«Ես Շարլի Հէպտո Չեմ», եթէ…
Անկասկած, որ Փարիզեան «Շարլի Հէպտո» երգիծական թերթին վրայ տեղի ունեցած յարձակումը նոր հանգրուան մը բացաւ Եւրոպայի համար:
Մինչ եւրոպական շարք մը պարբերականներ կ’ազդարարեն, որ տեղի ունեցածը «Ֆրանսայի սեպտեմոեր 11-ն է» անդին Եւրոպայի քաղաքական վերնախաւը դէպքը դատապարտելէ ետք Կիրակի օր Փարիզի մէջ մանակցեցաւ ահաբեկչութիւնը դատապարտող բողոքի ցոյցերուն: Ցոյցերը կը կրէին մէկ խորագիր՝ «յանուն հանրապետութեան» եւ քայլերթին իրենց մասնակցութիւնը բերին 3.7 միլիոն ֆրանսացիներ:
Հակառակ տարբեր վայրերու մէջ հնչած «Ես Շարլի» եմ կոչերուն ամերիկացի յօդուածագիր Տէյվիտ Պրուքս 8 Յունուարին The New York Times–ի մէջ իր ստորագրած յօդուածին մէջ կ’ըսէր ՝«Ես Շարլի Հիպտո չեմ»: Գրողը նաեւ կը մատնանշէր, որ «Շարլի Հէպտո»ի նման թերթ մը չի կրնար գոյատել Ամերիկայի մէջ: Ան օրինակ մը տալով մատնացոյց կ’ընէր Իլինիոյ նահանգի գլխաւոր համալասարնին մէջ դասախօսող ուսուցիչ մը, որ միասեռականութեան մասին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հայեցակարգին մասին նիւթ մը ներկայացնելու հետեւանքով հեռացուած էր իր պաշտօնէն: Փարիզի դէպքը վերլուծելու համար պէտք է ի մտի ունենալ երկու կարեւոր առանցք: Անկախ անկէ, որ տեղի ունեցածը ահաբեկչութիւն է (ու այս մօտեցումը անսկարկելի է, հակառակ ոմանց խօսքերուն, որ երգիծաթերթը բոլոր սամհանները անցած է) դէպքը նաեւ կապ ունի վերջին տարիներու Ֆրանսական իշխանութիւններուն գործած սխալներուն հետ: Յիշեցնելու կարգով պէտք է նշել Իրաքի եւ Մալիի մէջ կատարուած «մեծապետական» միջամտութիւնները: Բացի ասկէ Ֆրանսացի աւելի քան 450 իսլամիստ զինեալներ կը մասնակցին սուրիական պատերազմին: Մինչ Հոլլանտ կը քննադատէ երեւոյթը, բայց խնդրին առաջքը առնելու համար ոչինչ կ’ընէ:
Երկրորդ հարցը Ֆրանսայի մէջ ապրող աւելի քան 6 միլիոն իսլամներն են, որոնք տարիներէ ի վեր Ֆրանսա կ’ապրին ու ֆրանսական ընկերութեան մէջ «ինթէկրուելու» լուրջ խնդիրներ ունին: Տարբեր աղբիւրներ կը յայտնեն նաեւ, որ «գաղթականներուն» շուրջ 2 միլիոնը կեցութեան օրինական թուղթեր չունին:
Աշխարհի բոլոր մեղքերը իսլամ կրօնքը դաւանող մարդոց ուսին բարդելը դարձած է նորոյթ: Վերջին տարիներուն իսլամը հրէշ դարձնելու երեւելի ճիգ մը կայ: Ասկէ զատ նոյն իսլամներու վկայութեամբ Եւրոպայի մէջ ապրող իսլամները նոյնպէս տագնապի մէջ են: Այս մասին խօսած Իտալիոյ Ֆլորանսա քաղաքի իմամ՝ Շէյխ Ըզ Ալ Տին Ալ Զիր, որ բառացիօրէն ըսած է «եթէ ճշմարիտ ըլլանք մենք մեր հետ ապա պէտք է ընդունինք, որ որոշ թշնամութիւն մը ունինք ոչ իսլամին հանդէպ եւ այդ մէկը կը բխի մեր (իսլամական.-Խմբ.՝ Ս.Ա.) կրօնը սխալ ձեւով մեկնաբանելէն» («Ալ Սաֆիր» օրաթերթ Յունուար 2015): Այս իրականութիւնը պատճառ կը դառնայ , որ քարեղէն պատեր ստեղծուին Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ ապրող իսլամ աշխատուժին (մարոքցի, թունիզցի եւ ալճէրիացի) եւ տեղի բնակչութեան միջեւ:
Բացի ասկէ երեւելի է, որ Ֆրանսա այսօր նոր ղեկավարի մը կարիքն ունի: Ղեկավար մը, որ պիտի կարողանայ տարբեր մօտեցումներ ունեցող հասարկութիւնը մէկ ազգային դրօշի տակ պահել: Ոչ Հոլլանտ, ոչ Սարքոզի եւ ոչ ալ ծայրայեղ աջ կուսակցութեան ներկայացուցիչները այդ ուժը ունին:
Այստեղ յստակօրէն պէտք է ընդգծել, որ հայերուն համար Իսլամը երբեք թշնամի չէ եղած: Մեր պատութեան էջերուն մէջ շատ բարակ թել մը կայ, որ կը պատմէ, թէ իսլամ անհատներ կամ կրօնաւորներ քանի- քանի անգամներ միջամտած ու փրկած են մեզ մահէ: Այս խօսքին հաւաստիութիւնը ամրացնելու համար այստեղ վերյիշենք երկու պատմական օրինակ: 1916 -ին Մէքքա քաղաքի կառավարիչ Հիւսէյն Ալ Հաշիմի հրապարակած է Մանիֆեսթ մը, ուր դատապարտած է Օսմանեան կայսրութեան տարբեր շրջաններուն մէջ քրիստոնեաներու եւ հայերու դէմ կատարուած բռնարարքները: Յիշատակելի է նաեւ 1915 -ին Տէր Զօրի կառավարիչ Սաիտ Հաքիմի կեցուածքը, երբ ան ոչ միայն չէ կատարած է Օսմանեան տէրութեան հայերը ջարդելու հրամանը այլ տնակներ եւ բնակարաններ տրամադրած է այդ շրջանները հասնող գաղթական հայերուն:
Վերադառնալով Փարիզեան ահաբեկչութեան պէտք է հասկնալ, որ կատարուած սպանդը մեծ հարուած է ոչ միայն եւրոպական արժէքներուն այլ առաջին հերթին Եւրոպայի շուրջ 40 միլիոն իսլամներուն, որոնք կրնան բռնադատման, հալածանքի եւ ատելութեան թիրախ դառնալ: Դէպքէն ետք ու մինչեւ օրս Ֆրանսական տարբեր քաղաքներու մէջ հակա-իսլամական աւելի քան 50 արարքներ տեղի ունեցած են եւ այս մէկը աննախընթաց է:
Կը մնայ հարցադրումը, որ արդեօ՞ք Ֆրանսան պիտի յաջողի բուժել այս վէրքը որ որեւէ պահու կրնայ Իսլամ- Քրիստոնեայ հակամարտութեան եւ պատերազմի վերածուիլ: Վստահաբար երրորդ կողմ մը կայ, որ ոչ միայն այս դէպքերէն կ’օգտուի այլ նաեւ կը ծրագրէ, կը նախապատրաստէ ու կ’իրականացնէ այդ ահաբեկչական գրոհները:
Այս ամբողջին մէջ կայ նաեւ այլ կէտ մը, որ արդեօ՞ք Մոհամէտ մարագէին հանդէպ եղած ծաղրանքը ընդունելի է : Օրինակ նոյն ծաղրը եթէ Քրիստոսի հանդէպ ըլլար ինչ պիտի մտածէին քրիստոնեաները: Անսահման ազատութիւնը գոնէ այս պարագային երկսայրի սուր է եւ կը վնասէ նոյնինքն անոր, որ ազատութեան անունով գրիչ կը շարժէ:
Եթէ նպատակը սրբագրելն է կարիք չկայ ծաղրանքի:
Ծաղրը վէրք պիտի բանայ եւ վերածուի սպառնալիքի:
Ծաղրը առիթ պիտի դառնայ արեան հեղումի:
Այսօր յարմար չէ խօսիլ Եւրոպայի մէջ նահանջի ճանապարհը բռնած քրիստոնէական արժէքներուն մասին: Իսկ բացակայ քրիստոնայ եկեղեցին նոյնպէս կարեւոր պատասխանատութիւն կը կրէ այս բոլոր դէպքերուն մէջ:
Անկասկած, որ այս դէպքերը մեզի յաւելեալ առիթ պիտի տան մտածելու իսլամ-քրիստնեայ համակեցութեան, հանդուրժողութեան եւ դիմացինին կրօնքը յարգելու մասին: Կան կարմիր գիծեր, որոնք անանցանելի են: Եթէ խօսակիցիդ համար աւելի կարեւոր են այդ կարմիր գիծերը դուն պարտաւոր ես բացատրելու, որ կարեւորը կեանքն է, համատեղ ապրելու գեղեցիկ առիթը եւ ոչ թէ կրօնքի անունով արիւն թափելու բարբարոսութիւնը:
Իսկ երբ խօսակիցիդ համար այդ արժէքները գոյութիւն չունին ապա դուն եւս պատասխանատու ես, որ հարեւանդ, գործընկերդ, քեզի հետ նոյն քաղաքին մէջ ապրող մարդը խաւարին մէջ կը մնայ: Ազատութիւնը ինքնանպատակ չէ: Քու ազատութիւնդ կ’աւարտի հոն, ուր դիմացինիդ ազատութիւնը սկիզբ կ’առնէ:
Ալ ինչ խօսք երբ խօսքը մտքի, խղճի եւ հաւատալիքի ազատութեան մասին է:
Սագօ Արեան
karabakh-open.info