Բաժիններ՝

«Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը…»

«Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16)։

«Աստուած… սիրեց աշխարհը»։ Երբ Սուրբ Գիրքը կը հաստատէ թէ Աստուած սիրեց աշխարհը, յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ Աստուած չսիրե՛ց աշխարհի մէկ մասը միայն, չսիրե՛ց մարդկութեան որոշ մէկ խաւը միայն, չսիրե՛ց Հրէաստանն ու Հրեայ ժողովուրդը միայն, այլ սիրեց ողջ աշխարհը, համակ մարդկութիւնը։ Ճի՛շդ է որ Քրիստոս աշխարհ գալով իր առաքելութիւնը իրագործեց Պաղեստինի ու Հրէաստանի մէջ, բայց Աստուծոյ սէրը Քրիստոսով յայտնուած ու յայտարարուած, Պաղեստինի ու Հրէաստանի նեղ սահմաններէն ներս չպարփակուեցաւ, այլ անոր նեղ սահմաններէն դո՛ւրս եկաւ, ժայթքեց՛աւ, ի՛ր թեւերուն տակ առնելու համար ամբողջ մարդկութիւնը։

Աստուծոյ սէրը տեղատարափօրէն անձրեւեց համայն մարդկութեան վրայ, այնպէ՛ս մը անձրեւեց, որ ամէ՛ն մարդ թրջուեցաւ, ամէ՛ն ծարաւ յագեցուեցաւ, զԱստուած փնտռող ամէ՛ն հոգի ցնծութեամբ երգեց Քրիստոսով իրեն շնորհուած փրկութեան համար։ Քրիստոսի սիրոյն յորդառատ անձրեւումին դիմաց մարդկային ամէ՛ն սիրտ մոմի՛ պէս կը հալի Աստուծոյ կամքին առջեւ, մարդկային ամէ՛ն հոգի ջուրի՛ պէս կը թափի Աստուծոյ ոտքերուն առջեւ։ Երբ մարդ արարածը սորվի Մարիամի նման Քրիստոսի ոտքերուն քով նստիլ (Ղկ 10.39), ա՛յն ատեն միայն պիտի սկսի խորապէս գիտակցիլ, թէ ինք պէ՛տք ունի Քրիստոսի ջերմ ներկայութեան, եւ թէ իր կեանքը դա՛ռն ու դատա՛րկ է առանց անոր։

«Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը…»։ Տակաւին, Աստուած «սիրեց աշխարհը» բացատրութիւնը, կը սորվեցնէ մեզի որ աշխարհի մէջ ապրող ամէ՛ն մէկ մարդ անձնապէս արժանի դարձաւ Աստուծոյ սիրոյն։

Կարդացեք նաև

Աստուած Քրիստոսի արեան գի՛նը կը նկատէ իւրաքանչիւր անհատ։ Աստուած կը հետապնդէ փրկութիւնը ամէ՛ն մէկ մարդու։ Ամէ՛ն մէկ մարդ Աստուծոյ սիրոյն եւ հետաքրքրութեան առարկան է, որովհետեւ ամէ՛ն մէկ մարդ Քրիստոսի արեան գինն է։ Եւ մենք իբր այդպիսի՛ն պէտք է դիտենք եւ յարգենք մեր նմանները։ Աստուած մեզ արժէք կը նկատէ եւ մենք իրաւունք չունի՛նք զիրար անարժէք նկատելու։ Աստուծոյ զաւակներուն հայեացքը Աստուծոյ հայեացքէն տարբեր պէտք չէ՛ ըլլայ։

Աստուած ո՛չ ոք կանտեսէ։ Աստուած անտեսանելի է բայց կը տեսնէ անտեսուածը։ Աստուած ամենազօր է բայց կը տեսնէ ամենատկարը։

Բարձրեալ է բայց կը տեսնէ խոնարհը։ Աստուածաշունչն ալ նո՛յնը կը հաստատէ. «Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ» (Սղ 138.6)։ Իսկ Յոբի գիրքը կըսէ. «Աստուած հզօր է, բայց մէ՛կը չարհամարհեր…» (Յոբ 36.5)։ Այսպիսի Աստուած մը արժանի է մեր բերանները իրեն համար փառաբանական երգերով եւ ալէլուիաներով բա՛ց տեսնելու։

Երբ կը կարդանք «Աստուած… սիրեց աշխարհը» բառերը, այն տպաւորութիւնը պէտք չէ ունենանք որ աշխարհ արժանի էր Աստուծոյ սիրոյն եւ այդ էր պատճառը որ Աստուած իր Որդին աշխարհ ղրկեց։

Աշխարհի մէջ ոչի՛նչ կար զԱստուած հրապուրող։ Մարդկային ցեղին նախանձելի վարքն ու բարքը չէ՛ր որ զԱստուած մղեց իր Որդին աշխարհ ղրկելու։ Մարդոց սէր ու հաւատքը չէ՛ր որ Երկնաւորը երկիր իջեցուց։

Աշխարհ ո՛չ միայն Աստուծոյ սիրոյն արժանի չէր, այլեւ՝ աստուածային այդ սիրոյն հակասող եւ հակադրուող էր։ Ո՛ չ մէկ պատճառ կար որ Աստուած այնքա՛ն սիրէր աշխարհը, բայց հազար ու մէկ պատճառ կար որ Աստուած բնա՛ւ «չսիրէր» աշխարհը։ Բայց եթէ երբեք Աստուած սիրե՛ց աշխարհը հակառակ աշխարհի ապերախտ ու դաւաճան կեցուածքին, այդ պարզապէս ցոյց կու տայ երկու բան.-

1.- Աստուծոյ սէրը կախեալ չէ իրեն հանդէպ մեր ունեցած վերաբերմունքէն կամ մեր ինչպիսի՛ անձնաւորութիւն ըլլալէն։ Աստուած իրեն թշնամութիւն ընողները սիրող Աստուած է։ Բայց բնականօրէն իր սէրը հանդէպ զինք սիրողներուն տարբեր սէր է, որովհետեւ ատիկա հայրական սէր է (Առ 8.17)։ Աստուած չսպասեր որ աշխարհ սիրէ զինք որպէսզի ի՛նքն ալ սկսի սիրել աշխարհը։ Աստուած սիրե՛ց մեզ մեր նախքան գոյութիւնը։ Սիրե՛ց մեզ երբ տակաւին մեղք չէինք գործած, եւ շարունակեց սիրել մեզ երբ մեղք գործեցինք։ Այո՛, Աստուած չսիրեց մեզ որովհետեւ բարի էինք կամ բարեգործ եւ ո՛չ ալ դադրեցաւ մեզ սիրելէ երբ չար ու չարագործ դարձանք։ Ո՛չ մեր բարի ըլլալը կրնայ զԱստուած աւելի՛ մօտեցնել մեզի եւ ո՛չ ալ մեր չար ըլլալը կրնայ զԱստուած աւելի՛ հեռացնել մեզմէ։ Աստուած կը սիրէ մեզ եւ կը մօտենայ մեզի ո՛չ թէ որովհետեւ բարի ենք, այլ որովհետեւ ի՛նք ՍԷՐ է։ Սէրը մի՛շտ կը սիրէ։ Սէրը մի՛շտ կը մօտենայ։ Սէրը մի՛շտ կը նախաձեռնէ։

2.-  Աստուած  կը  սիրէ  եւ  չի  կրնար  չսիրել  որովհետեւ  սէրը Աստուծոյ բնութիւնն է։ Երբ Աստուած կը սիրէ՝ խորքին մէջ ինքզինքն է որ կըլլայ։ Կարելի չէ պատկերացնել Աստուած հեռու սէրէն։ Եթէ հեռացնենք սէրը մարդէն՝ մարդը կը շարունակէ մարդ մնալ, բայց եթէ հեռացնենք սէրը Աստուծմէ՝ Աստուած կը դադրի Աստուած ըլլալէ։ Տաքութիւնը բնութիւնն է կրակին։ Ո՞վ կրնայ տաքութիւնը հեռացնել կրակէն։ Ինչպէս կարելի չէ տաքութիւնը հեռացնել կրակէն, այնպէս ալ կարելի չէ սէրը հեռացնել Աստուծմէ։ «Աստուած սէր է» (Ա.Յհ 4.8) կը հաստատէ սիրոյ առաքեալը՝ Յովհաննէս։ Յաճախ լսած ենք քարոզիչներ կըսեն. «Սէրը Աստուծոյ բնութեան մաս կը կազմէ»։ Սխա՛լ է այս հաստատումը։ Սէրը բան մը չէ որ Աստուծոյ բնութեան մաս կը կազմէ։ Սէրը Աստուծոյ բնութիւնն իսկ է։ Առաքեալը չըսեր. «Աստուած սէր ունի» այլ կըսէ. «Աստուած սէր է»։ Սէր ունենալը տարբեր է, սէր ըլլալը՝ տարբեր։ Արդեօք «Ես ջուր ունիմ» ըսելը եւ «Ես ջուր եմ» ըսելը նո՞յն բաներն են։ Ըսել ուզածս այն է, որ Աստուած սէր է՛ եւ ո՛չ թէ սէր ունեցող մը։

Եւ այդ սէր-Աստուածն էր որ իր սէր-Որդին տուաւ աշխարհին։ Աստուած զՔրիստոս տուաւ մարդոց որպէսզի մարդիկ Քրիստոսի ճամբով իրենք զիրենք տան Աստուծոյ։ Քրիստոս խռովութեան եւ խռովարարներու ձեռքը յանձնուեցաւ, որպէսզի դառնայ Աստուծոյ հաշտութեան ձեռքը կարկառուած դէպի մարդը։ Մեզմէ ո՞վ սիրայօժար իր որդին կրնայ յանձնել ապերախտ եւ ուրացող մարդոց ձեռքը։ Ո՞ր հայրը կամ մայրը կրնայ սիրայօժար կերպով յանձն առնել իր որդիին արեամբ հաշտուիլ իր թշնամիին հետ։ Ո՞ր թագաւորը իր դաւաճան մէկ զինուորը գերութենէ ազատագրելու համար իր սիրասուն որդին թշնամիներուն կը յանձնէ։ Ո՛չ մէկ մարդ կրնայ նման բան ընել։ Աստուած սակայն շա՛տ աւելին ըրաւ։

Աստուած սիրե՛ց մարդկութիւնը երբ անոնք կատէին զինք։ Սիրե՛ց, երբ անոնք մահուան դատապարտուած էին։ Սիրեց եւ հետաքրքրուեցաւ իրմով չհետաքրքրուողներով։  Իր բարերարի եւ հաշտարարի ձեռքը երկարեց անոնց երբ տակաւին անոնք թշնամական վերաբերմունք կը ցուցաբերէին իրեն հանդէպ (Հռ 5.10)։ Աստուած երբ որոշեց իր Որդիին ճամբով գալ եւ հանդիպիլ մարդոց, չորոշեց որովհետեւ մարդիկը զինք կը փնտռէին, այլ որովհետեւ ի՛նք կը փնտռէր զանոնք։

«Մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ»։ Աստուած իր Միածինը տուաւ։ «Միածին» բառը կը թագմանուի երկու ձեւով. (1) միակ ծնունդ, այսինքն՝ թէ Քրիստոս իր Հօրը միակ Որդին է եւ թէ Հայրը չունի ուրիշ որդիներ որոնք իրեն էակից եւ բնութենակից են։ Եւ (2) մէկէ ծնած, այսինքն՝ մէկ Աստուծմէ ծնած, ի յաւիտենից։ Այս բացատրութիւնները տուի, ըսելու համար թէ Աստուած չունէր բազմաթիւ որդիներ որոնք իրեն բնութենակից ըլլային եւ որոնցմէ մէկը աշխարհ ղրկէր, այլ՝ ունէր միայն մէ՛կ Որդի, եւ իր այդ մէկ հատիկ Որդին էր որ աշխարհ ղրկեց։

Աստուծոյ համար մեծ սիրոյ արտայայտութիւն պիտի ըլլլար աշխարհ ղրկել հրեշտակ մը որպէսզի մեռնէր մեզի համար, շատ աւելի մեծ սիրոյ արտայայտութիւն պիտի ըլլար եթէ երբեք ունենար տասը որդիներ եւ անոնցմէ մին աշխարհ ղրկէր, իսկ ունենալ միայն մէ՛կ Որդի եւ զանիկա մահուան յանձնել՝ գեղեցկագոյն, անսահման եւ անբացատրելի սիրոյ արտայայտութիւն է։

Աստուած իր անսահման սէրը մեզի հանդէպ չարտայայտեց իր Որդին ղրկելով, այլ՝ իր Որդին տալով։ «Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին ՏՈՒԱՒ»։ Այո՛, Աստուած տուաւ իր Որդին։ Չբաւարարուեցաւ ղրկելով զայն, այլ տուաւ զայն։

Այստեղ «տուաւ» կը նշանակէ զոհաբերեց, ընծայաբերեց, մահուան մատնեց։ Հին Կտակարանի մէջ յիշուած նահապետներէն ու մարգարէներէն, թագաւորներէն ու հովիւներէն, առաջնորդներէն ու քահանաներէն ո՛չ ոքի համար կըսուի թէ Աստուած տուաւ զայն։ Բոլորին համար անխտիր կը գործածուի «Աստուած ղրկեց» բացատրութիւնը։ Միայն Քրիստոսի համար է որ կը գործածուի տուաւ բացատրութիւնը։

«Տուաւ» բատարութեան մէջ մենք կը տեսնենք Աստուծոյ անհուն սէրը։ Քրիստոս որ իր Հօրը ուրախութեան եւ սիրոյ առարկան էր, տրուեցաւ մեզի, որպէսզի մե՛ր ալ ուրախութեան եւ սիրոյ առարկան դառնայ։ Քրիստոս Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան տրուած մեծագոյն պարգեւն է։ Տըւչութիւնը կատարեալ էր եւ նպատակաւոր։ Ի՞նչ էր այդ նպատակը։ «…որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Յովհաննէս իր առաջին նամակին մէջ նո՛յնը կը հաստատէ. «Աստուած իր միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի անով կեանք ունենանք» (Ա.Յհ 4.9)։ Ուրեմն, Քրիստոս իր զոհագործական մահուամբ երկու նպատակ կը հետապնդէր. (1) մեզ փրկել յաւիտենական կորուստէն, եւ (2) մեզի պարգեւել յաւիտենական կեանք։

Առաջին.- մեզ փրկել յաւիտենական կորուստէն։ Աստուած երբեք պարտաւոր չէր իր Որդիին արիւնը թափելու մեզ յաւիտենական կորուստէն փրկելու համար։ Ան իր պարտականութիւնը լիովին կատարած էր մեզի հանդէպ։ Ան ամէն կերպերու դիմած էր մարդիկը դաստիարակելու եւ ուղղութեան բերելու համար, բայց անոնք մերժեցին անսալ Աստուծոյ։ Մարդկութիւնը իր անհնազանդութեան պատճառով ամբողջապէս արժանի էր առ յաւէտ կորսուելու։ Ոչի՛նչ կար որ Աստուած պէտք էր ըսէր եւ չըսաւ։ Ոչի՛նչ կար որ Աստուած պէտք էր ընէր եւ չըրաւ։ Նո՛յնը կը հաստատէ Աստուած ի՛նք. «Իմ այգիիս ուրիշ ի՞նչ պէտք էր ընէի, որ ես անոր չըրի» (Ես 5.4)։ Հետեւաբար, Աստուծոյ միջամտութիւնը մարդկային ցեղէն ներս, Աստուծոյ պարգեւն էր եւ ո՛չ թէ պարտաւորութիւնը։

Երկրորդ.- մեզի պարգեւել յաւիտենական կեանք։ Ի՞նչ է կամ ո՞վ է յաւիտենական կեանքը։ Յաւիտենական կեանքը կեանքի Արարիչէն տարբեր բան մը չէ, իսկ կեանքի Արարիչը Քրիստոս ի՛նքն է (Յհ 1.4)։ Երբ զՔրիստոս կը կոչենք կեանքի արարիչ, պէտք չէ այն տպաւորութիւնը ունենանք որ կեանքը Քրիստոսի անձէն տարբեր մըն է։ Քրիստոս ըսաւ. «Ե՛մ եմ կեանքը» (Յհ 14.6, 11.25)։ Յովհաննէս առաքեալ նաեւ զՔրիստոս կը ներկայացնէ իբրեւ յաւիտենական կեանք «որ Հօրը հետ էր եւ այժմ մեզի յայտնուեցաւ» (Ա.Յհ 1.2)։ Աստուծոյ Որդին ունեցողը կեանք ունի, «իսկ ով որ չունի Որդին՝ յաւիտենական կեանք ալ չունի» (Ա.Յհ 5.12)։

Սիրելի՛ ընթերցող, ունի՞ս Որդին սիրտիդ մէջ։ Դարձա՞ծ ես ժառանգորդ յաւիտենական կեանքին։ Աստուած ա՛յնքան սիրեց քեզ, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի եթէ անոր հաւատաս չկորսուիս, այլ յաւիտենական կեանք ունենաս։ Աստուած սիրեց եւ տուաւ։ Սէրը կու տայ։ Կը սիրե՞ս զԱստուած։ Եթէ կը սիրես, սէրդ արտայայտելու համար ի՞նչ կու տաս անոր։ Աստուծոյ ուզածը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սիրտդ. «Որդեա՛կ իմ, քու սիրտդ ինծի՛ տուր» (Առ 23.26)։ Չե՞ս վստահիր սիրտդ Աստուծոյ։ Վստահէ՛ Աստուծոյ եւ ան յուսախաբ պիտի չընէ քեզ։ Երբ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ես, գիտցի՛ր որ ապահով ձեռքերու մէջ ես, յաւիտենապէս ապահով, ամբողջապէս ապահով։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

surbzoravor.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս