերեալ իրենց ունեցած խոր գիտակցութեան։

Հետեւաբար, դո՛ւն եւս, երբ խօսիս տկարութիւններուդ մասին, մի՛ խօսիր քեզի յանձնուելիք առաքելութենէն խուսափելու նպատակով, այլ խօսիր՝ տկարութիւններէդ ձերբազատուելու նպատակով

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

surbzoravor.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս