Բաժիններ՝

Ձեռքդ մաճին դնելէ ետք՝ ետ մի՛ նայիր

«Ան որ ձեռքը մաճին կը դնէ եւ ետ կը նայի, յարմար չէ Աստուծոյ թագաւորութեան» (Ղկ 9.62)։ Սա յայտարարութեամբ, Քրիստոս կո՛չ կուղղէ քրիստոնեայ մարդուն որ կորոշէ Աստուծոյ թագաւորութեան անդամագրուիլ, տէ՛ր կանգնելու իր առած որոշումին։ Ան որ ամուր կերպով կառչած կը մնայ Աստուծոյ թագաւորութեան հասնելու իր առած որոշումին, ա՛ն միայն արժանի պիտի ըլլայ ժառանգելու երկինքի արքայութիւնը։ Հարկաւ առնուած որոշումին ամրօրէն կապուած մնալը զուտ մարդկային ճիգի մը արդիւնքը չէ՛։ Կը բաւէ որ մարդ զօրաւոր փափաք ունենայ անսայթաք կերպով քալելու Քրիստոսի հետքերով, եւ ահա Սուրբ Հոգին զօրավիգ ու պաշտպան պիտի կանգնի անոր։

Աստուծոյ թագաւորութեան զաւակ դարձող մարդը իր կապը մի անգամ ընդմիշտ պէտք է խզէ աշխարհի թագաւորութեան հետ։

Աշխարհէն դուրս գալու մասին չէ որ կը խօսիմ։ Ընդհակառակը, աշխարհն ու անոր սէրը մեր ներսիդէն դուրս շպրտելու մարտակոչ է որ կուղղեմ Քրիստոսի զինուորներուն։ Քրիստոնեայ մարդը Քրիստոսի նման պէտք է կարենայ ըսել. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ» (Յհ 18.36)։ Կարելի բան չէ որ մեր միտքերը մտածեն երկինքին եւ երկնայինին մասին, իսկ մեր սիրտերը ցանկան աշխարհն ու աշխարհայինը։ Լուրջ աշխատանքի կը կարօտի մեր միտքերն ու սիրտերը վարժեցնել իրենց ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու երկինքի վրայ։

Պօղոս առաքեալ կըսէ. «Քանի որ յարութիւն առիք Քրիստոսի հետ, այսուհետեւ ձեր ուշադրութիւնը երկինք դարձուցէք, որովհետեւ հո՛ն է Քրիստոս, Հօր Աստուծոյ կողմը նստած։ Երկնաւոր բաներու մասին խորհեցէք եւ ո՛չ թէ երկրաւոր բաներու. որովհետեւ դուք այս աշխարհին համար մեռաք, որպէսզի Քրիստոսի հետ միասին ապրիք այն կեանքով՝ որ Աստուած վերապահած է ձեզի» (Կղ 3.1-3)։ Կեանքի Աղբիւրին հետ ծանօթանալէ ետք ո՛չ ոք այլեւս կը փափաքի աշխարհին յատուկ մեռելոտի գործերուն վերադառնալ։ Աշխարհի սէրն ու աշխարհի Ստեղծիչին սէրը միեւնոյն սիրտին մէջ չեն կրնար բնակիլ։ Միեւնոյն ձեռքը չի՛ կրնար գործածուիլ Քրիստոսապարգեւ եւ աշխարհապարգեւ մաճերուն համար։ Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ երբեք Քրիստոսի շնորհքով ձեռքդ փրկութեանդ մաճին դրած ես, ալ ետ նայելու մասին մի՛ մտածեր։

Կարդացեք նաև

Առջեւդ նայիր, ուր «հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ» (Մտ 9.37), եւ պատրաստ եղիր Աստուծոյ խօսքին արօրով հերկելու մարդոց քարեղէն սիրտերը. հերկելու այնքան եւ այնպէս՝ որ փշրուին այդ սիրտերը Քրիստոսի կամքին դիմաց եւ լուացուին անոր արիւնով։ Մշակները միայն եկեղեցականները չեն, այլ բոլոր անոնք՝ որոնց սիրտին եւ հոգիին մէջ փրկութեան շնորհքին լոյսը ծագած է։

«Ան որ ձեռքը մաճին կը դնէ եւ ետ կը նայի, յարմար չէ Աստուծոյ թագաւորութեան»։ Իսրայէլի նախահայրերէն շատեր իրենց ձեռքը մաճին դնելէ ետք՝ վերստին հեռացան Աստուծմէ (Եր 2.5)։ Ուրիշներ լաւ պայմաններու տիրանալէ ետք հեռացան Աստուծմէ (Բ.Օր 32.15)։ Ռոբովամին համար կը կարդանք, որ երբ իր «թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ ու ինք զօրացաւ, Տիրոջը օրէնքը թողուց» (Բ.Մն 12.1)։ Երեմիա մարգարէն կը վկայէ, որ Աստուծոյ ժողովուրդէն շատեր լքեցին զԱստուած՝ «կեանքի ջուրին աղբիւրը եւ իրենց գուբեր փորեցին, ծակոտ գուբեր, որոնք չեն կրնար ջուր պահել» (Եր 2.13)։

Յաճախ փորձութիւնները նաեւ պատճառ կըլլան որ մարդիկ իրենց ձեռքը ետ քաշեն մաճէն (Ղկ 8.13)։ Յուդա Իսկարիոտացին ձեռքը մաճին դնելէ եւ Աստուծոյ թագաւորութեան քարոզիչը ըլլալէ ետք, դրամի համար ու դրամով ծախեց Քրիստոսի կողմէ իրեն յանձնուած մաճը։

Դեմաս որ Պօղոս առաքեալի գործակիցն էր, ձեռքը մաճին դնելէ ետք ետ նայեցաւ, դէպի աշխարհ եւ դէպի աշխարհատուր հանգիստը (Բ.Տմ 4.10)։ Պետրոս առաքեալ խօսելով Յուդայանման եւ Դեմասանման մարդոց մասին կըսէ. «Անոնք որոնք մեր Տէրն ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալով՝ աշխարհի պղծութիւններէն անգամ մը հեռանալէ ետք վերստին նոյն պղծութիւններուն մէջ կիյնան, անոնց վիճակը նախկինէն շատ աւելի գէշ կըլլայ։ Աւելի լաւ կըլլար՝ որ անոնք բնաւ ճանչցած չըլլային արդարութեան ճամբան, քան թէ ճանչնալէ ետք՝ հեռանային իրենց աւանդուած սուրբ պատուիրանէն» (Բ.Պտ 2.20-21)։

Երբ մէկը կորոշէ ընդունիլ զՔրիստոս իբրեւ Տէր եւ Փրկիչ, պէտք է ջանայ մոռնալ իր անցեալը եւ գալիքին նայիլ։ Նո՛յնը կը հաստատէ Պօղոս առաքեալ. «Կաշխատիմ անցեալը մոռնալ եւ գալիքին նայիլ, եւ ուշադիր կերպով կը վազեմ դէպի նպատակակէտ, իբրեւ մրցանալ ստանալու համար յաւիտենական կեանքը, որուն կը հրաւիրէ մեզ Աստուած, Քրիստոս Յիսուսով» (Փլպ 3.13-14)։ Գալիքին նայիլ պէտք է սորվինք։ Հինին ու անցեալին համար ողբալն ու սգալը ոչինչ կրնան փոխել։

Անցեալով տարուիլն ու գրգռուիլը՝ սատանայական յարձակում է։

Թոյլ չտանք որ անցեալին պատահած դէպքերը մեզ անհանգստացնեն եւ մեր խաղաղութիւնը կորսնցնեն։ Իր անցեալէն ձերբազատուիլ չկրցող մարդը՝ Քրիստոսով յայտնուած նոր կեանքին ժառանգորդը չի կրնար ըլլալ։ Հինէն ազդուողը նորին բերած օրհնութիւնը չի կրնար վայելել։

Աստուծոյ երեսին նայողը պէտք է երես դարձնէ աշխարհին։ Աստուծոյ դարձող մարդը պէտք է ամենայն համարձակութեամբ կարենայ Աստուծոյ ըսել. «Մենք այլեւս պիտի չդառնանք քեզմէ» (Սղ 80.17)։

Այո՛, ճշմարտապէս Աստուծոյ հետեւիլ ուզող մարդու մը խօսքն է սա խօսքը. «Մենք այլեւս պիտի չդառնանք քեզմէ»։ Ոչինչ մեզ կրնայ հեռացնել Աստուծմէ եթէ երբեք մօտենանք իրեն առանց պայմանի։ Պայմանով կամ պայմաններու շարքով մը Աստուծոյ մօտեցող մարդը, ուշ թէ կանուխ վերստին պիտի լքէ զԱստուած։ Չնմանինք այն մարդուն որ ըսաւ. «Տէ՛ր, պիտի հետեւիմ քեզի, բայց…» (Ղկ 9.61)։ Մօտենա՛նք Աստուծոյ առանց այս «բայց»ին։ «Բայց»ով մօտենալ, կը նշանակէ պայման դնել։ Որքա՜ն մարդիկ չեն կրցած մօտենալ Քրիստոսի այս «բայց»ին պատճառով։ Ո՛րքան անմտութիւն է գտնելէ ետք Քրիստոսը, անոր ըսել. «Տէ՛ր, պիտի հետեւիմ քեզի, բայց թոյլ տուր նախ երթամ ընտանիքէս հրաժեշտ առնեմ»։ «Նախ երթամ…»։ Ինչո՞ւ երթալ եւ ո՞ւր երթալ Քրիստոսի հանդիպելէ ետք։ «Բայց» եւ «նախ երթամ…» ըսողները, կարծէք ըսել կուզեն. «Տէ՛ր, պիտի հետեւիմ քեզի, բայց հիմա ճիշդ ժամանակը չէ, տակաւին ուրիշ ընելիքներ ունիմ»։ Այս տեսակի մտածողութիւն հակառակ է Սուրբ Գիրքին, որ կը հաստատէ «հիմա՛ է փրկութեան օրը» (Բ.Կր 6.2)։

Սիրելի՛ ընթերցող, ետ մի՛ նայիր երբ Աստուած քեզ դէպի առաջ նայելու եւ քալելու կոչ կուղղէ։ «Մոռցէ՛ք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը, եւ նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի կարենաք զինք ճանչնալ» (Կղ 3.9-10)։ Քու անցեալդ մոռնալը քեզ կառաջնորդէ նորոգութեան, իսկ նորոգութիւնը՝ աստուածճանաչողութեան։ Անգամ որ սկսար դէպի առաջ քալել, դժուարութեանց որ հանդիպիս, նախկին կեանքիդ մասին մի՛ մտածեր որպէսզի հոն դառնալու փափաքը չբռնկի ներսիդիդ։

Ո՜հ, չըլլայ որ նմանիս այն Իսրայէլացիներուն, որոնք Եգիպտոսէն ելլելէ ետք, երբ կերակուրի համար նեղութիւն կրեցին Սինայի անապատին մէջ, տրտնջացին եւ ըսին. «Եգիպտոսի մէջ մեր ձրի կերած ձուկերը, վարունգները, սեխերն ու պրասները, սոխերն ու սխտորները միտքերնիս կու գան» (Թւ 11.5)։ Ասոնք բոլորը իրենց ձեռքը մաճին դնելէ ետք ետ նայողներուն խումբին կը պատկանին։ Ի՜նչ ցաւալի երեւոյթ է, որ մարդ արարածը սոխ ու սխտորի համար հեռանայ Աստուծմէ եւ փափաքի նախկին կեանքին վերադառնալ։

Նման սխալ մը կը գտնենք Իսրայէլի առաջին թագաւորին՝ Սաւուղի կեանքին մէջ։ Աստուած հրամայած էր անոր որ Ամաղեկացիներուն վրայ յարձակի եւ բնաջնջէ ամէն ինչ, մարդ թէ անասուն, բայց Սաւուղ խնայեց «Ագագը (Ամաղէկի թագաւորը) եւ ոչխարներուն ու արջառներուն աղէկներն ու գէրերը…» (Ա.Թգ 15.9)։ Սաւուղ իր ձեռքը ետ քաշած չեղա՞ւ մաճէն երբ ոչխարի ու արջառի համար անհնազանդ գտնուեցաւ Աստուծոյ պատուէրին։ Կարժէ՞ ոչխարի ու արջառի համար խախտել Աստուծոյ օրէնքը եւ խոցոտել անոր սիրտը։

Ահաւոր բան է մեր ձեռքը մաճէն ետ քաշել եւ ուրանալ զԱստուած սոխ ու սխտորի համար (Թւ 11.5), ոչխարի ու արջառի համար (Ա.Թգ 15.9), «բուռ մը գարիի եւ պատառ մը հացի համար» (Եզ 13.19)։ Սիրելի՛ ընթերցող, մի՛ մտածեր թէ դուն նման բաներու համար չես ուրանար զԱստուած, այլ քաջութիւնը ունեցիր մտածելու այն բոլոր իրականութիւններուն մասին՝ որոնց համար ձեռքդ մաճէն ետ կը քաշես։

Սոդոմի եւ Գոմորի կործանումին առիթով, Աստուծոյ խօսքը ուղղուած Ղովտին եւ անոր կնոջ, ուղղուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին. «Ետիդ մի՛ նայիր» (Ծն 19.17)։ Ղովտին «կինը ետին նայեցաւ ու աղի արձան եղաւ» (Ծն 19.26)։ Ետին նայիլը, նախկին մեղսալից կեանքին հանդէպ սիրոյ արտայայտութիւն է։ Հետաքրքրական է որ Աստուած ո՛չ միայն ետին նայիլը արգիլեց, այլ նաեւ ուշանալն ու տնտնալը (Ծն 19.16)։ Որպէսզի մեր ձեռքը մաճին դնելէ ետք, ետ չնայինք, եկէք «մեր աչքերը յառենք Յիսուսի, մեր հաւատքի հիմնադիրին ու կատարելագործողին» (Եբր 12.2), որպէսզի արժանի ըլլանք մեր երկնաւոր Հօր թագաւորութեան ժառանգորդները դառնալու։ Ամէն։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

surbzoravor.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս