Բաժիններ՝

Աստուած չի՛ ծածկեր մարդուն մեղքը

Սուրբ Գիրքի ուսանող մը շատ լաւ գիտէ որ Աստուած չի վերաբերիր մեղքին հետ այնպէս ինչպէս մենք պիտի վերաբերէինք։ Մենք սովորաբար չենք ուզեր որ մարդիկ գիտնան մեր մեղքերուն մասին, չենք ուզեր զանոնք հրապարակել։ Աստուածաշունչը սակայն կը պարզէ որ Աստուած երբեք չի ծածկեր իր հաւատացեալներուն ու հետեւորդներուն մեղքերը։ Աստուածաշունչին նպատակը կատարեալ տիպարներ ներկայացնելը չէ։ Օրինակ, Աստուած չծածկեց Յակոբին խաբեբայ նկարագիրը, եւ ինչո՞ւ. որպէսզի ցոյց տայ մեզի թէ ինչպէս ան աշխատեցաւ Յակոբին կեանքին մէջ, եւ աստիճանական կերպով ձերբազատեց զայն իր այդ նկարագիրէն։ Աբրահամի կեանքին թերութիւնները նաեւ մատնանշուած են, բայց շնորհիւ Աստուծոյ հետ իր ունեցած մտերմութեան, ան դարձաւ ու ճանչցուեցաւ իբրեւ հաւատքի ջահակիր ու ախոյեան։

Մեզմէ ոեւէ մէկը պիտի չուզէր գիտնալ թէ Աստուծոյ մարդը, զԱստուած երես առ երես տեսնող մարդը՝ Մովսէս, օրին մէկը պիտի յանդգնէր Աստուծոյ փառքին մէկ մասը իւրացնել կամ իւրացնելու փորձ մը ընել, եւ ատիկա պատճառ պիտի ըլլար որ Աստուած արգիլէր իրեն, ժողովուրդը անձամբ առաջնորդելու դէպի խոստացեալ երկիր (Թւ․ 20.7- 13)։ Մենք ընդհանրապէս վարժ ենք Աստուծոյ մարդիկը պատկերացնել կամ ներկայացնել առանց թերութեան եւ մեղքի։ Մենք սովորաբար մեզի մօտիկ եղող մարդիկը կը սիրենք տեսնել առանց պակասութեան։ Այս չէ՛ սակայն Աստուծոյ մօտեցման կերպը կամ գործելակերպը։

Աստուածաշունչը կը յայտնէ նոյնիսկ Աստուծոյ ամէնէն մօտիկ եղող մարդոց մեղքերը, որպէսզի ցոյց տայ մեզի թէ Աստուած կը զզուի եւ կը նողկայ մեղքէն։ Աստուած կ՚ուզէ յայտնել մեղքը եւ օգնել մեզի ձերբազատուելու անկէ։ Ինչպէս հիւանդ մը չի կրնար ազատագրուիլ իր հիւանդութենէն եթէ փորձէ ծածկել զանիկա, այնպէս ալ յատուկ մեղքէ մը գերուած մարդը, չի կրնար հրաժարիլ անկէ եթէ խոստովանութեամբ չյայտնէ զայն Աստուծոյ։

Ան որ կը փորձէ ծածկել իր մեղքը, կը նմանի այն մարդուն որ գորգը կ՚աւլէ եւ փոշին գորգին տակ կը պահէ, կամ կը նմանի այն մարդուն որ որդնոտած ու նեխած խնձորը կը փորձէ պահել լաւ խնձորներուն տակ։ Բոլորս ալ գիտենք նման արարքի մը հետեւանքը։ Եթէ որդնոտած ու նեխած խնձորը մէկ կողմ չնետենք, ամբողջ խնձորները ի վերջոյ պիտի աւրուին։ Ինչպէս մէկ որդնոտած խնձոր մը կրնայ ամբողջ սնտուկ մը ապականել, այնպէս ալ, եթէ ունինք միայն մէկ մեղք եւ եթէ թոյլ տանք որ այդ միակ մեղքը արմատ դնէ մեր ներսիդին եւ բոյն հաստատէ, կրնայ մեր ամբողջ բնութիւնը ապականել։

Կարդացեք նաև

Մեղքը մե՛ղք է, ատիկա ըլլայ մէկ հատ թէ հազար հատ, փոքր թէ մեծ։ Մեզմէ ո՞վ չի գիտեր որ մէկ մեղքը կ՚առաջնորդէ ուրիշ մեղքի մը։ Ո՞վ չի գիտեր թէ այսօր մեզի պզտիկ թուացող մեղքը, վաղը կրնայ անչափօրէն մեծնալ եւ լեցնել մեր կեանքը եւ մեզ ստրկացնել։ Բարսեղ Մաշկեւորցին կ՚ըսէ. «Մեղքի բնութեան մի՛ նայիր, թէ փոքր է, այլ՝ նկատի առ որ մեղքը անհոգութենէ կը մեծնայ՝ ինչպէս մարմինի ցաւերը, որոնք իրենց փոքրութեան մէջ երբ անտեսուին հետզհետէ կը մեծնան։ Այսպէս էր Յուդայի պարագան, ուր փոքր բաներէ մեծամեծ չարիքներ ծնան. աղքատներու ունեցածէն գողնալը եթէ ան փոքր բան չհամարէր, մատնութիւնն ալ չէր ըներ։ Նոյնպէս են պոռնկութիւնն ու այլ չարիքները, որովհետեւ մէկը անմիջապէս չարիքի չի դիմեր, այլ՝ աստիճանաբար»։

Յիշեցէք Դաւիթ մարգարէին օրինակը։ Դաւիթ որ Տիրոջ սրտին ուզածին պէս մարդ մըն էր (Ա.Թգ․ 13.14), անօրէնութիւն մը գործեց եւ այդ անօրէնութիւնը ո՛չ միայն յիշուած է Աստուածաշունչին մէջ, այլեւ լայն տեղ տրուած է անոր յիշատակութեան (Բ.Թգ․ 11-12)։ Ան սպաննեց կամ կարգադրեց սպաննութիւնը Ուրիային, ապա անոր կինը՝ Բերսաբէն քովը բերել տուաւ։ «Դաւիթին այս ըրած բանը Տիրոջ աչքերուն գէշ երեւցաւ» (Բ.Թգ․ 11.27), եւ ատոր համար ալ Աստուած «զարկաւ այն մանուկը, որ Ուրիային կինը Դաւիթին ծներ էր… եւ եօթներորդ օրը մանուկը մեռաւ» (Բ.Թգ․ 12.15-18)։

Ինչո՞ւ Դաւիթ արձանագրած է այս պատմութիւնը թագաւորութեան գիրքին մէջ։ Եթէ մեզմէ ոեւէ մէկը գիրք մը գրէր, արդեօք պիտի ուզէ՞ր այդ գիրքին մէջ յիշել իր գործած անօրէնութիւնները կամ յանցանքները։ Աշխարհի մարդիկ երբեք չեն ուզեր խօսիլ կամ լսել իրենց մեղքերուն եւ գործած անիրաւութիւններուն մասին։ Իսկ Աստուծոյ մարդիկը, չեն քաշուիր իրենց մեղքերը հրապարակելու, որպէսզի օրինակ դառնան ուրիշներուն եւ բացայայտեն մեղքին կործանարար բնութիւնը։

Դաւիթ ո՛չ միայն յիշեց իր գործած մեղքը, այլեւ յիշեց այդ մեղքին հետեւանքները։ Այդ մեղքին հետեւանքներէն էին Բերսաբէին ծնած մանուկին մահը եւ իր հարճերուն բռնաբարուիլը իր որդիին՝ Աբիսողոմին կողմէ (Բ.Թգ․ 16.22)։ Դաւիթի այս անբարոյութեան մեղքէն ետք աղէտները անպակաս եղան իր կեանքէն։ Իր որդին՝ Ամմոնը սպաննուեցաւ, իր որդիէն՝ Աբիսողոմէն երկար ատեն հալածուեցաւ, թափառական դարձաւ, երեք տարիներու սովի հանդիպեցաւ, եւայլն։ Ան երկար տարիներ տառապեցաւ ու զղջաց իր գործած մեղքին համար։

Դաւիթ քաջութիւնը ունեցաւ հրապարակելու իր մեղքը։ Մէկը մեղքէն ազատած չ՚ըլլար եթէ քօղարկէ զանիկա։ Երբեմն մենք կը փորձենք եւ կը յաջողինք քօղարկել այսինչ կամ այնինչ մեղքը, եւ կը կարծենք որ ձերբազատուեցանք անկէ։ Ո՛չ ոք կրնայ ազատիլ իր սրտին մէջ բնակութիւն հաստատած մեղքէն, եթէ թոյլ չտայ որ Սուրբ Հոգին Յիսուսի խաչով սրտի բաց գործողութիւն ընէ իրեն։ Սիրտ մը կրնայ խաղաղութիւն վայելել միայն ա՛յն ատեն՝ երբ յանձնուի Աստուծոյ։

Սիրելի՛ ընթերցող, Աստուած գիտէ մեղքերուդ մասին, ուստի ապարդիւն է զանոնք ծածկելու ճիգդ։ Մեղքերդ ծածկելը Աստուծոյ բաժինն է, իսկ քու բաժինդ՝ զանոնք հրապարակելն է։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից 

surbzoravor.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս