Աղօթքի պահը՝ պէտք է Աստուծոյ պահը ըլլայ
Աղօթքի պահը մեր պահը ըլլալէ աւելի Աստուծոյ պահն է։ Եթէ Աստուծոյ պահն է, անպայման որ Աստուած ըսելիք, յայտնելիք կամ ընելիք մը կ՚ունենայ։ Ինչ ցաւալի է որ մարդիկ կը ծնրադրեն, իրենց աղօթքը կ՚արտասանեն ինչպէս ոտանաւոր մը պիտի արտասանէին, եւ ապա ոտքի կը կանգնին եւ իրենց գործերուն կ՚երթան, առանց երբեք մտածելու, որ Աստուած ի՛ր կարգին կրնայ ըսելիք մը ունենալ իրենց։
Դժբախտութիւն է սէր Աստուծոյ ներկայութեան կանգնիլ եւ սէրէ ու հոգիէ պարպուած սիրտով աղօթել։ Այսպիսի աղօթողներ էին Փարիսեցիները։ Անոնք աստուածասէրներ ըլլալէ աւելի կրօնասէրներ էին։ Փարիսեցիներուն համար աղօթքը ինքնափառաբանումի պահ մըն էր եւ ո՛չ թէ զԱստուած փառաբանելու պահ մը։ Անոնք աղօթքի պահը աւելի՛ կը սիրէին քան զԱստուած որուն կ՚աղօթէին, որովհետեւ աղօթքը իրենց համար առիթ մըն էր տեսնուելու եւ ծափահարուելու իբրեւ բարեպաշտներ եւ կրօնասէրներ։
Փարիսեցիներուն համար երկարաբան աղօթքը հաւատացեալ ըլլալու ապացոյց մըն էր։ Աղօթքի պահը սակայն Աստուծոյ դասախօսութիւն տալու պահ մը պէտք չէ ըլլայ։ Այսպէս վերաբերողը անարգած կ՚ըլլայ զԱստուած։ Եթէ Աստուծոյ պահուան ընթացքին զԱստուած պիտի անարգենք, աւելի լաւ կ՚ըլլայ բնա՛ւ չաղօթենք։ Եթէ կը հաւատանք որ Աստուած ապրող Աստուած է, ուրեմն ան անպայման պիտի խօսի աղօթքի պահուն։ Իսկ երբ Աստուած կը խօսի, մարդը պէտք է լռէ եւ փորձէ լսել անոր ձայնը։ Յաճախ ըսուած է, որ «աղօթքը երկխօսութիւն է Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ»։ Եթէ ճի՛շդ է այս խօսքը, ուրեմն, դադրինք աղօթքի ընթացքին մենախօսելէ եւ առիթ տանք որ Աստուած ի՛նքն ալ խօսի։
Աղօթքի պահը Աստուծոյ սիրոյն մասին մտածելու եւ այդ սիրով լեցուելու պահն է։ Աստուած չ՚ուզեր որ իր սիրոյն համար յատկացուած պահուան ընթացքին մտածենք այլ սէրերու մասին։ Աստուած կը մերժէ իր ներկայութեան համար յատկացուած պահուան ընթացքին տեսնել աշխարհի ներկայութիւնը։ Ո՛չ ոք աշխարհի ստեղծիչին առջեւ կանգնած ատեն պէտք է աշխարհին մասին խորհի։
Ինչպէս թագաւորի մը ներկայութեան կանգնողը չի՛ համարձակիր այլ բաներու մասին մտածել եթէ ոչ միայն իր ըսելիքին եւ լսելիքին մասին, այնպէս ալ մենք, երբ աղօթքի կանգնինք թոյլ չտանք մենք մեզի Աստուծմէ զատ ուրիշ որեւէ բանի մասին մտածելու։ Երանելի Թագաւորին առջեւ կանգնած ատեն կարելի՞ է մտածել գերիներու երանութեան մասին։ Բնաւ Աստուածամերձ կարելի չէ համարել այն մարդը որ աղօթքի լուսաւոր լեռը բարձրացած է, եւ սակայն, անոր միտքն ու սիրտը ձորերու խաւարները կ՚որոնեն։
Եթէ չենք սիրեր զԱստուած մեր ամբողջ սիրտի ամբողջ սիրով, չենք կրնար մեր ամբողջ սիրտի ամբողջ սէրը դնել մեր մատուցած աղօթքներուն մէջ։ Մինչեւ այն ատեն երբ չենք զգար Քրիստոսի սիրոյ հպումը մեր սիրտերուն, երբեք ալ աղօթքի պահը սիրելի կամ հաճելի պահ մը պիտի չըլլայ մեզի համար։ Քրիստոսի սէրը չընդունած մարդուն համար աղօթքը պարզապէս բեռ մըն է։ Նման մարդ մը բեռը վայրկեան մը առաջ իր ուսէն վար նետելու մասին կը մտածէ եւ ո՛չ թէ զանիկա քիչ մը աւելի երկար իր ուսերուն վրայ պահելու։
Ահա թէ ինչո՛ւ երբեմն կը պատահի, որ աղօթքի պահուն մեր միտքը կու գայ «կարեւոր» հարց մը եւ իսկոյն աղօթքը վերջացնելու մասին կը մտածենք։ Բայց մեր միտքը եկած հարցը մեր հարցերը լուծող Աստուծմէ աւելի՞ կարեւոր է։ Ի՞նչպէս կը յանդգնինք աղօթքի կանգնիլ երբ մեզի համար կարեւորն ու կարեւորագոյնը Աստուածն ու աստուածայինը չեն։ Կարելի՞ բան է մեր Ոսկիին՝ Աստուծոյ (Յոբ 22.25) մասին մտածած պահուն, յանկարծ հողն ու աւազը մտաբերենք եւ Ոսկին լքելով հողին ետեւէն վազենք։ Կարելի՞ բան է որ լքենք կենսատու ջուրի գետը՝ Սուրբ Հոգին (Յհ 7.38), եւ մենք մեզի համար փորենք գուբեր՝ «ծակոտ գուբեր, որոնք չեն կրնար ջուր պահել» (Եր 2.13)։ Ի՞նչ պիտի մտածէինք մէկու մը մասին, որ սոխակին դայլայլանքին իր ականջները փակած, ագռաւին կռիչքին կը զմայլի։ Աղօթքի ընթացքին Աստուծմէ զատ ուրիշ բանի մասին մտածողները նման ծիծաղաշարժ բաներ ընողներուն կը նմանին։
Ո՞վ է այն մարդը որ իշխանի մը հետ խօսած պահուն յանկարծ բան մը յիշելով կը լքէ իշխանը եւ կ՚երթայ։ Մոռցէ՛ք իշխանին պարագան։ Առէք ձե՛ր պարագան։ Ենթադրեցէք պահ մը, որ մէկը ձեզի հետ կը խօսէր եւ դուք կը պատրաստուէիք ձեր սիրտը բանալու անոր, երբ յանկարծ բան մը յիշելով ձեզ ձգեց ու հեռացաւ, անհանգիստ պիտի չըլլայի՞ք իր վերաբերմունքէն։ Վստահաբար։ Մենք ալ յաճախ նոյն ձեւով չե՞նք վերաբերիր Աստուծոյ հետ։ Աստուած որ կը պատրաստուի աղօթքի պահուն բան մը ըսելու մեզի, անհանգիստ չ՚ը՞լլլար երբ կը տեսնէ որ յանկարծ զինք լքելով կը հեռանանք։
Եթէ կիսատ կամ անամբողջական կը թողունք մեր աղօթքը, այդ կը նշանակէ որ մեր սէրը Աստուծոյ հանդէպ կիսատ եւ անամբողջական է։ Աստուած ամբողջապէս եւ ամբողջական սէր ըլլալով կը մերժէ պատասխանել կամ նոյնիսկ ներկայ ըլլալ այն աղօթքներուն, որոնք ամբողջական սիրոյ ամբողջական արտայայտութիւն չեն։
Աստուած կատարեալ սէր է եւ հետեւաբար կատարեալ սիրով մը զինք պէտք է սիրել։ Կարելի չէ անկատար սէր ցուցաբերել կատարեալ սէր եղողին հանդէպ։ Կատարեալին հանդէպ կատարեալ սէր ունեցողը կատարելապէս պէտք է յանձնուի անոր աղօթքի պահուն։ Աստուած մասնակի ինքնայանձնում չ՚ընդունիր։ Ան որ ամբողջովին Աստուծոյ չի յանձնուիր, կը նշանակէ ամբողջական վստահութիւն չունի անոր նկատմամբ։
Երբ աղօթքի պահուն ուրիշ բաներու մասին կը մտածենք այդ ցոյց կու տայ, որ Աստուած մեր կեանքերուն մէջ առաջնահերթ տեղը չի՛ գրաւեր։ Արտօնուած չէ՛ աղօթքի պահուն քիչ մը Աստուծոյ եւ քիչ մըն ալ ուրիշ բաներու մասին խորհիլ։ Աղօթքի պահուն Աստուած կ՚ուզէ ի՛նք ըլլալ ամէնը ամէն բանի մէջ։ Աղօթքի ընթացքին Աստուած ո՛չ միայն առաջինն ու առաջնահերթը կ՚ուզէ ըլլալ, այլեւ՝ առանձինը, առանց ոեւէ մէկու եւ առանց որեւէ բանի։ Առանձին չենք երբ կ՚առանձնանանք Աստուծոյ հետ։ Աստուած ներկայ է մեզի հետ։ Ահա թէ ինչո՛ւ, թոյլ պէտք չէ տանք որ աշխարհն ու աշխարհայինը մուտք գործեն մեր սիրտերէն ներս երբ անոնք աղօթքի կանգնած են Աստուծոյ առջեւ։
Ինչպէս մենք պիտի չուզէինք որ մեզի համար եւ մեր տունը հաւաքուած մարդիկ ուրիշով հետաքրքրուէին եւ ուրախանային, այնպէս ալ Աստուած իրեն համար յատկացուած աղօթքի պահուն երբեք չ՚ուզեր մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացած տեսնել ուրիշ անձերու կամ ուրիշ բաներու վրայ։ Աստուած չ՚ուզեր աղօթքի պահուն տեսնել մրցակից սէր մը կամ փափաք մը։ Աստուծոյ փափաքը մեր փափաքը դառնալն է։ Սխալ չէ Աստուծոյ հետ ըլլալու փափաքէն զատ ունենալ նաեւ ուրիշ փափաքներ, բայց Աստուծոյ ակնկալութիւնն է որ պատրաստ ըլլանք մէկդի դնելու որեւէ փափաք որ կրնայ մեզ հեռացնել Աստուծմէ։
Մեծ ճիգ պէտք է թափել մեր միտքերը կրթելու աղօթքի պահուն մի՛այն Աստուծոյ եւ անոր արքայութեան մասին մտածելու։ Շատ կը պատահի որ աղօթենք թագաւորն Աստուծոյ բայց չաղօթենք Աստուծոյ թագաւորութեան գալստեան համար։ Քրիստոս մեզի սորվեցուց ամէն բանէ առաջ խնդրել որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ եւ աշխատիլ իր կամքը կատարել (Մտ 6.33)։ Քրիստոս հետեւաբար, կը սպասէ որ մեր աղօթքին առանցքային բաժինը ըլլայ Աստուծոյ արքայութեան խնդրանքը, այլապէս աղօթքի պահը կը դադրի Աստուծոյ պահը ըլլալէ։
Սիրելի՛ եղբայրս եւ քոյրս, որքան ալ անթիւ ըլլան աղօթքիդ պահերը անոնք քո՛ւ պահերդ կը մնան եւ բնաւ Աստուծոյ պահերը չեն նկատուիր այնքան ատեն երբ Աստուծոյ չես յանձնուած։ Աղօթքիդ պահը Աստուծոյ պահը կ՚ըլլայ երբ դուն Աստուծոյ բաժինը դառնաս։ Իսկ Աստուծոյ բաժինը դառնալու պահը ճիշդ հի՛մա է (Եբր 4.7)։
Եղած տեղդ կրնաս ծնրադրել Յիսուսի խաչին ներքեւ եւ պարզ բառերով ըսել. «Տէ՛ր Յիսուս, կը խոստովանիմ մեղքերս, կ՚ընդունիմ որ մեղքերս քաւելու համար էր որ աշխարհ եկար եւ խաչին վրայ արիւնդ թափեցիր։ Կը խնդրեմ որ ներես մեղքերս։ Այս պահէն սկսեալ քեզ կը ճանչնամ անձիս Տէրն ու Փրկիչս։ Օգնէ՛ ինծի որ ասկէ ետք հաւատարիմ մնամ քու սիրոյդ։ Ամէն»։
Եթէ արդէն իսկ ընդունեցիր զՔրիստոս իբրեւ անձնական Փրկիչդ եւ Տէրդ, կը նշանակէ որ աղօթքիդ պահը եղաւ եւ պիտի շարունակէ մնալ Փրկիչիդ եւ փրկուածիդ երջանկութեան պահը, յաւիտեանս յաւիտենից Աստուծո՛յ Հոգիով Աստուծո՛յ ցնծերգելու պահը։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

