Բողոքի ցոյց Փարիզի հայկական դեսպանատան դէմ (լուսանկարներ)
Շուրջ հարիւր հայեր ընդառաջեցին հայկական վերածնունդ կազմակերպութեան Փարիզի մասնաճիւղի կոչին գալու եւ իրենց բողոքը ներկայացնելու Հայաստանի պետական իշխանութիւններու դէմ։
Ցոյցը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 7 Ապրիլին, ժամը 17-ին, Փարիզի Հայաստանի դեսպանատան մուտքին մօտ։
Ըստ ֆրանսական ոստիկանութեան Հայաստանի դեսպանատունը հատուկ դիմում կատարած է ֆրանսական պետութեան պաշտպանելու համար դեսպանատունը հաւանական խանգարիչ տարրերէ։ Աւելորդ է նշել որ ոչ՛կազմակերպողները ոչ՛ ալ ներկայ ցուցարարները որեւէ միտում չունէին բիրտ ուժի կամ այսպէս ասած « խուլիկանութեան » դիմելու։ Այս իրողութեան ականատէս ու վկայ եղան դեսպանատան կողմէ ուղարկուած «դիտորդ» ները որոնք թաքուն հետեւեցան հաւագին։
Փարիզի 17-րդ թաղամասի Վիէթ բողոցի անկիւնը հաւաքուած հայրենակիցներուն ողղուած իր խօսքին մէջ Հայկական Վերածնունդ կազմակերպութեան Փարիզի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Շանթ Ոսկերիչեան ներկայացուց ցոյցին նպատակը եւ Վերածնունդի հետապնդած գլխաւոր նպատակները ինչպէս,
սատարել Հայաստանի մէջ բարգավաճ, հզօր, ճշմարիտ ներկայացչական ժողովրդավարական եւ իրաւական պէտութեան մը հիմնումին։
Աշխատիլ ի շահ սփիւռքի վերակազմաւորման եւ անոր մարդկային ներուժի բարելաւման ի շահ հայ ժողովուրդի եւ իր հայրենիքի ներքին ու արտագին մարտահրաւէրներու յաղթահարման։ Ան յայտնեց թէ Հայկական Վերածնունդ կազմակերպութիւնը կը հետապնդէ սերտ կապեր հաստատել ու թիկունք կանգնիլ Հայաստանի քաղաքացիական շարժումներուն եւ բարեշրջման ձգտող այլ խմբաւորումներուն։
Ապա կարդացուեցաւ Հայկական Վերածնունդի aշխարհի տարբեր երկիրներու մասնաճիւղներու միացեալ յայտարարութիւնը* ի բողոք ազատամարտիկ եւ Պռոշեան համայնքի գիւղապետ ՀՅԴի անդամ Հրաչ Մուրատեանի սպաննութեան որ հետեւանքն էր Հայաստանի իշխող վերնախաւի կողմէ թշնամական քարոզչութեան, միաժամանակ ցաւակցութիւն յայտնելով սպաննուած ազատամարտիկի ընտանիքին ու մտերիմներում։
Ապա ցուցարարները վայրկեան մը լռութիւն պահեցին ի յարգանք նահատակի յիշատակին։
Կարդացուեցաւ նոյնպէս գերմանահայ բազմաթիւ միութիւններու (գերմանական կեդրոնական խորհուրդ, Բեռլինահայ համայնք, Եւրոպայի հայերու համագումարի գերմանական մասնաճիւղ, Հայկական Վերածնունդի Գերմանիo մասնաճիւղ եւ այլ ընկերակցութիւններ) միացեալ յայտարարութիւնը որ կ’անդրադառնայ Փետրուար 18-ի նախագահական ընտրութիւններէ ետք ստեղծուած քաղաքական լարուած վիճակին եւ կը զգուշացնէ իշխանութիւնները որեւէ բիրտ ուժի կիրարկումէ ընդդիմադիր ժողովուրդային շարժումներու դէմ։
Հայկական վերածնունդի կողմէ կարդացուեցաւ նաեւ այլ յայտարարութիւն մը ֆրանսէրենով որ վերլուծելէ ետք Հայաստանի ներկայ աղետալի կացութիւնը դատապարտեց լայն մաշտաբով զեղծարարութիւնները, տնտեսական մենավաճառական օլիկարգային դրութիւնը, կամայական արդարութիւնները,
բանակէն ներս ֆիզիգական եւ հոգեկան ճնշումմները, քաղաքական ոճիրները եւայլն.
Խօսք առին նաեւ Տիկին Լիլիթ Սիմոնեան եւ Պր Կարեն Սիմոնեան որոնք նոյնպէս լայնօրէն անդրադացան Հայաստանի մէջ տիրող անհանդուրժելի կացութեան եւ խստօրէն դատապարտեցին Հայաստանի այժմու ապորինի իշխանութիւններուն վարած ազգավնաս քաղաքականութիւնը միաժամանակ նեցուկ կանգներով Ռաֆֆի Հովհաննիսեանի որպէս Հայաստանի հանրապէտութեան օրինական եւ իսկական ընտրեալ նախագահ։
կը ցաւինք յայտնելու որ Հայկական դեսպանատունը որու արագելութիւնն է ի մէջ այլոց կամար եւ շաղկապ հանդիսանալ հայկական պետութեան եւ արտերկրի հայութեան միջեւ ոչ միայն խուսաբեցաւ ընդունել կազմակերպիչներու պատուիրակութիւնը այլ մերժեց որեւէ գրական պատգամ փոխանձել պատկան իշխանութիւններու։
Սոյն ցոյցը որու ընթացքին ցուցադրուեցան Հրաչ Մուրադեանի լուսանկարները եւ լսուեցան բողոքի լոզունքներ ինչպէս նաեւ հայրենասիրական երգեր իր աւարտին հասաւ խաղաղ կերպով կրկին հաւագուելու եւ պայքարը շարունակելու յանձնարարութեամբ։
Անա Ռէիսեան
(*) Միացեալնահանգներ ( Լոս Անճէլէս և Ուաշինկդըն), Ռռւսիա, Ֆրանսա, Պէլճիա,Գերմանիա,Լիբանան Իտալիա, Քանատա, Կիպրոս,Չեխիա